ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒՄԸ ԸՆՏԱՆԻՔԻԴ ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է

Ինքնասպանութիւնը միայն սեփական մարմնիդ դէմ ուղղուած վտանգ մը չէ, ոչ ալ մտքիդ մէջ գոյաւորուած տարտամ եւ անկայուն վիճակին յանկարծակի պոռթկման մէկ հետեւանքը։ Ինքնասպանութիւնը ունի իր բազմակի տեսակաւորումներն ու շերտաւորումները. շատ յաճախ հաճոյաձիգ երեւոյթներով՝ կը սպաննես նկարագիրդ եւ բարոյական արժէքներդ, բարոյազուրկ գաղափարներով՝ կը տոչորես շինիչ մտածումներդ, իսկ զազիր մոլութիւններով՝ ընտանիքիդ կեանքի թելը կը կտրես՝ խոր վիհ մը յառաջացնելով քու, տիկնոջդ եւ զաւակներուդ միջեւ։

Ամուսնալուծումը մերօրեայ կեանքի սովորական եւ «օրինաչափաւորուած» երեւոյթներէն է դարձած։ 40-50 տարիներ առաջ, ամուսնալուծուած մարդուն մատով ցոյց կու տային, իսկ այսօր հասարակութեան կարծիքին ականջ տալը մնացած է անցեալի գիրկին մէջ։ Երիտասարդներ կը պատճառաբանեն, թէ մարդ արարածին ապրելու մէկ անգամ հնարաւորութիւն տրուած է։ Հետեւաբար, զայն պէտք է լիարժէք օգտագործել՝ սեփական անձի երջանկութիւնը չզոհաբերելով հասարակական կարծիքին, դարերով ամրագրուած աւանդոյթներուն ի խնդիր: Նոր սերունդի երիտասարդ աղջիկները մակերեսային երեւոյթներով արբշիռ՝ առհասարակ կը նախընտրեն ու կը ձգտին ամուսնանալ «կայացած»,  հարուստ, կահաւորուած բնակարան ու ինքնաշարժ ունեցող տղամարդոց հետ։ Իսկ տղաները կ՚ուզեն բարձր աշխատավարձ ունեցող եւ կամ հարուստ ընտանիքի աղջիկներու հետ ամուսնանալ՝ իրենց նորակազմ ընտանիքի պատասխանատուութիւնը նուազեցնելու համար…:

Սիրելն ու սիրահարուիլը երիտասարդին մտայնութեանը հետ նոյնացած ու նոյն հարթակին վրայ գտնուող գործօններն են։ Սակայն խորքին մէջ սիրելը ուրիշ բան է, իսկ սիրահարուիլը՝ տարբեր բան։ Երբ երիտասարդը համալսարանի եւ կամ ակումբի մէջ պատահմամբ աղջիկի մը կը հանդիպի, անոր գեղեցկութեամբ կը հրապուրուի ու կը սիրահարուի։ Ահա այդ սիրահարուածութեան կախարդանքէն դիւթուած՝ կ՚ուզէ վայրկեան մը առաջ ընկերանալ անոր հետ եւ ամուսնանալ վիրահատուած շինծու «գեղեցկուհիին» հետ՝ մոռնալով իրենց նկարագրային համանմանութիւնը, նախասիրութիւնները, գաղափարները…։ Մինչդեռ երբ գիտակից երիտասարդը կը զանազանէ ու կ՚ընկալէ սիրահարուածութեան եւ սիրոյ տարբերութիւնները, եւ ըստ այնմ կը սիրէ իր ապագայ կեանքի ընկերը, ահա այդ ժամանակ փոխադարձ յարգանքը, փոխզիջումը, փոխհասկացողութիւնն ու ներողամտութիւնը առանցքային տեղ կ՚ունենան իրենց ապագայ ընտանիքին մէջ։ 

Ժամանակի հոլովոյթի հետ միասին ամուսնութեան շարժառիթներն ու պահանջները ենթարկուած են որոշակի փոփոխութիւններու՝ բովանդակային եւ ձեւական առումով։ Աւանդական ընտանիքի հասկացողութիւնը դժբախտաբար սկսած է վերանալ հայ երիտասարդներու մտածելակերպէն եւ անոր տեղ փոխարինած է օտարածին, ապազգայնացնող եւ այլանդակ երեւոյթներով լի «նորաձեւ» ընտանիք հասկացութիւնը։

