ՆՈՐ ԱԼՊՈՄՈՎ ՇՔԵՂ ՀԱՄԵՐԳ
Յայտնի մեներգչուհի Լենա Շամամեան շաբաթավերջին նոր համերգով մը հանդէս եկաւ քաղաքիս մէջ։ Ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն ան պարբերաբար կ՚այցելէ Իսթանպուլ, ու այլեւս ունի իր համակիրներու շրջանակը։ Այս առումով հերթական էր Լենա Շամամեանի համերգը, բայց նաեւ նորովի ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ իր ելոյթին բերումով՝ մանաւանդ, որ իր թողարկած նոր ալպոմի շրջանին զուգադիպեցաւ ձեռնարկը։
Շաբաթ երեկոյեան, Լենա Շամամեան հանդէս եկաւ «Զօրլու» կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ, ուր ունկնդիրները հմայեց իր ուրոյն ոճով ու կատարողական կարողութիւններով։ Ան բեմ առաւ յայտնի երաժիշտ Կէօքսէլ Պաքթակիրի եւ նուագախումբին ընկերակցութեամբ։ Շամամեան, որ եզակի երեկոյթ մը պարգեւեց երաժշտասէրներուն, համերգէն վերջ հանդիսատեսներուն համար մակագրեց նաեւ իր նոր ալպոմը, որ կը կոչուի LAWNAN։
Դամասկոսի մէջ ծնած Լենա Շամամեանի ընտանիքին արմատները կը հասնին՝ հօրը կողմէն մինչեւ Մարաշ, իսկ մօրը կողմէն Մարտին։ Իր առաջին համերգով հինգ տարեկանին հանդէս եկած է սուրիահայ արուեստագիտուհին, որ ներկայիս կը բնակի Փարիզի մէջ։ Ան ըստ էութեան կը մեկնաբանէ արաբական երաժշտութեան գործեր։ Իր մատուցած գործերը կը հանդիսանան՝ ժողովրդական, ճազ, արեւելեան, սուֆիական, ափրիկեան ու լատինամերիկեան ոճերու ներդաշնակ համադրութիւն մը։
Ներկայիս Լենա Շամամեան ձեռնարկած է նոր ալպոմի մը պատրաստութեան աշխատանքներուն՝ Կէօքսէլ Պաքթակիրի եւ դաշնակահար Անտրէ Մանուկեանի մասնակցութեամբ։