ԴԱ­ՒԱ­ՆԱՆՔ, ՀԱ­ՒԱՏՔ, Ա­ԶԱ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ

Աշխարհի երեսին կը գտնուին բազմաթիւ դաւանանքներ, առարկայական եւ երեւակայական, տեսանելի, շօշափելի եւ աներեւոյթ։ Կարեւորը սակայն, անոնց հետեւորդներուն հաւատքն է։

Մարդ արարածը կը ծնի անկրօն կամ առանց դաւանանքի եւ հաւատքի։ Նախախնամական օրերէն սկսեալ մինչեւ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, հաւատքն ու դաւանանքը ընդհանրապէս ժառանգած են իրենց ծնողներէն, առանց որեւէ հետազննութեան կամ քննարկումի, որն յաճախ խնդրոյ առարկայ դարձած է ապագային, անոնց դաւանափոխութեան եւ հակազդեցութեան բերումով։ Կրօնքները ստեղծուած են մարդկային զանգուածներու ուղղութեան եւ անորոշութենէ գերակայութեան համար, բոլորը՝ իրենց գաղափարականով եւ ուսուցմունքով։ Դժբախտաբար, այսօր չկան տառացիօրէն կիրարկող հետեւորդներ համարեայ բոլոր կրօնքներու եւ դաւանանքներու մէջ։ Իսկ այդ բոլորը՝ կը պարտինք գիտութեան հսկայաքայլ յառաջխաղացումին, մարդկային սանձարձակ ազատութեան, օրէնսդիրներու նորանոր ինքնապաշտպան եւ գալարուած օրէնքներուն, իրաւաբաններու ճարտար ապիրատութեանց, ժողովրդավարական շարժումներու կեղծ լոզունգներուն եւ մանաւանդ՝ քաղաքականօրէն արդար կամ ճշգրիտ արտայայտութիւններուն (politically correct) հետեւանքներով։

Հասած ենք այնպիսի ժամանակաշըր-ջան մը, ուր կարելի չէ բացայայտօրէն ոճրագործը ոճրագործ կոչել, անկիրթը՝ անկիրթ կամ յիմարը՝ յիմար, որոնք իսկապէս արժանի են այդ կոչումին։

Այսօր՝ կարելի չէ նաեւ զաւկիդ դաստիարակութիւնը կամ կրթութիւնը իրականացնել այնպէս ինչպէս էին ժամանակին՝ Տէր Թոթիկեան վարժարաններուն մէջ։ Այստեղ չենք փափաքիր խորասուզուիլ կողմնակի նիւթերու մէջ, պարզապէս՝ չխրտչեցնելու համար առ որ անկ է։

Վերոյիշեալ յառաջընթացը ամբողջովին ներկայ է նաեւ մեր ամենամերձ շրջանակներուն մէջ, որոնց ականատես կ՚ըլլանք, ըլլան անոնք ընկերային, քաղաքական, կուսակցական, կրօնական կամ բարեկամական։ Այսօր ներկայ կ՚ըլլանք կամ կը լսենք ազատ խօսքի փայլուն շղարշին ներքեւ ծուարած կարգ մը անձերու բարբաջանքներուն, անսանձ ու համարձակ ցեխարձակումներուն եւ չարաշահ արարքներուն։ Իսկ այդ բոլորը՝ պատիժի, արդարութեան, բարոյականութեան, յարգանքի եւ ազնուութեան բացակայութեան հետեւանքով։ Ինչպէ՞ս կարելի է արդարացնել այն անձին անկիրթ արարքը, երբ ան իր շնիկին աղտը կը շպրտէ ոստիկանին երեսին, որ քրէական վայրի մը արգելափակումը կ՚ապահովէր, որովհետեւ՝ ոստիկանը չէր թողուր իր ազատ անցքը այդ շրջանէն։ Իսկ այդ բոլորը… սանձարձակ ազատութեան կոյր հաւատքով, ըստ Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան առաջին համարին, օրէնք մը, որ դժբախտաբար կը հասնի մինչեւ աշխարհի եզրի երկիրներ, գիտակցաբար կամ ոչ։ Իսկ անոնք որոնք կը հաւատան սահմանադրութեան այդ կէտին, շատ հաւանական է որ օրէնքին մնացեալ հատուածը չեն գիտեր կամ չեն փափաքիր իմանալ, թէ՝ ազատութիւնը երաշխաւորած պէտք է ըլլայ նաեւ… պատասխանատուութեամբ։ Նոյնը կիրարկելի է նաեւ սահմանադրութեան մնացեալ օրէնքներուն համար։

Համացանցը այսօր դարձած է անհատական վրիժառութիւններու, ցեխարձակումներու, ցոյցերու, գաղափարներու իմաստալից կամ անիմաստ հաղորդագրութիւններու եւ տեղեկութիւններու աղբիւր, ուր կարողն ու անկարողը, ատակն ու անատակը, գիտունն ու տգէտը, յեղափոխականն ու դիմադիրը կը զետեղէ իր գիտելիքը այնտեղ, ԵուԹուպ կոչուած կայքէջին մէջ, նամականիով կամ ընկերային այլ ցանցերով, առանց որեւէ պատասխանատուութեան, պաշտ-պանուած ըլլալով այդպիսին կոչուած օրէնքներով։

Արձակուած խօսքն ու արտայայտումը անվերադարձ են նետի մը նման, որ կրնայ խոցել նոյնիսկ արձակողի հոգին եւ անձը իր անշրջահայեաց արարքին պատճառով։

Ո՞ւր մնացին մեր ազգային ոգին, յարգանքն ու բարոյականութիւնը։

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«Նոր Օր», Լոս Անճելըս

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24, 2017