ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 90 ՀԱՏՈՐՆԵՐ…

Աշխարհի վրայ չկայ նիւթական մնայուն իր մը, որ ժամանակի հոսունութեան դիմաց իր արժէքը չի կորսնցներ։ Սակայն այնքան ժամանակ կայ մարդը, մարդկային ստեղծագործ միտքը, կայ նաեւ յիշողութիւնը՝ հզօր եւ մնայուն, այդ ժամանակ մարդ արարածը կ՚ապրի, կ՚արարէ՝ իր կեանքը վերածելով յորդահոս աղբիւրի։ Յիշողութեան այդ աղբիւրէն շատեր կրնան օգտուիլ եւ իրենց կեանքի ընթացքը ամբողջապէս փոխել։

«Կեանքը ինքնանպատակ չէ։ Կեանքը, որ ապրելու կոչուած ենք, պէտք է ծառայէ կատարելութեան նպատակին։ Կատարելութիւն՝ իրագործումներով։ Կատարելութիւն՝ տեսիլքներու մարմնացում տալու ոգիով ու մղումով։ Կատարութիւն՝ մեզի համար գերագոյն օրինակ ծառայեցնելով մեր Տիրոջ կեանքը, որը դարձաւ ապրուած Աւետարան»։

Ահա այս տողերուն մէջ կը տեսնենք Սրբազան Հօր համապարփակ իտէալը։ Ծառայել քարոզախօսութեամբ եւ գրիչով։ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ծանօթ անուն մըն է սփիւռքահայ մամուլին մէջ։ Ան հեղինակած է աւելի քան 90 հատորներ, ուշագրաւ հրատարակութիւններ, յուշագրութիւններ, մանրապատումներ, աղօթագիրքեր, քարոզագիրքեր…։ Իւրաքանչիւր գիրք ունի իր հասցէագիրը, իսկ ընթերցողը տուեալ գրքի բովանդակութեան, ընդգրկուած նիւթերուն, արծարծուած հարցերուն ծանօթանալէ ետք, հաճոյքով եւ սրտի պապակը յագեցուցած վայելքի մը ապրածի գոհունակութեամբ հրաժեշտ կու տայ գրքին, բայց ոչ բովանդակութեան։ Որովհետեւ բովանդակութենէն բխող մտքերն ու տեսակէտները ուղղակի իրենց ազդեցութեան տակ կը պահեն ընթերցողը. յաւելեալ մտածումի կը մղեն եւ վերջապէս կ՚առինքնեն ու կը դաստիարակեն. կ՚ըլլան ուղենիշ ինքնազարգացման:

Յովնան Սրբազանին գիրքերէն են՝ «Աւետարանական խոհեր», «Մեծ Պահքի խորհրդածութիւններ», «Փունջ մը քարոզներ», «Հոգեշունչ մանրապատումներ», «Նոր կեանքի դուռը», «Սրտէ բխած աղօթքներ», «Հոգու կաթիլներ», «The Lenten journey… Spiritual Reflections», «Nourish and Enrich your Spirituality», «Towards a more Fruitful Life» եւ այլն։

Ծանօթանալու համար Սրբազան Հօր մտածումներուն, ծաղքակաղ մը կատարենք անոր հոգեշունչ քարոզներէն.

«Աստուածգիտութեամբ հարուստ կեանքը կը թելադրէ կեանքի որոշակի ընթացք մը, որ հիմնուած է բարոյական հիմերու վրայ, որոնց աղբիւրը Քրիստոս Ինք է։

«Քրիստոսի Խաչին վրայ պատարագումին մէջ կը տեսնենք ու Անով իսկ կը կշռենք կեանքի ընթացքին մեր տուածին ու նուիրումին չափը, բայց երկրորդը, որը աւելի կարեւորն է, աղօթքով ու հաւատքով կը ձգտինք մեր պատարագումն ու սէրը դարձնել կատարեալ, ինչպէս կատարեալ չափով Իր սէրը արտայայտեց Քրիստոս Աստուածորդին։

«Քրիստոսի կեանքը մարդկութեան կեանքին մէջ Աստուծոյ ներգործութիւնն է, աստուածային սիրոյ ճառագայթումն է, ճշմարտութեան յաղթանակումն է, խաւարին մերժումն է, եւ այս բոլորը խաչին վրայ պատարագումով, որուն լրումը եղաւ Իր երկինք բարձրանալը, որուն հաւատացողը պիտի ունենայ յաւիտենական կեանք»։

Յովնան Սրբազան ունի ինքնուրոյն ոճ, մատչելի ու դիւրահաղորդ լեզու, բարի սրտէ բխած խօսքեր։ Անոր կոչերը յորդորական են, իսկ քարոզները ընդհանրապէս կ՚աւարտէ խրատականով եւ հայրական օրհնութեամբ։ Աւելի՛ն. անոր հայեացքներուն պատկանող իւրաքանչիւր էջ թէ հատոր կ՚ընդգրկէ լեզուական գրաւչութիւն եւ հմայք. ոճային յատկութիւնն ու որակ, որ ուսուցողի իր թելադրականութեամբ՝ նաեւ գրական ճաշակ, շունչ ու հրապոյր կը փոխանցէ:

Իր մանրապատումներու եւ յուշագրութեանց իւրաքանչիւր էջին, իւրաքանչիւր տողին ու բառին մէջ կը զգաս բաբախող սրտի մը կշռութաւոր մեղեդին: Համ ու բոյր ունեցող կարօտ կայ` ծուարած իւրաքանչիւր յուշի պատառիկին մէջ: Սրբազանը հանդարտաբարոյ պատմող է: Իր մտքերը արտայայտելու իւրայատուկ ոճ ունի, լեզուն մաքուր է, զուրկ` ուռճաբանութիւններէ: Իսկ յուշագրութեանց մէջ տիպարները հեղինակին կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող մարդիկ են, որոնք իրենց դրոշմը դրած են իր հոգիին եւ կեանքին վրայ:

«Առաւօտ լուսոյ, արեգակն արդար, առ իս լոյս ծագեա…։ Շնորհալի Հայրապետի աղօթքին այս բառերը դեռ մանկութեանս տարիներուն իմ հոգեւոր աշխարհիս թռիչքն են դարձած, երբ մանուկ հասակիս քայլերս կ՚առաջնորդէի Թաղի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին: Մարաշի նեղլիկ փողոցները, որոնց սրտին մէջ ամփոփուած էր Եղեռնէն ճողոպրած ու ջարդերէն վերապրած որբերու ձեռակերտ աղօթքի իմ առաջին Տունս, այսօր ալ կ՚ազդեն ներաշխարհիս վրայ, որովհետեւ մանկութեանս յուշերուն մէջ տակաւին կը գտնեմ անսպառ այն ուժականութիւնը, որ անընդհատ հոգեւոր կեանքս կը նորոգէ»:

Սրբազանը իր բազմաթիւ աղօթագիրքերով կը հաստատէ, թէ ապրումով մատուցուած ճշմարիտ աղօթքը մարդս բոլորովին կը կտրէ արտաքին աշխարհէն ու աշխարհայինէն, նիւթէն ու նիւթականէն եւ կը վերացնէ ու Աստուծոյ դէմ յանդիման կը հանէ։ Իսկ մարդ արարածը Աստուծոյ կատարելութեան եւ ամենազօրութեան դիմաց ինքզինք կը տեսնէ իր բոլոր թերութիւններով ու տկարութիւններով եւ Աստուծոյ լուսակաթ սրբութեան դիմաց ինքզինք կը ճանչնայ իր բովանդակ մեղանչականութեամբ ու մեղսածին աղտեղութիւններու մուրով։ Ահա թէ ի՛նչ Սրբազանը իր սրտի խորքէն կը բարբառի.

«Տեսողն ամենայնի, բարին սերմանող Աստուած իմ, Քեզի կ՚ուղղեմ սլաքն իմ աղօթքներուն, որպէսզի կեանքս մշտապէս կամրջուի Քեզի հետ։ Դուն կը կարդաս խորքը իմ հոգիին ու այնտեղ կը ցանես սերմերն Քրիստոսի աւետարանին։ Ու ես կ՚ուխտեմ պարարտ հողը Քու ոսկի պատգամներուն, որոնց սնունդը՝ անմահական ջուրն է իմ հոգեւոր կեանքին։ Բարեաց աղբիւրն ես Տէր Աստուած, ու ես անյագօրէն կ՚ուզեմ բանալ հոգիս, որպէսզի անդ տեսնեմ Քեզ, զի Դուն ես հայելին իմ էութեանը»։

Մաղթող ենք, որ Սրբազան Հայրը նոյն թափով ու նախանձախնդրութեամբ շարունակէ հարստացնել մեր հոգեւոր գանձարանը։ Ձեր գրիչը դալար, Սրբազան Հայր…։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2018