ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ. ԾՆՆԴԵԱՆ 145-ԱՄԵԱԿ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ 80-ԱՄԵԱԿ
Այս տարի կը լրանայ արեւմտահայ գրականութեան երեւելի դէմքերէն մէկուն՝ Զապէլ Եսայեանի ծննդեան 145-ամեակը եւ 80-ամեակը անոր մահուան: Ծանօթ է, որ գրագիտուհիին մահուան պարագաները յայտնի չեն։ Երբ ան 1933 թուականին վերջնականապէս հաստատուած է Երեւան. 1937 թուականի ստալինեան մաքրագործումներու օրերուն, նոյնպէս ձերբակալուած ու աքսորի դատապարտուած է, ինչպէս հազարաւորներ: Վերջին նամակները, 1942 թուականի վերջաւորութեան, գրուած են Պաքուի բանտէն։
Գրաքննադատներ տարուէ տարի նորանոր բացայայտումներ կ՚ընեն Զապէլ Եսայեանի գրականութեան մէջ, միշտ մնալով այն համոզումին, որ արեւմտահայ գրականութեան տաղանդաւոր դէմք մըն է ան, որ կը նկատուի հոգեբանական վէպի մեծագոյն վարպետը: Գիտէ նրբութեամբ եւ թափանցումով վերլուծել կնոջ հոգիին ծալքերը՝ յանդուգն եւ ազատական գաղափարներով: Կողմնակից է «ազատ սիրոյ» գաղափարին:
Եսայեան իր գրիչով եւ կեանքով աշխատած է հայ կինը մղել ընկերային ասպարէզ, իբրեւ գործօն դերակատար այր մարդու կողքին եւ անոր հետ հաւասար իրաւունքներով:
Իր ծննդեան եւ անյայտ հանգամանքներով մահուան զոյգ առիթներով կու տանք անոր գրութիւններէն երկուքը, որ տպագրուած են արեւմտահայ մամուլի էջերուն մէջ:
ԴԻՄՈՒՄ ՄԸ
Տիկին Զեփիւռեան՝ մէկէն ի մէկ հարստացած գոհարավաճառի մը կինը՝ շատ տարիներէ ի վեր կը բնակի Փարիզի առեւտրական թաղերէն մէկուն մէջ, ուր հայ գոհարավաճառները իրարու մօտ բնակութիւն հաստատած են. ասիկա կը հասկցուի փողոցին մասնաւոր չեմ գիտեր ինչէն, որ մեզի ծանօթ է եւ հոն գտնուող ճաշարանի մը խոհանոցէն արտաշնչուող հոտերէն. իր բնակած ափարթըմանին մէջ ալ անսահմանելի հոտ մը կը սաւառնի, որուն մէջ մասնաւորաբար կարելի է որոշել տապկուած ձէթի հոտը։
Տիկին Զեփիւռեան պզտիկ սեւուլիկ կին մըն է, յարաշարժ եւ շատախօս, այնքան որ շրթունքներուն անկիւնները ճերմկած են լորձունքի յաճախումէն. տարիքով բաւական յառաջացած, մասնաւոր կերպով կը փայլի իր պոռոտ արդուզարդերով եւ մանաւանդ գլխարկներով, որոնցմով շատ կը պարծենայ։
Սալոնին մէջ թիկնաթոռները եւ աթոռները հագուած են ճերմակ ծածկոցներով եւ շըմինէին վրայի զարդեղէնները խնամով պահուած են դեղին թափանցիկ մոմլաթներու մէջ, իբրեւ պատի զարդարանք կը տեսնուի խաւաքարտ մը, որուն վրայ… ճիշդ կիներու յատկացուած վակոններուն պէս դրուած է՝ ծխելը արգելուած է. դուրսը բազմամարդ փողոցին մէջ երթեւեկութեան, կառքերու, շոգեշարժ եւ ելեկտրական թրամուայներու ժխորը կայ, բայց այս միջոցին բան մը չի լսուիր, որովհետեւ Տիկին Զեփիւռեան կը խօսի իր գլխարկներուն վրայ երիտասարդ աղջկան մը, որ ուրիշ մեծահարուստ գոհարավաճառի մը տղոց վարժուհին է։
Տիկին Զեփիւռեան. - (Հինգ մատները բանալով վարժուհիին երեսին) Հինգ հատ շինել տուի այս շաբթու, հինգ գլխարկ, տեսնես ի՞նչ աղուոր եղաւ…
Վարժուհին. - (Անհամբերութեամբ). Իրաւ որ Տիկին կարծեմ տղաքը ինծի կը սպասեն, եկայ ձեզի իմացնելու որ…
Տիկին Զեփիւռեան. - Բայց ինչ աղուոր տեսնաս, մէկը մանիշակագոյն, եկո՛ւ ցուցնեմ…
Վարժուհին. - Ժամանակ չունիմ կը խնդրեմ…
Տիկին Զեփիւռեան. - (թեւէն քաշելով) Եկո՛ւ կ՚ըսեմ կոր … ահ, կը պաշտեմ գլխարկները (մէկէն խօսքը փոխելով) ինծի նայէ՛, Օրթագիւղէն նամակ առա՞ւ հանմըդ։
Վարժուհին. - Տիկին Սահակեանը այդ մասին բան մը չխօսեցաւ։
Տիկին Զեփիւռեան. - Արդէն անոր բերնէն լուր առնելը դժուար բան, քիթէն իյնողը հազար կտոր կ՚ըլլայ։
Վարժուհին. - …
Տիկին Զեփիւռեան. - Ինծի նայէ՛, հանգի՞ստ ես գոնէ, լակոտները շատ նեղութիւն կուտա՞ն կոր, ի՛նչ ալ շփացած են։
Վարժուհին. - Ոչ ալ այնքան, լաւ կրթուած տղաք են։
Տիկին Զեփիւռեան. - Հըմ, իմ աղջկանս չեն հաւնիր, գիտե՞ս, ինքզինքնին մեծէն կը ծախեն։
Տիկին Զեփիւռեան ինքզինքէն կ՚ելլէ եւ շատ մը հայհոյութիւններ կը համեմեն իր խօսքերը։
Վարժուհին. - Ներեցէք Տիկին, բնաւ ժամանակ չունիմ, կը խնդրեմ որ…
(Դուռը կը զարնուի. Տիկին Զեփիւռեան բնազդական շարժում մը կ՚ընէ դէպի դուռը, յետոյ կը կենայ)։
Տիկին Զեփիւռեան. - Գիտե՞ս աղէկ effet չ՚ըներ ես բանամ նէ դուռը, Փարիզի մէջ ասանկ է, դեռ կը սորվիս։
Սպասուհին կ՚ուշանայ. Տիկին Զեփիւռեան անհամբերութեան շարժումներ կ՚ընէ վերջապէս չդիմանալով դէպ ի դուռը կը վազէ. կիսաբաց դուռնէն երիտասարդ մը կ՚երեւայ բարձրահասակ եւ չափազանց թխագոյն, իր սեւ հագուստներուն եւ գլխուն մէջ կեղծ օձիքի բարձրադիր ճերմակութիւնը միայն կը տեսնուի պահ մը. Տիկին Զեփիւռեան հետաքրքրութենէն դռանը մօտ գտնուող վարագոյր մը կը բանայ լուսաւորելու համար եւ երիտասարդը նոյն միջոցին առիթէն օգուտ քաղելով ներս կը մտնայ. պահ մը կ՚ընկրկի Տիկին Զեփիւռեանի տարապայման տգեղութեան առաջք, բայց ինքզինքը կը գտնայ եւ կը հարցնէ ֆրանսերէն.
Երիտասարդը. - Տիկին Զեփիւռեան կրնա՞մ տեսնալ։
Տիկին Զեփիւռեան. - Եկո՛ւր, ի՞նչ կ՚ուզես։
(Սալոն կը մտնան, երիտասարդը վայրկեան մը յուսաբեկ շուրջը կը նայի, իր արտայայտութենէն կը գուշակուի սա խօսքերը. գէշ գործ)։ Տիկին Զեփիւռեան ձեռքերը կը շփէ եւ երբեմն լեզուն, սուր եւ մանիշակագոյնի գացող լեզուն շրթունքին վրայ կուգայ եւ արագօրէն ներս կը քաշուի։
Երիտասարդը. - Տիկին…
Տիկին Զեփիւռեան. - Դուն որի՞ն տղան ես…
Երիտասարդը. - Տիկին… ես Պոլսոյ մէջ բժշկութեան հետեւած եւ հոս եկած եմ քանի ամիսէ ի վեր զայն կատարելագործելու համար։
(Տիկին Զեփիւռեանի յօնքերը կը պռստին վայրկեան մը. բայց մէկէն դէմքը կը պայծառանայ)։
Տիկին Զեփիւռեան. - Դուք ո՞ր թաղը կը բնակէիք։
Երիտասարդը. - (Սիրտ կ՚առնէ եւ ընտանեբար կ՚ըսէ, ցուցամատը կեղծ օձիքին եւ վզին մէջ մտցնելով անոր կարծրութենէն մորթը վայրկեան մը պաշտպանելու համար)։
-Մենք Գում-Գաբուցի ենք. հայրս…
Տիկին Զեփիւռեան. - (յուսախաբ) Օրթագիւղ չէի՞ր երթար բնաւ։
Երիտասարդը. - (կացութիւնը հասկնելով) Հապա՛, ամէն օր գրեթէ հոն էի…
Տիկին Զեփիւռեան. - Ըսել է տեղեկութիւն ունիս աղջկան խնդրէն։
Երիտասարդը. - Ո՞ր աղջկան։
Տիկին Զեփիւռեան. - Տա՛, Գրիգորեաններուն։
Խօսակցութիւնը կը դառնայ աղջկան մը շուրջը, որ պիտի ամուսնանայ եղեր, եւ այլն. վարժուհին մելամաղձոտ եւ տխուր կը սպասէ, թեւերը կախ, nostalgie կայ աչքերուն մէջ. երիտասարդը խօսակցութեան միջոցին միշտ կը ձգտի իր սեւեռուն գաղափարին, վերջապէս հոն կը յանգի։
Երիտասարդը. - Տիկին, ձեզի համար ըսին, որ շատ բարեսիրտ, շատ առատաձեռն էք, թէ Փարիզի շատ մը կարօտ ուսանողները ձեր շնորհիւը կ՚ապրին, կը խնդրեմ, կը պաղատիմ որ ինծի ալ չմերժէք…
Տիկին Զեփիւռեան. - (որ պահ մը շողոքորթիչ խօսքերէն ուռած է, վերջին բառերուն տեղէն կը ցատկէ). Տէր ողորմեա, աս քանի՞ մէկին է, բարա չունիք նէ հէքիմ մըլլաք, մեր վզին պա՞րտքն է ձեզ ամսական կապելը։
Երիտասարդը. - Ոտքդ պագնեմ…
Տիկին Զեփիւռեան. - Պարապ խօսքե՛ր, քեզի պէս ուսանողներ շատ եկան գացին. ալ մինչեւ վիզս է։ (Քիչ մը թուլցած) - Տղաս բան մը չեմ կրնար ընել։
Երիտասարդը. - Մ՚ըսէք, յոյսս ձեր վրայ դրած էի…
Տիկին Զեփիւռեան. - Ամա ինչո՞ւ յոյսդ վրաս դրած էիր, թոհաֆ, քեզի լո՞ւր ղրկեցի որ Փարիզ գաս։
Երիտասարդը. - Ոչ անշուշտ, բայց ձեր եւ ձեզի պէս հարուստ եւ բարեսիրտ անձերու համբաւը լսելով…
Տիկին Զեփիւռեան. - Պօշ բան կ՚ընէք կոր, կը հասկնա՞ք, հոս անանկ բարա տուող չկայ, ձեզի ո՞վ է նէ սխալ լուրեր տուեր է. (վարժուհիին դառնալով) հասնողը ասանկ կ՚ըսէ աղջիկ, դուն ալ իմացա՞ծ էիր որ կեցած տեղերնին ամէնուն ստակ կուտան Փարիզի մէջ…
Վարժուհին. - (նեղացած) Կը խնդրեմ Տիկին, վայրկեան մը մտիկ ըրէք ինծի երթամ…
Տիկին Զեփիւռեան. - (որ անպատկառօրէն կը խեղաթիւրէ) Դո՞ւն ալ կը խնդրես, տահա ո՞վ կայ նայինք ասոր վերջը, գործերնիս կարգին է շիտակը…
Վարժուհին. - Բայց Տիկին…
Տիկին Զեփիւռեան. - Բայցը մայցը չգիտեմ, աս ամէն օր է, դիմանալիք բան չէ։
Երիտասարդը վարժուհիին անձին մէջ վիճակակից մը գտնել կը կարծէ եւ ի զուր ժպիտներ կ՚ուղղէ անոր հասցէին. բայց մէկ եւ միւս կողմէն ճարահատ վերջին միջոցներուն կը դիմէ։
Երիտասարդը. - (Ոտքի ելնելով եւ որոշապէս խօսելով) Հիմակ տեսէք Տիկին, եթէ դուք ինծի օգնութեան չհասնիք անօթի պիտի մեռնիմ, կ՚ուզէ՞ք որ ըլլայ այս բանը, ո՛չ, այնպէս չէ՞, ձեզի պէս բարեսիրտ տիկին մը չպիտի ուզէր որ իր դուռը զարնողը պարապ հանէր, չէ՞։
Տիկին Զեփիւռեան. - Պարապ խօսքե՜ր։
Երիտասարդ. - Կը պաղատիմ… ձեր պաշտպանեալը պիտի ըլլամ։
Տիկին Զեփիւռեան. - Ալ ի՛նչ, սա հասակիդ նայէ, այդ պոյը պաշտպանեալ կ՚ըլլա՞յ։
Երիտասարդը. - Կը պաղատիմ… զիս յետին թշուառութենէ պիտի ազատէք, ո՞վ գիտէ թերեւս այս քաղաքին մէջ յիմարութիւն մը ընեմ առանց ձեր նեցուկին…
Տիկին Զեփիւռեան. - (Մէկէն ի մէկ փոխուելով) ա՜հ իրաւ ես, ի՞նչ դժոխք, ինչպէս կ՚ապրինք կոր հոս, Աստուած իմ ամէն անգամ որ դուրս ելլեմ, աղօթք կ՚ընեմ որ առանց փորձանքի տուն դառնամ, չար մէկը դիմացս չելլայ, մանաւանդ կիներու համար խնդիրը բոլորովին տարբեր է՜, չէք գիտեր…
Այս անգամ վարժուհին եւ երիտասարդը իրարու կը ժպտին, մինչ Տիկին Զեփիւռեան խանդավառած կը պատմէ իր անձին եղած հետապնդումներէն մէկ քանին եւ կ՚եզրակացնէ.
