ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ՄԵԶԻ ՏՐՈՒԱԾ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐՆ ՈՒ ՇՆՈՐՀՆԵՐԸ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Եսայիի մարգարէութենէն 41.4-14:

Պօղոս առաքեալին Եբրայեցիներուն ուղղած նամակէն 7.11-25:

Ղուկասի Աւետարանէն 19.12-28:

Ղուկաս Աւետարանիչի վերոնշեալ հատուածին մէջ Տէր Յիսուս առակ մը կը խօսի ժողովուրդին, ուր կը սորվեցնէ անոնց, թէ մարդ ինչպէ՞ս պէտք է շահարկէ դրամը: Կարդանք հատուածը եւ ապա խորհրդածենք.

«Ազնուական մարդ մը կար, որ հեռաւոր երկիր մը գնաց, որպէսզի թագաւորական իշխանութիւն առնէ եւ իր երկիրը վերադառնայ։ Նախքան մեկնիլը, կանչեց իր ծառաներէն տասը հոգի եւ իւրաքանչիւրին տասը ոսկի դրամ տուաւ եւ ըսաւ. “Շահարկեցէ՛ք այս դրամը, մինչեւ վերադարձս”։ Բայց իր քաղաքացիները կ՚ատէին զինք. հետեւաբար պատգամաւոր ղրկեցին իր ետեւէն, ըսելով. “Չե՛նք ուզեր որ ան մեր վրայ թագաւոր դառնայ”։ Երբ ազնուականը թագաւորական իշխանութիւնը առաւ եւ վերադարձաւ, անմիջապէս կանչեց իր ծառաները, որոնց դրամ տուած էր, գիտնալու համար թէ ի՛նչ շահած են։ Առաջինը եկաւ եւ ըսաւ. “Տէ՛ր, մէկ տուածիդ դէմ տասը շահեցայ”։ Տէրը ըսաւ. “Ապրի՛ս, բարի՛ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ բանին մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, ահա քեզ տասը քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ”։ Երկրորդ ծառան ալ եկաւ եւ ըսաւ. “Մէկ տուածիդ դէմ հինգ շահեցայ”։ Տէրը ըսաւ. “Քեզ ալ հինգ քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ”։ Երրորդը եկաւ եւ ըսաւ. “Տէ՛ր, ահաւասիկ տուած դրամդ, զայն պահեցի թաշկինակի մը մէջ ծրարած։ Կը վախնայի քեզմէ, որովհետեւ խիստ մարդ մըն ես։ Կ՚առնես ինչ որ քուկդ չէ եւ կը հնձես ինչ որ չես սերմանած”։ Տէրը ըսաւ անոր. “Չա՛ր ծառայ, քու խօսքովդ քեզ պիտի դատեմ։ Քանի գիտէիր որ խիստ մարդ մըն եմ, կ՚առնեմ ինչ որ իմս չէ եւ կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած, ինչո՞ւ դրամս շահարկողներուն չտուիր, քանի գիտէիր նաեւ թէ վերադարձիս զայն տոկոսով միասին պիտի պահանջէի”։ Ապա սպասաւորներուն ըսաւ. “Առէ՛ք իրմէ դրամը եւ տարէք տուէք անոր՝ որ տասնապատիկը շահած է”։ Անոնք ըսին. “Տէ՛ր, անիկա արդէն տասնապատիկը ունի”։ “Գիտցէք”, ըսաւ ան, “ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ։ Իսկ իմ թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց թագաւոր ըլլամ, հոս բերէք եւ իմ ներկայութեանս սպաննեցէք զանոնք”։

Այս խօսքը ըսելէ ետք Յիսուս շարունակեց իր ճամբան դէպի Երուսաղէմ»:

Հետաքրքրական եւ խորհրդաւոր առակ մըն է Տէր Յիսուսի պատմած այս առակը, որ իր մէջ առաւելաբար հոգեւոր իմաստ կը պարունակէ, քան նիւթական: Սակայն, հոգեւոր իմաստը կ՚օգնէ մեզի, որպէսզի մեր առօրեայ կեանքը ա՛լ աւելի բարելաւենք եւ զայն ապրինք Աստուծոյ կամքին համաձայն եւ Անոր հաճելի ըլլալով:

Ազնուական մարդ մը կար, որ հեռաւոր երկիր մը գնաց, որպէսզի թագաւորական իշխանութիւն առնէ եւ իր երկիրը վերադառնայ. ո՞վ է այդ Ազնուական մարդը. Սուրբ Գիրքի մեկնաբաններուն մեծամասնութիւնը կ՚ըսեն, թէ Տէր Յիսուս Ի՛նքն է այդ Ազնուական մարդը: Ազնուական՝ Իր Աստուածութեամբ եւ Իր մարդեղութեամբ:

Մեր Եկեղեցւոյ վարդապետներէն՝ Մատթէոս Ջուղայեցին այսպէս կը գրէ այս մասին.

«Որովհետեւ “մարդ” մեր բնութեան համար կ՚ըսէ, որ Բանն Աստուածը առաւ, իսկ “ազնուական”՝ Բանին միաւորութեան համար: Արդարեւ, Ան ինչո՞ւ ազնուական էր, քան բոլոր գոյութիւն ունեցողները, բազմաթիւ եղանակներով ցոյց տամ:

Նախ՝ որովհետեւ մեր Տէրը մարմինով Աստուած է բնութեամբ, իսկ մնացեալ բոլոր գոյութիւն ունեցողները՝ ծառաներ ու ստեղծուածներ: Այս մէկ համեմատութիւնը բաւարար է ցոյց տալու համար ամէն ինչը, սակայն, քիչ մը երկարեմ՝ համբակներուն համար, քանի որ Բանը մարմինով ինչպէս որ կատարեալ Աստուած է, է նաեւ կատարեալ մարդ:

Երկրորդ՝ որովհետեւ մարմինով անապական է, ըստ այնմ. “Անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ” (հմմտ. Գրծ 2.31), իսկ մեր մարմինները ապականացու է եւ հողի մէջ լուծուելիք:

Երրորդ՝ քանի որ մենք միշտ կը մեղանչենք, իսկ Ան՝ “մեղք չգործեց եւ Անոր բերանին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ” (Ա. Պտ 2.22):

Չորրորդ՝ որովհետեւ մենք նոյնիսկ մէկ մազ չենք կրնար սպիտակեցնել, իսկ Ան կարող է բազմաթիւ այլ արարածներ ստեղծել:

Հինգերորդ՝ քանի որ մեր կամքն ու կարողութիւնը հակառակ են, որովհետեւ ինչ որ կ՚ուզենք՝ չեն կրնար գործել: Իսկ Անոր պարագային հաւասար է, քանի որ ինչ որ կ՚ուզէ՝ կարող է, եւ ինչ որ կարող է՝ կը կամենայ, ըստ այնմ. “Ինչ որ կամեցաւ կատարեց” (Սղ 130.4.6):

Վեցերորդ՝ որովհետեւ մարդուն մէկ մասը, այսինքն՝ հոգին կամ մարմինը առանձինն՝ կատարեալ մարդ չէ: Իսկ Անոր Հոգին կամ Մարմինը կատարեալ Աստուած է, քանի որ Բանը անբաժանելիօրէն միաւորուած է:

Եօթներորդ՝ որովհետեւ մեր մարմինը չի՛ կրնար մեր հոգիները կենդանացնել, իսկ Աստուծոյ Բանին մարմինն ու արիւնը մեզ ամէն տեսակի մեղքերէ կը սրբեն, կ՚ըսէ Առաքեալը. “Եւ կ՚ապրեցնէ հոգիները” (տե՛ս Ա. Յհ 1.7):

Ութերորդ՝ քանի որ մարդու մարմինը մեզի համար ճաշակելի չէ, իսկ Անորը ճշմարիտ կերակուր է, իսկ արիւնը՝ ըմպելի, ինչպէս Ի՛նք ըսաւ (տե՛ս Յհ 6.56):

Իններորդ՝ որովհետեւ սովորական մարդը չի՛ կրնար մեղքերը ներել, իսկ Ան կրնայ ներել, քանի որ բնութեամբ Աստուած է, ինչպէս ըսաւ. “Մեղքերդ ներուած ըլլան քեզի” (Ղկ 7.48), որ՝ իշխանաբար է:

Տասներորդ՝ որովհետեւ իւրաքանչիւր ոք, եթէ այստեղ է՝ այնտեղ չէ, եւ եթէ այնտեղ է՝ այստեղ չէ, իսկ մեր տէրը երկինքը Հօր աջ կողմը կը նստի, եւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ առանց սպառելու կը պատարագուի, այլեւ՝ բոլոր սուրբերուն մէջ կը բնակի, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. “Փորձ ունիք Քրիստոսը, որ իմ միջոցովս ձեզի կը խօսի” (հմմտ. Բ. Կր 13.3):

Տասնմէկերորդ՝ քանի որ արարածներս ամէն ինչի կը կարօտինք, իսկ Ան բնութեամբ անկարօտ է, ըստ այնմ. “Որ [Ինք] միայն ունի անմահութիւնը՝ անմատոյց լոյսին մէջ բնակողը” (Ա. Տմ 6.16):

Տասներկրորդ՝ որովհետեւ մենք կը ցանկանք հրեշտակներուն նմանիլ, իսկ Ան հրեշտակներէն երկրպագութիւն կը ստանայ, սերովբէներէն եւ քերովբէներէն:

Տասներրորդ՝ քանի որ բնութեամբ մենք փոփոխական եւ այլայլելի ենք, իսկ Ան բնութեամբ անփոփոխ եւ անեղ է:

Տասնչորրորդ՝ որովհետեւ մենք նախքան յարութիւնը այլ կերպ ենք եւ յարութենէն ետք՝ այլ, իսկ Ան միեւնոյնն է մարմինով առաջ եւ յետոյ, ըստ որում կ՚ըսէր. “Շօշափեցէ՛ք եւ տեսէ՛ք, թէ Ես նո՛յնն եմ” (հմմտ. Ղկ 24.39):

Տասնհինգերորդ՝ քանի որ մենք դատաստան պիտի մտնենք, իսկ Ան պիտի դատէ մեզ, պիտի պատժէ ու պիտի փառաւորէ, ըստ այնմ. “Ամբողջ դատաստանը Իր Որդիին տուաւ” (Յհ 5.22): Տակաւին բազամթիւ [կէտեր] կան, սակայն չձանձրացնելու համար չգրեցի: Սակայն այսքան պատճառներ ձեր իմաստութեան համար թող ըլլայ, որպէսզի իմանաք թէ Իր յղացումի սկիզբէն, Անոր ծնունդը, գործերը, յարութենէն ետք ուտելն ու հագուստներով երեւիլը, որով զԻնք ազնուական եւ գերակատար ցուցուց, ատոր համար կ՚ըսէ. “Ազնուական մարդ մը” (Ղկ 19.12)»:

Հեռաւոր երկիր մը գնաց, որպէսզի թագաւորական իշխանութիւն առնէ եւ իր երկիրը վերադառնայ. հեռաւոր երկիրը մեր աշխարհն է: Արդարեւ, Տէր Յիսուս մարդոցս համար մերկանալով Իր աստուածային փառքէն եկաւ մարդոց մօտ, որպէսզի զանոնք վերադարձնէ դէպի յաւիտենականութիւն, դէպի երկինքի Արքայութիւն: Իսկ թագաւորական իշխանութիւնը կամ այլ խօսքով թագաւորութիւն հասկացողութիւնը, ապա այդ թագաւորութիւնը մարդիկն են, բոլոր այն մարդիկը՝ որոնք կ՚ընդունին Տէր Յիսուսը որպէս Տէր եւ Իշխան իրենց կեանքին:

Առակին մէջ կը յիշատակուին տասը հոգիներ, որոնց Տէրը գումար կու տայ, որպէսզի շահարկեն: Վերադարձին սակայն միայն մի քանին շահարկած կ՚ըլլան գումարը, իսկ միւսները ոչ: Գումարը, մեզի որպէս ձրի պարգեւ տրուած իշխանական կամքն է, որով մենք մեր գործերուն եւ արարքներուն տէրն ու տիրականն ենք, եւ ո՛չ ոք կրնայ մեզ ինչ որ բանի պարտադրել, եթէ մենք թոյլ չտանք: Աւելին, տրուած գումարը, Տէր Յիսուսի մեզի պարգեւած փրկութիւնն է, որ առանց փոխարէնի՝ մեր փոխարէն Իր արիւնը թափեց, որպէսզի մեզ վերստին արժանացնէ Աստուծոյ որդեգրութեան: Անոնք որոնք այս ճշմարտութեան կը գիտակցին, եւ այդ գիտակցումին լոյսին տակ կ՚ապրին իրենց կեանքը, ապա լաւապէս շահարկած կ՚ըլլան իրենց տրուած դրամը, եւ տրուածին վրայ կրկնապատիկը կը ստանան, իսկ անոնք որոնք չգիտակցելով ու շարունակելով մեղքի կեանքով ապրիլ, ապա իրենց համար տրուած ձրի պարգեւը՝ փրկութիւնը, կը վերցուի իրենցմէ եւ կը տրուի անոնց՝ որոնք աւելի արժանի են:

Հետաքրքրական է, թէ Տէրը ինչո՞ւ համար բազմապատիկը կը խոստանայ տալ անոնց, որոնք Իր օրէնքները կը կատարեն, իսկ հակառակը, կը պատուիրէ վերցնել անոնցմէ՝ որոնք չեն շահարկած իրենց տրուած գումարը:

Այս մասին Մատթէոս Ջուղայեցին կը գրէ.

«Եւ ինչո՞ւ բազմապատիկը խոստացաւ Օրէնքը կատարողներուն՝ ըսելով. “Հարիւրապատիկը պիտի ստանայ եւ յաւիտենական կեանքը ժառանգէ” (Մտ 19.29): Նոյնը այստեղ տասը քաղաքները նոյն կերպով պէտք է իմանալ, որովհետեւ տե՛ս, թէ ինչքա՜ն շատ է տասը քաղաքը տասը արծաթէն:

Նմանապէս երկրորդին կը պատասխանէ իշխանութիւն տալ հինգ քաղաքներու վրայ: Իսկ երրորդ թշուառականը եւ անօրէնութեամբ ապրողը, մօտենալով կ՚ամբասատնէ Անոր քաղցրութիւնը եւ այսպիսի բաներ կ՚ըսէ, որ չ՚արդարացներ, այլ՝ կը բարկացնէ: Կ՚ըսէ. “Գիտէի որ խիստ մարդ մըն ես, կը հնձես ինչ որ չես սերմաներ” (հմմտ. Ղկ 19.20: Մտ 25.24): Եւ որպէս թէ մեղմ ըսած էր, թէ ամբողջ իրաւունքները, վստահեցայ Քու հեզութեանդ եւ ծուլացայ:

Տակաւին՝ օտար ըսաւ, եւ ստամբակ, այսինքն՝ գոռոզ եւ այլն, այդ պատճառով կ՚ըսէ. “Անհաւատ ծառայ” (Ղկ 19.22):

“Անհաւատ” ըսելով հաւատքէն կը զրկէ: Եւ իրապէս, որովհետեւ յոյսը չյորդորեց պատուիրանը գործադրելուն, եւ տանջանքներու սպառնալիքներէն չվախցաւ, որ պատուիրանը ըրած էր, որ այն անհաւատին համար կ՚ըսէ. “Ինչո՞ւ զայն շահարկողներուն չտուիր, երբ ես գալով զայն տոկոսով պիտի պահանջէի” (հմմտ. Ղկ 19.23)»:

Աշխատինք ուրեմն, դրամը շահագործողներուն նմանինք եւ մեզի տրուած ձրի շնորհքներն ու պարգեւները լաւապէս օգտագործենք, որպէսզի Հանդերձեալին մէջ երանութիւնը վայելենք եւ զԱստուած փառաբանելու եւ օրհնաբանելու պատիւին արժանանանք: Մեր ձեռքերուն մէջ դրամը շահագործող ըլլալ եւ կամ անպիտան ծառային նման, դրամը՝ մեզի տրուած շնորհքներն ու պարգեւները չօգտագործենք, այլ՝ եղածին պէս պահենք, որով եւ արժանանանք Տիրոջ հետեւեալ դատաստանին, թէ՝ «ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

19 դեկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2022