ՍՐԲՈՅՆ ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆՈՒ ՈՍ­ԿԵ­ԲԵ­ՐԱ­ՆԻ՝ ԿՈՍ­ՏԱՆԴ­ՆՈՒՊՈԼ­ՍՈՅ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈ­ՍԻ ՀԱ­ՏԸՆ­ՏԻՐ ԳԻՐՔ ԵՒ ՃԱՌՔ ԵՒ ՆԵՐ­ԲՈ­ՂԵԱՆՔ

Ս. ՈՍԿԵԲԵՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՃԱՌԸ, ԵՐԲ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԵՑԱՒ

ԱՐԴԱՐԱՊԷՍ ԱՂՕԹԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Գ) Եւ արդ, ծառայակիցներէն ո՞վ, ո՞վ գովենք։ Ո՛չ ուրիշը, այլ մեր բոլոր եւ մեր միջոցով՝ տիեզերքի վարդապետը (Անտիոքի Փլաբիանոս Եպիսկոպոսը), որովհետեւ ինչպէս որ ան ինքը դաստիարակեց ձեզ, որ մինչեւ մահ հաստատուն մնաք ճշմարտութեան մէջ, այդպէս ալ դուք միւսներուն սորվեցուցէք՝ այս կեանքէն աւելի շուտ հրաժարիլ, քան՝ բարեպաշտութենէն։

Արդ, կ՚ուզէ՞ք անոր գովութեան պսակը բոլորել։ Ես ալ կ՚ուզեմ, բայց կը տեսնեմ անոր նահատակութեան անհատակ անդունդը եւ կը վախնամ՝ գուցէ խօսքս խորքերը ընկղմելով՝ չկարողանայ այնտեղէն դուրս գալ։ Պէտք է նախնական քաջագործութիւնները պատմել՝ պան-դըխտութիւնը, տքնութիւնը, ջանքերը, ուշիմութիւնը, մարտերը, յաղթանակներու վրայ յաղթանակներ եւ յաղթութիւններու վրայ յաղթութիւններ կուտակելը։ Գործեր, որոնք գերազանց են ոչ միայն մեր, այլեւ բոլոր մարդկային լեզուներէն, որոնք առաքելական հոգեշարժ լեզուի կարիքը ունին, որով միայն կրնան բոլորի մասին թէ՛ ըսել եւ թէ ուսուցանել։ Բայց մէկ մասը զանց առնելով, մօտենանք միւս՝ աւելի ապահով մասին, որուն միջոցաւ նաւարկենք՝ փոքրիկ մակոյկ մը առնելով։

Եկուր եւ ասկէ ետք խօսինք անոր ժուժկալութեան մասին, ըսենք, թէ ինչպէս իր որովայնին իշխեց, ինչպէս փափկութիւնը արհամարհեց, ինչպէս ճոխ սեղանի վրայ ծիծաղեցաւ. ան, որ մեծահարուստ տան մէջ հասակ առած էր։ Ոչ մէկ զարմանալի բան մը կայ, երբ այս չորաբեկ ու խստամբեր կեանքով կը սկսի ապրիլ, իր կեանքը աղքատութեամբ կ՚անցընէ, աղքատութիւնը իրեն ընկեր եւ ուղեկից կը դարձնէ, որուն շնորհիւ իր բեռը կը թեթեւնայ։ Իսկ այն մարդը, որ մեծ հարստութեան տէր դարձած է, դիւրութեամբ անոր կապանքներէն չ՚ազատիր, ախտերու հոյլերը անոր հոգին շրջապատած կ՚ըլլան։ Կիրքերու քօղը թանձր ու մթամած ամպի պէս անոր աչքերուն վրայ կ՚իյնայ եւ չի ձգեր որ երկինք նայի, այլ կը ստիպէ աչքերը խոնարհեցնել եւ երկրին նայիլ։

