ՅՈԲԵԼԵԱՆ ԵՒ ՕՐԱԹՈՐԻՕ
Մխիթարեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին շարժառիթով երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շքեղ հանդիսութիւն մը։ Հարպիէի «Լիւթֆի Քըրտար» կեդրոնին մէջ այս առթիւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբը ներկայացուց «Հրանդ Տինք» ժամանակակից օրաթորիոն։ Հարկ է նշել, որ այս գործի հեղինակներն են՝ Պերճուհի Պէրպէրեան եւ Մաժակ Թոշիկեան։ Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ Լուսաւորիչ երգչախումբը փայլուն յաջողութեամբ մեկնաբանեց այս յատկանշական գործը, շուրջ յիսուն հոգիէ բաղկացեալ սիմֆոնիք նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ։ Մեներգիչներն էին Գարին Պոզքուրթ, Պօղոս Եղիազար եւ Սէրճան Կազէրօղլու, որոնք յաջողեցան խոր տպաւորութիւն գործել հանդիսատեսներուն վրայ։
Ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորն էր յայտնի համայնքային բարերար ու Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Ներկայ էին Հայ Կաթողիկէից Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։ Ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան եւ մեր համայնքէն բազմաթիւ դէմքեր։
Գարօլին Մամիկոնեանի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որու սկիզբին յուշանուէրներ յանձնուեցան Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ Նատիա Թաշէլին։ Այս յուշանուէրները յանձնեցին Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան եւ ձեռնարկի Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետը Արթիւր Գազար։ Վերջաւորութեան ալ մենակատարներուն յանձնուեցաւ ծաղկեփունջեր, իսկ օրաթորիոյի հեղինակներուն եւ երգչախումբի խմբավարին՝ յուշանուէրներ։ Այսպէս Պերճուհի Պէրպէրեանի յուշանուէրը յանձնեց Վարդան Պալմումճեան, իսկ Մաժակ Թոշիկեանինը՝ Ռաքել Տինք։ Այս հանգրուանին Յակոբ Մամիկոնեանին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նաեւ իր աշակերտներուն կողմէ՝ Լուսաւորիչ երգչախումբի խմբավարի պաշտօնը ստանձնելու 25-ամեակին առթիւ։
Յայտագրի ողջ տեւողութեան ներկայ երաժշտասէրները բառին բուն իմաստով ապրեցան անբացատրելի վայելք մը։ Սկզբնական փուլին երեք գործեր՝ «Կոմիտաս», «Քո հայրենիքը» եւ «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ» գործերու ունկնդրեցին երաժշտասէրները։ Աւելի վերջ ներկայացուեցաւ բուն գործը՝ «Հրանդ Տինք» օրաթորիոն, որու իւրաքանչիւր քայլափոխին ներկաները ունեցան խոր ապրումներ։ Թէ՛ մեներգիչները եւ թէ Յակոբ Մամիկոնեանի կողմէ գլխաւորուած Լուսաւորիչ երգչախումբը յաջողեցան անմիջական հաղորդակցութիւն մը ստեղծել բեմին ու դահլիճին միջեւ։
Վերջաւորութեան որոտընդոստ ծափահարութիւնները կու գային ապացուցանել ձեռնարկի յաջողութեան մակարդակը։