ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՆ՝ ՅԵՏՄԱՀՈՒ
2020 թուականի հոկտեմբերի 18-ին Արցախի Մատաղիս գիւղին մէջ, 44-օրեայ պատերազմի օրերուն զոհուեցաւ հայրենի երիտասարդ արուեստաբան, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատող Աւետիս Աւետիսեան:
Աւետիսը ռազմաճակատ մեկնած էր կամաւոր: Ան 34 տարեկան էր: Ներգրաւուած էր կարգ մը նախագիծերու մէջ, այդ կարգին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերականգնման աշխատանքները:
Ի յիշատակ մտաւորական նահատակի, «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանի գիտական խորհուրդի որոշմամբ լոյս տեսած է Աւետիս Աւետիսեանի «Հայ արուեստի պատմութեան էջեր» խորագրով յօդուածներու եւ նիւթերու ժողովածոն: Անոր մէջ ամփոփուած է արուեստաբանի անտիպ աշխատութիւններու ընտրանին, որուն բուն ատաղձը հայ արուեստն է՝ իր տարաբնոյթ դրսեւորումներով՝ որմնանկարչութիւն, ճարտարապետութիւն, վիմագրութիւն, քանդակ, լուսանկարչութիւն, ձեռագրարուեստ: Մասնագէտները, հաւաքելով Աւետիս Աւետիսեանի յօդուածները՝ մեծապէս կը կարեւորեն հայ ուշմիջնադարեան եւ նոր ժամանակներու որմնանկարչութեան նուիրուած հեղինակի մասնագիտական դիտարկումներն ու վերլուծութիւնները, որոնք կը նպաստեն հայ արուեստի՝ սակաւ ուսումնասիրուած այդ բնագաւառի կարգ մը հարցերու պարզաբանման:
Գիրքը կազմած եւ հրատարակութեան պատրաստած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արսէն Յարութիւնեան, իսկ խմբագիրն է անուանի պատմաբան Կարէն Մաթէոսեան:
Անմահացած արուեստաբան Աւետիս Աւետիսեանի յետմահու լոյս տեսած «Հայ արուեստի պատմութեան էջեր» գիրքի կողքին Էջմիածնի Մայր Տաճարին լուսանկարն է: Աւետիս Աւետիսեան ոչ միայն ներգրաւուած էր Մայր Տաճարի վերականգնման աշխատանքներուն, այլ նաեւ իբրեւ որմնանկարներ ուսումնասիրող արուեստաբան կարգ մը յօդուածներ գրած է Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի մասին, ուսումնասիրելով Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին որմնանկարները, կազմելով ցուցակը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի կտաւներուն, անդրադարձած է Մայր Տաճարի Իջման Սուրբ Սեղանին եւ նկարազարդ ամպհովանիին, Մայր Տաճարի մեծ զանգակատան արձանագիր զանգերուն, տաճարի կառուցումին եւ այլն: Այդ բոլոր յօդուածները ներառուած են գիրքին մէջ:
Գիրքը կազմող Արսէն Յարութիւնեան հանգամանօրէն ներկայացուցած է Աւետիս Աւետիսեանի կենսագրութիւնը, նշելով, որ գիտական գործունէութեան զուգահեռ՝ Աւետիս Աւետիսեան շրջագայած է Հայաստանի, Արցախի, նաեւ յարակից երկիրներու պատմական վայրերով, հիացած հայոց հնամենի վանքերու եւ բերդերու ճարտարապետութեամբ, որմերու ու կոթողներու վրայ պահպանուած մեսրոպատառ վիմագրերով, բարձրարուեստ պատկերաքանդակներով ու որմնանկարներով:
