ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻՆ ՊԱՐԳԵՒ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ հռչակաւոր արուեստագէտ, յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունի յառաջիկայ օրերուն բարձր պարգեւի մը արժանի պիտի դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան կողմէ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշած է Շահան Արծրունին պարգեւատրել «Մովսէս Խորենացի» մետայլով։ Այս շաբաթավերջին՝ Մայիսի 28-ին, Հանրապետութեան տօնին առթիւ Երեւանի մէջ նախատեսուած են շարք մը տօնակատարութիւններ։ Ըստ սովորութեան, այդ տօնակատարութիւններուն շրջագծով կը կազմակերպուի նաեւ պարգեւատրման արարողութիւն մը։ Ուրեմն, Շահան Արծրունիի «Մովսէս Խորենացի» մետայլն ալ պիտի յանձնուի այս աւանդական հանդիսութեան ընթացքին։
Ինչպէս ծանօթ է, Շահան Արծրունի երկար տարիներէ ի վեր անգնահատելի նպաստ մը կը բերէ հայ երաժշտութեան եւ իր ամբողջ հեղինակութիւնը ի գործ կը դնէ անոր միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ։ Իր գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր զուտ գեղարուեստական բնագաւառով, այլ ան հետեւողականօրէն բազմակողմանի նպաստ կը բերէ՝ Հայաստանի մէջ ընկերային զանազան ծրագրերու կեանքի կոչուելուն, համագործակցելով նաեւ Հայ օգնութեան ֆոն-տին (ՀՕՖ) հետ։