ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ 200-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈՒՇԱՄԵՏԱՅԼ ՄԸ ՊԻՏԻ ԹՈՂԱՐԿՈՒԻ ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՄԷՋ

Աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի ծննդեան 200-ա­մեա­կին առ­թիւ յո­բե­լե­նա­կան զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ նա­խա­տե­սուած են աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէն ներս։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ուք­րայ­նոյ Ազ­գա­յին դրա­մա­տու­նը կը պատ­րաս­տուի այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ թո­ղար­կել յու­շա­մե­տայլ մը։ «Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քի» պի­տի կո­չուի այդ յու­շա­մե­տայ­լը, որ պի­տի թո­ղար­կուի «Ուք­րայ­նոյ նշա­նա­ւոր ան­ձինք» շար­քի ծի­րէն ներս ու շրջա­նա­ռու­թեան մէջ պի­տի դրուի 25 հա­զար օ­րի­նա­կով։

Նոյն յո­բե­լեա­նին առ­թիւ պի­տի թո­ղար­կուի նաեւ գե­ղա­րուես­տա­կան դրոշ­մա­թուղթ մը։ Այդ նա­մա­կա­նի­շը պի­տի ընդգր­կուի «Ուք­րայ­նոյ թան­գա­րան­նե­րու գան­ձե­րը» շար­քին մէջ։

«Մեծ նկար­չի 200-ա­մեա­կին նուի­րուած յու­շա­մե­տայ­լի եւ նա­մա­կա­նի­շի թո­ղար­կու­մը յստակ կը վկա­յէ հա­մաշ­խար­հա­յին գե­ղա­րուես­տի մէջ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի ներդր­ման պե­տա­կան ճա­նաչ­ման մա­սին։ Ան նաեւ հայ­կա­կան եւ ուք­րա­նա­կան մշա­կոյ­թի փո­խա­դարձ հարս­տաց­ման վառ օ­րի­նակ մըն է», ը­սաւ այս առ­թիւ Ուք­րայ­նա­յէն պատ­մա­բան Մաք­սիմ Ցա­րեն­քօ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017