ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ՝ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

24 Ապ­րի­լի ա­մե­նէն մեծ ու նշա­նա­կա­լից մշա­կու­թա­յին ձեռ­նար­կը, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան Օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թա­­տ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մերգն էր, ո­րու ըն­թաց­քին աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու կա­տար­մամբ հնչե­ցին Ա­րամ Խա­չատ­ուրեա­նի, Բար­սեղ Կա­նա­չեա­նի, Ա­լան Յով­հան­նէ­սի, Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի, Ե­դուարտ Միր­զո­յեա­նի, Ղա­զա­րոս Սա­րեա­նի, Էտ­կար Յով­հան­նի­սեա­նի, Ա­լեք­սանդր Յա­րու­թիւ­նեա­նի, Ա­ւետ Տէր­տէ­րեա­նի, Կոնս­տանդին Օր­բե­լեա­նի, Ա­լեք­սանդր Ա­ճէ­մեա­նի, Կո­մի­տա­սի, Սերժ Թան­քեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն:

Հա­մա­հայ­կա­կան սիմ­ֆո­նիք նուագա­խում­բը (All Armenian Orchestra) յի­րա­ւի մեծ ե­րաժշ­տա­կան տօն պար­գե­ւեց հան­րու­թեան: Հա­մեր­գին ներ­կայ էին հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­կան, հո­գե­ւոր, մշա­կու­թա­յին վեր­նա­խա­ւը՝ ա­ռա­ջին դէմ­քե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ այս օ­րե­րուն յի­շա­տա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հա­յաս­տան ե­կած բազ­մա­թիւ հայ եւ օ­տար հիւ­րեր, ո­րոնք նոյն­պէս տեղ զբա­ղե­ցու­ցած էին վե­րին ու ներ­քին օ­թեակ­նե­րուն մէջ:

Յատ­կան­շա­կան է, որ ապ­րիլքսան­չոր­սեան յի­շա­տա­կի գլխա­ւոր ձեռ­նար­կը այս ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րաժշ­տու­թեան բարձր ա­րուես­տի մի­ջո­ցաւ, որ իր մէջ ու­նէր վե­րած­նուն­դի խոր­հուր­դը, ինչ­պէս նաեւ՝ ո­գե­կո­չու­մը կա­յա­ցաւ հայ եւ հա­մաշ­խար­հա­յին դա­սա­կան ե­րա­ժիշտ­նե­րու ան­մահ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցաւ:

Հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խումբ ստեղ­ծե­լու գա­ղա­փա­րը Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար՝ Ար­մէն Ա­մի­րեան իր նշա­նա­կուե­լէն ան­մի­ջա­պէս ետք ներ­կա­յա­ցու­ցած էր նա­խա­գահ՝ Սերժ Սարգ­սեա­նին՝ 2016-ի Նո­յեմ­բե­րին: Ար­մէն Ա­մի­րեան հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին ա­ռա­ջար­կած էր ստեղ­ծել հա­մա­հայ­կա­կան սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խումբ մը, ո­րուն կազ­մին մէջ կ՚ընդգր­կուին աշ­խար­հի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ օ­տար խում­բե­րէն ներս հան­դէս ե­կող մեր տա­ղան­դա­ւոր հայ­րե­նա­կից­նե­րը: Ա­նոնց­մէ մաս մը հե­ռա­ցած է Հա­յաս­տա­նէն, մաս մըն ալ պար­զա­պէս ծնած եւ ապ­րած է այլ եր­կիր­նե­րու մէջ եւ իբ­րեւ գոր­ծու­նէու­թեան մարզ ընտ­րած է տուեալ երկ­րի դա­սա­կան ա­րուես­տի դաշ­տը:

Հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խում­բը նպա­տակ ու­նէր հա­մախմ­բել դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան մէջ ծա­նօթ բո­լոր հայ ա­նուն­նե­րը եւ միաս­նա­կան հա­մերգ­ներ ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի եւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ: Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հ Սերժ Սարգ­սեան ող­ջու­նած է նուա­գա­խում­բի գա­ղա­փա­րը, ընդգծե­լով, որ ան գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ Հա­յաս­տան-Սփիւռք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին իր պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն ու հա­մո­զու­մին, ինչ­պէս նաեւ խորհր­դան­շա­կան գա­ղա­փար մըն է: Նա­խա­գա­հը ը­սած է, որ ան ա­ռա­ջին առ­թիւ կը նշա­նա­կէ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն, միա­սին աշ­խա­տե­լու կա­րո­ղու­թիւն եւ, թե­րեւս, նուա­գա­խում­բը կա­րող է ներ­դաշ­նակ ու միաս­նա­կան աշ­խա­տան­քի օ­րի­նակ հան­դի­սա­նալ միւս ո­լորտ­նե­րէն ներս:

Այս ա­ռա­ջար­կի օ­րը, ա­ռա­ջին հա­մեր­գը նա­խա­րար՝ Ար­մէն Ա­մի­րեան նա­խա­տե­սած էր 24 Ապ­րի­լին: Ա­հա­ւա­սիկ, նուա­գա­խում­բը ար­դէն կա­յա­ցած ի­րո­ղու­թիւն մըն է:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­Կ­-ը գլխա­ւոր հա­մեր­գէն ա­ռաջ Օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի թատ­րո­նին մէջ ներ­կայ ե­ղաւ նուա­գա­խում­բի գլխա­ւոր փոր­ձին, որ­մէ ետք զրու­ցեց նուա­գա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ: Փոր­ձին ներ­կայ էր նաեւ նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան, որ լրա­ցու­ցիչ պար­զա­բա­նում­ներ տուաւ նուա­գա­խում­բին իբ­րեւ ար­դէն կա­յա­ցած կա­ռոյ­ցին մա­սին, ը­սե­լով, որ նուա­գա­խում­բը կը նպաս­տէ հայ ժո­ղո­վուր­դի միաս­նա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րի ամ­րապնդ­ման, նոր շունչ ու ո­գի կը հա­ղոր­դէ հան­րու­թեան: Նա­խա­րա­րը նաեւ շատ կա­րե­ւոր նկա­տեց, որ հայ ժա­մա­նա­կա­կից նշա­նա­ւոր եր­գա­հան՝ Տիգ­րան Ման­սու­րեան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մը գրած է յա­տուկ այս հա­մեր­գին հա­մար, որ նուի­րուած է ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի հե­րոս­նե­րուն: «Կը կար­ծեմ, որ խորհր­դան­շա­կան է եւ այդ հե­րո­սա­կա­նու­թեամբ պէտք է եզ­րա­փա­կել ապ­րիլք­սան­չոր­սեան հա­մեր­գը: Վստահ եմ, որ ե­րա­ժիշտ­նե­րը այս­տե­ղէն կը հե­ռա­նան ի­րենց վե­րագ­տած ծի­նե­րո­վ», ը­սաւ Մշա­կոյթի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան, որ չկրցաւ թաքց­նել իր յուզ­մուն­քը ի տես մէկ բե­մի վրայ հա­մախմ­բուած այդ­քան հայ տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­ժիշտ­նե­րու, ո­րոնք Հա­յաս­տան բե­րած է ի­րենց ա­րուես­տի մի­ջո­ցաւ ո­գե­կո­չե­լու նախ­նեաց յի­շա­տա­կը: Հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խում­բի գա­ղա­փա­րի ի­րա­կա­նաց­ման մաս­նակ­ցած են 20 եր­կիր­նե­րէ 71 հայ ար­հես­տա­վարժ ե­րա­ժիշտ­ներ, իսկ ապ­րիլքսան­չոր­սեան հա­մեր­գը ղե­կա­վա­րած են հինգ խմբա­վար­ներ: Նուա­գա­խում­բին մէջ ընդգր­կուած ե­րա­ժիշտ­նե­րը Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Գա­նա­տա­յէն, Է­քուա­տո­րէն, Սպա­նիա­յէն, Չի­նաս­տա­նէն, Գեր­մա­նիա­յէն, Ճա­բո­նէն, Փոր­թու­գա­լէն, Պել­ժի­ա­յէն, Սու­րիա­յէն, Վրաս­տա­նէն, Լե­հաս­տա­նէն, Լի­բա­նա­նէն, Մեք­սի­քո­յէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Զուի­ցե­րիա­յէն, Յու­նաս­տա­նէն, Ֆրան­սա­յէն, Իս­րա­յէ­լէն եւ Ար­ժան­թի­նէն են:

Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը մաս­նակ­ցու­թեան շուրջ հա­րիւր յայտ ստա­ցած է, ո­րոնց­մէ ընտ­րուած են լա­ւա­գոյն­նե­րը, նկա­տի առ­նե­լով ա­նոնց ար­հես­տա­վարժ պատ­րաս­տուա­ծու­թիւ­նը եւ այն, թէ ա­նոնք ո՞ր նուա­գա­խում­բե­րու մէջ կ­­՚աշ­խա­տին:

ԴԻՄԱՆԿԱՐՆԵՐ

Սու­րիո­յ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Դա­մաս­կո­սէն ե­կած է Ծո­վակ Պաղ­պու­տա­րեան: Հա­կա­ռակ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կին, Դա­մաս­կո­սի մէջ մշա­կու­թա­յին կեան­քը այս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին եր­բեք չէ դադ­րած, եւ Ծո­վակ Պաղ­պու­տա­րեան, մաս­նա­կից ըլ­լա­լով այդ կեան­քին, պա­տե­րազ­մա­կան բո­լոր օ­րե­րուն իր ծննդա­վայ­րին մէջ ե­ղած եւ գոր­ծած է: Ան Ա­րա­բա­կան ե­րաժշ­տա­կան ու­սում­նա­րա­նի սե­նե­կա­յին նուա­գախմ­բի ջու­թա­կա­հա­րու­հի­նե­րէն է: Պաղ­պու­տա­րեան ը­սաւ, որ հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խում­բի ան­դամ դառ­նա­լու մա­սին ի­րեն յայտ­նած է այդ նուա­գա­խում­բի ղե­կա­վա­րը, յայտ ներ­կա­յա­ցու­ցած են եւ ըն­դու­նուած է, որ հա­ճե­լի ի­րո­ղու­թիւն մը կը նկա­տէ Ծո­վա­կը, ո­րուն մի­ջո­ցաւ փու­թա­ցած է հայ­րե­նիք: Ան կ­­՚ը­սէ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­ղած է ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն եւ ան­կէ ա­ռաջ, երբ Հա­յաս­տա­նը տա­կա­ւին ան­կախ չէր եւ բո­լո­րո­վին այլ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ պա­հած էր հայ­րե­նի­քէն: Այս այ­ցին, ա­մէն ինչ փո­խուած տե­սած է ան, եւ մա­նա­ւանդ՝ ե­րաժշ­տա­կան կեան­քը, դա­սա­կան ա­րուես­տի հան­դէպ մօ­տե­ցու­մը շատ լուրջ կը նկա­տէ: Ա­նոր հա­մար մեծ ի­րա­դար­ձու­թիւն էր աշ­խար­հի զա­նա­զան վայ­րե­րէն այդ­քան հայ ար­հես­տա­վարժ ե­րա­ժիշտ տես­նե­լը, ը­սաւ, որ բո­լո­րը կը միաց­նէ շատ կա­րե­ւոր եր­կու բան՝ հայ ըլ­լա­լը եւ այն, որ բո­լորն ալ դա­սա­կան ա­րուես­տի մէջ են: «Այդ հան­գա­ման­քը կը մղէ մեզ զգա­լու, որ մենք՝ այս եօ­թա­նա­սուն հո­գին, զի­րար շա­տոնց գի­տեն­ք», ը­սաւ ան, վստահ ըլ­լա­լով, որ Հա­յաս­տա­նէն պի­տի հե­ռա­նայ ան­մո­ռա­նա­լի տպա­ւո­րու­թեամբ եւ ըն­կեր­ներ ձեռք բե­րած: Ծո­վակ Պաղ­պու­տա­րեան եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը դա­սա­ւան­դէ Դա­մաս­կո­սի՝ 1929 թուա­կա­նին հիմ­նուած Ազ­գա­յին Միա­ցեալ վար­ժա­րա­նին մէջ, միեւ­նոյն ա­տեն նուա­գա­խում­բին հետ, ուր կը նուա­գէ, հիւ­րա­խա­ղեր ու­նե­ցած է թէ՛ Սու­րիոյ տա­րած­քին եւ թէ երկ­րէն դուրս:

Նմա­նա­պէս նոյնն է պա­րա­գան Հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խում­բի ան­դամ դար­ձած բո­լոր ե­րա­ժիշտ­նե­րուն: Ա­նոնք հիւ­րա­խա­ղե­րու, հա­մերգ­նե­րու հա­րուստ ցանկ մը ու­նին, լուրջ ներդ­րում մը՝ ա­րուես­տին մէջ, ա­հա­ւա­սիկ, այդ հան­գա­ման­քով ալ ար­ժա­նա­ցած են Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին ղե­կա­վար­նե­րու ու­շադ­րու­թեան:

Հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խում­բի մէկ այլ ան­դա­մի՝ Թա­մար Իս­կէ­նեա­նին ար­դէն ծա­նօթ ենք Լի­բա­նա­նէն: Ան աշ­խա­տա­ւո­րա­կան թա­ղա­մա­սէ ներս ապ­րող հա­մեստ ըն­տա­նի­քի մը մէջ ծնած հա­յու­հի մըն է, որ իր մէջ ե­րաժշ­տա­կան տա­ղան­դը բա­ցա­յայ­տե­լով, բռնած է ե­րաժշ­տու­թեան ու­ղին եւ այ­սօր հան­րա­յայտ ե­րա­ժիշտ է, սրնգա­հար: Սրնգա­փո­ղի ա­ռա­ջին դա­սե­րը ան ստա­ցած է Պէյ­րու­թի Բար­սեղ Կա­նա­չեա­նի անուան ե­րաժշ­տա­նո­ցէն, որ­մէ ետք գե­րա­զանց ա­ւար­տած է Լի­բա­նա­նի Ազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­նո­ցը: 2006 թուա­կա­նէն սկսեալ ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է Եւ­րո­պա­յի մէջ, բազ­մա­թիւ մրցոյթ­նե­րու դափ­նե­կիր է, նուա­գած է Լոն­տո­նի «Ալ­պերթ Հոլ­լ­»ի, Ար­ժան­թի­նի «Կո­լոն Թատ­րո­ն­»ի, Ֆրան­սա, Գեր­մա­նիա, Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա, Մա­րոք, Սպա­նիա, Լի­բա­նան, Սու­րիա, Զուի­ցե­րիա եւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ, սա­կայն ա­ռա­ջին ան­գամ Հա­յաս­տա­նի մէջ հան­դէս ե­կաւ այս հա­մեր­գով՝ Հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խում­բին մէջ սրինգ նուա­գե­լով: Իր հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն կառ­չած ըլ­լա­լու հա­նա­գա­ման­քով Թա­մար Իս­կէ­նեան սրին­գին զու­գա­հեռ նաեւ շուի կը նուա­գէ՝ վե­րապ­րեց­նե­լով հինգ հա­զար տա­րուան պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող հայ­կա­կան շուին, ա­նոր ձայ­նը հայ­կա­կան ե­ղա­նակ­նե­րու մի­ջո­ցաւ լսե­լի դարձ­նե­լով աշ­խար­հին: Ան կը բնա­կի Զուի­ցե­րիա եւ հան­դէս կու գայ տեղւոյն նշա­նա­ւոր նուա­գա­խում­բե­րուն հետ, միեւ­նոյն ա­տեն իր ե­րա­ժիշտ եղ­բայր­նե­րուն՝ Լե­ւոն եւ Շանթ Իս­կէ­նեան­նե­րուն հետ հիմ­նած են «Իս­կէ­նեան ե­ռեա­կ­»ը, որ­ով հան­դէս կու գան զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ:

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ Փոր­թու­գա­լէն Հա­մա­հայ­կա­կան սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բին մէջ նուա­գած են չորս ե­րա­ժիշտ­ներ, ո­րոնց­մէ եր­կու­քը մէկ ըն­տա­նի­քի ան­դամ են՝ մայր եւ որ­դի Նա­րի­նէ Տէլ­լա­լեան եւ Յա­րու­թիւն Մու­րա­տեան: Ջու­թա­կա­հա­րու­հի Նա­րի­նէ Տէլ­լա­լեան Ե­րե­ւա­նէն Փոր­թու­գալ գա­ցած է իր ա­մու­սի­նին՝ թաւ­ջու­թա­կա­հար՝ Լե­ւոն Մու­րա­տեա­նին հետ, Լիզ­պո­նի Ազ­գա­յին սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բի ան­դամ են ա­նոնք, ե­րաժշ­տու­թեան ճամ­բան բռնած են նաեւ ա­նոնց զա­ւակ­նե­րը: Փոր­թու­գա­լէն Հա­յաս­տան ե­կած ե­րա­ժիշտ­նե­րէն Հա­յաս­տան ծնած է նաեւ ջու­թա­կա­հա­րու­հի Լի­լիթ Դաւ­թեան, որ այ­սօր Փոր­թու­գալ Orquestra Sinfonica do Porto Casa da Musica նուա­գա­խում­­բի ան­դամ է ու հոն­կէ հրա­ւիրուած է մաս կազ­մե­լու Հա­մա­հայ­կա­կան սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բին:

Պել­ժի­ա­յէն նուա­գա­խում­բին մէջ կայ ե­րեք ե­րա­ժիշտ՝ Սե­ւակ Ա­ւա­նէ­սեան, Ա­րամ Գէ­որ­գեան եւ Կա­րէն Գէոր­գեան:

Ֆրան­սա­յէն ժա­մա­նած են Տել­ֆին Տէր-Ա­ւե­տի­սեան-Նոք­լերք, որ ծնած է Ֆրան­սա, Ա­նի Պօ­ղո­սեան, որ ծնած է Ե­րե­ւան եւ հե­տա­գա­յին տե­ղա­փո­խուած է Ֆրան­սա, Պա­րոյր Շա­հա­զի­զեան, որ կրկին Ե­րե­ւա­նէն տե­ղա­փո­խուած է Ֆրան­սա. ան Ռու­սաս­տան ծնած է եւ այ­սօր Ֆրան­սա­յի մէջ գոր­ծող Քրիս­տի­նա Սարգ­սեան:

Սպա­նիա­յէն ժա­մա­նած չորս ե­րա­ժիշտ­նե­րէն ե­րե­քը Հա­յաս­տա­նէն ժա­մա­նա­կին մեկ­նած եւ այ­սօր Սպա­նիոյ կա­րե­ւոր նուա­գա­խում­բե­րուն մէջ ներգ­րա­ւուած ե­րա­ժիշտ­ներ են: Իսկ Սպա­նիա­յէն ե­կած չոր­րորդ ե­րա­ժիշ­տը՝ Ար­տեմ Քե­շա­պեա­նը սպա­նա­հայ է, հոն ու­սում ստա­ցած եւ գոր­ծու­նէու­թիւն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ջու­թա­կա­հար է, որ մեծ սի­րով ընդրկ­գուած է Հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խում­բին մէջ:

Դա­նիա­յէն նուա­գա­խում­բին մէջ ընդգր­կուած միակ ե­րա­ժիշ­տը՝ ջու­թա­կա­հար Նե­ֆե­լի­նա Մու­սա­յէ­լեան, կրկին Հա­յաս­տա­նէն հա­սած է Դա­նիա:

Նոյն­պէս Գեր­մա­նիա­յէն ե­կած չորս ե­րա­ժիշտ­նե­րէն ե­րե­քը Ե­րե­ւա­նէն են, որ այ­սօր գոր­ծու­նէու­թիւն կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն Գեր­մա­նիոյ մէջ, իսկ չոր­րորդ ե­րա­ժիշ­տը՝ Մա­րի­նա Սար­գիո­սո­վան, Թաշ­քեն­թէն հա­սած է Գեր­մա­նիա, իսկ այ­սօր մեծ ու­րա­խու­թեամբ նոյն բե­մին վրայ կը նուա­գէ իր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հետ:

Յու­նաս­տա­նէն Հա­յաս­տան ժա­մա­նած միակ ե­րա­ժիշ­տը՝ Վի­լէն Կա­րա­պե­տեան, ծնած է Ատր­պէյ­ճան, յայտ­նի դէպ­քե­րուն պատ­ճա­ռաւ տե­ղա­փո­խուած է Հա­յաս­տան, ուր­կէ ան­ցած է այլ եր­կիր­ներ, իսկ այ­սօր ան Յու­նաս­տա­նի «Փաթ­րա­սի մե­նա­կա­տար­նե­ր» սե­նե­կա­յին նուա­գախմ­բի թաւ­ջու­թա­կա­հար է:

Դրա­ցի Վրաս­տա­նէն Հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խում­բին մէջ ներգ­րա­ւուած չորս ե­րա­ժիշտ­ներն ալ բնիկ թիֆ­լի­զա­հա­յեր են, ո­րոնք Վրաս­տա­նի մէջ մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած հա­յեր են:

Իս­րա­յէ­լէն ե­կած ջու­թա­կա­հար Ար­մէն Աս­լա­նեա­ն նոյն­պէս հա­յաս­տան­ցի է, Հայ­ֆա­յի սիմ­ֆո­նիք եւ ճա­զա­յին նուա­գա­խում­բի կազ­մին մէջ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած է Չի­նաս­տա­նի, Գեր­մա­նիոյ եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու քսան­հինգ նա­հանգ­նե­րուն մէջ:

Լի­բա­նա­նի Ազ­գա­յին ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բի ան­դամ՝ Հայկ Տէր-Յով­հան­նի­սեա­ն Լի­բա­նան մեկ­նած է Հա­յաս­տա­նէն, այ­սօր ու­րախ է, որ ի­րեն հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձեռ­նուած է Հա­յաս­տա­նէն մեկ­նած բա­զում ե­րա­ժիշտ­նե­րու հետ կրկին հան­դէս գալ հայ­րե­նի բե­մին վրայ:

Ռու­սաս­տա­նէն այս նուա­գա­խում­բի կազ­մին մէջ ե­րէ­կուան հա­մեր­գին նուա­գե­ցին վեց ե­րա­ժիշտ­ներ: Ա­նոնք հա­մա­ռու­սաս­տա­նեան մա­կար­դա­կով յայտ­նի ե­րա­ժիշտ­ներ են՝ Շու­շան Շա­մի­րեան, Նի­քո­լայ Նու­րի­ջա­նով, Է­րիկ Շահ­նա­զա­րեան, Մա­րատ Ա­ւա­նէ­սեան եւ Անդ­րա­նիկ Մա­նու­սա­ջեւ:

Հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խում­բի աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը կը հաս­նի մին­չեւ հե­ռա­ւոր Չի­նաս­տան եւ Ճա­բոն: Ա­հա­ւա­սիկ, Ճա­բո­նէն Հա­յաս­տան ե­կած է նախ­կին հա­յաս­տա­նաբ­նակ ե­րա­ժիշտ՝ Կա­րէն Իս­րա­յէ­լեան, որ Հա­յաս­տա­նէն նախ Եւ­րո­պա, իսկ 2009 թուա­կանն ալ տե­ղա­փո­խուած է Ճա­բոն, ուր 2011 թուա­կա­նէն ի վեր կ­­՚աշ­խա­տի Թո­քիո­յի IlluminArt Philharmonic Orchestra-ին մէջ, որ­պէս մե­նա­կա­տար ջու­թա­կա­հար, ինչ­պէս նաեւ որ­պէս նուա­գա­խում­բե­րու ան­դամ մաս­նակ­ցած է բազ­մա­թիւ փա­ռա­տօն­նե­րու, այ­սօր ճա­բո­նա­կան Hachioji Music Academy-ի դա­սա­խօս է եւ AREV ARTS Management ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­դիր տնօ­րէ­նը: Ան մե­զի հետ զրոյ­ցին ըն­թաց­քին ը­սաւ, որ հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խումբ ու­նե­նա­լու գա­ղա­փա­րը նո­րու­թիւն չէ, ա­մէն մէկ հայ ե­րա­ժիշտ, ո՛ւր որ ալ հան­դի­պի երկ­րորդ հայ ե­րա­ժիշ­տին, ան­պայ­ման ա­նոնք միաս­նա­կան նուա­գա­խումբ մը ստեղ­ծե­լու ե­րա­զին մա­սին կը խօ­սին, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այն­քան շատ են աշ­խար­հի տա­րած­քին սփռուած հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րը, որ ե­թէ հրաշ­քով մը հա­մախմ­բուին, ան­պայ­ման նուա­գա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը կազ­մեն: Ա­հա­ւա­սիկ, բազ­մա­թիւ հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու այդ ե­րա­զը ար­դէն ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է:

Ծայ­րա­գոյն Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րէն՝ Չի­նաս­տա­նէն ե­կած միակ ե­րա­ժիշ­տը կրկին հա­յաս­տան­ցի է։ Ան Ե­րե­ւա­նի մէջ ծնած, Շան­հա­յի Պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցէն ներս ու­սա­նած՝ Աստ­ղիկ Պօ­ղո­սեանն է, որ ներ­կա­յիս իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը կը շա­րու­նա­կէ նոյն ե­րաժշ­տա­նո­ցի թե­կա­նա­ծուա­կան բաժ­նին մէջ, բայց, հա­կա­ռակ իր ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, ար­դէն մրցոյթ­նե­րու դափ­նե­կիր է եւ իբ­րեւ ջու­թա­կա­հար նուա­գած է բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ:

Յատ­կան­շա­կան է, որ Տիգ­րան Մա­տթէո­սեանն ու Զօ­րիկ Բա­զի­նեա­նը Կիւմ­րի ծնած եր­կու ե­րա­ժիշտ­ներ են, ո­րոնք կը գոր­ծեն Է­քուա­տո­րի մէջ, եւ եր­կուքն ալ ա­ռաջ­նա­կարգ ջու­թա­կա­հար ըլ­լա­լով ընդրգ­կուած են հա­մա­հայ­կա­կան այս նա­խագ­ծին մէջ:

Ար­ժան­թի­նէն ե­կած բարձ­րասրն­գա­հար՝ Սա­րօ Դա­նիէ­լեան կրկին ե­րե­ւան­ցի է եւ այ­սօր «Սալ­տա» սիմ­ֆո­նիք նուա­գախմ­բի հո­պո­յա­հար­նե­րէն է ու իբ­րեւ մե­նա­կա­տար հան­դէս կու գայ այդ ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծի­քով:

Մե­քսի­քո­յէն Հա­հա­մայ­կա­կան նուա­գա­խում­բին մէջ ընդգր­կուած է թաւ­ջու­թա­կա­հար, նախ­կին հա­յաս­տա­նաբ­նակ՝ Սա­մուէլ Բար­սե­ղեան, նմա­նա­պէս նախ­կին հա­յաս­տա­նաբ­նակ են Գա­նա­տա­յէն ե­կած հինգ ե­րա­ժիշտ­ներն ալ, ո­րոնց բախտ վի­ճա­կուած է միաս­նա­կան հա­մեր­գին մաս­նա­կից ըլ­լա­լու:

Եւ վեր­ջա­պէս, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն Հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խում­բին մէջ ներգ­րա­ւուած են ջու­թա­կա­հար­ներ Ար­մէն Մով­սէ­սեա­նը, Հեն­րիկ Կա­րա­պե­տեա­նը, Գա­րիկ Թէր­զեա­նը, Սա­թօ Մու­ղա­լեա­նը, Սիլ­վի Զա­քա­րեա­նը եւ Հայկ Շի­րի­նեա­նը, ո­րոնց մեծ մա­սը կրկին Հա­յաս­տա­նէն հաս­տա­տուած են ԱՄՆ:

Բա­ցի ե­րա­ժիշտ­նե­րէն, հա­մեր­գին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին նաեւ եր­գիչ­ներ՝ հա­մաշ­խար­հա­յին մեծ ճա­նա­չում ու­նե­ցող հայ մե­նա­կա­տար­ներ՝ Յաս­միկ Պա­պեան, Յաս­միկ Թո­րո­սեան, Լի­պա­րիտ Ա­ւե­տի­սեան, կրտսեր սե­րուն­դի ե­րա­ժիշտ­նե­րէն՝ Տիա­նա Ա­դա­մեան եւ Դա­նիէլ Մել­քո­նեան: Ե­րա­ժիշտ­նե­րէն Լի­պա­րիտ Ա­ւե­տի­սեան կա­տա­րեց յա­տուկ այս հա­մեր­գին հա­մար Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի գրած «.Քեր­թուած յաղ­թա­նա­կի» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, որ նուի­րուած է ապ­րի­լեան զո­հե­րուն, եւ կ­­՚ո­գե­կո­չէ յաղ­թա­նակ եւ յառ­նում: Յաղ­թա­նա­կի եւ յառն­ման գա­ղա­փարն ալ դար­ձած է Հա­մա­հայ­կա­կան սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բին կար­գա­խօ­սը: Ինչ­պէս կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կ­­՚ը­սեն. «Հա­մա­հայ­կա­կան նուա­գա­խում­բի տար­բե­րան­շա­նը փիւ­նիկ թռչունն է՝ «Հ» տա­ռի պատ­կեր­մամբ, որ «Հա­մա­հայ­կա­կա­ն» բա­ռի խտա­ցումն է: Նուա­գախմ­բի կազ­մա­ւո­րու­մը Փիւ­նիկ թռչու­նի խորհր­դան­շա­նով ան­գամ մը եւս կը վկա­յէ, որ դժուար պատ­մա­կան ու­ղի ան­ցած եւ բնաջն­ջուե­լու փոր­ձե­րը յաղ­թա­հա­րած հայ ազ­գը ի զօ­րու է կրկին վեր խո­յա­նա­լու եւ երկն­քին մէջ թե­ւա­ծե­լու, ինչ­պէս վե­րած­նած Փիւ­նիկ մը»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2017