ԷԿՈՅԻ ՀԵԳՆԱՆՔԸ

Յաճախ կը խօսուի ու զանազան հարթակներու վրայ կը քննարկուի եսասէր կամ եսամոլ մարդոց միջեւ տարբերութիւններու, եսամոլութեան ու անոր հետեւանքներու մասին։ Կարգ մը փիլիսոփաներ այս նիւթը արծարծած են՝ հեղինակելով ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ, գիրքեր։ Ըստ այդ փիլիսոփաներու մեծամասնութեան՝ եթէ մարդ չի բաժներ իր ունեցուածքը կամ գիտելիքի պաշարը հասարակութեան հետ եւ չի մտածեր ուրիշներու մասին, ան եսամոլ է եւ եսապաշտ: Այնուամենայնիւ, ան իրականութեան մէջ չ՚աշխատիր իր «ես»ին համար, քանի որ անոր «ես»ը գոյութիւն չունի ո՛չ միայն փիլիսոփայական, այլ գործնական առումով: «Ես» մը, անհատականութիւն մը պէտք է կառուցուի մարդոց աչքերուն առջեւ կամ անոնց հետ: Մարդիկ, ըստ սահմանման, ընկերային կառուցուածքներ են ո՛չ միայն կենսաբանական, այլեւ՝ մշակութային առումով: Անհատականութիւն ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է աշխատիլ մարդոց հետ համագործակցաբար։

Եսամոլ մարդիկ, իրականութեան մէջ, իրենց համար չեն աշխատիր: Անոնք կրնան աշխատիլ իրենց նախնիներու եւ անցեալի համար, այլ ո՛չ թէ իրենց իրական անհատականութեան համար, որովհետեւ ոչ թէ մշակութային-ընկերային, այլ կենսաբանական «ես»ի համար աշխատիլը երբեք ստեղծագործական չէ՛: Էապէս, այդ աշխատանքը դժուար թէ իրականանայ անհատականութիւն ձեռք բերելու համար, որովհետեւ մարդիկ դեռ պարզապէս մանրագործարաններ են այս «մաքրօօրկանիզմ»ի մէջ։

Ռատարային գիտակցութիւնը, զոր մենք կ՚անուանենք անհատականութիւն, մարդոց իրական «ես»ն է, եթէ այդ մէկը աշխատի ոչ միայն իրեն, այլ ուրիշներու համար: Եթէ էկոն կ՚աշխատի միայն իրեն համար, այն չի կրնար «էկօ» ըլլալ բառին բուն իմաստով: Այսինքն՝ մենք չենք կրնար խօսիլ անհատականութեան մասին, եթէ ան կը կրէ նախնիներու բեռը, որ չի պատկանիր էկոյին։ Եթէ խնդրոյ առարկայ «ես»ը ոչինչ կ՚ընէ ուրիշներու համար, բաւարար չէ իսկապէս անհատականութիւն ձեռք բերել։ Էկօ դառնալու համար անհրաժեշտ է անոր աւելցնել տարր մը եւ այդ յաւելումը տեղի կ՚ունենայ հասարակութեան միջոցով:

Էկոն էապէս միայն «ես» չի նշանակեր: Էկոն միշտ նոյնն է՝ իր վրայ աւելցնելով մէկ այլ բան: Օրինակ՝ մեր անհատականութեան վրայ կ՚աւելնայ քաղաքացի, զինուոր, ուսանող, ուղեւոր, գործընկեր, գործարար, բանուոր «պիտակ»ները եւ այլն: Ինչպէ՞ս կրնայ այս բոլորով հանդերձ մարդ միայն եսամոլ ըլլալ։

Ինչպէ՞ս կրնանք խօսիլ էկոյի մասին, եթէ այդ մէկը չենք կառուցած: Մենք ինքնուրոյն չենք ապրած, առանձին չենք մեծցած, առանձին չենք կողմնորոշուած, թէ ի՛նչ կ՚ուզենք եւ ի՛նչ կը սիրենք, քանի որ հասարակութեան խողովակով կ՚որոշուի այս բոլորը։ Մենք հաւաքական մշակոյթի արդիւնք ենք եւ պէտք է անոր մէջ դերակատարութիւն ունենանք, որպէսզի խօսինք էկոյի մասին: Ո՞րն է մեր բաժինը: Մեր դերը կրնայ ըլլալ միայն այնպէս, երբ մեր անհատականութիւնը կը կառուցենք հասարակութեան միջոցով, այդ մէկը մեր իսկական «ես»ն է՝ ինչ-որ մշակութային տարրով: Առանց մշակոյթի եւ հասարակութեան, այն ինչ որ մենք կ՚անուանենք անհատականութիւն, միայն միս ու ոսկոր է եւ չի պատկանիր մարդուն: Այն ինչ որ մենք մեզ կ՚անուանենք առանց մշակութային կառուցուածքի, մեր նախնիներու ծինն է եւ այն միսը, որ կը վերադառնայ բնութեան։

Էկոյի հեգնանքը այն է, որ եթէ մենք կ՚աշխատինք ուրիշներու համար, ապա «ես» կը կառուցենք. հակառակ պարագային, սննդային շղթայի մէջ պտտող միապաղաղ էակ մըն ենք: «Ես»ը պէտք է կառուցուի ուրիշներու միջոցով: Ի՜նչ հեգնանք, էկոն «ես» չէ, այնպէս ինչպէս մենք երբեք «միայն մենք» չենք…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023