«ՀԱԻԱՏՔԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ»Ի ՀԵՂԻՆԱԿԸ ՀԱՅ ՄԸՆ Է

Լոն­տո­նի գլխա­ւոր փո­ղոց­նե­րէն մէ­կուն վրայ կը գտնուի աշ­խար­հահռ­չակ հայ ճար­տա­րա­պետ, Բրի­տա­նա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան թա­գա­ւո­րա­կան հիմ­նար­կի ան­դամ, հա­յազ­գի Մի­շէլ Մո­սէս­եա­նի ղե­կա­վա­րած ճար­տա­րա­պե­տա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը: Հպար­տու­թիւն է անց­նիլ Hexton փո­ղո­ցէն եւ հոն գտնուած գրա­սե­նեակ­նե­րու կար­գին կար­դալ Mossessian Architecture գրու­թիւ­նը: Նոյ­նիսկ մեծ ցու­ցա­տախ­տա­կին վրայ կայ հե­ռա­ձայ­նի թիւ մը, որ­ով կա­րե­լի է կապ հաս­տա­տել եւ հան­դի­պե­լու ժա­մադ­րու­թիւն խնդրել ճար­տա­րա­պե­տա­կան խո­շոր ըն­կե­րու­թեան հայ տնօ­րէ­նին հետ ծա­նօ­թա­նա­լու եւ ա­նոր ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու հա­մար:

Բայց երբ կը հե­ռա­ձայ­նենք, մե­զի կը տե­ղե­կաց­նեն, որ Մի­շէլ Մո­սէս­եան­ը հոն չէ. ան կա­րե­ւոր քննար­կում­նե­րու հա­մար մեկ­նած է Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ եւ կը շա­րու­նա­կեն ը­սե­լով, որ ան քիչ կը գտնուի գրա­սե­նա­կին մէջ, ո­րով­հե­տեւ սո­վո­րա­բար կը ճամ­բոր­դէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն մին­չեւ Ճա­բո­ն, նոյ­նիսկ՝ ա­րե­ւե­լեան եր­կիր­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ իր ծննդա­վայ­րը՝ Փա­րիզ:

Փա­րիզ ծնած այս նշա­նա­ւոր հայ ճար­տա­րա­պե­տը 2005 թուա­կա­նին Լոն­տո­նի մէջ հիմ­նած է «Մո­սէս­եան եւ գոր­ծըն­կեր­նե­ր» սե­փա­կան նա­խագ­ծա­յին իր գրա­սե­նեա­կը, ուր կը նա­խագ­ծէ նոր ո­ճով մե­ծա­ծա­ւալ շի­նու­թիւն­ներ:

Մի­շէլ Մո­սէս­եան ծնած է 1959 թուա­կա­նին՝ Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րիզ: Իր նա­խագ­ծե­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու ու­նա­կու­թիւնն ու հա­կու­մը ի յայտ ե­կած են տա­կա­ւին հինգ տա­րե­կա­նին, երբ ան յաղ­թած է իր ա­ռա­ջին ճար­տա­րա­պե­տա­կան մրցոյ­թին, իսկ յա­ջորդ տա­րին յաղ­թած է նաեւ երկ­րորդ մրցոյ­թին: Փոք­րիկ ճար­տա­րա­պե­տի լու­սան­կա­րին՝ «Լը Ֆի­կա­րօ»ի մէջ տպագ­րուի­լը ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռած է ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին ու հա­րա­զատ­նե­րուն: Հայ­րը սկսած է լրջօ­րէն զբա­ղիլ իր որ­դիին նա­խա­սի­րու­թեամբ եւ Մի­շէլ Մո­սէս­եան մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թիւն ստա­ցած է Փա­րի­զի Գե­ղա­րուեստ­նե­րու ազ­գա­յին դպրո­ցին մէջ (Ecole Nationale des Beaux-Arts)։ Ա­պա կրթու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած է Նիւ Եորք (Cooper Union), Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մա­գիստ­րո­սի կո­չում ստա­ցած է Հա­րուըր­տի հա­մալ­սա­րա­նէն (Harvard Graduate School of Design)։­

Ինչ­պէս կը տե­ղե­կա­նանք իր կեն­սագ­րու­թե­նէն՝ մին­չեւ 1992 թուա­կա­նը Մի­շէլ Մո­սէս­եան աշ­խա­տակ­ցած է կարգ մը մի­ջազ­գա­յին նա­խա­գի­ծե­րու՝ SOM (Skidmore, Owings & Merrill) կազ­մա­կեր­պու­թեանց հետ՝ զգա­լի ներդ­րում ու­նե­նա­լով Լոն­տո­նի Տոկ­լենտս թա­ղա­մա­սի վե­րա­փոխ­ման մէջ: Այս հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չում վա­յե­լող ճար­տա­րա­պե­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը կը զբա­ղէին խո­շո­րա­գոյն կա­ռոյց­նե­րու նա­խա­գի­ծե­րով:

1993 թուա­կա­նին Մի­շէլ Մո­սէս­եան խումբ մը ճար­տա­րա­պետ­նե­րու, ճար­տա­րա­գէտ­նե­րու ու շրջա­կայ մի­ջա­վայ­րի հար­ցե­րով զբա­ղող մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ միա­սին հիմ­նած է a4A խում­բը։ Ան նո­րա­րա­րա­կան մօ­տե­ցում­նե­րու շնոր­հիւ կը մի­տէր հաս­նիլ մար­դա­ծին մի­ջա­վայ­րի մէջ խնդիր­նե­րու եր­կա­րա­ժամ­կէտ կա­յու­նու­թեան՝ երկ­րոր­դա­կան դարձ­նե­լով տնտե­սա­կան եւ գի­տա­րուես­տա­կան (technical) գոր­ծօն­նե­րը։

2001 թուա­կա­նին զինք կրկին կը հրա­ւի­րեն ա­մե­րի­կեան SOM ըն­կե­րու­թիւն, որ­պէս փոխ-տնօ­րէն եւ նա­խագ­ծի գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պետ։ Շի­կա­քո­յի եւ Նիւ Եոր­քի գրա­սե­նեակ­նե­րուն մէջ աշ­խա­տե­լէ յե­տոյ ան կը տե­ղա­փո­խուի Լոն­տոն: Մի­շէլ Մո­սէս­եա­նի հիմ­նադ­րած կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ձեռք բե­րած է նո­րա­րա­րա­կան նա­խագ­ծե­րու հա­մադր­ման լա­ւա­գոյն համ­բաւ: Մո­սէս­եան նրբազ­գած է իբ­րեւ ճար­տա­րա­պետ, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հա­մար­ձակ է ու ա­մե­րի­կեան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մեծ ծա­ւալ­նե­րը կը հա­մադ­րէ եւ­րո­պա­կան պատ­մա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան հետ: Ա­նոր դրոշ­մը շատ ա­րագ տա­րա­ծուած է Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ։

«Մո­սէս­եան եւ գոր­ծըն­կեր­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը այ­սօր նա­խագ­ծեր կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ, Քա­թա­րի, Մա­րո­քի­, Չի­նաս­տա­նի, Փոր­թու­գա­լի եւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ։

Հա­յազ­գի նշա­նա­ւոր ճար­տա­րա­պե­տը դա­սա­ւան­դած է Հա­րուըր­տի, Ի­լի­նոյ­սի, Շի­քա­կո­յի ու Փեն­սիլ­վա­նիո­յ հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ:

Վեր­ջին շրջա­նին մի­ջազ­գա­յին եւ մա­նա­ւանդ՝ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին մէջ կրկին յայ­տա­րա­րուե­ցաւ Մի­շէլ Մո­սէս­եա­նին ա­նու­նը: Ա­նոր ղե­կա­վա­րած ճար­տա­րա­պե­տա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը շա­հած է Սէու­տա­կան Ա­րա­բիո­յ Մեք­քէ քա­ղա­քին մէջ մահ­մե­տա­կան կրօն­ի գլխա­ւոր թան­գա­րա­նի ձե­ւա­ւոր­ման հա­մաշ­խար­հա­յին մրցոյ­թը: Այդ մա­սին կը տե­ղե­կա­նանք Մի­շէլ Մո­սէսեա­նի գրա­սե­նեա­կի կայ­քէ­ջէն: Հայ ճար­տա­րա­պե­տին ա­ռըն­չուող այս հան­գա­ման­քին ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձած են նաեւ ա­րա­բա­կան ու բրի­տա­նա­կան կայ­քէ­ջե­րը՝ գրե­լով, որ Լոն­տոն բնա­կող հայ ճար­տա­րա­պե­տի գլխա­ւո­րած Mossessian Architecture ըն­կե­րու­թիւ­նը կը դառ­նա­յ «Հա­ւատ­քի թան­գա­րա­նի» գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պե­տու­թեան հե­ղի­նա­կը: Թան­գա­րա­նի կա­ռուց­մա­ն կը սպա­սէ ողջ մահ­մե­տա­կան աշ­խար­հը:

Ար­դէն նա­խագ­ծուած թան­գա­րա­նը կը կա­ռու­ցուի մահ­մե­տա­կան աշ­խար­հի սրբա­վայ­րէն՝ Մեք­քէէն 7 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ եւ կը խորհր­դան­շէ մահ­մե­տա­կա­նու­թեան ծնուն­դը՝ մին­չեւ մեր օ­րե­րը: Մո­սէս­եա­նի ըն­կե­րու­թեան նա­խագ­ծած թան­գա­րա­նը կը տա­րա­ծուի 5600 քի­լօ­մեթ­րի վրայ, կ՚ու­նե­նա­յ գեր­ժա­մա­նա­կա­կից լու­ծում­ներ, ինչ­պէս՝ զօ­րու­թե­նա­կան (virtual) մզկիթ, լսա­տե­սո­ղա­կան սրահ­ներ, ե­ռա­չափ ցու­ցադ­րու­թիւն, պար­տէզ­ներ՝ տա­նի­քի վրայ, ո­րոնց­մէ մէկն ալ կ՚ըլ­լայ «Բերկ­րու­թեան այ­գի»ն: Յատ­կան­շա­կան դրուագ մը կայ այս նա­խագ­ծին մէջ. այն, որ թան­գա­րա­նի գլխա­ւոր շէն­քի քա­րե­րը պի­տի բե­ր-ւին աշ­խար­հի բո­լոր մահ­մե­տա­կան եր­կիր­նե­րէն, իսկ ո­լո­րա­ձեւ աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ հեր­թա­բար գրուած պի­տի ըլ­լան մահ­մե­տա­կան Աստ­ու­ծոյ բո­լոր 99 ա­նուն­նե­րը:

Մի­շէլ Մո­սէս­եա­նի գրա­սե­նեա­կը Մահ­մե­տա­կան կրօն­քի եւ մշա­կոյ­թի թան­գա­րա­նը նա­խագ­ծած է ժա­մա­նա­կա­կից ճար­տա­րա­պե­տու­թեան նոյն շուն­չով, ո­րով նա­խագծո­ւած են Mossessian Architecture-ի՝ աշ­խար­հին մէջ նշա­նա­ւոր բազ­մա­թիւ կա­ռոյց­նե­րը: Հայ ճար­տա­րա­պե­տի գլխա­ւո­րած ըն­կե­րու­թիւ­նը Պրիւք­սէ­լի մէջ ՆԱ­ԹՕ-ի նոր մաս­նա­շէն­քի եւ յա­րող տա­րած­քի, Տո­հա­յի հին քա­ղա­քի կեդ­րո­նի տա­րած­քի վե­րա­նո­րոգ­ման նա­խա­գի­ծե­րու, Մեծն Բրի­տա­նիոյ, ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րու բազ­մա­թիւ կա­ռոյց­նե­րու հե­ղի­նակ է: Ան սկզբունք մը ու­նի՝ ստեղ­ծել այն­պի­սի տա­րածք­ներ, ուր մարդ ինք­զինք կը զգայ ինչ­պէս ձու­կը ջու­րին մէջ, ինչ­պէս նաեւ՝ ստեղ­ծել տա­րածք­ներ, զորս մար­դիկ կը վա­յե­լեն, ու կը փա­փա­քին կրկին վե­րա­դառ­նալ:

Վե­րա­դար­ձի, փնտռման եւ նոր հար­ցում­նե­րու պա­տաս­խան գտնե­լու միտ­քե­րը միշտ ու­ղեկ­ցած են Մի­շէլ Մո­սէս­եա­նին՝ տա­կա­ւին պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րէն: Ան զգա­ցած է, որ իր ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թիւ­նը կը տար­բե­րի իր հա­մա­դա­սա­րան­ցի­նե­րու ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն­նե­րէն: Իր հօր եւ մեծ­հօր պատ­մու­թիւն­նե­րուն մէջ կան վայ­րեր, ուր ան­ձամբ ինք վե­րա­դար­ձի ցան­կու­թիւն ու­նե­ցած է միշտ: Ա­մա­սիա, Խրիմ, Մոս­կուա, Պէյ­րութ…

Մի­շէլ Մո­սէս­եա­նի մեծ­մայ­րը՝ Է­լի­զա­պէթ Ալ­թու­նեա­ն ծ­նած է 1897 թուա­կա­նին եւ կը սե­րի Ա­մա­սիա քա­ղա­քէն: Այդ հա­յու­հին, Ա­մա­սիա ծնած ըլ­լա­լով, մեծ­ցած էր սա­կայն Խրիմ թե­րակղ­զիի Եալ­թա քա­ղա­քը, ուր ա­նոր հայ­րը, քսան եւ ա­ւե­լի տա­րի­ներ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ան­ցը­նե­լէ ետք հոն կը փո­խադ­րուի իբ­րեւ պտուղ­նե­րու եւ բան­ջա­րե­ղէ­նի վա­ճա­ռա­կան: Երբ ռու­սա­կան ցա­րը իր ըն­տա­նի­քին հետ ա­մառ­նե­րը Խրի­մի ծո­վափ­նեայ բնա­կա­վայր կը փո­խադ­րո­ւէր, ա­նոնց պտուղն ու կա­նա­չու­թիւ­նը կ՚ա­պա­հո­վէր Է­լի­զա­պէ­թի հայ­րը: Է­լի­զա­պէթ լա­ւա­գոյն յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը քա­ղած է պա­րա­հան­դէս­նե­րով եւ ճոխ ե­րե­կոյթ­նե­րով հա­րուստ այդ քա­ղա­քէն: Հոկ­տեմ­բե­րեան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը վերջ դրած է ռու­սա­կան միա­պե­տու­թեա­ն, իսկ քա­նի մը տա­րի յե­տոյ հայ­կա­կան այս ըն­տա­նի­քը ցնցում մը ապ­րած է: Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տէն ա­ռաջ Է­լի­զա­պէ­թը պէտք է ըն­կե­րակ­ցէր իր մեծ­մօ­րը՝ դէ­պի Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւն ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ըն­թաց­քին. ա­նոնք կ՚եր­թա­յին հե­ռա­ւոր ազ­գա­կան­նե­րուն այ­ցե­լե­լու եւ ի­րենց պատ­կա­նող կա­լուա­ծը վա­ճա­ռե­լու: Ըն­տա­նի­քը ո­րո­շեց, որ Է­լի­զա­պէ­թ փոքր է նման ճամ­բոր­դու­թեան հա­մար եւ իր մեծ քոյ­րը պէտք է ըն­կե­րա­ցէր մեծ­մօ­րը: Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քե­րուն պատ­ճա­ռաւ ըն­տա­նի­քի եր­կու կի­նե­րը այդ­պէս ալ չվե­րա­դար­ձան: Տասն­հինգ տա­րի անց ըն­տա­նի­քը ի­մա­ցաւ ա­նոնց ճա­կա­տագ­րի տխուր ման­րա­մաս­նե­րը:

Պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ Է­լի­զա­պէթ ա­մուս­նա­ցաւ հա­ցա­հա­տի­կի ա­ռեւ­տու­րով զբա­ղող Մի­սաք Մո­սէ­սեա­նին հետ: Տեղ­ւոյն քա­հա­նան պսա­կեց զոյ­գը քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­գուստ­նե­րով, քան­զի Խորհր­դա­յին Միու­թե­նէն ներս ար­դէն իսկ սկսած էին քրիս­տո­նեա­նե­րու դէմ հա­լա­ծանք­նե­րը: Նո­րապ­սա­կե­րը տե­ղա­փո­խուե­ցան Մոս­կուա, ուր ծնան ա­նոնց դուստրն ու որ­դին: Մի­սաք Մո­սէ­սեա­ն կը զգար, որ սթա­լի­նեան կար­գե­րը ոչ մէկ լաւ բան կրնան բե­րել, մա­նա­ւանդ դադ­րած էր ա­ռեւ­տու­րը, եւ ան, պարս­կա­կան անձ­նագ­րեր հայ­թայ­թեց եւ իր սե­փա­կա­նու­թեան մեծ մա­սը վե­րա­ծեց ա­դա­մանդ­նե­րու, զորս թաքց­ուց իր բաճ­կո­նի կո­ճակ­նե­րուն եւ ա­տա­մի խո­ռոչ­նե­րուն մէջ: Ա­նոնք ար­կած­նե­րով լի ճամ­բոր­դու­թեան մը սկսան՝ Նա­խի­ջե­ւա­նով փա­խան Թաւ­րիզ, մի քա­նի շա­բաթ անց վեր­ջա­պէս հա­սան Պէյ­րութ՝ Լի­բա­նան:

Հա­կա­ռակ որ չորս հո­գի­նոց ըն­տա­նի­քը ի սկզբա­նէ ո­րո­շած էր գաղ­թել Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, ա­նոնք մտա­փո­խուե­ցան եւ տե­ղա­փո­խուե­ցան Ֆրան­սա, ուր ա­նոնց ա­ռա­ջար­կե­ցին Ֆրան­սա­յի քա­ղա­քա­ցիու­թիւն: Մո­սէս­եան­նե­րը տե­ղա­փո­խուե­ցան Թու­լու­զի մօ­տա­կայ­քը գտնուող Ալ­պի քա­ղա­քը, ուր սկսան կօ­շիկ­նե­րու ար­տադ­րու­թեան: Ֆրան­սա­յի մէջ Մի­սա­ք դար­ձաւ Մի­շէլ: Այ­սօր իր մեծ­հօր ա­նու­նը կը կրէ ա­նոր նշա­նա­ւոր թո­ռը: Մի­շէլ Մոս­է­սեան ա­ւա­գը կեան­քէն հե­ռա­ցաւ 1976 թուա­կա­նին, իսկ ա­նոր զա­ւա­կը՝ Մի­շէ­լի հայ­րը՝ Շար­լը, դար­ձաւ ըն­կե­րու­թեան մը պա­տաս­խա­նա­տու: Այժմ ան կը պատ­րաս­տուի հանգս­տեան կո­չուիլ եւ կը սպա­սէ, թէ ե՛րբ իր որ­դին վերջ կը դնէ արտասովոր նա­խագ­ծե­րուն եւ ա­նոնք միա­սին կը տե­ղա­փո­խուին Ֆրան­սա­յի հա­րա­ւը, ուր Մի­շէլ Մո­սէ­ս­­եա­նի նա­խագ­ի­ծով տուն կա­ռու­ցուած է ըն­տա­նի­քի հա­մար՝ Ա­ւա­զի ամ­րո­ցի լո­ղա­փէն քիչ հե­ռու: Այս­տեղ ա­մառ­նե­րը փոք­րիկ Մի­շէ­լը սկսած է իր ման­կա­կան նա­խա­գի­ծե­րուն ու նկար­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ այս­տեղ ալ կա­ռու­ցել տուած է իր ե­րազ­նե­րու տու­նը: Իսկ ե­րազ­նե­րը վերջ չու­նին, եւ ա­նոնք ի­րա­կա­նա­նա­լու յատ­կու­թիւն ու­նի­ն…

 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016