ՎԵՐ. ՏՔԹ. ՎԱՀԱՆ ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ ԼՈՅՍ Կ՚ԸՆԾԱՅԷ ԻՐ 46-ՐԴ ՀԱՏՈՐԸ

Վերջերս լոյս տեսաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ երկարամեայ վեթերան հովիւ՝ Վեր. տքթ. Վահան Թութիկեանի 46-րդ երկլեզուեան գիրքը «Ever Onward/Օն յառաջ» վերտառութեամբ:

Հայ Աւետարանական եկեղեցիի պաշտամունքներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ժողովուրդին մասնակցութիւնը՝ մասնաւորաբար երգեցողութեան մէջ, որպէս Աստուծոյ փառաբանութեան մէկ կարեւոր բաժինը։ Այս հոգեւոր երգերը կը սկսիս սորվիլ երբ կը յաճախես Կիրակնօրեայ դպրոց, Պատանեաց, Ջանից, եւ եկեղեցի։ Այս երգերէն է «Օն Փրկչին զինուորներ, օն յառաջ դէպի մարտ», որ եթէ մէկ կողմէ կը ստեղծէ զինուորական բայց նաեւ խանդավառ մթնոլորտ։

Վեր. տքթ. Վահան Թութիկեան կը պատկանի Հայ Աւետարանական եկեղեցիի ձեռնադրեալ հովիւներու խումբին, որ «զինուորագրուած» են «Փրկչին զինուոր» գումարտակին։ Ան՝ երկար տարիներու վրայ երկարած եւ առանց դոյզն իսկ յոգնութեան եւ յուսահատութեան նշաններ տալու, կը տքնի նոյն Փրկչին համար զինուոր եղած ըլլալու տեսլականին։

Արդի՞ւնքը։ Բազմաբեղուն եկեղեցական, հովուական, կրթական, գրական եւ ազգային ծառայութիւն։ Վեր. տքթ. Վահան Թութիկեան այսօր կը հրատարակէ իր 46-րդ հատորը՝ «Օն յառաջ» խորագրով։ Ան գիրքին նախաբանին մէջ այսպէս կը գրէ. «Կեանքը պայքար մըն է ծնունդէն մինչեւ մահ։ Առաջին իսկ օրէն երբ մարդ կը ծնի, ան պէտք է մեծնայ եւ զարգանայ։ Ապա թէ ոչ եթէ ետդարձ ընէ, պիտի մահանայ յաւիտենականօրէն»։

Եթէ գիրքը երկլեզու է՝ անգլերէն երեսուն եւ հայերէն՝ տասներեք յօդուածներով, բոլորը կը խթանեն մեզ ապրելու «այս կեանքը այնպէս մը, որ կրնաս ստեղծագործական ձեւով առընչուիլ կեանքի բոլոր մարտահրաւէրներու նկատմամբ»։ Եւ «ստեղծագործականը» Վեր. Թութիկեանի համար «մարտի» կեանք ապրիլն է՝ առանց յուսահատելու եւ միշտ «Օն յառաջ»։

Ի՞նչ է այս «մարտը», որուն համար Վեր. Թութիկեան իր կեանքով եւ յորդորով միշտ ալ կը դրուատէ անոր համար եւ կը բարձրաձայնէ. «Օն յառաջ»։ Մարտը՝ հոմանիշային եւ բացատրական բառին հասկացողութեան մէջէն պէտք է ներկայացնել, որպէս պատերազմ։ Պատերազմը այս պարագային քանդելու համար չէ այլ շինելու։ Եւ շինելը կեանք է, որ Վեր. Թութիկեան կը յստակեցնէ այսպէս. «Ուր ամէն օր կը հնձես մօտիկ յարաբերութիւն մը Քրիստոսի հետ եւ որուն միջոցաւ նաեւ յատուկ իրագործում մը կ՚ընես ուրիշին»։