2015 թուականին Աւետիս Աւետիսեան աշխատանքի ընդունուած է Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ, եւ, ինչպէս Արսէն Յարութիւնեան կը նշէ, այս մէկը լաւ առիթ էր հոգեւոր երաժշտութեան սիրահար գիտաշխատողի համար՝ հաղորդակցուելու մեծ հանճարի ստեղծագործութիւններուն, անոր կեանքն ու գործը լուսաբանող արխիւային վաւերագրերուն ու լուսանկարներուն: Այդ ժամանակահատուածին ալ գրուած են անոր աշխատութիւններէն շատերը, նուիրուած՝ Գնդեվազ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին, Մեղրիի Անապաստանաց վանքին, Փոքր թաղի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ, Ագուլիսի Սուրբ Թովմա տաճարին, Տրապիզոնի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի որմնանկարներուն, ներկագիր արձանագրութիւններուն ու ատոնց վերականգնման, ինչպէս նաեւ՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ու զանգակատան մեծ ու փոքր վիմագրերուն: Ըլլալով արուեստի նուիրեալ եւ ամբողջութեամբ տրուելով այդ ասպարէզին՝ հայրենիքի վտանգի պահուն Աւետիս Աւետիսեան ձգած է ամէն ինչ եւ կամաւորագրուած հող հայրենիի պաշտպանութեան սուրբ գործին…
Ան ամուսնացած էր, դուստր մը ունի… Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին հրամանով, արուեստաբան Աւետիս Աւետիսեան յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով:
Այս արժէքաւոր ժողովածոյի առաջին մասին մէջ ընդգրկուած յօդուածները կը ներկայացնեն հայ որմնանկարչական յուշարձաններու ընդհանուր պատկերն ու յատկանշական ցուցակը՝ Վանի թագաւորութենէն մինչեւ մեր օրերը: Երկրորդ մասին մէջ հաւաքած են հեղինակի այն յօդուածները, որոնք նուիրուած են պատմութեան, ճարտարապետութեան, քանդակագործութեան, ձեռագրական ու լուսանկարչական արուեստին առընչուող խնդիրներուն:
Մաշտոցեան Մատենդարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Կարէն Մաթէոսեան գիրքի նախաբանին գրուած իր խօսքին մէջ կը նշէ. «Խոստովանիմ, որ մեծ յոյսեր կը կապէի անոր հետ, քանի որ որմնանկարչութեան ուսումնասիրութիւնը այն ոչ-դիւրին բնագաւառն է, որ ոչ միայն մասնագիտական հմտութիւն, այլ անմնացորդ նուիրեալի աշխատանք կը պահանջէ. Աւետիսը ճիշդ այդ մարդն էր: Մեծ ցաւ կ՚ապրիմ, որ անոր երիտասարդ կեանքը այդքան շուտ աւարտեցաւ, անկատար մնացին գիտական բազմաթիւ ծրագիրներ: Ան կամաւորաբար իր կեանքը դրաւ հայրենիքի զոհասեղանին: Ծանօթ երգ մը կայ՝ «Երկիր հայրենի», որու բառերուն մէջ Աւետիս ընտրեց «Ես մի զարկն եմ քո բազկի» տողը... Աւետիս Աւետիսեանի լուսաւոր յիշատակը վառ կը մնայ զինք ճանչցողներու միտքին ու սիրտին մէջ: Բարեբախտաբար, ան հասցուց գիտական վաստակէն զատ (որու առհաւատչեան է սոյն հարուստ ժողովածոն), այս աշխարհի մէջ ժառանգ մը ձգել՝ փոքրիկ հրեշտակ դստրիկ մը՝ Նարինէ անունով: Երբ ան մեծնայ, հպարտ կ՚ըլլայ իր գիտնական եւ հերոս հայրիկով»:
«Հայ արուեստի պատմութեան էջեր» գիրքին մէջ տպուած յօդուածները մէկը միւսէն հետաքրքրական են, գրուած են մեծ նուիրումով, արուեստի եւ քրիստոնէութեան հանդէպ անհուն սիրով ու հաւատքով: Արեւմտահայերէնի փոխելով կը ներկայացնենք երկու յօդուած (յապաւուած), մէկը՝ Մայր Տաճարի, միւսն ալ պոլսահայ Արամ Վրոյրի մասին, որ բազմաթիւ հայ եւ օտար լուսանկարիչներու կարգին նոյնպէս լուսանկարած է հայկական պատմաճարտարապետական յուշարձանները:
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԻՋՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ՍԵՂԱՆԸ ԵՒ ՆԿԱՐԱԶԱՐԴ ԱՄՊՀՈՎԱՆԻՆ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի գմբէթի ներքոյ՝ չորս գմբէթակիր մոյթերու միջեւ կը գտնուի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սրբութիւններէն մէկը՝ Իջման Սուրբ Սեղանը: Զայն կը խորհրդանշէ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան թերեւս ամենակարեւոր դրուագը՝ Մայր եկեղեցւոյ հիմնադրումը: Ընդունուած է ըսել, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքին մէջ ճիշդ այստեղ է, որ Տէրը ոսկեայ կռանով հարուածած է գետնին՝ նախանշելով տաճարին կառուցման վայրը:
Թէ ինչպիսի տեսք կամ կահաւորանք ունեցած է Մայր Տաճարի Իջման տեղը վաղ եւ զարգացած միջնադարին՝ դժուար է ըսել: Սակայն կասկածէ վեր է, որ այս հատուածը չէր կրնար յատուկ ուշադրութեան չարժանանալ, քանզի նոյնինքն՝ Իջման տեղով պայմանաւորուած է Հայ Եկեղեցւոյ, մասնաւորապէս՝ Մայր Տաճարին բացառիկութիւնը: Աւելորդ է ըսել, որ Ս. Աստուածածնին նուիրուած տաճարի միջնադարեան երեք առաւել տարածուած անուանումները (Վաղարշապատի Կաթողիկէ, Սուրբ Էջմիածին, Սուրբ Շողակաթ կամ Շողակաթ Սուրբ Աստուածածին) անմիջականօրէն կապուած են Իջման իրադարձութեան հետ:
Իջման տեղի կահաւորման վերաբերեալ մեզի մասնակի տեղեկութիւններ հասած են սկսեալ 17-րդ դարէն: Ինչպէս յայտնի է՝ 1604-1605 թուականներուն՝ մեծ բռնագաղթէն մէկ տասնամեակ անց, պարսից շահ Ապպաս Ա.-ը, ցանկալով հայ գաղթականները ետ պահել Հայաստան վերադառնալու միտքէն, կ՚որոշէ հայերուն համար Նոր Ջուղայի մէջ կառուցել նոր մայր տաճար: Այս նպատակով Էջմիածինէն Նոր Ջուղա կը տանին Լուսաւորիչին Աջն ու Մայր Տաճարի կարեւորագոյն տասնհինգ քարերը, ատոնց մէջ՝ Իջման քարը: Այսպէսով, Առաքել պատմագիրը վերոյիշեալ տասնհինգ քարերէն միայն մէկը կը բնորոշէ որպէս Իջման քար: Ներկայիս այդ քարերը (կամ՝ ինչ մնացած է այդ քարերէն) կը պահուին Նոր Ջուղայի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ: Ատոնց մէջ կ՚առանձնանան իրարու կից երկու պազալտեայ սրբատաշ քարերը, որոնցմէ առաջինը հարթ ուղղանկիւնաձեւ է, կեդրոնը՝ փոքր փոսորակով, իսկ միւսը չափերով աւելի փոքր եւ բարձր է, կը յիշեցնէ կարճ սիւն, որուն վերի նիստի կեդրոնը առկայ է կիսագնդաձեւ ելուստ, որ, ըստ ամենայնի, նախատեսուած եղած է առաջին քարի փոսիկին ագուցելու համար (չափերը լիովին կը համապատասխանեն):
Իջման տեղին եւ սուրբ քարին մասին ուշագրաւ է 17-րդ դարու ֆրանսացի ճանապարհորդ Ժան Շարտընի նկարագրութիւնը, որ կը ներկայացուի ֆրանսերէնէ թարգմանաբար. «Եկեղեցւոյ կեդրոնը կը գտնուի մեծ քառակուսի քար մը՝ երեք ոտնաչափ անկիւնագիծով եւ հինգ ոտնաչափ հաստութեամբ: Հայերը այն հաստատուն հաւատը ունին, որ սա այնտեղն է, ուր իրենց առաքեալ Սուրբ Գրիգորը կիրակի մը երեկոյեան տեսաւ Յիսուս Քրիստոսին, երբ ինք կ՚աղօթէր եւ ուր Ան խօսեցաւ Սուրբ Գրիգորին հետ: Վանականները այնուհետեւ կը համոզէին մեզ, որ Յիսուս Քրիստոս այդ սուրբին առջեւ լոյսի ճառագայթներով գծագրեց Էջմիածնի եկեղեցւոյ պատկերը եւ պատուիրեց անոր՝ կառուցել համաձայն այն գծագրի, որ ան պատկերեց տեսիլքին մէջ: Անոնք նաեւ կ՚աւելցնեն, որ այն տեղը, ուր այժմ յիշեալ քարը դրուած է, նոյն այդ ժամանակ երկիրը բացուեցաւ եւ Քրիստոս այդ բացուածքին միջով ձեւաւորուած խորխորատը նետեց Հայաստանի տաճարներուն մէջ եղած բոլոր դեւերը, որոնք կեղծ պատգամախօսներ էին, եւ Ս. Գրիգորին պատուիրեց սանդարամետը ծածկել մարմարով: Ըսուածին աւելցուցին, որ Ապպաս Մեծը տարաւ մարմարեայ սալը եւ այն զետեղեց Պարսկաստանի արքունական թանգարանը, իսկ այդ սալին տեղը դրաւ այն քարը, որուն մասին ես ըսի»:
Եղիազար Ա. Այնթապցի (Հռոմկլայեցի) Կաթողիկոսի օրօք (1681-1691թթ.) Իջման տեղը կը հիմնուի պատարագի Սուրբ Սեղան, որուն վրայ կը կառուցուի ամպհովանի-կաթողիկէ: Այս մասին առաջին վկայութիւնը կը հաղորդէ Զաքարիա Քանաքեռցին, աւելի ուշ՝ Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսը:
Մօտաւորապէս նոյն տեղեկութիւնը կը հաղորդեն նաեւ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ Տ. Յովհաննէս Եպսկ. Շահխաթունեանցն ու Տ. Աբէլ Արք. Մխիթարեանցը:
Վերը նշուածը ամբողջացնելով՝ կարելի է եզրակացնել, որ Եղիազար Կաթողիկոսի կառուցած ամպհովանին «սովորական» (այսինքն՝ ոչ թանկարժէք) եւ «խամ» (այսինքն՝ անմշակ, անտաշ) քարերով կառուցուած չորս սիւներէն եւ ատոնք պսակող փոքրածաւալ գմբէթաձեւ ծածկէն՝ կաթողիկէէն բաղկացած շինուածք մըն էր, որու ներքոյ կը գտնուի հնագոյն քարաշարով պատուած պատարագի Ս. Սեղանը:
Մօտ չորս տասնամեակ անց, Աստուածատուր Ա. Համադանցի Կաթողիկոսը (1715-1725թթ.) Մայր Տաճարի ներսը բարենորոգութիւններ կատարելու ժամանակ՝ կը փոփոխէ նաեւ Իջման հատուածը:
Փաստօրէն, Աստուածատուր Կաթողիկոսի օրօք քանդուած է Եղիազար Կաթողիկոսի կառուցած ամպհովանին եւ տեղը կառուցուած՝ արդէն մեր օրերը հասած ճերմակ մարմարեայ ամպհովանին, որ նոյն Աստուածատուր Կաթողիկոսի օրօք նաեւ նկարազարդուած է:
2001 թուականին, երբ Երեւանի մէջ աւարտեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ այստեղ տեղափոխուեցան նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները եւ Իջման Սուրբ Սեղանի ամպհովանին, որ տեղադրուեցաւ եկեղեցւոյ նախասրահը՝ արեւմտեան մուտքին առջեւ: Նորակառոյց եկեղեցւոյ նշուած տեղը հիմնուած մարմարեայ պատուանդանի քանդակազարդ պահատուփին մէջ ամփոփուած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին մասունքները, իսկ պատուանդանը կը պսակէ չորս սիւներու վրայ հանգչող Էջմիածնի նկարազարդ ամպհովանին: Վերջինիս գմբէթէն ներկայիս կախուած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան հաստատման 1700-ամեակի առթիւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Ալեքսէյ Բ.-ի նուիրաբերած բուրվառը…
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐԸ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐՈՒ ՄԷՋ՝ ԱՐԱՄ ՎՐՈՅՐ
Արամ Վրոյրը ականաւոր դերասան ու բեմադրիչ է՝ Թիֆլիզի, Պաքուի եւ Ռուսաստանի կարգ մը հայաշատ քաղաքներու թատրոններու մէջ բազմաթիւ տրամաթիք եւ բնութագրական կերպարներ ստեղծած տաղանդաւոր կատակերգակ: Սակայն մեզ ամենէն շատ կը հետաքրքրէ անոր լուսանկարչական գործունէութիւնը:
Արամ Վրոյր (Արամ Մաքասճեան) ծնած է 1863 թուականի մարտի 13-ին Կ.Պոլիս: Բեմական գործունէութիւնը սկսած է 1882 թուականին՝ Թիֆլիզ: Աշխատած է Թիֆլիզի, Պաքուի եւ այլ քաղաքներու թատերախումբերու մէջ: 1890 թուականին ԿՊոլսոյ մէջ տեղի ռամկական բարբառի փոխադրած եւ բեմադրած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պէպօ»ն՝ մարմնաւորելով գլխաւոր հերոսը: 1895 թուականին Թիֆլիզի մէջ առաջին անգամ բեմադրած է Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»ը, «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը՝ մարմնաւորելով գլխաւոր հերոսները:
Արեւելահայ թատրոնին մէջ անոր թարգմանութեամբ բեմադրուած են Մոլիէրի «Թարթիւֆ», «Ագահը», «Ժորժ Տանտէն», «Տոն Ժուան» թատրերգութիւնները: Խաղացած է մոլիէրեան շարք մը դերեր:
Հեղինակած է կարգ մը այլ բեմականացումներ, թարգմանութիւններ, թատրերգութիւններ:
1891 թուականին Թիֆլիզի մէջ հրատարակուած են Պետրոս Ադամեանին եւ Դաւիթ Թրեանցին նուիրուած անոր ուսումնասիրութիւնները, 1916 թուականին Ուզէիր Հաճիբէկովի «Արշին մալալան»ը: 1891-1900 թուականներուն աշխատակցած է «Մուրճ» ամսագրին, եղած է «Կայծեր» թերթի, «Կարմիր աքլոր» երգիծական շաբաթաթերթի պատասխանատու քարտուղարը: 1907-1913 թուականներուն խմբագրած եւ հրատարակած է «Յուշարար» հանդէսը:
1912 թուականին ընտրուած է Հայ գրողներու Կովկասեան ընկերութեան անդամ:
Բեմական ու գրական գործունէութեան զուգընթաց շուրջ երեք տասնամեակ Վրոյրը զբաղած է հնագիտական լուսանկարչութեամբ:
1904-1917 թուականներուն մասնակցած է Նիկողայոս Մառի գլխաւորած գիտարշաւներուն (Անի, Գառնի, Վան եւ այլն): Ունի կարգ մը հնագիտական ուսումնասիրութիւններ:
Անոր անմիջական մասնակցութեամբ յայտնաբերուած են Անիի Գագկաշէն տաճարին աւերակները (1905 թուական):
Արամ Վրոյր մահացած է 1924 թուականին՝ Թիֆլիզ: Թաղուած է Խոջիվանքի պանթէոնը:
Լուսանկարիչներ դարձած են նաեւ Արամ Վրոյրի երկու որդիները՝ Արա Վրոյրը (1896-1943թթ.) եւ Արտաշէս Վրոյրը (1897-1987թթ.):
Արամ Վրոյրի մասին Լէոն կը գրէ. «Լուսանկարչական գործիքը այժմ համարեա իւրաքանչիւր ճանապարհորդի հետ կը մտնէ Անի, կ՚առնէ աւերակներուն տեսարանները: Բայց հանգուցեալ Քիւրքճեանէն յետոյ ոչ ոք այնքան շատ բան ըրած է Անին լուսանկարելու կողմէ, որքան ըրած է դերասան Արամ Վրոյրը: Ան սիրող լուսանկարիչ է եւ առանձնապէս կը սիրէ հնութիւնները, իսկ ամենէն շատ, ի հարկէ՝ Անին: Քանի մը ամառ Վրոյրը ապրած է Անիի մէջ, ծանօթացած է անոր իւրաքանչիւր քարի, անոր դիրքերու բոլոր մանրամասնութիւններու հետ, ցոյց տուած մեծ, տոկուն աշխատասիրութիւն մը: Քիւրքճեան հրատարակեց յիսունէ ոչ աւելի լուսանկարներ, իսկ Վրոյրը միայնակ, առանց օգնականներու եւ մանաւանդ առանց նիւթական աջակցութեան, որ գործի ամենակարեւոր կողմն է, հանած է երկուհարիւր տեսարան, որոնցմէ հարիւրը արդէն հրատարակած է: Հայ բեմի այդ համեստ, ըսել կ՚ուզէ չքաւոր գործիչը կարելի է ըսել Անիի մէջ եւ Անիի շուրջը ոչինչ անծանօթ բան ձգած է այնպէս, որ անոր ժողովածոն աւերակներու մայրաքաղաքի լիակատար ամենամանրամասն տեսարանացոյցը պիտի դառնայ»:
Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ կը պահուին Արամ Վրոյրի լուսանկարներու զոյգ ժողովածոները: Եւս երկու լուսանկար յաջողուած է յայտնաբերել մէկ այլ ծրարէ: Որոշ լուսանկարներ ալ պահպանուած են որդիի՝ Արտաշէս Վրոյրի հեղինակած «Անիի մէջ » գիրքին մէջ (Երեւան, 1979 թուական): Առաջին ժողովածոն Մատենադարանի գոյքամատեանին մէջ արձանագրուած է որպէս «Անիի եկեղեցիներու լուսանկարներ» եւ կը պարունակէ 123 լուսանկար: Ատոնց մեծ մասը (100 լուսանկար) Անիի նկարներն է, մնացեալ մասը (23 լուսանկար)՝ Էջմիածնինը:
Առաւել քան համոզուած ենք, որ Անիի այդ 100 լուսանկարները Լէոյի նշած այն 100 (200-էն) լուսանկարներն են, որոնք Վրոյրը հրատարակած է: Լուսանկարներու տարեթիւը բաւական դժուար է պարզել: Շնորհիւ Արտաշէս Վրոյրի «Անի» յուշագրութեան վերջը զետեղուած լուսանկարներու մեկնաբանութիւններուն՝ մի քանիին թուականները յստակեցուած են, սակայն մեծ մասինը տակաւին անորոշ է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան