«ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ՔԱՆԴԱԿ…»
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Քաղաքային քանդակ» խորագրեալ ցուցահանդէսի մը բացումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զանազան քանդակագործներու աւելի քան յիսուն ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են այս շրջագծով։ Այդ բոլորը ներկայացուած են, որպէսզի տեղադրուին մայրաքաղաքի զանազան անկիւնները։ Քսանվեց քանդակագործներու այս ստեղծագործութիւնները արժանացան գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Ցուցահանդէսի կազմակերպիչն էր՝ քանդակագործ Նունէ Թումանեան, որ հեղինակած է «Երազանքի ծառը» կոչուած քանդակը։ Ան ըսաւ. «Կարեւորը երազանք մը ունենալն է ու քայլեր կատարելը՝ զայն իրականացնելու համար։ Եթէ քայլ մը չես կատարած դէպի քու երազանքի իրականացումը, ինչպէս կրնաս հասկնալ՝ կ՚իրականացնե՞ս, թէ ոչ։ Իսկ այս ցուցահանդէսով յոյս կը յառաջանայ, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ հասնիլ թէ՛ իմ երազանքի, թէ՛ իմ գործընկեր այլ քանդակագործներու՝ ի նպաստ քաղաքին»։
Քանդակագործ Եդուարդ Շախիկեան, որ ցուցահանդէսին տրամադրած է «Թատրոն» անուն քանդակը՝ Տրամաթիքական թատրոնին դիմաց տեղադրելու փափաքով, ցուցահանդէսի բացման ժամանակ ըսաւ. «Ինչպէս կ՚ըսեն, թատրոնը կը սկսի կախիչէն, այնպէս ալ իմ քանդակի հիմքն է կախիչը, որմէ կախուած են հագուստն ու դիմակները։ Ընդհանուր առմամբ, նման ցուցահանդէսներու երեւոյթը շատ կարեւոր է միայն մէկ պայմանի պարագային՝ երբ գովասանագրի փոխարէն ներկայացուած աշխատանքներու շարքէն ընտրուի մին ու կանգնեցուի քաղաքին մէջ»։
Ցուցահանդէսի մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Տիգրան Բարսեղեան, որու խօսքերով ներկայացուած աշխատանքները հնարաւորութիւն ունէին քաղաքին մէջ իրենց իսկական չափերով զետեղ-ւելու բարեգործներու հովանաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ։ «Մենք ամէն ինչ կ՚ընենք՝ գովազդէ սկսեալ մինչեւ կանաչ խոտածածկեր, որպէսզի քաղաքը յարմար ու հարազատ ըլլայ բնակիչներուն համար։ Եւ այստեղ շատ մեծ դեր մը ունի քանդակը։ Այս երեւոյթը կը համարեմ սպասուած, որովհետեւ մենք մեր քանդակագործներու առաջարկներով կը զգանք այս աշխատանքներուն ծաւալը, որպէսզի իրենք հետագային իրենց տեղը կարենան գտնել», ըսաւ Տիգրան Բարսեղեան։
Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան։