Հայկական Գինիները՝ Գերմանիոյ Հեղինակաւոր Մրցոյթին
Հայաստանի Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամը՝ Զարգացող երկիրներէ ներմուծման խթանման կեդրոնին (CBI) աջակցութեամբ՝ Փետրուարի 25-ին Գերմանիոյ Նոյշտադ քաղաքին մէջ կը կազմակերպէ հայկական գինեգործական ընկերութիւններու մասնակցութեամբ MUNDUS VINI 20th Grand International Wine Awards մրցանակաբաշխութիւն եւ պաշտօնական ընթրիք, որուն ընթացքին պիտի մատուցուին հայկական գինիներ:
MUNDUS VINI մրցանակաբաշխութիւնը կը կայանայ 2001 թուականէն ի վեր եւ կը համարուի աշխարհի ամենահեղինակաւոր մրցոյթներէն մէկը:
Այս տարուան մրցոյթին ներկայացուած 52 տեսակ գինիները պիտի գնահատուին աշխարհի տարբեր երկիրներու 100 հեղինակաւոր մասնագէտներէ կազմուած դատակազմին կողմէ: Գնահատումը պիտի ըլլայ 100-միաւորոց սանդղակով: Այս մաթեմաթիքական եղանակին հիմքը կը հանդիսանայ գոյնի, հոտի, համի եւ ներդաշնութեան չափանիշներուն համադրումը: Գինիները կը համտեսուին եւ կը գնահատուին դատակազմի 5-7 անդամի կողմէ: Յաղթողները կրնան յաւակնիլ Մեծ ոսկի, ոսկի եւ արծաթ մրցանակներուն:
Նախորդ տարիներուն եւս հայկական որոշ գինիներ արժանացած են MUNDUS VINI-ի տարբեր մրցանակներու: Մրցանակի արժանացած գինեգործական ընկերութիւնը այդ գինիի արտադրութեան պարագային՝ շիշին վրայ՝ իբրեւ կանոն՝ կը փակցնէ մրցանակը հաւաստող համապատասխան նշանը: Այս տարուան մրցոյթին մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած են Հայաստանի մէջ գինի արտադրող բազմաթիւ ընկերութիւններ։ MUNDUS VINI-ի մրցանակաբաշխութիւնը ամբողջութեամբ հովանաւորուած է Հայաստանի Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի եւ Զարգացող երկիրներէ ներմուծման խթանման կեդրոնին կողմէ:
2016-ի Յունիսին Լիթվիայի «LITEXPO» կոչուող ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Պալթեան երկիրներու մէջ խոշորագոյնը համարուող 12-րդ ամենամեայ գինիի ցուցահանդէսը, որու ծիրէն ներս ներկայացուած էր նաեւ հայկական 9 գինիի գործարաններու շուրջ 60 տեսականի: 2016-ի Յունուարի 11-13 թուականներուն Ամսթերտամի մէջ կայացած «Հորեկաւա» սնունդի փառատօնին ծիրէն ներս իրականացուող «Գինիներու մասնագիտական փառատօն 2016»ին՝ Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամին աջակցութեամբ, ներկայացուեցան Հայաստանի 5 գինեգործական ընկերութիւններ՝ «Զօրահ», «Տրինիտի», «Ոսկենի», «Կարաս» եւ «Արմենիա»: Հայաստանի Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամին աջակցութեամբ՝ Փետրուարի 6-10 թուականներուն միջեւ Մոսկուայի մէջ «Պրոդ Էքսփօ-2017» միջազգային ցուցահանդէսին մէկ միասնական տաղաւարով ներկայացուած է 12 հայկական գինեգործական ընկերութիւն, որոնք ցուցադրած են աւելի քան 50 տեսակ հանգիստ եւ փրփրուն գինի: