ԼԵՌ ԿԱՄ­ՍԱՐ «ԿԸ ՎԵ­ՐԱ­ԴԱՌ­ՆԱ­Յ»

Ա­րեւմ­տա­հայ ծա­գու­մով գրող, եր­գի­ծա­բան Լեռ Կամ­սա­րի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­ռանձ­նա­կի ըն­դու­նե­լու­թիւն գտած են Հա­յաս­տա­նի մէջ: Կա­րե­լի է ը­սել, որ Լեռ Կամ­սար, որ իր կեն­դա­նու­թեան հա­լա­ծուած էր եւ հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ ա­նըն­դու­նե­լի, այժմ ան վե­րա­դար­ձած է հայ ի­րա­կա­նու­թեան: Նո­յեմ­բե­րի 22-ին՝ ա­նոր յի­շա­տա­կու­թեան օ­րը, այց կը կա­տա­րուի Ե­րե­ւա­նի Թոխ­մախ շրջա­նի ա­նոր գե­րեզ­մա­նը, տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան գրո­ղի յի­շա­տա­կի ո­գե­կո­չման ձեռ­նարկ­ներ:

Այս Նո­յեմ­բե­րի 22-ին՝ գրո­ղին մա­հուան օ­րը նոյն­պէս իր գրա­կա­նու­թան երկր­պա­գու­նե­րը եւ ազ­գա­կան­նե­րը այ­ցե­լե­ցին գրո­ղին գե­րեզ­մա­նը, իսկ օ­րուան ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ Լեռ Կամ­սա­րի գրքի՝ «Չապ­րած օ­րե­ր» հա­տո­րին շնոր­հան­դէ­սը՝ «Նա­րե­կա­ցի» ա­րուես­տի միու­թեան յար­կին տակ: Շնոր­հան­դէ­սին հա­ւա­քուած էին բազ­մա­թիւ ու­սա­նող­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, գրա­կա­նա­գէտ­ներ, պար­զա­պէս՝ Լեռ Կամ­սա­րի գրա­կա­նու­թեան սի­րա­հար­ներ: «Չապ­րած օ­րե­ր» հե­ղի­նա­կին յետ­մա­հու տպագ­րուած գիր­քե­րէն մին է, որ կ՚ընդգր­կէ ա­նոր ան­տիպ օ­րագ­րու­թիւ­նը՝ 1945 թուա­կա­նէն մին­չեւ 1947 թուա­կա­նը:

Տես­նե­լով, որ խորհր­դա­յին մա­մուլ­նը ընտ­րո­ղա­բար կը մօ­տե­նայ իր թեր­թօն­նե­րուն՝ Լեռ Կամ­սար կը հրա­ժա­րի իր գոր­ծե­րը տպագ­րե­լէ եւ 1925 թուա­կա­նէն սկսեալ օ­րագ­րու­թիւն կը վա­րէ եւ կը փոր­ձէ այդ մի­ջո­ցաւ խորհր­դա­յին օ­րե­րու ի­րա­կան պատ­մու­թիւ­նը հասց­նել ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն: Օ­րագ­րու­թիւ­նը (ո­րոշ ընդ­հա­տում­նե­րով) կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ իր կեան­քի վեր­ջը: Օ­րագ­րու­թիւ­նը ան վա­րած է նախ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, ա­պա՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մէջ զգա­լի էր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կրող մար­դուն ձե­ռա­գի­րը:

Օժ­տուած ըլ­լա­լով եր­գի­ծան­քի, հու­մո­րի բնա­տուր ձիր­քով, Լեռ Կամ­սար սուր քննա­դա­տու­մով եւ խա­րա­զա­նու­մով կը մօ­տե­նայ ժա­մա­նա­կի բար­քե­րուն, անխ­նայ կը քննա­դա­տէ։ Այս գրու­թիւն­նե­րը պատ­ճառ կը դառ­նան, որ գրո­ղը բան­տար­կուի, իսկ ա­նոր գրած­նե­րէն ո­րոշ մա­սեր կ՚ոչն­չա­ցուին ժա­մա­նա­կի անվ­տան­գու­թեան մար­մին­նե­րուն կող­մէ:

Լեռ Կամ­սար գրա­կան ա­նու­նը հե­տաքրք­րա­կան ծա­գում ու­նի: Գրո­ղին իս­կա­կան ա­նու­նը Ա­րամ Թով­մա­ղեան է (Տէր-Թով­մա­ղեան), սա­կայն իր ա­ռա­ջին գոր­ծե­րը խմբագ­րա­տուն յանձ­նե­լու ժա­մա­նակ հար­ցու­ցած են, թէ ո­րո՞ւ ա­նու­նով պի­տի տպագ­րուին գրու­թիւն­նե­րը։ Ան սե­նեա­կէն դուրս ել­լե­լու պա­հուն, այդ հար­ցին մեծ նշա­նա­կու­թիւն չտա­լով, դար­ձած եւ ը­սած է. «Գրե­ցէք լեռ կամ սա­ր»։ Եւ այդ­պէս, Լեռ Կամ­սար դար­ձած է իր գրա­կան ա­նու­նը, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ հան­դէս ե­կած է նաեւ Կա­րա­պետ Կա­յէն եւ Ա­րա Մա­սեան կեղ­ծա­նուն­նե­րով։

1888 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բե­րի 24-ին, Վան քա­ղա­քի հո­գե­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի մը մէջ ծնած է Լեռ Կամ­սար։ Իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է տեղ­ւոյն Ա­մե­րի­կեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ 1909 թուա­կա­նին, ա­ւար­տե­լով Էջ­միած­նի Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նը, վե­րա­դար­ձած է Վան, ուր աշ­խա­տած է նախ որ­պէս դե­րա­սան, ա­պա Ախ­թա­մա­րի Սուրբ Խա­չի դպրա­նո­ցէն ներս՝ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ, որ­մէ ետք կրկին ու­սու­ցիչ՝ Վա­նի մաս­նա­ւոր Ե­րա­մեան վար­ժա­րա­նին մէջ:

Իր ա­ռա­ջին եր­գի­ծա­կան պար­սա­ւա­գի­րը (pamphlet)՝ «Կամ­սա­րեան աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը» տպագ­րուած է 1910 թուա­կա­նին՝ Վա­նի «Աշ­խա­տան­ք» թեր­թին մէջ։ Այս գրու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս հան­րա­յայտ դար­ձու­ցած է զինք: 1915 թուա­կա­նին գրո­ղը մաս­նակ­ցած է Վան-Այ­գես­տա­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րուն։

Գաղ­թե­լով Ե­րե­ւան՝ Լեռ Կամ­սար սկսած է թղթակ­ցիլ կով­կա­սեան թեր­թե­րուն եւ բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նակ, 1921-1935 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ, տասն­չորս տա­րի ե­ղած է «Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­ն» թեր­թի եր­գի­ծա­կան բաժ­նի աշ­խա­տա­կի­ցը։ Թե­րեւս իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը պատ­ճառ դար­ձած է, որ ան, իբ­րեւ մտա­ւո­րա­կան բռնա­դա­տուի եւ քսան տա­րի՝ 1935-1955 թուա­կան­նե­րը, ան­ցը­նէ բան­տէն ներս, նախ՝ ե­րե­ւա­նեան բան­տին, ա­պա աք­սո­րուած եւ փո­խադ­րուած է Վոր­կու­տա եւ Բա­սար­գե­չար, որ ներ­կա­յիս Վար­դե­նի­սի շրջանն է: 1955 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­ցած պե­տա­կան հա­մա­ներ­ման ա­ռի­թով ան բան­տէն ա­զա­տած է եւ վե­րա­դար­ձած Ե­րե­ւան: Մա­հա­ցած է բան­տէն ել­լե­լէն տա­սը տա­րի ետք՝ 1965 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րի 22-ին, Ե­րե­ւան:

Իր գրա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած է ա­ռա­ւե­լա­բար խորհր­դա­յին կար­գե­րու փլու­զու­մէն ետք, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­նոր գրու­թիւն­նե­րուն մէկ մա­սը մնա­ցած է գաղ­թի ճա­նա­պար­հին, իսկ ար­խի­ւը եր­կու ան­գամ բռնագ­րա­ւուած եւ դժբախ­տաբար ոչն­չա­ցուած է: 1946 թուա­կա­նի ջրհե­ղեղն ալ մեծ վնաս հաս­ցու­ցած է գրո­ղի ձե­ռագ­րե­րուն։ Բայց եւ այն­պէս ան իր ե­տին ձգած է գրա­կան հսկա­յա­կան ժա­ռանգ, ո­րուն մեծ մա­սը ան­տիպ է: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հա­յաս­տա­նեան «Հետք» պար­բե­րա­կա­նը, Լեռ Կամ­սա­րի թոռ­նու­հիին՝ Վա­նու­հի Թով­մա­սեա­նի տրա­մադ­րած նիւ­թե­րու եւ ձե­ռագ­րե­րու հի­ման վրայ թուայ­նա­ցու­ցած է գրո­ղի բա­ւա­կան մեծ թի­ւով ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ զա­նոնք զե­տե­ղե­լով իր է­ջե­րուն: Այ­սօր իր սա­կա­ւա­թիւ շա­ռա­ւիղ­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ գտնուող գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան մէջ կան բազ­մա­թիւ ան­տիպ գիր­քեր, թա­տե­րա­խա­ղեր, յօ­դուած­ներ եւ այլ գրու­թիւն­ներ, ո­րոնք տպագ­րու­թեան կը կա­րօ­տին:

«Չապ­րած օ­րե­ր­»ը այդ ան­տիպ­նե­րէն մին է, որ ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ դար­ձեալ ըն­տա­նի­քին եւ գրա­կա­նու­թեան սի­րա­հար­նե­րուն շնոր­հիւ: Գիր­քը տպագ­րուած է քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ, պար­զա­պէս շնոր­հան­դէ­սը վե­րա­պա­հուած էր գրո­ղի յի­շա­տա­կի օ­րուան: Այս մէ­կը յետ­մա­հու տպագ­րուած Կամ­սա­րի 10-րդ յո­բե­լե­նա­կան գիրքն է եւ ըստ նա­խա­ձեռ­նող­նե­րուն, ան­տիպ­նե­րը կար­գով պի­տի տպագ­րուին եւ յանձ­նուին ըն­թեր­ցո­ղի դա­տին: Կա­րե­լի է վստա­հօ­րէն ը­սել, որ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րուն հե­ղի­նա­կը շատ ա­ւե­լի տպագ­րը-ւե­ցաւ, քան՝ խորհր­դա­յին եր­կա­րա­ձիգ տա­րի­նե­րուն։ Խորհր­դա­յին պար­տադ­րուած գրաքն­նու­թիւ­նը սուր աչ­քով կը հե­տե­ւէր ան­վախ եր­գի­ծա­բա­նի գոր­ծու­նէու­թեան եւ կա­րե­լի չէր չսպրդիլ այդ սուր աչ­քէն եւ գրա­կան մամ­լի­չէն:

Հա­տուած օ­րագ­րու­թե­նէն

Եօ­թը տա­րի է՝ աք­սո­րէ վե­րա­դար­ձեր եմ, դեռ պե­տու­թիւ­նը չէ ար­տօ­ներ զիս գրե­լու: «Քիչ մըն ալ պէտք է սպա­սե­լ»,- կ՚ը­սէ:

Ես յոյսս կտրեր եմ բո­լո­րո­վին:

Ճիգ կը թա­փեմ գրող չըլ­լալ, մեռ­նիլ որ­պէս գրող՝ չեմ կրնար: Ամ­բողջ 35 տա­րի գրե­լուս հա­մար շատ դժուար կու գայ:

Ես ա­ռաջ կը կար­ծէի, թէ գրող ըլ­լալն է դժուա­րը, այժմ կը տես­նեմ, որ չգրող ըլ­լալն ա­ւե­լի ծանր է, քան գրող ըլ­լա­լը:

Ի՜նչ ը­նեմ... Հնար ըլ­լար՝ իմ գրա­կան շնորհքս ա­ժան գնով ծա­խէի մէ­կու մը, կամ ու­նա­կու­թիւնս բեռ­նակ­րի մը հետ փո­խա­նա­կէի:

Երբ ա­ղէ­տի մը հե­տե­ւա­նօք տունդ ձեռ­քէդ կ՚եր­թայ՝ մէ­ջի ապ­րան­քը կը վա­ճա­ռես՝ ինչ գին ալ վճա­րե­լու ըլ­լան...

Ի՜նչ ը­րի, Աս­տուա՜ծ, ի՞նչ յան­ցանք գոր­ծե­ցի, որ տա­սը տա­րի լռեց­նե­լէ ետ­քը՝ կ՚ա­ռա­ջար­կեն այժմ մեռ­նիլ:

Մեռ­նիլ այն ժա­մա­նակ, երբ ի­րենք սաս­տիկ կա­րիք կը զգան ինձ նման եր­գի­ծա­բա­նի մը: Այն ժա­մա­նակ, երբ խորհր­դա­յին մա­մու­լը գուն կը գոր­ծէ (գուն գոր­ծել-ջանք թա­փել-խմբ), ժպտալ իր է­ջե­րուն մէջ՝ ու չի յա­ջո­ղիր:

Երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տուեց: Խորհր­դա­յին Միու­թիւ­նը յաղ­թեց Գեր­մա­նիոյ: Կը սպա­սէի, որ մեր յաղ­թա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը թե­ւե­րը սոթ­տած՝ լուա­ցա­րա­նի տակ լաւ մը լուա­ցուէր, գար սե­ղա­նի շուր­ջը նստէր եւ հրա­մա­յէր՝ ինչ ա­նուշ բան կայ՝ սե­ղա­նին բե­րել: Կար­ծես պա­տե­րազ­մը դեռ չէ վեր­ջա­ցած: Ա­ւե­լին: Կար­ծես դեռ նո՜ր պի­տի սկսի: Այն­քան կնճռոտ է պե­տու­թեան ճա­կա­տը, այն­քան անժ­պիտ է իր ե­րե­սը...

Հի­մա՝ ի՜նչ ը­նեմ, Աս­տուած, ի՜նչ ը­նեմ: Ես ինչ­պէ՞ս մեռ­նեմ, երբ ան­գամ հի­ւանդ չեմ: Ինչ­պէ՞ս չգրեմ, երբ միտ­քե­րը կը յոր­դեն, կը լե­ցուեն՝ ինչ­պէս հոր­թա­տուած կո­վի մը ստինք­նե­րը, որ ծծող չլի­նե­լու հա­մար գե­տին կը թա­փուի պտուկ­նե­րէն ի զուր:

Ե­րեք տա­րի հե­ռա­ւոր հիւ­սի­սը տա­ժա­նակ­րու­թեան գա­ցի այն պատ­ճա­ռով, որ միշտ պե­տա­կան ա­պա­րա­տին թե­րու­թիւ­նը ծաղ­րե­ցի ու բնաւ չգո­վե­ցի, չփայ­փա­յե­ցի զի­րենք: Բայց մի՞­թէ հնար է, որ վի­րա­բոյ­ժը իր ա­ծե­լիով ու սուր չան­գալ­նե­րով մա­սաժ կա­տա­րէ: Եր­գի­ծա­բանն որ սկսէ ներ­բո­ղել, հա­պա ո՞վ պի­տի եր­գի­ծէ: Ըստ դա­տա­ւո­րիս մե­ղադ­րան­քի՝ ե­թէ ես կը հա­րուա­ծեմ ոչ թէ ուղ­ղե­լու, այլ մեռց­նե­լու հա­մար՝ ին­չո՞ւ 15 տա­րի ձգե­ցիք ձեր թեր­թե­րու մէջ գրե­լու: Ե­թէ վատ բժիշկ էի, 1921 թուին ին­չո՞ւ կան­չե­ցիք ին­ծի Թաւ­րի­զէն, ին­չո՞ւ ձեր վէր­քե­րը բա­ցիք իմ առ­ջեւս:

Ես ընդ­միշտ Թաւ­րիզ կը մնա­յի, դուք ալ կ՚ապ­րէիք հոս անս­խա­լա­կան...

Եր­գի­ծան­քը տզրուկ է, ան կը ծծէ կեղ­տոտ ա­րիւ­նը միայն:

Փո­ղո­ցին մէջ կը պա­տա­հի ըն­թեր­ցողս ու կ՚ը­սէ.

- Ա՜խ, ե՞րբ վեր­ջա­պէս ան­գամ մըն ալ պի­տի կար­դանք քո ֆե­լիե­թոն­նե­րը, այն­պէ՜ս ծա­րա­ւի ենք գրուածք­նե­րուդ:

Ան ա­տեն դժուա­րու­թեամբ, թար­գած ծխո­ղի մը նման նո­րէն ծխա­խո­տի տու­փը կը հա­նեմ ու պա­պի­րոս մը կը փաթ­թեմ՝ «վեր­ջին ան­գամ մը» ծխե­լու հա­մար:

Ես որ­պէս յոր­դա­բուխ ստինք­նե­րով կով՝ կա­պուած եմ ծա­ռի մը, իմ ըն­թեր­ցող­նե­րը սո­վա­հար հոր­թե­րու նման՝ մէկ այլ ծա­ռի, ու պատ­կա­ռե­լի հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը մզզանք ու կը գա­լա­րենք մեր ծա­ռե­րու շուր­ջը...

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2016