ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ թատերական նշանակալից երեկոյթ մը։ Կազդուրման կայանէ ներս ամրան ընթացքին թատերական աշխատանքներով զբաղած տասն պատանիներ հանդէս եկան այս երեկոյթին ժամանակ։ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին տղաքը ներկայացուցին «Աւազանի խնդիրը» անուն խաղը։ Նաթալի Դաւիթեանի բեմադրութեամբ պատրաստուած էր այս խաղը, մինչ Արամ Կոստանեանն ալ աշխատած էր պատանի դերասաններու պատրաստութեան ուղղութեամբ։

Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Ներսէսեան դպրաց դասու դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, այլ հիւրեր եւ կայանի սաներ, որոնք ծափահարութիւններով ողջունեցին իրենց ընկերները։

Հարկ է նշել, որ ամրան ընթացքին թէ՛ Կազդուրման կայանէն եւ թէ Ներսէսեան դպրաց դասէն շուրջ երեք տասնեակ պատանիներ հետեւած էին թատերական աշխատանքներուն։

Երեկոյթի աւարտին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հանդէս եկաւ օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով մը, մինչ շնորհակալագրեր յանձնեց Նաթալի Դաւիթեանին եւ Արամ Կոստանեանին։ 

Շաբաթ, Օգոստոս 24, 2019