ՀՈԳԵՒՈՐ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿԱՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ

«Շնորհաւոր Բարեկենդան,

Բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան».

Երեւանի փողոցներուն մէջ, կիրակի օր, խումբ մը երիտասարդներէ այս մաղթանքը կը լսէինք. անոնք Արարատեան Հայրապետական թեմի երիտասարդական կառոյցի անդամներն են, որ ամէն տարի Բարեկենդանին բնորոշ հանդերձանքով կը շրջին փողոցներուն մէջ եւ մարդոց կ՚աւետեն Մեծ պահքի եւ հայոց պահոց աւանդութիւններուն մասին: Երիտասարդներուն կը միանան նաեւ անցորդները եւ փողոցները շրջելով ուրախ ժամանակ կ՚անցընեն:

Բարեկենդանը վերջին տարիներուն կը տօնեն նաեւ Հայաստանի տարբեր համայնքներուն մէջ: Դիմակաւոր խաղերը, աղմկոտ զբօսանքները, խրախճանքները, հիւրասիրութիւնները, առատ սեղանները սովորոյթ դարձած են Հայաստանի մէջ: Ժողովուրդը սիրով կը նշէ տօնը՝ գիտնալով, որ անիկա դարերու պատմութիւն ունի եւ որ մեր նախնիները նոյնպէս գոհունակութեամբ նշած են զայն:

Բարեկենդանի գլխաւոր հերոսը Ուտիս մեծ մայրն ու Պաս մեծ հայրն են, որոնց հռչակաւոր վէճը կը տեսնենք Երեւանի փողոցներուն մէջ, ապա հաշտուելով կը պտտին, իսկ աւարտին ժողովուրդը հրաժեշտ կու տայ մեծ մամային եւ կը փառաբանէ մեծ պապան:

Երիտասարդներէն երկուքը սովորաբար Ուտիս մեծ մօր եւ Պաս մեծ հօր հանդերձանքը կը կրեն, իսկ միւսները ձեռքներին կը բռնեն Ուտիսին եւ Պասին խրտուիլակները: Բարեկենդանի օրուան աւարտին կը տանին եւ մօտակայ բարձունքէ մը վար կը նետեն Ուտիսի կերպարանքով տիկնիկը: Այս մէկը նոյնպէս տօնին մաս կը կազմէ, քանի որ Ուտիս մեծ մայրը շերեփը ձեռքին ամբողջ օրը ճաշ կ՚եփէ, համեղ ուտելիքներ կը հրամցնէ տունի անդամներուն, կը շփացնէ մանաւանդ երեխաները եւ զանոնք շատակեր կը դարձնէ, ուստի Բարեկենդանի օրը խորհրդանշական կերպով կ՚ազատին Ուտիսէն՝ ըսելով. «Ուտիս մեծ մամա՛, քու ժամանակդ վերջացած է հիմա, Պաս մեծ պապայի ժամանակը սկսած է…»: Ուտիս մեծ մօր առատաձեռն կերպարին ժողովուրդը հակադրած է խստաբարոյ Պաս մեծ հօր կերպարը, որ իր կանոնաւոր խիստ հայեացքով եօթ շաբաթ շարունակ կը հսկէ, որպէսզի տունին մէջ բոլորը պահք պահեն եւ զսպուածութիւն ունենան: Անոր կերպարով տիկնիկը, որ ուրիշ անուն մըն ալ ունի՝ Ակլատիզ, եօթ շաբաթ կը կախեն տունին մէջ… Ակլատիզը նաեւ ինքնատիպ շաբաթացոյց մըն է, որմէ ամէն շաբաթ կը պոկեն անոր վրայ զետեղուած եօթ փետուրներէն մէկը, իսկ սոխը, որմէ պատրաստուած է գլուխը, Պահքի աւարտին կը մանրեն եւ վերջին օրուան ճաշին մէջ կը նետեն:

Բարեկենդանեանի տօնախմբութիւնները ձեւով մը նաեւ կ՚աւետեն գարնան գալուստը: Պատահական չէ, որ այս զուարճութիւններուն մէջ բնութեան զարթօնքը գոհ դիմաւորելու, մարդիկը բնութեան պէս վերակենդանացնելու, թարմացնելու խորհուրդը կայ:

Երիտասարդները նաեւ հայկական բանահիւսական երգեր կ՚երգեն փողոցին մէջ.

Ուտիս՝ հոտիս, պաս՝ ատլաս ու խաս,

Շնորհաւոր պաս, թաս ը՚մ ռախի տաս,

Ես խմեմ, դուն խնդաս,

Դուն ա բարով մեր տուն գաս:

 

Մեծ պասն եկաւ, բարով եկաւ,

Յիսուն օրը հետը բերաւ,

Սոխ ու սխտոր կանոն դրաւ,

Փորիս հալը խարապ ըրաւ:

 

Բարով եկար զէյթուն ամի,

Հազար բարի օրհնած լոբի,

Սիվել, կըճան, պոչով ապուր,

Բարի եկաք, հազար բարի:

Ի դէպ, հին հայոց մէջ Բարեկենդանը այնքան սիրուած ու սպասուած տօն մը եղած է, որ նոյնիսկ զայն անուանած են «Հայոց ազգի օրեր», քանի որ տարուան մէջ այդ օրը մարդիկ իսկական վայելքներու պահեր կ՚ապրէին՝ ճոխ ու առատ ուտելիքներով, զուարճահանդէսներով անկաշկանդ կ՚այցելէին իրարու եւ անհոգ ժամանակ կ՚անցընէին: Կովու, ոչխարի եւ թռչնեղէնի միսով պատրաստուած զանազան ճաշերը անպակաս էին սեղաններուն վրայ, իրարու գաթա եւ անուշեղէն կը հիւրասիրէին, քանի որ Պահքի շրջանին ատոնցմէ չէին կրնար ուտել եւ Պահքը չսկսած մինչեւ վերջին պատառը կ՚ուզէին վայելել:

Յատկանշական է, որ Բարեկենդանի օրը նոյնիսկ չքաւորներն ու աղքատները կը վայելէին տօնական սեղանը: Այդ օրը նաեւ կը յիշէին պանդխտութեան մէջ գտնուողները ու անոնց համար յատուկ երգեր կ՚երգէին: Մարդիկ կը սիրէին Բարեկենդանի խնջոյքը, քանի որ տօնը կը ջնջէր բոլոր սահմանները, բոլորը իրարու հետ սեղան կը նստէին:

Տօնակատարութեան աւարտին եկեղեցւոյ սպասաւորը տօնի մասնակիցներուն մանրամասնօրէն կը բացատրէ Պահքին իմաստը, յիշեցնելով, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Պահքը հաստատած է երկու նպատակներով՝ հոգեւոր զօրութիւն եւ մարմնական առողջութիւն: Արդէն սկսած է պահեցողութեան շրջանը եւ եկեղեցւոյ հայրերը կը յորդորեն այս շրջանին առաւելապէս կեդրոնանալ միտքի, խօսքի ու գործերու պահեցողութեան վրայ:

Այս օրերուն յորդորներ կան զսպուածութիւն դրսեւորելու նաեւ համացանցին մէջ, քանի որ բոլորս կը տեսնենք, թէ ընկերային ցանցերը ինչպիսի՛ ազատութեամբ եւ ամենաթողութեամբ ողողուած են. մարդիկ զիրար կը վարկաբեկեն, կը վիրաւորեն, ոչ մէկ սահման դրուած է մարդկային միտքին: Վերջին շրջանին հոգեւոր հայրերը, պահեցողութեան օրերուն եւ բոլոր առիթներով այս խնդրին յաճախ կ՚անդրադառնան: Համբերութիւնը, չափաւորութիւնը եւ մանաւանդ բարեկրթութիւնը փնտռուած յատկանիշներ են այսօր համացանցին վրայ: Ահա թէ ինչու դարերէ եկող բարեպաշտական խորհուրդը վերագտնելու ուժ եւ կարողութիւն կը մաղթեն ամէն մարդու, եւ ատիկա ամենաապահով եւ ճշմարիտ մաղթանքն է այս օրերուս:

ՎԱՆԱՅ ՄՇՈՇ

Մեծ պահքի շրջանը, որ կը տեւէ 48 օր՝ մինչեւ Սուրբ Յարութիւն, ոմանց համար թերեւս անհամ ու անհետաքրքրական ուտելիքներու շրջան մը թուի: Բայց, իրականութեան մէջ, անշուշտ այդպէս չէ. ատոր զուգահեռ շատ են այն մարդիկը, որ անհամբերութեամբ կը սպասեն պահքի շրջանին՝ վայելելու պահքին իւրայատուկ եւ առողջարար ուտելիքները: Ինչպէս ծիսական բոլոր շրջաններուն, այս շրջանին եւս ժողովուրդը մտածած, ստեղծած եւ դարերով պատրաստած է ուսումնասիրուած ուտելիքներ, որոնք մեր ազգային խոհանոցին զարդը կը կազմեն: Մեր նախնիները հոգացած են ամէն ինչի մասին, մեզի իբրեւ ժառանգութիւն ձգելով պահքի ուտեստեղէնի հարուստ ընտրանի մը:

Մեր ազգային, մշակութային ժառանգութեան մէջ պահեցողութեան այս հանգրուանը եւ անոր առթած ապրումները էական նշանակութիւն ունին. պատահական չէ, որ պահքի շրջանը մեր ժողովուրդը ժամանակին կոչած է իր աւանդական սեղանի երկու սուրբ բաղադրիչներուն անունով՝ «Աղուհացի շրջան». այս մէկը նաեւ անոր համար, որ Մեծ պահքի որոշ օրերուն աղ ու հաց կը ճաշակէին միայն կամ պահքը կը լուծէին աղ ու հացով:

Յատկանշական աւանդոյթներ վերապահուած է Մեծ պահքի երկուշաբթիին, երբ առտու կանուխ կիները կ՚ելլէին, թոնիր կը վառէին եւ տան մէջ եղած բոլոր ամաններն ու կաթսաները կը լուային, կը քերէին աղտէն, եօթ անգամ մաքուր ջուրով կը ցօղէին, դանակով կը քերթէին նաեւ պատերուն, սիւներուն, դռներուն ծուխումուրէն սեւցած հատուածները:

Մեծ պահքի երկուշաբթիին յատուկ էր այցելութիւններու սովորութիւնը, իսկ սեղանին վրայ բարակ թուղթի պէս լօշ հացերուն վրայ դրուած կ՚ըլլային փահնաքէօշներ, կանեփահատով, սեւագնդիկով թխուած հացեր, կլորակ տողիկներ, բուսեղէն, ընդեղէն կերակուրներ, պահքի կոլոլակներ, եղինձներ եւ այլն:

Բասէնի, Ղազախի, Շիրակի, Կարսի, Նախիջեւանի մէջ զանազան սովորութիւններ եղած են, բայց բոլորն ալ ունեցած են հասարակաց գիծեր: Օրինակ՝ ընդունուած էր եօթ թիւը նկատի ունենալով բան մը պատրաստել, ի նշան պահքի եօթ շաբաթներուն: Կիները եօթ անալի բաղարջ կը թխէին, եօթ փետուր կը տնկէին պահքը հսկող տիկնիկին վրայ, եօթ քար կը կախէին անոր ոտքէն, եղինձին բրինձը կամ ձաւարը եօթ մասի կը բաժնէին՝ ամէն շաբաթ մէկ բաժինը եփելու եւ այլն…

Պահքին ամէն մէկ օրը ոչ թէ զրկանք կամ զսպուածութիւն զգալու, այլ վայելքի օր եղած է…

