Հա­մաշ­խար­հա­յին Շար­ժա­պատ­կե­րի Աստ­ղեր՝ Հա­յե­րու Դե­րով

Պարզ է, որ տե­ղե­կա­տուա­կան եւ քա­րոզ­չու­թեան մար­զե­րուն մէջ շար­ժա­պատ­կե­րը շատ կա­րե­ւոր գոր­ծօն է, մա­նա­ւանդ երբ ա­րուես­տի մա­կար­դա­կով եւ ար­ժէք­նե­րով կը պատ­րաս­տուի:

Հա­յաս­տան եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յու­թիւ­նը շար­ժա­պատ­կե­րը իբ­րեւ այդ­պի­սին տա­կա­ւին ա­ռա­ւե­լա­գոյնս չենք կրցած օգ­տա­գոր­ծել՝ հա­կա­ռակ այդ մար­զին մէջ մեր ու­նե­ցած հսկա­յա­կան նե­րու­ժին: Ու­րա­խա­լի եւ, ին­չո՞ւ չէ, նաեւ հպար­տա­լի է, երբ օ­տար շար­ժա­պատ­կեր­նե­րու մէջ հա­մաշ­խար­հա­յին դե­րա­սան­ներ, աստ­ղեր հայ տի­պար­ներ կը մարմ­նա­ւո­րեն: Նոյ­նիսկ այս ե­րե­ւոյ­թը ի նպաստ մեր քա­րոզ­չու­թեան ծա­ռա­յեց­նե­լու այն­քան կեն­սա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ բա­ւա­կան ետ կը մնանք զա­նա­զան ժո­ղո­վուրդ­նե­րէ, մա­նա­ւանդ՝ հրեա­նե­րէն: Հարց մըն է, ո­րուն մա­սին կ՚ար­ժէ մտա­ծել:

Շար­ժա­պատ­կե­րի  հա­մաշ­խար­հա­յին աստ­ղեր ի­րենց աս­պա­րէ­զի ըն­թաց­քին մարմ­նա­ւո­րած են տար­բեր ազ­գե­րու  տի­պար­ներ, ո­րոնց շար­քին՝ նաեւ հա­յեր:

Կը ներ­կա­յաց­նենք փունջ մը:

ՍՈ­ՖԻԱ ԼՈ­ՐԷՆ

Աշ­խա­րահռ­չակ դե­րա­սա­նու­հի եւ բազ­մա­թիւ մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած Սո­ֆիա Լո­րէն  «Հռո­մէա­կան կայս­րու­թեան ան­կու­մը» (1964) պատ­մա­կան շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ մարմ­նա­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի թա­գու­հի Լու­սիլ­լա­յի կեր­պա­րը, ո­րուն ա­մու­սի­նին դե­րը ստանձ­նեց Օ­մար Շե­րիֆ: Շար­ժա­պատ­կե­րին բե­մադ­րիչն է Ան­թո­նի Մանն: Ա­ւե­լի քան 3 ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ շար­ժա­պատ­կե­րը կ՚ար­ծար­ծէ կայ­սե­րա­կան փտա­ծու­թիւ­նը, ա­տոր լոյ­սին տակ՝ հօր եւ  զաւ­կի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, հա­ւա­տար­մու­թեան եւ բա­րե­կա­մու­թեան բնոյթն ու սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը:

ՔԼՈ­ՏԻԱ ՔԱՐ­ՏԻ­ՆԱ­ԼԷ

Հան­ճա­րեղ Ան­րի Վերնէօ­յի «Մայ­րիկ» (1991) շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ գլխա­ւոր հե­րո­սի մօր կեր­պա­րը մարմ­նա­ւո­րած է ի­տա­լա­ցի դե­րա­սա­նու­հի Քլո­տիա Քար­տի­նա­լէն: Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժա­պատ­կե­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի ծի­րին մէջ աշ­խա­րահռ­չակ դե­րա­սա­նու­հին այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան եւ  խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ Ֆրան­սա­յի մէջ ի­րեն կը մօ­տե­նան ան­ծա­նօթ հա­յեր՝ հե­տե­ւեալ բա­ռե­րը ար­տա­սա­նե­լով. «Դուք մեր մայ­րիկն էք»:

Օ­ՄԱՐ ՇԵ­ՐԻՖ

Նոյն շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ գլխա­ւոր հե­րո­սին հօ­րը կեր­պա­րը մարմ­նա­ւո­րեց ա­րաբ աշ­խա­րահռչակ դե­րա­սան Օ­մար Շե­րիֆ:  «Մայ­րիկ» եւ «Փա­րա­տի փո­ղոց, թիւ 588» շար­ժա­պատ­կեր­նե­րուն մէջ Ան­րի Վերնէօյ իր ըն­տա­նի­քին օ­րի­նա­կով կը պատ­մէ Եղեռնի եւ ա­տոր հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին: «Մայ­րիկ»ի բե­մագ­րու­թիւ­նը գրուած է ա­ւե­լի քան քառասուն տար­բե­րա­կով, բայց միայն մէ­կը 1985 թուա­կա­նին հրա­պա­րա­կուե­ցաւ եւ թարգ­մա­նուե­ցաւ տա­սը լե­զուով, ընդ­հա­նուր 200 հա­զար օ­րի­նա­կով: Գիր­քի հա­յե­րէն  տար­բե­րա­կը հրա­տա­րա­կուած է 1988 թուա­կա­նին, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ:

ԺԱՆ ՓՈԼ ՊԵԼ­ՄՈՆ­ՏՕ

Ար­կա­ծախնդ­րա­կան շար­ժա­պատ­կեր­նե­րու ֆրան­սա­ցի դե­րա­սան Ժան Փոլ Պել­մոն­տօ ու­նի հայ բա­րե­կամ­ներ, ո­րոնց­մէ էր բե­մադ­րիչ Ան­րի Վեր­նէօ­յը, ո­րուն 1971-ին պատ­րաս­տած The Burglars (Le Casse) շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ Պել­մոն­տօ մարմ­նա­ւո­րեց Ա­զատ ա­նու­նով հայ գո­ղի մը կեր­պա­րը, որ Ա­թէն­քի մէջ կը հե­տապն­դուի յոյն ոս­տի­կա­նի մը (Օ­մար Շե­րիֆ) կող­մէ:

ԱԼ ՓԱ­ՉԻ­ՆՕ

Շար­ժա­պատ­կե­րի «Օս­քար»ի  եւ երեսունէ ա­ւե­լի այլ մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած Հո­լի­վու­տի աստ­ղե­րէն Ալ Փա­չի­նօ «Դուք չէք գի­տեր Ճէ­քը» (2008) շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ  մարմ­նա­ւո­րած է յայտ­նի հայ բժիշկ Ճէք Գէոր­գեա­նը,  որ իր մաս­նա­գի­տու­թեան պատ­ճա­ռով ստա­ցած էր «Բժիշկ մահ» ա­նու­նը: Ալ Փա­չի­նօ այդ դե­րին հա­մար ստա­ցաւ «Ոս­կիէ կլոպ» մրցա­նա­կը: Շար­ժա­պատ­կե­րի բե­մադ­րիչն է Պար­րի Լե­ւին­սոն:

ԺԱՆ ՌԵ­ՆՕ

Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն ա­մե­նա­յայտ­նի ֆրան­սա­ցի դե­րա­սան Ժան Ռե­նօ նկա­րա­հա­նուած է ֆրան­սա­ցի բե­մադ­րիչ Լո­րէն Տի­ւե­լի 2009-ին պատ­րաս­տած «Փակ շրջան» (Le Premier cercle)  շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ՝ յա­ջո­ղու­թեամբ մարմ­նա­ւո­րե­լով հա­յու դե­րը՝ Ֆրան­սա­յի մէջ  յան­ցա­գործ հայ­կա­կան խմբա­կի մը ղե­կա­վա­րը: Ժա­պա­ւէ­նը կը պատ­մէ յան­ցա­գործ Մա­լա­քեան­նե­րու գեր­դաս­տա­նի  պատ­մու­թիւ­նը, ուր ե­րի­տա­սարդ տղան կը փոր­ձէ ըմ­բոս­տա­նալ իր հօր՝ Մա­լա­քեան­նե­րու գեր­դաս­տա­նի գլխա­ւո­րին, իշ­խող կամ­քին դէմ: Տղան կը փոր­ձէ վերջ տալ յան­ցա­գործ կեան­քին եւ սկսիլ նոր, ինք­նու­րոյն կեանք: Ե­րե­ւա­նի մէջ «Ոս­կէ ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին  փա­ռա­տօ­նին բա­ցու­մը վե­ցե­րորդ ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցաւ 2009 թուա­կա­նի Յու­լիս 12-ին, «Փակ շրջան»  շար­ժա­պատ­կե­րով:

Ա­ԼԱՆ ԱՐ­ՔԻՆ

Ա­մե­րի­կա­ցի տա­ղան­դա­ւոր դե­րա­սան, «Օս­քար»ի  եւ այլ մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած, այժմ 82-ա­մեայ Ա­լան Ար­քին  բե­մադ­րիչ Մայք Նի­քոլ­զի 1970-ին պատ­րաս­տած  «Catch-22» շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ մարմ­նա­ւո­րած է հա­րիւ­րա­պետ  Ճոն Եո­սա­րեա­նը, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու օ­դու­ժին հետ մաս­նակ­ցած է Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին: «Catch-22»ն եր­գի­ծա­կան ող­բեր­գա­կա­տա­կեր­գու­թիւն մըն է՝ ընդ­դէմ պա­տե­րազ­մի:

ԼՈ­ՒԻ ՏԸ ՖԻՒ­ՆԷՍ

Ֆրան­սա­ցի յայտ­նի կա­տա­կեր­գակ Լուի տը Ֆիւ­նէս «Բե­րա­նը բա­ցը»  շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ, իբ­րեւ հա­րուստ գոր­ծա­րար, նաեւ  կանկս­թեր՝ Լէա­փոլտ Սա­րո­յեան: Շար­ժա­պատ­կե­րը 1965 թուա­կա­նին Մոս­կուա­յի շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նին ար­ժա­նա­ցաւ պա­տուոյ  վկա­յա­կա­նի, իսկ ամ­բողջ Խորհրդա­յին Միու­թեան մէջ  կա­տա­կեր­գու­թի­նը դի­տեց ա­ւե­լի քան 30 մի­լիոն մարդ:

ՓԱՍ ՎԵ­ԿԱՆ

Սպա­նա­ցի դե­րա­սա­նու­հի Փաս Վե­կան Եղեռնի նուի­րուած Թա­ւիա­նի եղ­բայր­նե­րու «Ար­տոյտ­նե­րու ա­գա­րա­կը» (2007) շար­ժա­պատկե­րին մէջ  մարմ­նա­ւո­րեց հա­յու­հի Նու­նի­կը: Նոյն ժա­պա­ւէ­նին մէջ դեր ստանձ­նած է նաեւ  այլ աստղ մը՝ գեր­մա­նա­ցի Մո­րից Պլեայփթ­րոյ: Պեր­լի­նէյլ սրա­հին մէջ  տեղի ունեցաւ «Ար­տոյտ­նե­րու ա­գա­րա­կը»ի ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւնը:

ԼՈՒՊ­ՆԱ Ա­ԶԱ­ՊԱԼ

Պել­ժի­ա­ցի դե­րա­սան Լուպ­նա Ա­զա­պալ հան­դէս ե­կաւ  ա­մե­րի­կա­ցի բե­մադ­րիչ, մի­ջազ­գա­յին մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած  Պրէյ­տըն Քին­կի  «Սի­րոյ ակն­թարթ­ներ» (2011) շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ, որ գոր­ծե­րով Հա­յաս­տան մեկ­նող ա­մե­րի­կա­ցի քար­տէ­սագ­րի եւ ա­նոր ազ­գու­թեամբ հա­յու­հի ըն­կե­րու­հիին սի­րոյ մա­սին է: Շար­ժա­պատ­կե­րը ար­ժա­նա­ցաւ Պեր­լի­նի շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նի դա­տա­կան կազ­մի յա­տուկ մրցա­նա­կին: Լուպ­նա Ա­զա­պալ նա­խա­պէս դեր ստանձ­նած է նաեւ ֆրան­սա­ցի բե­մադ­րիչ Ռո­պերթ Քէ­շի­շեա­նի «Ա­րամ» շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ, ուր Ա­րա­մի դե­րով հան­դէս ե­կած է Սի­մոն Աբ­գա­րեան:

ԺԵ­ՐԱՐ ՏԵ­ՓԱՐ­ՏԻԷՕ

2013 թուա­կա­նին ֆրան­սա­ցի տա­ղան­դա­ւոր եւ այ­լա­խոհ դե­րա­սան Ժե­րար Տե­փար­տիէօ հան­դէս ե­կած է «Mierere» (The Mark of the Angels)  ար­կա­ծախնդ­րա­կան շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ: Գլխա­ւոր հե­րոս Լիո­նէլ Քաս­տան կ՚եր­թայ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի, կը կա­րօտ­նայ իր կի­նը, որ գա­ցած է Հա­յաս­տան, կ՚ու­նե­նայ «Տու­տուկ» ա­նու­նը: Շար­ժա­պատ­կե­րին բե­մադ­րիչն է Սիլ­վէյն Ո­ւայթ:

ՏԷՅ­ՎԻՏ ԱԼ­ՓԱՅ

Ա­տոմ Է­կո­յեա­նի «Ա­րա­րատ» (2002) շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ հան­դէս ե­կած է գա­նա­տա­ցի ծա­նօթ դե­րա­սան Տէյ­վիտ Ալ­փայ, որ մարմ­նաւո­րած է հա­յու ցա­ւը պատ­մող Րաֆ­ֆի ա­նու­նով ե­րի­տա­սարդ հա­յու մը դե­րը: Շուրջ եր­կու ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ դե­րեր ստանձ­նած են նաեւ՝ Սի­մոն Աբ­գա­րեան, Ար­սի­նէ Խան­ճեան, Շարլ Ազ­նա­ւուր, Է­լիաս Քո­թէս եւ  Քրիս­տո­ֆըր Փլա­մըր:

ԹԱ­ՀԱՐ ՌԱ­ՀԻՄ

Գեր­մա­նա­ցի, ծա­գու­մով թուրք Ֆա­թիհ Ա­քընի 1915-ի մա­սին պատ­մող «Սպի» (2014) շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ գխա­ւոր հե­րո­սի՝ Նա­զա­րէթ Մա­նու­կեա­նի դե­րա­կա­տա­րը ալ­ճե­րիա­ցի դե­րա­սան Թա­հար Ռա­հիմն է: Ե­րի­տա­սարդ Նա­զա­րէթ կ՚աք­սո­րուի իր հայ­րե­նի գիւ­ղէն: Ա­ւե­լի ուշ ան կը լսէ, որ իր աղ­ջիկ­նե­րը կրնան ողջ ըլ­լալ: Ան կը ճամ­բոր­դէ աշ­խար­հի տար­բեր կող­մե­րը՝ իր աղ­ջիկ­նե­րը գտնե­լու հա­մար: Վեր­ջա­պէս ան կը գտնէ իր աղ­ջի­կը՝ Լու­սի­նէն եւ կը տե­ղե­կա­նայ, որ Ար­սի­նէն վա­րա­կուած էր ա­նա­պա­տին մէջ եւ մա­հա­ցած՝ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ: «Սպի»ին մէջ դե­րեր ստանձ­նած են նաեւ՝ Ար­-սի­նէ Խան­ճեան, Սի­մոն Աբ­գա­րեան, Ա­քըն Կա­զի:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2016