ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Ո՞ՐՆ Է ՈՒՂԻՂ ԳԻՐՔԸ

Հարցում. Ի՞նչ է Ուղիղ գիրքը։ Սուրբ Գիրքի գիրքերէ՞ն է, կա՞մ՝ Հնգամատեանէն։ Ինչպէ՞ս անդրադարձ եղած է անոր մասին Յեսուի եւ Երկրորդ Թագաւորացին մէջ, երբ ան Սուրբ Գիրքին մէջ չկայ։

Պատասխան. Ուղիղ գիրքը, աշխարհական հին գիրք մըն է, որ հրեաներուն մէջ փոխանակուող ժողովրդական երգերը կը կրէր, կրօնական եւ քաղաքական դէպքերու մասին։

Այս երգերէն ոմանք զինուրներուն համար ալ երգեր կը պարունակէին։

Այս գիրքը եղած է 1000-800 (Ն.Ք.) ժամանակաշրջանին, այսինքն՝ Մովսէս մարգարէէն աւելի քան 500 տարի յետոյ, որովհետեւ անոր մէջ տեղ գտած է բաներ, որ Դաւիթ մարգարէին եւ անոր՝ Սաւուղ թագաւորին ըրած սուգին կը վերաբերին։ Հետեւաբար, Մովսէսի Թաուրայէն չէ, որովհետեւ Մովսէսէն մի քանի դարեր ետքի մասին լուրեր կը պարունակէ։

Հին Կտակարանի պատմական կարեւոր կարգ մը իրադարձութիւններ, մարդիկ անոնցմով երգած են, եւ անոնց շուրջ երգեր մշակած են ու դրած այս գիրքին մէջ, որ ժամանակի ընթացքին կ՚աճէր, որը աստուածային ներշնչումի հետ կապ չունի։

Օրինակ. Յեսուի օրով Գաբաւոնի պատերազմը եւ արեւուն կանգնիլը։ Մարդիկ այս մասին երգեր յօրինած են, որ մաս կազմած են Ուղիղ գիրքին։ Յեսու անդրադարձած է այս մասին՝ ըսելով. «Միթէ ասիկա Ուղիղին գիրքին մէջ գրուած չէ՞» (Յես 10.13)։ Այսինքն, այս իրադարձութիւնները այդ նշանաւոր փոխանակուած խօսակցութիւններէն չե՞ն, որոնք այդքան նշանաւոր դարձած են, որ մարդիկ ատոնց մասին ժողովրդային երգեր յօրինած են, աշխարհական գիրքի մը մէջ, ինչպէս օրինակ՝ Ուղիղ գիրքը։

Այդպէս ալ գեղեցիկ եւ ազդեցիկ երգը, որով Դաւիթ մարգարէն սգաց Սաւուղ թագաւորին եւ անոր որդի՝ Յովնաթանին, մարդիկը հաւնեցան եւ երգեցին զայն, եւ միացուցին զայն իրենց ժողովրդային երգերուն, որովհետեւ առընչութիւն ունի անոնց թագաւորներէն մէկուն եւ անոր ժառանգորդին սպանութեան հետ, որն նոյնիսկ իրենց առաջին թագաւորն է։ Երբ լուրը յայտնուած է Երկրորդ Թագաւորաց գիրքին մէջ, ըսուած է, թէ «անիկա Ուղիղին գիրքին մէջ գրուած է» (Բ. Թգ 1.17)։ Այսինքն՝ Դաւիթի ողբը վերածուած է ժողովրդային երգի, զորս մարդիկը զետեղած են իրենց երգերու գիրքին մէջ, որ յայտնի է Ուղիղ անունով։

Ճիշդ այնպէս ինչպէս կ՚ըսենք յայտնի որոշակի իրադարձութեան մը համար, որ Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած է, ինչպէս որ արձանագրուած է նաեւ պատմութեան գիրքերուն մէջ…

Կը մնայ վերջին հարցումը. հրեաները ջնջա՞ծ են զայն Թաուրայէն դաւանաբանական պատճառի մը համար։ Պատասխանը յստակ է, որն է.

ա) Ան Թաուրայէն չէ, որովհետեւ Թաուրան Մովսէսի հինգ գիրքերն են, որոնք են Ծննդոց, Ելից, Ղեւտացւոց, Թուոց եւ Երկրորդումն Օրինաց։

բ) Եթէ հրեաները դաւանաբանական պատճառով ուզէին զայն պահել, չէին անդրադառնար անոր մասին Յեսուի գիրքին եւ Երկրորդ Թագաւորաց գիրքերուն մէջ։

գ) Հին Կտակարանին ամենէն յայտնի եւ ամենէն հին թարգմանութիւններէն մին՝ Եօթանասնից թարգմանութիւնը, որ կատարուած է Նախքան Քրիստոս երրորդ դարուն, ատոր մէջ այս գիրքը չկայ։

ԲԱՌԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏՆԵՐ

Հարցում. Սուրբ Գիրքին մէջ երբեմ կը կարդանք բառեր, որոնք թարգմանութեան կամ բացատրութեան կը կարօտին։ Օրինակ.

- Սէլա. Սաղմոսներուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք, ինչպէս 46-50 սաղմոսներուն մէջ։

- Մարան աթա, (Ա. Կր 16.22)։

- Անասիմա (նզովեալ ըլլայ) (Գղ 1.8,9։ Ա. Կր 16.22)։

- Կեդար (Սղ 119.5)։

Կը խնդրենք յստակացնել այս բառերուն իմաստը, որպէսզի դիւրին ըլլայ մեզի հասկնալ զանոնք։

Պատասխան.

ՍԷԼԱ

Բառ մըն է, որ Սաղմոսներուն մէջ 71 անգամ յիշուած է, որ կը նշանակէ դադար առնել փոխելու համար եղանակը տարբեր երաժշտական աստիճանի մը։ Որովհետեւ, Դաւիթի, Աբիսափի, Էմանի եւ ուրիշներու օրերուն սաղմոսները կ՚ըսուէին երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ Որոշակի նիւթի մը մօտ, կանգնելու նշան կը տրուէր, որպէսզի երաժիշտները զսպէին իրենց գործիքները ուզուած երաժշտութեան համար։

ՄԱՐԱՆ ԱԹԱ

«Մար» բառը ասորերէն եւ արամերէն կը նշանակէ Տէր։

«Աթա» բառը կը նշանակէ կու գայ։ Ամբողջ նախադասութեան իմաստը՝ Տէրը կու գայ կամ մեր Տէրը պիտի գայ։

Զիրար ողջունելու նախադասութիւն մըն է, որ քրիստոնեաները կը գործածէին առաքելական դարուն, զիրար աւետելով ու մխիթարելով Տիրոջ գալուստով։ Այսինքն՝ ուրախացէք, Տէրը պիտի գայ։

Երբեմն ալ, իրենց նամակները կը փակէին այս նախադասութեամբ, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալը փակած է Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակը։

ԱՆԱՍԻՄԱ (նզովեալ ըլլայ)

Յունարէն բառ մըն է, որ անէծք կը նշանկէ, ինչպէս նաեւ նզովել, անջատել եւ վտարել եկեղեցիէն։ Կրօնքի սիւն՝ Կիւրեղի դրած անասիմաներուն (նզովքներուն Anathemas) նման, նեստորական հեռետիկոսութեան ժամանակաշրջանին, բոլոր անոնց դէմ որոնք հաւատքի օրէնքներուն կը հակառակէին։

Պօղոս առաքեալն ալ Գաղատացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ գործած է, իր եկեղեցական իշխանութեամբ անիծելու համար բոլոր անոնք, որոնք առաքեալներուն քարոզածէն զատ ուրիշ բան կ՚ուսուցանէին, նոյնիսկ եթէ հրեշտակ ըլլայ՝ կ՚ըսէ. «ով որ մեր քարոզածէն տարբեր աւետարան մը քարոզէ ձեզի, ո՛վ ալ ըլլայ՝ նոյնիսկ մենք կամ երկինքէն հրեշտակ մը՝ անիծեալ ըլլայ» (Գղ 1.8)։

Նոյն նախադասութիւնը գործածած է նաեւ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին վերջաւորութեան։ Այս նախադասութիւնը եկեղեցական կանոններուն մէջ յայտնի է շատ։

ԿԵԴԱՐ

Կեդարը, Ագարի որդի՝ Իսմայէլին երկրոդ զաւակն է (Ծն 25.12)։ Երկիրը, ուր որ բնակած է ան, նոյն անունով յայտնի է նաեւ (Եր 49.28)։ Կեդարի սերունդը վրաններու մէջ կ՚ապրէր, որ սեւ էր կամ սեւ կ՚երեւէր կրակի ծուխէն, որով գիշերները կը տաքնային։ Կեդարի բնակիչները նշանաւոր եղած են իրենց սեւ վրաններով։ Թերեւս ալ այս մասին ակնարկեց երգ երգոցի կոյսը՝ ըսելով. «Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ, Կեդարի վրաններու պէս» (Երգ 1.5)։ Սաղմոսերգուն ալ յիշած է «Կեդարի վրանները» որպէս պանդխտութեան երկիր (Սղ 119.5):

ԱՄՈՒՍԻՆԻ ՀԵՏ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԻ ՄԱՍԻՆ

Հարցում. Ամուսինիս բնաւ եկեղեցի չ՚երթար: Եթէ ըսեմ անոր, «եկուր եկեղեցի երթանք», չի դիմանար խօսածիս: Ինչպէ՞ս վարուիմ իր հետ:

Պատասխան. Ամուսնութենէն ե՞տք իմացար այդ բանը, թէ այդպիսին էր նշանուած ժամանակ ալ՝ երբ կրնայիր գիտնալ իր բնաւորութիւնը, ու գիտնալ թէ բարեպա՞շտ կամ ոչ: Այդպիսով, կրնայիր զինք բարեպաշտութեան առաջնորդել, կամ անգամ մը եւս այդ ամուսնութեան մասին մտածէիր, երբ տակաւին լուծումը ձեռքերուդ մէջ էր: Իսկ հիմա կատարուած իրողութեան դէմ յանդիման ենք:

Խրատս է, որ քու բարի օրինակովդ, ազնուութեամբդ զինք դէպի եկեղեցի առաջնորդես, սկիզբը կամաց-կամաց, նախ եկեղեցական աշխոյժ ձեռարկներու բերես զինք, կամ որոշ հանդիսութիւններու՝ որոնց մէջ ուրախութիւն եւ խինդ կայ, ինչպէս նաեւ ծանօթացնես զինք որոշ եկեղեցական անձնաւորութիւններու, որոնց հետ կրնայ հանգիստ զգալ, եւ այսպէս մինչեւ տրամադիր ըլլայ երթալու եւ լա՛ւ քարոզ մը լսելու… Այսպիսով աստիճանաբար պատրաստ կ՚ըլլայ պատարագներու մասնակցելու:

Սակայն, ուշադիր եղիր ու յանկարծ չստիպես ու անընդհատ չխօսիս իր վրայ, որով սկսի եկեղեցին ատել, կամ աւելի յամառի ու սկսի ա՛լ աւելի մերժել եկեղեցի երթալ, կամ բարկանայ քու վրադ:

Դուն չես կրնար զինք պարանով եկեղեցի բերել, այլ՝ իր ներքին համոզումով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020