Անգլերէն յօդուածները կ՚ընդգրկեն քրիստոնէական, աստուածաբանական եւ աստուածաշնչական պատգամներ, որոնք խորքային են եւ իրապաշտ մօտեցումով կը լիցքաւորեն մարդուն «յաջող օրուան» մը կեանքը կերտելու իրականութիւնը։ Վեր. Թութիկեան կը հաւատայ Աստուածաշունչին, «որուն սերտողութիւնը պիտի արմատացնէ մեր յարաբերութիւնը Յիսուս Քրիստոսի հետ»։ Աստուածաշունչին մէջէն Վեր. Թութիկեան կը քաղէ այս նոյն «յաջող օրուան» մը ապրելու կեանքի գիտելիքները։ «Քրիստոսի համար տեղ շինել» յօդուածին մէջ Վեր. Թութիկեան կը կը գրէ. «Մարդը պէտք է վերակազմակերպէ իր կեանքը»։ Այս վերակազմակերպելուն մէջ կայ Քրիստոսի յարութեան «ճշմարտութիւնը»։ Ճշմարտութիւնը այն է, թէ յարութիւնը «խրախճանք» է, ուր մարդ «իւրաքանչիւր պատեհութեան մը մէջէն կրնայ յաղթանակ ապահովել իր կեանքին համար»։ Այս յաղթանակը կու գայ երբ «մարդը կրնայ անդրադառնալ, թէ մեղաւոր է եւ թէ պէտք ունի ներումի, որ կրնայ ստանալ երբ կը խոստովանի իր վիճակը եւ ներում խնդրէ»։

Այս ներումէն ետք կը շինուի նոր մարդը իր նոր կեանքով։ Հոս դիպուկ է Վեր. Թութիկեանի ակնարկը. «Մարդուն ազատութիւնը անձնական ցանկութեան մը արդիւնքը չէ, այլ կը ստանայ երբ կրնայ ձերբազատուիլ իր կեանքի ծանրաբեռնուածութիւններէն»։ Այստեղ Վեր. Թութիկեան կը յաջողի գծել մարդուն կեանքին համար «ճամբու քարտէս» մը. «Աստուած չի խոստանար արագ յաղթանակ մը մարդուն կեանքին համար։ Ան կը խոստանայ, թէ մարդ երբ Իր ազատութիւնը ընդունի, պիտի փրկուի մեղքի եւ մահուան ճիրաններէն»։ Այս ճամբու քարտէսը կրնայ իրականանալ եւ աւելիով ծաղկիլ, երբ մարդ առանց յոգնելու երթայ «Օն յառաջ»։

Վեր. Թութիկեանի աստուածաբանական յօդուածներուն մէջ ուշագրաւ է իր պարզ լեզուն եւ յստակ բացատրութիւնները։ Իր տեսակէտները խճողուած չեն, այլ ունին հատ-հատ եւ թուային բաժանմունքներ, ուր ընթերցողը կը հետեւի իր մտքին եւ նիւթին զարգացումին եւ կ՚ընկալէ յօդուածին պատգամը իր անձնական կեանքին համար։ Վեր. Թութիկեան քրիստոնեայ անհատը կը դնէ աշխարհին մէջ եւ ցոյց կու տայ, թէ ան ինչպէս պէտք է ապրի իր կեանքը՝ մեկնելով աստուածաշնչական հիմքերուն մէջէն։ Ան կը գիտակցի. «Քրիստոնեային լաւագոյն վկայութիւնը իր Աստուածաբանական տեսութիւններու մէջ չէ եւ ոչ ալ իր խօսքին։ Այլ իր անձնական յարաբերութիւնը եւ ապրող կեանքը Քրիստոսի հետ»։

Վեր. Թութիկեան իր յօդուածներուն մէջէն կը կերտէ այս անձական յարաբերութեան փորձառութիւնը մարդուն եւ Քրիստոսի միջեւ։ Այս փորձառութիւնը նաեւ «մեզի կը յիշեցնէ, թէ քրիստոնէութիւնը մեզմէ կը խնդրէ, թէ կեանքի մէջ պէտք է առնել արկածախնդրական քայլեր, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողցնել եւ իրագործել բացարձակ Արժէքը»։ Եւ բացարձակ Արժէքը Քրիստոս է։ Իսկ արկածախնդրութիւնը Խաչն է. «Եթէ մէկ կողմէ Քրիստոսի խաչը, բայց իւրաքանչիւր Քրիստոսի հետեւորդ հրաւիրուած է այս նոյն խաչը կրել ինք իր անձին համար»։

Վեր. տքթ. Վահան Թութիկեան մինչեւ այսօր կը շարունակէ կրել այս խաչը։ Բայց ան նոյնպէս կը քաջալերէ, կը խրատէ եւ կը յորդորէ մեզ բոլորս, որպէսզի առանց յուսահատելու մենք ալ կրենք Քրիստոսի խաչը։ Որովհետեւ այս խաչն է, որ կը շնորհէ յաջող օրուան մը կեանքը։

Վեր. Թութիկեան հայ մարդն է ու ազգային ինքնութեամբ տոգորուած կղերականը։ Բայց ինչպէ՛ս չըլլայ, երբ ան ծնած է Քէսապ՝ հայութեան մէկ ամուր եւ տոկուն միջնաբերդին մէջ։ Ան Քէսապի մէջ ստացած է հոգեւոր եւ ազգային դրոշմ եւ դիմագիծ, որ մինչեւ օրս կ՚երթայ «Օն յառաջ»։ Ան Քրիստոսի եւ հայ ժողովուրդին զինուորագրեալն է, որուն համար «անցեալը, ներկան ու ապագան անզանցառելի իրողութիւններ են»։ Ան ջատագովն է, որ մարդը իր մէջ ամբարէ «հաւասարակշռուածութիւն եւ գիտակցութիւն», ուր կրնայ «ժամանակի այս երեք բաժանմունքներուն իւրաքանչիւրը գնահատել»։

Գիրքին հայերէն բաժինը ան կը նուիրէ «եկեղեցական ու ազգային կեանքի հետ աղերս ունեցող նիւթերու», ջանալով կերտել այս հաւասարակշռութիւնն ու գիտակցութիւնը։ Եթէ ան կը նկարագրէ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը եւ անոր ստեղծած «հայոց աշխարհի քաղաքական տագնապին ու ապագայի չափազանց անստոյգ եւ անկայուն» իրականութիւնը, բայց ան կը տեսնէ հայուն ելքի ճամբան. «Յարութեան տօնը պատգամ մը ունի մեզի որոշապէս», կ՚ըսէ ան։ Թէ «Քրիստոս յաւէտ յաղթական Տէր է, փոյթ չէ թէ չարը աշխատի խափանել բարին, փոյթ չէ, թէ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ սէրը խաչուին ու թաղուին, անոնք անպայման յարութիւն պիտի առնեն»։

Վեր. Թութիկեան եթէ կը խօսի ներկայի իրավիճակներէն, բայց նաեւ կ՚երթայ դէպի անցեալ։ Հաւատարիմ է ան իր ըսածին, թէ պէտք է անցեալը գնահատել։ «Մայիս 28-ի խորհուրդ»ին մէջ Վեր. Թութիկեան կը յստակեցնէ. «Հայաստանի Առաջին հանրապետութիւնը իրականացումն էր երազի մը երազելու իրաւունքէն զրկուած ժողովուրդի մը համար, որ մահուան մութ ձորի մէջէն կ՚անցնէր»։ Ու տակաւին ան հպարտ հայն է, որուն «սիրտը անխառն ուրախութեամբ լեցուեցաւ, երբ 1991 թուականին վերանկախ հայրենիքը որդեգրեց Առաջին հանրապետութեան եռագոյն դրօշը, պետական զինանշանը»։ Վեր. տքթ. Վահան Թութիկեան նաեւ կը նայի ապագային։ Հայուն ապագան կ՚ուզէ տեսնել հպարտութեամբ եւ իր «եռագոյնով եւ զինանշանով, որոնք խորհրդանիշն են մեր ազգային յոյսերուն, երազներուն, իտէալներուն եւ տեսիլքին»։

Յոյս, երազ, իտէալ եւ տեսիլք։ «Օն յառաջ դէպի մարտ»՝ իրագործելու համար վաղուան օրուան լաւագոյն տեսլականը։

Վեր. տքթ. Վահան Թութիկեան Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ է։ Ան կը գիտակցի իր պատկանած եկեղեցիին եւ անոր աւանդին։ Ան մէկ կողմէ կ՚ակնարկէ եկեղեցիին անցեալի պատմութեան. «Աւետարանի սկզբունքներու վրայ խարսխուած եկեղեցի մըն էր», բայց նոյնպէս կը խօսի եկեղեցիին գործունէութիւններուն մասին մինչեւ այսօր ուր «իր վաստակով եւ իր հոգեւոր, մշակութային, մարդասիրական, կրթական եւ ընկերային ներդրումով մեծապէս սատարած է հայ ազգային վերելքին»։

Վեր. Թութիկեան կը նայի վաղուան օրուան եւ կ՚ուզէ տեսնել Հայ Աւետարանական եկեղեցին յուլիս 1, 2022-ին իր 176-ամեակին առթիւ։ Ան կ՚ըսէ. «Որպէս աւետարանականներ մոռնալու չենք, որ մենք հին ժառանգութեան մը նոր ժառանգորդներն ենք։ Հարց տալու ենք մենք մեզի, թէ ինչպէ՞ս կը վարուինք այդ թանկագին ժառանգութեան հետ։ Ի՞նչ տեսակ ժառանգորդներ ենք»։

Հին ժառանգութեան մը նոր ժառանգորդները։ Այս հաւասարապէս իրական է, եթէ մարդուն բայց նաեւ հայ մարդուն համար եւ առանց խտրութեան։ Մարդը ներառեալ հայը կը ժառանգէ իր պատմութենէն ազգային արժէքները եւ կանչուած է զանոնք պահելու եւ կերտելու։

Վեր. Թութիկեանի «Օն յառաջ» գիրքը մէկ լաւագոյն մէկ վկայութիւնն է պահելու, կերտելու ու զարգացնելու համար այս ժառանգութիւնը։ Մարդուն եւ իւրաքանչիւր հայ մարդուն ժառանգութիւնը։ Այս ժառանգութիւնը կը կերտենք, երբ կը մնանք հաւատարիմ «Փրկչին զինուոր» ըլլալու գրաւականին։ Փրկչին հայ զինուորը, որ կ՚երթայ «յառաջ» դէպի մարտի մը, որ կը շինէ եւ կը պահէ ժառանգութիւնը։

Ժառանգութիւնը շինելու եւ պահելու համար պէտք է միաբանութիւն։ Այս գիրքին վերջին յօդուածը «Իրարու հետ համերաշխ ապրելու արուեստը» պիտի յանդգնիմ ըսելու, թէ միացնող օղակն է գիրքին յօդուածներուն ամբողջական բովանդակութեան՝ անգլերէն թէ հայերէն բաժիններուն։ Յօդուածը ունի եզրափակիչ պատգամ մը, ուր կ՚ամփոփուի Վեր. Թութիկեանի աստուածաբանական, քրիստոնէական եւ ազգային գաղափարախօսութիւններու հիմքը։ «Մարդոցմէ ակնկալուածը միաձայնութիւն եւ միօրինակութիւն չէ, այլ միաբանութիւն Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ՝ ի հեճուկս մարդոց զանազանութեանց ու տարբերութիւններուն»։ Միաբանութիւնը կը յաջողի երբ ընդունինք եւ յարգենք  ուրիշին տարբերութիւնները։ Միաբանութեամբ է, որ հաւաքական կեանքը յառաջխաղացք կ՚արձանագրէ։ Հեղինակը կը հաւաստէ ու կը յորդորէ այս միաբանութիւնը, որպէս մարդկային կեանքի յաջողութեան գրաւական։

Վեր. Վահան Թութիկեան յոգնիլ չգիտցող եւ յոգնիլ չճանչցող Փրկչին զինուորն է։ Զինուորը որ գնաց, կ՚երթայ եւ հաւատացած եմ, թէ պիտի շարունակէ երթալ դէպի մարտ՝ «Օն յառաջ»։

Ուժ, կորով եւ արեւշատութիւն մեր սիրելի պատուելիին։ Անոր կեանքը, առաջնորդութիւնը եւ ուսուցմունքը եթէ ինծի անձնապէս բայց նաեւ շատերու համար եղաւ օրհնութիւն։ Թող որ այս տողերը նաեւ ըլլան երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք Վեր. տքթ. Վահան Թութիկեանի նուիրական կեանքին եւ գործունէութեան։

Կեանք մը եւ գործունէութիւն մը, որ ունին մէկ տեսլական։

«Օն յառաջ դէպի մարտ»։ Քրիստոսի, Անոր եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին համար՝ արժէքի կեանքի ժառանգութիւնը պահելու եւ շինելու հրամայականով։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2021