30 տարիներ առաջ զոյգերու ընտրութիւնը պայմանաւորուած էր ծնողներու  ընտրութեամբ, իսկ յարաբերութիւնները՝ ծնողներու ազդեցութեամբ։ Եթէ զոյգերը իրենց ծնողներու ընտանեկան դրուածքն ու օրէնքները կը կրկնեն իրենց նորաստեղծ ընտանիքէն ներս, ապա նոր դրուածք մը, կանոն մը դրած չեն ըլլար։ Երախան փոքր տարիքէն սկսեալ իր մօրը հետ ժամանակ կ՚անցընէ, անոր հետ կը նոյնականանայ, անկէ կը վերցնէ իր հօր նկատմամբ վարքային դրսեւորումները եւ այդ բոլորը իր ապագայ ընտանիք կը տեղափոխէ ու կը կիրառէ։ Այս իմաստով, աւանդական ընտանիքի նախատիպերն ու չափանիշները մեր ընտանիքներէն մեզի ժառանգուած են։ Եթէ ընտանեկան երկու նախատիպերը զոյգերու ընտանեկան կեանքէն ներս կը համընկնին, ապա այդ ընտանիքը կայունութեամբ, համերաշխութեամբ, նուիրուածութեամբ, սիրով եւ զոհաբերութեամբ տոգորուած ընտանիքն մըն է։ Իսկ եթէ ընտանեկան նախատիպերը զիրար կը հակասեն, այդ ժամանակ անհամաձայնութիւնն ու վիճաբանութիւնը անպակաս կ՚ըլլան տուեալ ընտանիքի կեանքէն։ Աւելի պարզաբանելով՝ եթէ տղան մեծցած ու հասակ առած է մայրիշխանական ընտանիքի մը մէջ, ուր մայրական սկզբունքը, խօսքը, հեղինակութիւնը կը գերիշխեն, ապա այդ տղան եւս, նոյնականանալով իր հօր կերպարին հետ՝ հակում կ՚ունենայ իր կնոջ ազդեցութեան ու իշխանութեան տակ իյնալ եւ անոր ենթարկուիլ։

Տարիներ անց, խախուտ հիմք ունեցող ընտանիքի հայրը կ՚անդրադառնայ իր սխալին եւ կը սկսի վերանայիլ իր տան դրուածքին։ Իր ներսիդին ներանձնային հակասութիւններ կը ձեւաւորուին, որոնք ժամանակ մը ետք կ՚արտամղուին միջանձնային դաշտ։ Մարդը իւրովի կը մտածէ եւ ուշքի կու գայ, որ սխալ ընտրութիւն մը կատարած է, իր համակ կեանքը շղթայած ու փակուղիի վերածած է։ Հետեւաբար, կ՚ուզէ իր կեանքի ընթացքը արմատապէս փոխել, իր ամուսնական կեանքի առաջին տարիներու կուտակ-ւած սխալները ուղղել եւ ամուսնալուծուելով՝ նոր էջ մը բանալ։

Հոգեբաններ դիտել տուած են, որ մարդու հոգեկան աշխարհը միշտ նոյն մակարդակին վրայ չի գտնուիր, այլ կը զարգանայ եւ ի ներքուստ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի։ Երբեմն այդ փոփոխութիւնները ընկճուածութեան եւ համբերութեան սպառման մէկ արդիւնքն են, որոնք խնդրոյ առարկան ամուսնալուծման կ՚առաջնորդեն։ Կայ տակաւին դրական փոփոխութեան միւս երեսակը։ Շատ ժամանակ նոր յարաբերութիւններու սկիզբը երախաները իրենք կը դնեն, որոնք հասուննալով՝ կը սկսին իրենց ծնողներուն ընտանեկան դերերուն եւ յարաբերութեանց նոր ձեւաւորումներ տալ։ Եթէ տան հայրը եւ մայրը մեծամիտ, նեղմիտ չեն, ուշադրութեամբ կը լսեն իրենց զաւակներուն կարծիքն ու ցուցմունքները եւ իրենց սխալնեը, թերութիւնները կ՚ուղղեն։ Այդպիսով իրենց ընտանիքի կեանքը կը վերակերտուի, նոր երանգ եւ աւիշ կը ստանայ, կը թարմանայ ու կը ձեւափոխուի։