Տիկին Զեփիւռեան. - Անոր համար շատ դուրս ելնել չեմ ուզեր։
(Երիտասարդը ճարտարութեամբ խնդիրը իր վրայ կը բերէ)։
Երիտասարդ. - Կը տեսնէք, ա՜հ կը տեսնէք Տիկին որ անկարող էք ինծի պէս մինակ մնացած երիտասարդ մը մերժելու…
Տիկին Զեփիւռեան. - (Պահ մը սեւեռուն աչքերով կը նայի, յետոյ կը մրմնջէ) բան մը կ՚ընենք։
Երիտասարդ. - (Լուսաւորուած) Ահ Տիկին, ինչպէս երախտապարտութիւնս յայտնեմ։
Տիկին Զեփիւռեան. - (Քսակը կը բանայ եւ հանդիսաւոր ձեւով մը 5 ֆրանքնոց մը կը կարկառէ երիտասարդին ու վարժուհիին դառնալով)։
-Ի՞նչ ընենք, վերջապէս սրտերնիս չ՚ըլլար, աս ի՛նչ խեղճութիւն է, մարդ կը դիմանա՞յ, անոնք ալ մեզմէ զատ ո՞վ ունին, հէ՛, հոս օտար տեղ են գտնուեր նէ որի՞ դիմեն, մենք չհասնինք նէ ով հասնի իրենց։
Երիտասարդը յուսախաբութենէն շուարած կը մնայ հինգ ֆրանքնոցը ձեռքը. յետոյ ինքզինքին գալով կ՚աճապարէ դուրս ելլել:
Տիկին Զեփիւռեան ուսը կը շոյէ եւ ընտանութեամբ.
Տիկին Զեփիւռեան. - Մի յուսահատիր տղաս, ամէն բան մարդոց համար է, տահա աղօթք ըրէք որ Աստուած մեզի տայ մենք ալ ձեզի հոգանք (մեկնելու պահուն) ինծի նայէ, Օրթագիւղի ազգականներուդ գրես նէ ան խնդիրը հասկցիր…
Դուռը աղմուկով կը գոցուի եւ Տիկին Զեփիւռեան վարժուհիին կը խօսի երկար ատեն լալագին ձայնով, բարեգործութեան, իր ըրած զոհողութիւններուն, տուած դրամներուն վրայ մինչեւ որ գլխարկները միտքը կ՚իյնան։
ԳԻՇԵՐԻ ԵՐԳ
Եկո՛ւր, ո՜վ գիշեր, եկո՛ւր քու սեւ քղանցքներովդ աշխարհը ծածկէ՛, քու զովութեանդ մէջ մարէ՛ վերջալոյսին յետին շունչը, ծածկէ՛ աշխարհը քու դամբանական մութիդ մէջ։
Օրը կը մտնէ քու մռայլ ծոցիդ, իր գերեզմանին մէջ, իր հետը քաշելով իր մէջ սղոբոջած բոլոր յոյզերն ու հոգերը։
Սիրող սրտերը անձկութեամբ քեզի՛ կը սպասեն, քու մթութեանդ մէջ իրենց անուրջները խեղդելու։ Քու աներեւոյթ մատներովդ եկո՛ւր գոցէ՛ անոնց յոգնած աչքերը։ Տա՛ր զանոնք, քանի մը ժամ, քունին խորութիւններուն մէջ։
Սեւ թեւերուդ վրայ առած՝ հեռո՜ւն տար անոնք որ առօրեայ կեանքէն ուժասպառ են եղած. քու զովութեանդ մէջ քնացուր անոնք անուշ երաժշտութիւններովդ. թող քանի մը ժամ հալի՜ն անոնց հոգերը քու սեւաթոյր մթնոլորտիդ մէջ։
Քու գալուստդ սիրելի յիշատակներ կը բերէ իր հետը։ Դուն բարեկամն ես մենաւորներուն. ամենէն ծածուկ արցունքներ դո՛ւն կը տեսնես։
Բաց պատուհաններու առջեւ անքուն անցընող թշուառները քու զով սեւութիւնդ կը ծծեն։
Անոնց մտածումները, յուզումները քու ծոցիդ մէջ կը թափառին։ Եւ դուն այդ ամէնքը կ՚առնես, քու մխիթարող աղջամուղջիդ մէջ կը թաղես։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան