ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ

Վաղը, 25 սեպտեմբեր 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի տօնախմբէ Սուրբ Խաչի տօներէն՝ Վարագայ Սուրբ Խաչի յիշատակը: Տօն մը, որ յատուկ միայն մեզի՝ հայերուս, եւ այս պատճառով ալ զանազան հեղինակներու եւ գրիչներու կողմէ կոչուած է «Հայու սեփական Խաչը»ի տօնը:

Ստեփաննոս Աւագ Քահանայ Մանդինեանցը իր «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» գիրքին մէջ, հարցում-պատասխանի ձեւով այսպէս կը ներկայացնէ Վարագայ Սուրբ Խաչին տօնը:

«Հարցում. Ի՞նչ կը յիշեցնէ մեզի Վարագայ Խաչին տօնը:

Պատասխան. Այն, թէ Հռիփսիմեանց կոյսերը Հայաստան գալով, Վարագայ լեռան գագաթը բնակեցան: Սուրբ Հռիփսիմէն, Կենաց Փայտէն (Խաչափայտէն) մասունք մը ունէր, զոր այնտեղ պահեց, փորելով հողը ու անոր մէջ դնելով: Այդ մասունքն է, որ 653-ին յայտնուեցաւ: Մեր Ճառընտիրնեն ու Յայսմաւուրքը փետրուար 26-ին կը դնեն, ըսելով, թէ Թոդիկ ճգնաւորը (թերեւս Գլակայ վանքին վանահայրը), աւանդութեամբ գիտէր Սուրբ Նշանին այդ վայրին մէջ պահուած ըլլալը: երբ իր Յովէլ աշակերտին հետ կ՚աղօթէին Աստուծոյ, որպէսզի իրենց յայտնէ Խաչափայտին տեղը, յանկարծ ձայներ լսեցին, եւ Վարագ լեռան վրայ՝ ժայռի մը վրան պայծառ լոյս մը տեսան, եւ անոր շուրջ 12 լուսեղէն սիւներ մինչեւ օրուան վեցերորդ ժամը, որմէ ետք լուսեղէն նշանը. ժայռէն վերացաւ եւ Եկեղեցի մտաւ ու Սեղանին վրայ կանգնեցաւ. անոնք եւս ներս մտան ու երկրպագեցին Սուրբ Նշանին. իսկ լուսեղէն սիւները տասներկու օր մնացին, որպէսզի հեռաւոր վայրերու բնակիչներուն տեսանելի ըլլան: Հոգեւորականներու եւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ, որոնց հետ էր նաեւ Ռշտունիներու Թէոդորոս նախարարին Վարդ որդին եւ Ներսէս Շինող Կաթողիկոսը: Ապա, տասներկու եկեղեցիներ շինեցին տասներկու սիւներուն տեղ. իսկ Եկեղեցին, որու մէջ հանգչեցաւ Սուրբ Նշանը, փառաւորեցին միասնաբար եւ Կաթողիկոսը սահմանեց ամէն հոկտեմբերին տօն կատարել ու Նշանաւ Ամենայաղթ շարականը եւս յօրինեց, մէկ շաբաթ պահք սահմանեց, որ ժողովրդային բարբառով Վանոց Պահք կը կոչուի» (Ստեփաննոս Աւագ Քահանայ Մանդինեանց, «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ», տպուած՝ Անթիլիաս, 2010, էջ 267-268):

Վարագայ Սուրբ Խաչի յայտնութեան մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ լուսահոգի միաբաններէն՝ Կորիւն Արքեպիսկոպոս Պապեանը, «Հայուն սեփական Խաչը» իր յօդուածը այսպէս կ՚աւարտէ.

«Իրապէս հրաշալի յայտնութիւն մը, որ կու գար իւրաքանչիւր հայու սիրտը մեծ հրճուանքով եւ խոր հաւատքով լեցնելու, եւ որու մէջ՝ Հայոց Հայրապետին եւ հայկական բանակի սպարապետին հետ, ամբողջ հայութիւնը արդարօրէն կը տեսնէր Քրիստոսի սրբազան Խաչափայտի մասունքէն ճառագայթող յոյս մը, աստուածային պատգամ մը, որ կը յայտնուէր Խաչեալին Փրկագործական Խորհուրդին ընդմէջէն:

Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի է ըմբռնել Փրկագործութեան Խորհուրդը առանց մեր նայուածքները սեւեռելու Գողգոթայի Խաչէն անդին, Խաչեալ Քրիստոսի դատարկ գերեզմանին, հրաշափառ Յարութեան իրողութեան վրայ: Ինչպէ՞ս կարելի է կարդալ Խաչին խորհուրդը, առանց մեր միտքն ու հոգին բանալու՝ անխառն սիրոյ, նուիրումի եւ յոյսի, անագորոյն Մահուան վրայ տարուած յաղթանակին եւ փառապանծ Յարութեան խորհրդանիշ՝ Աստուածորդիին լոյս պատգամներուն:

Արդարեւ, խաչին խորհուրդէն կը ճառագայթեն յաւիտենականութեան կնիքը իրենց վրայ կրող աստուածային պատգամներ, որոնց՝ աւելի քան երբեք ա՛յս օրերուն կարօտն ու պահանջքը ունի իր գոյութեան իմաստը եւ ապրելու նպատակը կորսնցուցած, իր ձեռակերտ կուռքերը ատելով պաշտող, հաճոյասէր ու նիւթապաշտ մեր արդի հասարակութիւնը:

Սակայն, մեր հայրերը հաստատելով Վարագայ Ս. Խաչի Երեւման՝ Հայուն սեփական խաչի տօնը, նախ իրենք վերստին զրահուեցան Խաչեալ եւ Յարուցեալ Փրկիչին կենսատու հաւատքով. վերստին պայծառացան աստուածատենչ մատեաններէն աւետուող անվախճան ուրախութեամբ եւ երկնային իմաստութեամբ: Այնուհետեւ, խաչին նշանը վերածեցին ամէնօրեայ իրենց կեանքը ոռոգող, սնուցանող եւ պահպանող՝ անսահման սիրոյ, անսահման հաւատքի, անխորտակ կամքի եւ անսպառ ուժի աղբիւր:

Մեր սրբազան հայրերը սորվեցուցին մեզի, թէ մեր անհատական կեանքին մէջ պէտք չէ վախնալ մարդոց մեր հանդէպ ցուցաբերած նախանձէն, ատելութենէն եւ չարիքներէն: Անոնք՝ անցնելով ընդ հուր եւ ընդ սուր, գալիք դարերուն եւ բոլոր հայորդիներուս կտակեցին՝ մեր հաւաքական կեանքին մէջ պէտք չէ յուսահատիլ եւ ընկճուիլ մեր նուիրական առաքելութեան ճամբուն վրայ անխուսափելիօրէն մեզի սպասող՝ յաճախ մեր ճակատներն ու սիրտերը արիւնող փուշէ պսակներէն եւ թունաւոր նետերէն:

Վերջապէս, պէտք չէ վախնալ պայքարէն, ցաւէն, տառապանքէն ու մանաւանդ մարմնաւոր մահէն, որովհետեւ մեր Տիրոջ անժամանցելի պատգամն է. «Մի՛ վախցէք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն, բայց հոգին չեն կրնար սպաննել» (Մտ 10.28), որովհետեւ Գողգոթայի խաչելութենէն եւ խաւար գիշերէն ետք է միայն, որ պիտի բացուի Յարութեան լուսապայծառ եւ վարդահեղեղ առաւօտը:

Այո՛, միայն այն ազգերը իրաւունք ունին ապրելու եւ յաւերժանանալու, որոնք գիտեն Խաչի ճանապարհով քայլել՝ հասնելու համար անմահութեան» (Կորիւն Արք. Պապեան, «Հոգեմատեան. բանաստեղծութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութիւններ, Հայ Եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբեր», տպուած Անթիլիաս, 2018, էջ 162-163):

Այստեղ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ Սուրբ Խաչի մասին՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետէն:

- Բոլորդ ալ գիտէք, որ խաչը նշանակն է, խորհրդանիշն է քրիստոնէական հաւատքին: Խաչը մեր գմբէթներուն վրայ կը բարձրացնենք, Խաչը քարերու վրայ կը դրոշմենք, խաչի նշանը կ՚ընենք՝ որպէս իր հաւատքի, իսկութեան արտայայտութիւն:

Ի՞նչ է Խաչը: Քրիստոսէ առաջ այն գործիք մըն էր, քառաթեւ գործիք մը, սոսկալի չարչարանքներով մահուան դատապարտուած մահապարտներուն համար նախատեսուած չարչարանքի գործիք մը: Խաչին վրայ կը գամէին, որպէսզի անոնց հոգին քամուի, տառապանքով մահանան՝ որպէս պատիժ իրենց գործած յանցանքներուն: Սակայն Յիսուս ի՞նչ յանցանք ունէր, ինչո՞ւ խաչուեցաւ:

Յիսուս երբ այդ նոյն խաչափայտին վրայ խաչուեցաւ, խաչափայտը դադրեցաւ չարչարանքի գործիք ըլլալէ, յեղաշրջուեցաւ անոր իմաստը, անիկա կերպարանափոխուեցաւ: Խաչը դարձաւ փրկութեան գործիք, ո՛չ թէ չարչարանքի: Որովհետեւ Խաչը սիրոյ արտայայտութիւնն է, քարոզել սէր, բայց չգիտնալ զոհուիլ՝ այդ սէրը վաւերական եւ ճշմարիտ չէ: Սիրել զաւակը՝ ի՞նչ կը նշանակէ: Կը նշանակէ անոր համար զոհողութիւն յանձն առնել, զրկանք յանձն առնել, խնամք ցուցաբերել: Սէրը բառ չէ, սէրը զգացում չէ միայն: Սէրը կեանք է եւ գործ: Եթէ կը սիրես հայրենիքը, սակայն հայրենիքիդ համար ոչինչ չես ըներ, ապա ի՞նչ սէր է ատիկա: Ինչպէ՞ս կրնայ լոյսը լոյս ըլլալ առանց լոյս տալու: Ինչպէ՞ս կարելի է սիրենլ առանց զոհ տալու, առանց զոհաբերուելու:  Քրիստոնէական սիրոյ մեծագոյն ուժը Քրիստոսի անձի ընդմէջէն խաչելութեան արտայայտութիւնն է: Եւ ատոր համար խաչելութիւնը ճանապարհն է ո՛չ թէ մահուան, այլ՝ յաղթանակի, յարութեան: Նշանաւոր, իմաստուն մարդ մը ըսած է, որ բոլոր կրօնքներուն մէջ սիրոյ գաղափարը կայ, բայց միայն քրիստոնէութեան մէջ խաչ կայ:

Աստուած այնքան խոնարհեցաւ դէպի մարդը, սէրը Անոր միացուց մարդուն հետ, նոյնացուց մարդուն հետ եւ մինչեւ իսկ Իր կեանքը տուաւ մեր մեղքերուն համար, որպէսզի մենք սիրոյ ճանապարհով գիտնանք սէրը արտայայտել մեր կեանքին մէջ, զոհողութեան ճանապարհով փրկութեան հասնիլ, յարութեան հասնիլ: Ահաւասիկ խաչին իմաստը հակիրճ կերպով:

- Խաչը անձնակեդրոն ապրումի եղանակ չէ, խաչը ուրիշին հանդէպ իմ սէրը արտայայտելու եղանակն է: Իւրաքանչիւր հայ այսօր պէտք է խաչը շալկէ, իր սէրը պէտք է արտայայտէ դէպի Եկեղեցին, այս Եկեղեցւոյ կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ այս ժողովուրդին օրրանը՝ Հայաստանը, նոր Հայաստանը՝ ազատ ու անկախ հանրապետութեան, դէպի իր ապագան, իր կեանքի ուղղութեամբ ապրող ժողովուրդին երկիրը եւ ոչ թէ օտարներուն, ուրիշներուն կողմէ տիրապետուած, բռնակալուած երկիրը: Խաչը ապրելու նոր եղանակ ունինք, այն է՝ մեր ազգին համար, մեր ժողովուրդին համար, մեր հայրենիքին համար, մեր Եկեղեցւոյ համար սէր ցոյց տանք գործով, մասնակցութեամբ:

Շալկենք խաչը միասնաբար, ձեռք ձեռքի տուած, սիրտ սիրտի կապած:

- Խաչը մետաղէն, քարէն դուրս բերէք, այն ձեր հոգիին մէջ զետեղեցէք, ձեր կեանքին մէջ արտայայտեցէք: Խաչը զարդ չէ, խաչը ոսկի չէ, խաչը մարմար չէ, խաչը կեա՛նք է, կեանք: Եւ այդ կեանքն է, որ մեզի կը բաշխուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն: Շատ անգամներ խաչը մեզի համար ոչ թէ հաւատքի նշան եղաւ, այլ՝ խաչելութեան, մենք խաչին վրայ բարձրացանք, Քրիստոսի խաչելութիւնը բաժնեկցեցինք, կիսեցինք մեր կեանքով, եւ այսօր այդ խաչը ստեղծագործականօրէն պիտի ապրինք, այսինքն՝ պիտի նուիրաբերենք մեր ունեցածէն, մեր եղածէն՝ Աստուծոյ եւ Հայրենիքին եւ Եկեղեցիին, մշակոյթին բաժին պիտի հանենք, որպէսզի մեր խաչը արտայայտենք, ինչպէս Քրիստոս Իր սէրը արտայայտեց՝ մեր մեղքերուն համար խաչ բարձրանալով:

Աւարտենք, երջանկայիշատակ Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Թրթռեանի Խաչվերացի մը առիթով խօսած քարոզին վերջին բաժինով, որ այնքան համահունչ է «Հայուն սեփական Խաչը» այս տօնին.

«Ու ժողովուրդը մեր, գերուած խորհուրդէն Քրիստոսի խաչելութեան, բոլոր ժողովուրդներուն մէջ գերազանցօրէն ժողովուրդն է խաչին, զոհագործումին ու պատարագումին՝ շատ ըսուած է, պիտի միշտ ըսուի եւ երբեք բաւարար չըսուի։ Տասնվեց դարերու շարունակական խաչելութիւնն ու մարտիրոսութիւնը մեզ զսպանակած են Աստուծոյ հանդէպ, աստուածայինին հանդէպ, խաչին հանդէպ մեր աշխարհ մը սէրէն, մեր այրող բայց չհատնող սէրէն։ Ահա թէ ինչո՛ւ այն խոր յարգանքը, պաշտամունքի հասնող մեծարանքը մեր ժողովուրդին հանդէպ Խաչին։ Ու այսօր, Խաչվերացի, այսինքն խաչի պանծացումի մեծ տօնին, որուն պատմականը կամովին զանց ըրինք, մեր սիրտին ամենէն խորունկ ակունքէն կ՚աղօթենք եւ կ՚աղաչենք՝ Տէր Յիսուս Փրկիչ, Քու Խաչդ պահապան ըլլայ երկրագունդիս վրայ ցանուցիր մեր ժողովուրդին, իր թեւերուն տակ համահաւաքէ բեկորեալ նշխարներն անոր հայրենի մեր սեփական երկրին վրայ, խաղաղ ազատութեան մէջ պահպանէ ամբողջն ի մի՝ մինչեւ կատարածն աշխարհի, եւ ապաւէն ըլլայ մեզի երբ լուսաւոր ամպերու մէջէն յայտնուիս Հօր Աստուծոյ փառքով, այն ատեն "ամօթով չմնանք Քեզի յուսացողներս, այլ Քու մեծ զօրութեամբդ՝ որպէս Լոյսի Որդիներ՝ Քու աջ կողմդ բերկրինք"»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

18 սեպտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2022