ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԴԷՍ՝ «KARANLIK İŞLER»Ի ՄԷՋ
Մեծն Կոմիտաս Վարդապետ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ երաժշտական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ՝ իր վախճանման 81-րդ տարելիցի շրջանին։ 4. Լեւենտի «Karanlık İşler» գեղարուեստական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու գլխաւոր կազմակերպիչներն էին՝ մեներգիչ պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան եւ հիւրընկալ կեդրոնի սեփականատէր Նուրի Քայա։ Խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ մեկնաբանուեցան Կոմիտասի գործերը։ Մինչ մութին մէջ բոլորի երեւակայութեան հարթութեան վրայ վերակենդանացաւ մեծ վարդապետը, իրմէ մէջբերուած յուշերն ալ եկան ի կատար ածել բոլորի խոհերն ու զգացումները։ Երեկոյթի յայտագրին մասնակցութիւն բերին հետեւեալ արուեստագէտները.
Սոփրանօ Դալար Շիլէլեան Պաղտասարեան, Կիւլայ Արսլան, Արատ Տինք, Ռամին Ֆարհանքնիա, Նուրչին Իլէրի, Ճեմալ Աճէթ, Ֆարուք Չալըշքան, Ռեւշան եւ Վարդգէս, Հերման Հըտըր, Մելիքճան Զաման։ «3x2» Քերիմ եւ Սելիմ Ալթընօք, Տենիզ եւ Տէրիա Ուլքաթ, Ռուշէնճան եւ Օսմանճան Աճէթ, «Ֆունկիսթանպուլ» Ռոնի Արան, Հերման Արթուչ, Ճիւան Այազ, Եըլտըրըմ Էլտէմ, Բագրատ Էսդուգեան եւ Քարին Քարաքաշլը։