Այս օրերուն շատ բաներ, երբ անճաշակ եւ անհամ կը թուին, անցեալին վերադառնալը եւ անցեալի սովորոյթները ոգեկոչելը մեծ օրհնութիւն է բոլորիս համար: Կը ներկայացնենք Պահքի շրջանի երկու փառաւոր ուտելիք՝ Վանայ մշոշն ու Անիի քաղցրաւենին, որ այս օրերուն կարգ մը ճաշարաններ կը մատուցեն Երեւանի մէջ:

Վանայ մշոշը՝ աւանդական խոհանոցի այս հրաշք ճաշատեսակը փրկուած է վանեցիներուն շնորհիւ, եւ այսօր վերստին կ՚ոգեկոչուի: Տեսակաւոր մշոշներ կան, բայց բոլորին մէջ պարտադիր է ոսպը: Հաւանաբար մշոշ բառը յառաջացած է մշմոշ՝ (ծիրան) բառին կրճատումէն. դասական մշոշին մէջ ոսպին հետ կ՚եփուի ծիրանաչիրը, իսկ որոշ շրջաններու մէջ հատիկ լուբիան ալ կ՚աւելացուի:

Վանայ մշոշ պատրաստելու համար անհրաժեշտ է թեթեւակի խարկել սոխը, աւելցնել ջուրին մէջ նախապէս թրջուած ոսպը: Եփած ոսպին անհրաժեշտ է աւելցնել ընկոյզ, չիրեր եւ համեմունքներ:

Արագ պատրաստուող այս ուտեստը գրաւիչ է նաեւ իր տեսքով եւ ընդունուած է ուտել թէ՛ պաղ, թէ՛ տաք:

ԱՆԻԻ ՔԱՂՑՐԱՒԵՆԻ

Անիի քաղցրաւենին նոյնպէս աւանդական խոհանոցէն է եւ հայոց ամենավաղջնական ժամանակներուն կը վերագրուի: Բաղադրատոմսը վերականգնած են հայ բանահաւաքները՝ Միացեալ Նահանգներու Թրանսիլվանիա նահանգին մէջ ապրող հայ ներգաղթեալներէն: Քաղցրաւենին, որ մինչ վերջերս անծանօթ էր, այսօր մեծ տարածում ունի. պահքի շրջանին կարգ մը սրճարաններ կը գովազդեն Անի քաղաքին անունը կրող այս քաղցրաւենին:

Ինչպէս մշոշը, այս ալ շատ արագ կը պատրաստուի եւ նոյնպէս քիչ բաղադրիչներէ կազմուած է. անհրաժեշտ է բողկ, մեղր եւ խարկուած գետնանուշ, իսկ երբեմն գետնանուշը կը փոխարինեն ընկոյզով, նուշով, կաղինով կամ պիստակով: Կը թուի, թէ անհամատեղելի պիտի ըլլան մեղրն ու ընկուզեղէնը բողկին հետ, բայց ով որ մէկ անգամ ճաշակած է, չի մոռնար նուրբ համը: Միւս կողմէն, սննդագէտները ուշադրութիւն կը դարձնեն այն հանգամանքին, որ մեր նախնիները ճիշդ սնած են եւ այս քաղցրաւենին ոչ թէ կը ծանրացնէ մարսողութիւնը, շատ մը անուշեղէններու պէս, այլ կը նպաստէ անոր:

Անհրաժեշտ է կեղուել ճերմակ բողկը, որ կծու համով բուսարմատ մըն է, առանց ձէթի քիչ մը պէտք է խարկել, ապա աւելցնել մեղրը, սպասել որ մեղրին գոյնը քիչ մը մգանայ եւ վրան աւելցնել խարկուած գետնանուշը կամ որեւէ ընկուզեղէն: Այս ամէնը կը դառնայ կպչուն զանգուած մը. կլոր գնդիկներու վերածել եւ մատուցել իբրեւ պահքի քաղցրաւենի:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2020