ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՆՈՒԱԳԵՑ ՔԱՂԱՔԻՍ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ
Երէկ երեկոյեան Իսթանպուլի Ֆրանսական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին նուագներով հանդէս եկաւ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի։ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաքի եւ ամուսնոյն՝ Օլիվիէ Պուքէի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Հայ Կաթողիկէից Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։
Ապրիլի 24-ին առթիւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ոգեկոչման ցոյցէն անմիջապէս վերջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւնը, որուն հրաւիրուած էին քաղաքիս մէջ ոգեկոչումներուն մասնակցած արտասահմանեան բազմաթիւ գործիչներ, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական երկխօսութեան հետամուտ շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր։ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը տարիէ ի վեր Իսթանպուլի ոգեկոչումները կը կազմակերպուին, ըստ էութեան, երեք կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ։ Այդ կազմակերպութիւններն են «DurDe!»ն, Եւրոպայի հակացեղապաշտական շարժումը (EGAM) եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Եւրոպայի մասնաճիւղը։ Այս կառոյցներուն կողմէ սոյն ծրագրին գծով տարուած աշխատանքը կը գլխաւորեն՝ Լեւենտ Շենսեւեր, Պենժամէն Ապտան եւ Նիքոլա Դաւիթեան, որոնց բոլորն ալ ներկայ էին ընդունելութեան։ Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Կեդրոնական վարչութենէն Մարթին Եսայեան, նոյն հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան, դերասանուհի Արսինէ Խանճեան եւ այլք։
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաք, որ ջերմ արտայայտութիւններով ողջունեց ներկաները ու շեշտեց, թէ հայկական հ արցին շուրջ Ֆրանսայի դիրքորոշումը ծանօթ է բոլորին, մինչ նոյն առաւօտուն Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ մասնակցած էր Երեւանի ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Ընդունելութեան ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներու կազմակերպման մղիչ ուժերէն մին հանդիսացող «Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան տնօրէն Օսման Քաւալա։
Ելոյթներէն վերջ ներկաները ունկնդրեցին Շահան Արծրունիի նուագներուն։ Բոլորին համար անբացատրելի հաճոյք մը եղաւ անմիջական մթոլորտի մէջ, բաժակներ ի ձեռին ունկնդրել Շահան Արծրունիին, որ իր անկրկնելի վարպետութեամբ հերթական անգամ խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ։
Միւրիէլ Տոմենաք-Օլիվիէ Պուքէ ամոլը այս առթիւ Շահան Արծրունիին նուիրեց քաղաքիս Ֆրանսական պալատին վերաբերեալ պատրաստուած ալպոմ-հատորը։ Ֆրանսացի աւագ հիւպատոսը այս առթիւ ջերմ արտայայտութիւններով շնորհակալութիւն յայտնեց Շահան Արծրունիի նուագներուն համար։