«ՄԱԿԱԲՈՅԾԸ»

2019 թուականին Հարաւային Քորէայի մէջ նշուեցաւ երկրի շարժանկարային արտադրութեան 100-ամեակը։ Յատկանշական այս տարուան լաւագոյն նուէրը կը համարուի հարաւքորէացի բեմադրիչ Պոնկ Ժոն Հոյի «Մակաբոյծը» ժապաւէնին աշխարհի չորս ծագերուն արձանագրած փայլուն նուաճումները։ Հարաւային Քորէայի արտադրութեամբ ժապաւէն մը այս տարի առաջին անգամ առաջադրուեցաւ Ամերիկեան շարժանկարային ակադեմիոյ հեղինակաւոր «Օսքար» մրցանակին եւ նոյնիսկ առաջինը հանդիսացաւ՝ յաղթանակով հայրենիք վերադարձողը։ 

Գրեթէ հարիւր տարիէ ի վեր տարուան մը ընթացքին ամենաշատ սպասուող հանդիսութիւնը համարուող «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի անակնկալ արդիւնքներով զարմացուց դիտողները։ Այս պատմական երեկոյի աննախադէպ իրադարձութիւնները առարկայ դարձան ամբողջ աշխարհի հետաքրքրութեան եւ վստահաբար երկար ժամանակ շարունակուին անոնց արձագանգները։ Հեղինակաւոր մրցանակաբաշխութեան 92 տարուայ պատմութեան ընթացքին օտարալեզու ժապաւէն մը՝ «Մակաբոյծը» վեցերորդն է, որ առաջադրուած է թէ՛ «Լաւագոյն շարժանկար» եւ թէ «Լաւագոյն օտարալեզու շարժանկար» մրցանակներու, սակայն առաջինը եղաւ երկու անուանակարգերու արձանիկը խլողը։ Վաղուց արդէն շատեր կը յայտնէին, թէ անկասկած պիտի փայլի «Մակաբոյծը»ի յաջողութեան աստղը։ 

2017 թուականին «Metacritic» կայքին կողմէ պատրաստուած 21-րդ դարու լաւագոյն 25 բեմադրիչներու շարքին 16-րդ տեղը կը գրաւէ վերոյիշեալ շարժանկարի բեմադրիչը՝ Պոնկ Ժոն Հօ։ Վերջինս «Օսքար»ի բարձրագոյն պարգեւը ստանալու համար մեծ ուրախութեամբ բարձրացաւ բեմ եւ իր սրտի խօսքի ընթացքին յիշեցուց յայտնի ու վաստակաւոր բեմադրիչ Մարթին Սքորսեսէի մէկ խօսքը՝ «Ամենաանձնականը ամենաստեղծագործ պատմութիւնն է»։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ այս խօսքը իր երիտասարդական տարիներէն ի վեր միշտ պահած է սրտի խորքին։ 

Այս պատմական երեկոյին տեւողութեան «Մակաբոյծը» խլեց նաեւ «Լաւագոյն բեմադրիչ» եւ «Լաւագոյն բեմագրութիւն» անուանակարգերու պարգեւը։ 

Շարժանկարի նկարահանումները սկսած են 2018 թուականի մայիսին եւ աւարտած՝ միայն 77 օր անց՝ 19 սեպտեմբերին։ Կարճ ժամանակի ընթացքին միջազգային ճանաչումի արժանացած այս շարժանկարը կը կեդրոնանայ կեանքի ցաւալի իրողութիւններուն վրայ։ Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ այս սեւ երգիծաբանութիւնը կը պատմէ յարաբերութիւնները հարաւքորէացի երկու ընտանիքներու, որոնք կ՚ապրին տնտեսական առումով տարբեր բեւեռներու վրայ։ Ընտանիքներէն մին ստիպուած է աշխարհը դիտել գորշ պատուհանէն, իսկ միւսը՝ կը բնակի այնքան խոշոր առանձնատան մը մէջ, որ նոյնիսկ չ՚անդրադառնար տան մէջ պատահածներուն։ 

Ըստ Հոյի՝ իրականութեան մէջ այս երկու ընտանիքներու ճանապարհները երբեք չեն միանար, սակայն ան այս շարժանկարով փափաքած է ցոյց տալ, թէ ի՛նչ կ՚ըլլար՝ երբ անոնք անակնկալօրէն հանդիպին մեր բեւեռացած աշխարհին մէջ։ 

Քննադատներ կը փորձեն յստակ պատասխան մը գտնել այն հարցին, թէ ո՞րն է «Մակաբոյծը»ի յաջողութեան գաղտնիքը։ 

Եթէ նայելու ըլլանք վերջին տարիներուն «Օսքար»ի բարձրագոյն պարգեւը ստացող շարժանկարներուն՝ բոլորն ալ շեշտած են մարդկային հրատապ հարցեր։ Հետեւաբար, այս շարժանկարի յաջողութեան գաղտնիքներէն մին այն է, որ ան կ՚անդրադառնայ մարդկանց մեծ մասը յուզող, հետզհետէ աճող ընկերային անհաւասարութեան, անարդարութեան եւ կեանքի դաժան պայմաններուն։ Մերօրեայ պայմաններով հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ գոյացած տարբերութեան անդրադարձող այս շարժանկարը կու տայ յստակ պատգամներ եւ կը ցոլացնէ կեանքի ու մահուան պայքար տուող մարդկանց ապրումները։ Շարժանկարի անկանխատեսելի դէպքերն ալ մունին առինքնող ուժ մը, որ մինչեւ վերջ կը գրաւէ դիտողներուն ուշադրութիւնը։ 

Հարկ է նշել, որ 2019 թուականին Հայաստանի ամենամեծ շարժանկարային փառատօնը՝ «Ոսկէ ծիրան»ը մեկնարկած է «Մակաբոյծը»ով։ Առաւե՛լ. իր յաջողութեան շղթան երկարելով շարժանկարը ստացած է Քաննի փառատօնի «Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ» մրցանակը։

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2020