TÜTÜN DEPOSU-Ի ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «102 ՔԱՅԼ» ՀԱՄԵՐԳԸ
Թոփհանէի Tütün Deposu-ի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «102 քայլ» խորագրեալ համերգ մը, որ ձօնուած էր հայոց Մեծ եղեռնի 102-րդ տարելիցին։ Երաժշտասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այս ձեռնարկին նկատմամբ, որ կազմակերպուած էր Music of Armenia-ի եւ Anadolu Kültür-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Հայ, թուրք, քիւրտ եւ ալեւի երաժիշտներ գործադրեցին այս ծրագրին յայտագիրը։ Երեկոյթի հիմնական մենակատարն էր Հայաստանէն Յասմիկ Յարութիւնեան, որ տպաւորիչ ձեւով մեկնաբանեց ժողովրդական-ազգագրական երգեր։ Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ Սունա Ալան (Անգլիա), Միրազ (Թուրքիա) եւ Էօզճան Կիւլ (Թուրքիա)։
Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Music of Armenia-ի ղեկավար Յասմիկ Մովսիսեան, որու մականին ներքեւ այդ կազմակերպութիւնը կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն։ Աւելի վերջ սկսաւ օրուան ծրագիրը։ Սրահը ամբողջութեամբ լեցուած էր երաժշտասէրներու կողմէ։ Սրահի յատակին շարուած էին մոմեր, ինչ որ ստեղծեց խորհրդաւոր մթնոլորտ մը։ Իսկապէս եզակի ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու մասնակիցները թէ՛ ունեցան երաժշտական մեծ վայելք եւ թէ իրենց խոհերուն մէջ ամբողջացան Եղեռնի զոհերուն հետ։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024