ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (8)

Զանայի ոտքը առին գաճի մէջ. ըսին, որ այդպէս պիտի մնար ամիս մը գրեթէ։ Երկու հին անթացուպ դրին թեւերուն տակ, ու ճամբեցին վրան-հիւանդանոցէն դուրս, դէպի քաղաքը, որ այլեւս չկար։

Ֆարզատ քեռին բացաւ վրանին դուռը լաթէ։ Զանան անթացուպերը նետեց դուրս, եւ յենելով անոնց վրայ՝ մարմինը հանեց արեւուն։ Հիմա արդէն ուշքի եկած, եւ առաջին անգամ ըլլալով ոտքի՝ տեսաւ այնինչ կատարուած էր։ Պարտուած էր քաղաքը ամբողջովին։

Քեռին կրկնեց քիչ առաջ ըսածը.

-Երթանք իրենց քով... պէտք է տեսնես անգամ մը...

Կողք-կողքի սկսան քալել դէպի տան կողմը Զանայենց, ուր տասնվեց տարեկան պատանին վերջին հրաժեշտ մը պիտի տար իր կեանքը կազմած, իր կեանքը լեցուցած ու կերտած սիրելիներուն. մօր, հօր, մեծ մօր եւ քոյրիկին։

Դանդաղ կ՚ երթային։ Նոր ու կամաց-կամաց կը վարժուէր Զանան անթացուպերուն, եւ կը ցաւէր ոտքը դեռ։ Գետինն իր կարգին այնքան քարքարոտ էր եւ աւերով լեցուն, որ աւելի կը դժուարացնէր հոգեպէս ալ ծանր այդ ուղին։ Ամէն աւերուած տան կողքով որ կ՚անցնէին, աւելի՛ կը լարուէր Զանան՝ իրենցը յիշելով։ Այս կամ այն տան շեմին ծնկաչոք ամէն ողբ՝ սարսափ կու տար Զանային, որ ինքզինք քիչ անց նոյն վիճակին մէջ կը տեսնէր մտովի։

Երթը հասաւ ծանր աւարտին։ Տուն հասաւ Զանան։ Իրենց տուն, որ աւերակներու բլրակ մըն էր ընդամէնը հիմա, դիմացը շարուած չորս պարկերով։ Մէկը փոքրիկ, երկուքը միջին չափի, չորրորդն ալ՝ երկար աւելի.

Հօրդ նման բարձրահասակ ըլլաս պիտի...

ըսեր էին իրեն յաճախ։

Զանան շշմած էր։ Կոկորդը բոլորովին չոր կտրած։

Քեռին մօտեցաւ մարմիններուն, զգուշութեամբ բացաւ դէմքերը անոնց։ Արագ վազեց բռնելու համար Զանան, որ կ՚իյնար։ Եւ ճչաց Զանան։ Ու պատռեց կոկորդը հեղեղով։ Ֆարզատ քեռին եւս թրջեց աչքերը, նայելով քրոջ ու անոր ընտանիքին։ Ուժեղ գրկեց Զանան, փորձեց ուշքի բերել, մխիթարել զայն։ Աղօթք մը շշնջաց մօրուքին մէջէն։ Յետոյ միւս կողմ շրջեց մարմինը Զանային, դէպի հեռուն, դէպի հորիզոնը անապատին, եւ ըսաւ.

-Հետս կու գաս Թեհրան....

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020