Արա Մալիքեան Պիտի Նուագէ Երեւանի ՄԷջ

«Թու­մօ»ի հնգա­մեա­կին ա­ռի­թով՝ Սպա­նիա­յէն Հա­յաս­տան  հրա­ւի­րուած է աշ­խար­հահռ­չակ հայ ջու­թա­կա­հար Ա­րա Մա­լի­քեան: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դեն «Թու­մօ» կեդ­րո­նէն։

Ըստ ա­ւան­դու­թեան, «Թու­մօ»ի տա­րե­դար­ձին առ­թիւ, կեդ­րո­նը ա­մէն տա­րի բա­ցօ­թեայ հա­մերգ կը կազ­մա­կեր­պէ: Ա­րա Մա­լի­քեան Հա­յաս­տան պի­տի ժա­մա­նէ իր խում­բին հետ: Հա­մեր­գը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Յու­լի­սի 31-ին:

Շարք մը մի­ջազ­գա­յին մրցոյթ­նե­րու դափ­նե­կիր ջու­թա­կա­հա­րը ծնած է Լի­բա­նան, կը բնա­կի Սպա­նիա, հե­ղի­նակ է տաս­նեակ ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­նե­րու:

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016