Համաշխարհայնացման երեւոյթը եթէ մէկ կողմէ իրեն հետ բերաւ դրական իրագործումներ, բայց միւս կողմէ ունեցաւ ձախաւեր ազդեցութիւններ նորահաս սերունդին վրայ։ Եւրոպականամիտութիւնը եւ օտար մշակոյթներով առինքնելու սովորոյթը հայ երիտասարդը ձեւով մը «զարգացուցին» եւ հայկականութենէն ամբողջապէս դատարկեցին։ Նմանօրինակ օտարաստեղծ եւ ոչ հարազատ երեւոյթներ պարսաւելի ազդեցութիւն թողուցին նորակազմ հայ ընտանիքներու վրայ՝ գերեվարելով զիրենք տեսակ-տեսակ մոլութիւններով եւ ապիկարութիւններով։

Ժամանակակից ընկերութիւններու մէջ փոխակերպումները արագ ընթացք ունին եւ կը սահմանուին ընդունուած կառուցուածքի փոփոխութեամբ (mutation): Համաշխարհայնացումը իր դարպասները լայն բացած է միօրինականացումներու առջեւ. անոնք ըլլան՝ բարքերու, արժէքներու, կենցաղի, արտադրութեան, սպառման, լեզուի, մշակոյթի եւ նամանաւանդ ընտանիքի: Հաղորդակցական միջոցներու ուղեղներու վրայ մրճահարումը ժամանակ չի թողուր մտածելու եւ ուղղութիւն ճշդելու: Մարդիկ, ընկերութիւններ, ժողովուրդներ, չեն ընտրեր միօրինականացման տանող ճանապարհներն ու պայմանները, անոնք երբեմն նոյնիսկ կը պարտադրուին այդ հոսքին մէջ կլանուելու եւ անզգալաբար ոտնակոխելու հայկական դարաւոր պարկեշտութիւնը, ամօթխածութիւնն ու ամուսնական կեանքի սրբութիւնը։ Երիտասարդներու կողմէ փափաքելի եւ հոլովուած համաշխարհայնացումը բազմակողմանի նախայարձակումներու ենթակայ է զիրար հակասող եւ յարափոփոխ լուսաբանութիւններով: Այլ ազգերու արժէքներէն, բարքերէն ու սովորութիւններէն բացասական գծեր ընդօրինակելով ու կապկելով՝ աշխարհայեացքդ եւ մտածելակերպդ լիովին կը կերպարանափոխես, հայ ինքնութեանդ ու հայկական արժէքներուդ նկատմամբ կապուածութիւնդ կը թուլացնես եւ նորաբողբոջ ընտանիքդ քու իսկ ձեռքովդ կը պառակտես։ Ինքնատպութիւն որոճացող «բանգէտ»ներու զարտուղութիւններ:

Ոմանց համար ամուսնութիւնը ընդամէնը անձնական յարաբերութիւն է համաձայնութեան եկած չափահասներու միջեւ, զոր կրնայ ընդհատուիլ կողմերու մէկուն կամքով: Ոմանք իրենք զիրենք կը տեսնեն որպէս ամուսնալուծման զոհ։ Ուրիշներ ամուսնալուծումը կը համարեն որպէս կեանքի մեծ դպրոց եւ փորձառութիւն, իսկ ոմանք՝ որպէս ձախողման փաստ։ Շատեր հիմնաւորելով իրենց կեանքի անել եւ անլուծելի վիճակը՝ ամուսնալուծումը կը նկատեն ամուսնութենէն որպէս հիմնական ելք։

Կարելի է անվերջ թուարկել եւ խօսիլ ամուսնալուծուած զոյգերու պատմութեանց ու պատճառաբանութեանց մասին, բայց փորձենք ներկայացնել հոգեբաններու ամուսնալուծումներու պատճառներու վերլուծութեան արդիւնքները, որոնք կատարուած են վերջին տարիներու ընթացքին:

Հոգեբաններու կարծիքով՝ զոյգերու ամուսնալուծման հիմնական պատճառներն են՝ արբեցողութիւնը, թմրամոլութիւնը, հոգեբանական ու ֆիզիքական բռնութիւնը, դաւաճանութիւնը, խանդը, հոգեբանական անհամատեղելիութիւնը, ընդհանուր հետաքրքրութեանց բացակայութիւնը եւ կամ վերացումը, բարոյահոգեբանական ներդաշնակութեան կորուստը, տղամարդու անուշադրութիւնն ու անտարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ երախայի ծնունդէն ետք անտարբեր վերաբերմունքը, ֆինանսական, կենցաղային խնդիրները, երախաներու բացակայութիւնը (զոյգերու ոեւէ մէկուն երախայ ունենալու անկարողութիւնը), ծնողներու եւ ազգականներու միջամտութիւնը զոյգերու ընտանեկան յարաբերութեանց…: Իսկ տղամարդը, ի տարբերութիւն կին արարածին, յաճախ կը ձանձրանայ միօրինակ եւ տաղտկալի կեանքէն։ Ուստի, նոր արկածներ ու զգացողութիւններ որոնելով՝ իր կողակիցը կը դաւաճանէ եւ իր ընտանիքի սրբութիւնը կը պղծէ։

Աստուածաշունչ մատեանը ցոյց կու տայ, որ Ադամ ու Եւա Աստուծոյ խօսքովն իսկ կոչուած էին մէկ մարմին դառնալու, աստուածահաստատ հիմունքներով ամրակայուած ընտանիք մը կազմելու, զիրար ամբողջացնելու, իրարու միջեւ ուխտագրուած խոստումը աներեր հաւատքով ու անխարդախ սիրով պահպանելու, սերնդագործելու եւ նոր արարչագործուած երկիրը լեցնելու զաւակներով՝ Ստեղծագործողին փառքին տարածման ի խնդիր (Հմմտ. Ծն 1.28)։ Ահա նոյն այդ Աստուածն էր, որ Եւային ստեղծագործութենէն անմիջապէս ետք ըսաւ. «Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի  միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծն 2.24, Մտ 19.5, Մր 10.8)։ Աւելի ուշ, Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ Հոգիով տոգորուած՝ Թեսաղոնիկեցիներուն յղած իր նամակին մէջ բացորոշ կերպով պիտի կարեւորէր ամուսնութեան նպատակը՝ ըսելով. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ» (Ա.Թս 4.4)։

Ընտանիք հասկացութիւնը պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ սրբութեան վրայ. «Սրբեցէք անձերնիդ ու սուրբ եղէ՛ք, վասնզի ես սուրբ եմ» (Ղւ 11.44), կ՚ըսէ Աստ-ւած Մովսէս մարգարէի բերնով։ Աստուած, որ «Սրբութիւն Սրբոցն» է, նաեւ իւրաքանչիւր ընտանիքի հիմնադիրն ու հիմնաքարը, յենասիւնն ու անկիւնաքարն է։ Սրբութիւնը սոսկ կրաւորական, ինքնակերտ, վերացական, ներանձնական ու ինքնեկ վիճակ մը չէ երբեք, այլ անիկա Աստուծոյ կողմէ տրուած ու փոխանցուած, մարդուն կեանքը յեղաշրջող ու փոխակերպող, մշտնջենապէս գոյութենական առկայ վիճակ մըն է՝ Ս. Հոգիով լուսազարդուած ու առաջնորդուած։

Ճշմարիտ սրբութենէն ստեղծուած արարածը կոչուած է սուրբ ըլլալ ու սրբութեան խորանի վերածել իր անձն ու բնօրրանը՝ ընտանիքը։ Սո՛ւրբ է այն ընտանիքը, որ աստուածահաճ ու քրիստոսակեդրոն կեանք մը կ՚ապրի՝ իր ընտանիքը վերածելով աստուածաբոյր վարդահիւթեղ մեխակի։ Սո՛ւրբ է այն ընտանիքը, որ մաքրամաքուր Ս. Աջով միացուած այդ կնքուած ուխտը՝ կը վերածէ Աստուծոյ սիրով ջրդեղուած հոսանուտ վտակի։ Սո՛ւրբ է այն ընտանիքը, որ իր տունը կը հիմնէ աստուածահիմն ժայռի վրայ, «Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռի վրայ հաստատուած է» (Մտ 7.25)։ Ինչպէս չցանկապատուած այգին յափշտակող գազաններու թիրախը կը դառնայ, այնպէս ալ սրբութեամբ չցանկապատուած ընտանիքը ենթակայ է չարին քմայքներուն ու սադրալի փորձութիւններուն։

Քրիստոս խօսելով ամուսնալուծման մասին՝ կը զգուշացնէ մեզ ըսելով. «Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով արտօնեց արձակել ձեր կիները, սակայն ստեղծագործութեան ժամանակ արձակելու խօսք չկար։ Գիտցէք նաեւ, թէ ո՛վ որ իր կինը կ՚արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ՚առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ, եւ ով որ արձակուած կինը կ՚առնէ՝ ան ալ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ» (Մտ 19.8-9): Իսկ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կիներուն խորհուրդ կու տայ չբաժնուիլ եւ իրենց ընտանիքը չքանդել. «Ոեւէ կին իր ամուսինէն թող չբաժնուի, իսկ եթէ բաժնուի, կա՛մ առանց ամուսնութեան թող ապրի եւ կամ դարձեալ հաշտուի իր ամուսինին հետ» (Ա.Կր 7.10-11)։ Ապա այլուր կը խրատէ կիները իրենց ամուսիններուն հնազանդելու, իսկ ամուսինները՝ իրենց կիները սիրելու. «Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդէիք, որովհետեւ ամուսին մը իր կնոջ գլուխն է։ Ամուսիններ պարտին իրենց կիները սիրել որպէս իրենց մարմինը, որովհետեւ իր կինը սիրողը իր սեփական մարմինը սիրած կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր աձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է յարգէ իր ամուսինը» (Եփ 5.22-23, 28, 33)։

Սիրելի՛ ընթերցող, ընտանիքը ամէն բանէ առաջ հաւաքական կեանք է, այլապէս ընտանիք չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ։ Այր եւ կնոջ մտերմութիւնը ամէն իմաստով պէտք է տարբերի որեւէ տեսակի մտերմութենէ կամ դաշնադրութենէ, ուր միաժամանակ Աստուծոյ սրբութիւնը պէտք է ներկայ ըլլայ։ Սկիզբի նախատրամադրութիւններդ, կողակիցիդ նկատմամբ «կոյր» սէրդ, լայն հասկացողութիւնդ, փափկանկատութիւնդ, որոնք քեզ առաջնորդած էին ամուսնութեան քայլը առնելու, այսօր քեզ միթէ անել վիճակէդ դուրս կրնա՞ն հանել եւ կամ քու դժուարութիւններդ դիմակայել կամ յաղթահարել։

Ամուսնալուծմանդ պատճառը յաճախ ոչ թէ անհամատեղելիութիւնն է, այլ քու ներսիդիդ բոյն դրած եսասիրութիւնդ: Առաջին «սխրալի» քայլդ կողակիցէդ բաժանումը պէտք չէ ըլլայ, այլ ողջմտութեամբ, փոխհասկացողութեամբ եւ փոխզիջումով կողակիցիդ հետ յարաբերութիւններդ պէտք է վերափոխես ու վերադիտարկես: Ամուսնալուծումը ելք չէ, նոր «գունագեղ» կեանքի մը սկիզը չէ, քաջութիւն չէ, այլ ընտանեկան ինքնասպանութիւն է, հոգեկան տառապանքի եւ բարդութիւններու ծնունդ է: Հաւանաբար ամուսնալուծումդ կրնայ քեզ երջանիկ ձգել, բայց ժամանակաւոր է։ Աստուծոյ սրբութեա՛մբ խարսխէ քու ընտանեկան օճախդ, որպէսզի նիւթականացած այս աշխարհին մէջ քեզի ու ընտանիքիդ դէմ եկող ալեբախութիւնները կարենաս դիմագրաւել։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 24, 2017