Իսկ դէպի երկնքի ընթացքին մէջ չկայ, չկայ ուրիշ այնպիսի խոչընդոտ, ինչպիսիք են՝ հարստութիւնն ու անկէ բխող չարիքները։ Այս խօսքը իմս չէ, այլ Անոր՝ Քրիստոսի վճիռը. «Պարանը շատ աւելի դիւրին ասեղի ծակէն կը մտնէ, քան հարուստը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը» (Մտ 19.24)։ Բայց ահա այն ինչ որ դժուար էր, անհնարին էր, հնաւոր դարձաւ։ Եւ այն ինչ որ Պետրոս կը վարանէր Վարդապետին առջեւ կատարել եւ կը խնդրէր ուսանիլ, բոլորս փորձով սորվեցանք։ Որովհետեւ ոչ միայն ան երկինք ելաւ, այլ նաեւ այդքան ժողովուրդը բարձրացնելով՝ մտցուց այնտեղ։ Ան, որ հարստութեան հետ միասին ունէր նաեւ ոչ պակաս խոչընդոտ՝ երիտասարդութիւնն ու անժամանակ որբութիւնը, որոնք բաւարար են մարդս դիւթելու։

Այսպիսի թովչանքներ ունին, այսպիսի դեղատուութիւն կը պատրաստեն, բայց ան թէ՛ ասոնց յաղթեց, թէ՛ երկինքը ստացաւ եւ թէ այնտեղի իմաստութիւնը իր մէջ փոխադրեց։ Չմտաբերեց ո՛չ այս կեանքի շքեղութիւնը, ո՛չ իր նախնեաց փառքը, ոչ իր մարմնաւոր ծնողները, այլ անոնք, որոնք բարեպաշտութեամբ միացան իրեն, ուստի, անոնցմէ մէկը դարձաւ։ Նայեցաւ Աբրահամ Նահապետին, մեծ Մովսէսին, որ արքայական տան մէջ հասակ առաւ, մասնակից դարձաւ սիբարեան սեղանին եւ եգիպտական շփոթին մէջ ինկաւ։ Արդեօք գիտէ՞ք հեթանոսներու կենցաղավարութիւնը, թէ որքան հպարտութեամբ, պերճութեամբ ու փափուկ կեանքով կ՚ապրին։ Արհամարհեց այդ բոլորը ու դիմեց դէպի կաւն ու աղիւսաշինութիւնը։ Ան, որ արքայ էր ու արքայորդի, ուզեց ծառաներու եւ գերիներու մէջ ըլլալ եւ անոր համար աւելի գերափայլ իշխանութիւն դարձաւ, քան այն ինչ որմէ հրաժարեցաւ ու լքեց։

Որովհետեւ իր փախուստէն, իր աներոջ քով ծառայութենէն եւ օտարութեան մէջ կրած տառապանքներէն յետոյ վերադարձաւ եւ թագաւորի իշխան դարձաւ, աւելի ճիշդ՝ թագաւորին համար աստուած եղաւ, որովհետեւ կ՚ըսէ. «Ահա ես քեզ Փարաւոնին իբրեւ աստուած տուի» (Ել 7.1)։ Եւ ան աւելի շքեղ էր, քան նոյնինքն թագաւորը, ոչ թէ որովհետեւ պսակ ունէր, ծիրանի կը հագուէր կամ ոսկեզօծ կառքերով կը շրջէր, այլ որովհետեւ այդ ամբողջ պերճանքը կ՚արհամարհէր։ Որովհետեւ «Արքայադստեր ողջ փառքը, կ՚ըսէ, իր մէջ է՝ ոսկեհուռ զգեստներու զարդարանքի ու պաճուճանքի տակ» (Սղ 44.14)։ Արդ, վերադարձաւ եւ գաւազան ունէր՝ ոչ միայն մարդոց հրամաններ տալու, այլ նաեւ երկնքին, երկրին ու ծովին, քամիներու բնութեան, ջուրերուն ու ճահիճներուն, աղբիւրներուն եւ գետերուն։ Որովհետեւ այդ բոլորը կը վերածուէին այն ամէն ինչին, որ Մովսէս կը կամենար. անոր միջոցաւ արարածը կը կերպարանափոխուէր եւ ինչպէս ժրագլուխ աղախինը իր Տիրոջ բարեկամի գալուն կը սպասէր, կը հնազանդէր ու կը լսէր անոր ամէն մէկ խօսքը, որպէս Իր Տիրոջ խօսքը։

Ան նայեցաւ անոր, անոր պէս եղաւ, այն ալ՝ երբ տակաւին մանուկ էր (եթէ երբեք մանուկ էր, որովհետեւ ես այնպէս կը կարծեմ, թէ անոր միտքը հասուն էր, երբ տակաւին խանձարուրի մէջ էր)։ Բայց մինչ տարիքով մանուկ էր, հասու դարձաւ ողջ իմաստութեան եւ հասկնալով, որ մեր բնութիւնը մացառուտ երկիր է, բարեպաշտութեան խօսքով, մանգաղի նման, դիւրութեամբ կտրեց ու հեռացուց հոգիի ախտերը. երկրագործը անդաստանը մաքրեց՝ սերմը ընդունելու համար, եւ բոլորը առնելով՝ դէպի խորքերը մղեց, որպէսզի ներսը արմատանալով՝ ո՛չ արեգակի ճառագայթներէն չորնան եւ ոչ ալ փուշերէն խեղդուին։

Այսպէս դարմանեց իր հոգին, իսկ մարմնի ցանկութիւնը ճնշեց ժուժկալութեան դեղերով, իբրեւ ապերասան ձի՝ մարմնին վրայ կապեց պահքի սանձը եւ այնքան դէպի ետեւ քաշեց, մինչեւ որ չափաւորութեամբ ցանկութեան բերանը արիւնոտեց։ Որովհետեւ այնպէս չնեղեց մարմինը, որ ան փափկանայ, որպէսզի չըլլայ թէ զօրաւոր ըլլալով՝ հարուածէ երասանակալ միտքը, այլ հոգ տարաւ թէ՛ առողջութեան եւ թէ չափաւորութեան։

Եւ ոչ միայն իր երիտասարդութեան օրերոն այսպէս էր, այլ իր կեանքի ընթացքին իր ջանքերը չդադրեցուց, իսկ հիմա նոյնպէս, երբ ծերութեան բազմած է՝ իբրեւ անդորր նաւահանգիստ, դարձեալ նոյնը կը կատարէ։ Որովհետեւ երիտասադրութիւնը մոլեգին ծովի նման է, որ լեցուն է վայրենի ալիքներով ու դժնդակ քամիներով, իսկ ծերացածներու ալիքները մարդոց հանդարտ նաւահանգիստին մէջ հանգստութիւն կը պարգեւեն՝ անոնց ապահովութիւն եւ վայելք շնորհելով։ Նոյնը հիմա նաեւ ան կը վայելէ, եւ ինչպէս որ արդէն ըսի, նաւահանգիստին բազմած՝ իր ճգնութիւնը կը շարունակէ, քան անոնք, որոնք ծովերու մէջ կը ծփան։

Ան այդ երկիւղը Պօղոսէն սորվեցաւ, որ թէեւ երկինք բարձրացաւ եւ անոնցմէ աւելի վեր բարձրացաւ՝ երրորդին մօտեցաւ։ Այս իմաստով Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ինքզինքս սեղմումներու կ՚ենթարկեմ ու կը զսպեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ինքս մրցանակէն զրկուիմ, ես՝ որ ուրիշներուն կը քարոզեմ» (Ա.Կր 9.27)։ Այդ պատճառով Պօղոս առաքեալը ինքն ալ իր անձը հանապազօրեայ երկիւղին մէջ բեւեռեց, որպէսզի հանապազօրեայ անշփոթութեամբ ցնծայ եւ որպէսզի անցնի ու բազմի ղեկին՝ ոչ թէ աստղերը, ծովերն ու քարաժայռերը զննելու համար, այլ դեւերու յարձակումները, բանսարկուին խորամանկութիւններն ու խորհուրդներու պատերազմները։ Այդպէս բոլոր կողմերէն չարի զօրութիւնը հսկելով՝ անոր յարձակումներէն զերծ մնաց։ Որովհետեւ չէր նայեր այն բանին, որ մակոյկը երբեք անդնդասոյզ չըլլայ, այլ ամէն բան կ՚ընէր, որ նաւարկողներէն ոչ ոք խռովի։ Անոր իմաստութեան միջոցով մենք լիովին նաւի առագաստը պարզեցինք, եւ բոլորս յաջողապէս կը նաւարկենք։

Դ) Որովհետեւ երբ մեր առաջին հօրմէն (Անտիոքի Մելիտոս Հայրապետ) զրկուեցանք, նեղացանք, ուստի ողորմելի ողբեր հնչեցուցինք, յոյս չունենալով, որ անոր նման ուրիշ մը այս աթոռը կ՚ընդունի։ Իսկ երբ այս անձը յայտնուեցաւ, մեր ողջ տրտմութիւնը ամպի պէս ցրուեցաւ, եւ մեր թախիծը ջնջուեցաւ։ Ան մեր սուգը դանդաղ չվերացուց, այլ շատ արագ, կարծես երանելին ինքը գերեզմանէն յարութիւն առաւ եւ վերստին այդ աթոռին նստաւ։

Մեր հօր քաջութեան ու ճգնութեան սիրոյն տարուելով՝ մենք մեզ մոռցանք եւ սովորականէն աւելի մեր խօսքը երկարաձգեցինք։ Երկարաձգեցինք ոչ թէ անոր առաքինութիւններուն մասին խօսելով, այլ որքան մեր երիտասարդութեան կը վայելէր։ Այսուհետ լռենք՝ իբրեւ նահաւահանգիստ, եւ խօսելէ դադրինք, թէեւ չ՚ուզեր դադրիլ, այլ կը սրտնեղի եւ կը կամենայ ամբողջը իր մէջ հաւաքել, սակայն այդ անհնարին է։ Դադրինք, ուրեմն, հետամուտ ըլլանք անհասանելիներուն. մեզի համար իբրեւ սփոփանք բաւարար է, այն ինչ որ քիչ առաջ ըսինք։ Որովհետեւ ոչ միայն թանկարժէք իւղով լի սրուակը թափողը, այլ նաեւ մատի ծայրով անոր թեթեւակ դպչողը ամբողջ օդն ու մերձաւորները անուշահոտութեամբ կը պարուրէ։ Ահա այդ կատարեցինք ոչ թէ մեր խօսքերու զօրութեամբ, այլ անոր քաջ ճգնութեան ուժի շնորհիւ։ Հետեւաբար, լռենք, կրկին խնդրենք, պաղատինք, որ մեր բոլորի մայրը (Եկեղեցին) անսասանելի ու անշարժ մնայ, եւ Աստուծոյ մեր այս հօրը, վարդապետին, հովիւին, ղեկավարին երկար օրեր շնորհէ։

Իսկ եթէ հարց ունիք մեզի. երբեք չենք յանդգնիր մենք մեզ քահանաներու կարգին դասել, որովհետեւ օրէնք չէ վիժուածը ազնուածիններու կարգին դասել։ Եթէ ինծի հարցում ունիք՝ իբրեւ վիժուած մը, խնդրեցէ՛ք, որ բարձունքներէն մեծ զօրութիւն իջնէ մեր վրայ։ Սկիզբը, երբ առանձին ու անզբաղ կեանք մը կ՚ապրէինք, մեզի անբծութիւն պէտք էր, իսկ երբ այստեղ մտանք, ընծայուեցանք եւ յանձն առինք այս սաստիկ ու ծանր լուծը ստանձնել։ Մեզի բազմաթիւ ձեռքեր ու խնդրանքներ պէտք են, որպէսզի կարողանանք այս աւանդը ամբողջապէս Տիրոջ հատուցել։ Անոր, որ ըսաւ, թէ բոլոր անոնք, որոնք շնորհքներ ստացած են, այն օրը հաշիւ պիտի տան։ Ուրեմն, աղօթեցէ՛ք, որպէսզի կապուողներու ու խաւարի մէջ ղրկուողներու մէջ չըլլանք, այլ անոնց մէջ, որոնք թողութիւն գտան մեր Տէր Յիսուսի շնորհքներով եւ մարդասիրութեամբ, որուն փառք, իշխանութիւն եւ երկրպագութիւն յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան. ամէն։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

•շար. 2

 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2018