ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎԷՆ ԱՆՑՔԸ (Ա.)

Իսրայէլի ժողովուրդը երկար տարիներ Եգիպտոսի մէջ գերի մնալէ ետք, Աստուած զիրենք առաջնորդեց դէպի խոստացուած երկիր՝ Քանաան։ Սոյն աշխատասիրութիւնը կը կեդրոնանայ 13 պատմական դէպքերու վրայ, որոնցմէ ոմանք ներկայացուած են մանրամասնեալ բացատրութիւններով։ Ապա կը յաջորդեն 8 կէտեր, որոնք վեր հանուած են բուն պատմական իրողութիւններէն, տարորոշելու համար որպէս կենսական հարցեր ներկայացող եւ աւելի խոր ուսումնասիրութեան կարօտող նիւթեր։

Այժմ հանգրուան առ հանգրուան ներկայացնենք իւրաքանչիւր դէպք, երեւոյթ եւ եղելութիւն։

Ա) ՅԱԿՈԲ ՆԱՀԱՊԵՏԻ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Աբրահամ ծնաւ Իսահակը, Իսահակ ծնաւ Եսաւը եւ Յակոբը. Յակոբի որդիները տասներկու էին. Լիային որդիները՝ Յակոբին անդրանիկը՝ Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար ու Զաբուղոն. Ռաքէլին որդիները՝ Յովսէփ ու Բենիամին. Ռաքէլին Բաղղա աղախինին որդիները՝ Դան ու Նեփթաղիմ։ Եւ Լիային Զեղփա աղախինին որդիները՝ Գադ ու Ասեր։ Ասոնք են Յակոբին որդիները, որոնք Միջագետքի մէջ ծնան (Ծն 35.22-26)։

Բ) ՅԱԿՈԲԻ ԲՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐԸ ԵՒ ԻՐ ՆԱԽԸՆՏՐԱԾ ՈՒ ՆԱԽԱՍԻՐԱԾ ՈՐԴԻՆ

Յակոբ իր հօրը պանդխտացած երկրին՝ Քանաանի մէջ բնակեցաւ (Հմմտ. Ծն 37.1)։

Յակոբ իր բոլոր որդիներուն մէջէն ամենէն շատ կը սիրէր Յովսէփը, որովհետեւ իր ծերութեան որդին էր ան (Ծն 37.3)։

Գ) ՅՈՎՍԷՓԻ ՎԱՃԱՌՈՒԻԼԸ ԵՒ ԵԳԻՊՏՈՍ ՏԱՐՈՒԻԼԸ

Յովսէփ իր եղբայրներուն չար լուրը իր հօրը կը բերէ (Հմմտ. Ծն 37.2)։ Եւ անոր եղբայրները, տեսնելով որ իրենց հայրը զայն իր բոլոր զաւակներէն աւելի կը սիրէր, կ՚ատէին Յովսէփը եւ խաղաղ աչքով չէին նայեր անոր։

Եւ երբ օր մը Յովսէփ երազ մը կը տեսնէ եւ իր եղբայրներուն կը պատմէ, անոնք աւելի եւս կը սկսին ատել զինք։ Յովսէփ ուրիշ երազ մըն ալ կը տեսնէ, որ աւելի եւս կը գրգռէ իր եղբայրները, որոնց նախանձն ու ատելութիւնը աւելի կը սրի։ Եւ երբ օր մը Յովսէփի եղբայրները Սիւքէմի մէջ իրենց հօր հօտերը կ՚արածէին, Յովսէփ անոնց մօտ կ՚երթայ։ Հազիւ հեռուէն զինք կը տեսնեն, կ՚ուզեն մեռցնել, սակայն Յովսէփը ազատելու նպատակով, Ռուբէն կ՚առաջարկէ գուբը նետել։ Այդպէս ալ կ՚ընեն։ Քիչ ժամանակ անց, երբ նստած հաց կ՚ուտէին, կը տեսնեն  իսմայէլացիներու կարաւան մը, որ իրենց կը մօտենար։ Ուստի, կ՚որոշեն Յովսէփը անոնց ծախել, եւ այդպէս ալ կ՚ընեն։ Անոնք ալ Յովսէփը իրենց հետ առնելով՝ Եգիպտոս կը տանին։ Իսկ Յովսէփի եղբայրները անոր պատմուճանը արեան մէջ թաթխելով՝ իրենց հօր կը ղրկեն։ Հայրը անմիջապէս կը ճանչնայ իր որդւոյն պատմուճանը եւ կ՚ըսէ. «Յովսէփ անշուշտ գիշատուեցաւ» (Ծն 37.33)։ Իսկ վաճառականները Յովսէփը կը ծախեն փարաւոնի ներքինիին՝ Պետափրէս դահճապետին։

Դ) ՅՈՎՍԷՓԻ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ՀՄԱՅՔԸ ՊԵՏԱՓՐԷՍԻ ԿՆՈՋ ԱՉՔԻՆ, ԱՆՈՐ ԽՆԴՐԱՆՔԸ ԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ

Յովսէփ գեղեցիկ ու վայելուչ անձ մը ըլլալուն պատճառով, Պետափրէսի կնոջ ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ ան կ՚ուզէ կենակցիլ անոր հետ։ Սակայն Յովսէփ կը յաջողի փախչիլ։ Այս տեսնելով՝ Պետափրէսի կինը իր ծառաները կը կանչէ եւ կը զրպարտէ Յովսէփը։ Այս լսելով՝ Պետափրէսի բարկութիւնը կը բորբոքի եւ բանտարկել կու տայ Յովսէփը։

Ե) ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՎՍԷՓԻՆ

Աստուած միշտ կ՚օգնէ Յովսէփին, յաջողութեամբ կը պսակէ անոր ծրագիրները. բանտին մէջ ան կ՚արժանանայ բանտապետի շնորհքին, որ իրեն բոլոր բանտարկեալները կը յանձնէ։

Որոշ ժամանակ մը ետք, Յովսէփ կը սկսի մեկնել բանտարկեալներուն երազները, եւ անոր ըսածները բառ առ բառ կ՚իրականան։ Երբ օր մը, փարաւոնը երազ մը կը տեսնէ, Յովսէփը կը կանչեն՝ զայն մեկնելու համար։ Ան Աստուծոյ օգնութեամբ կը կարողանայ մեկնել երազը, որուն իբրեւ պատասխան՝ փարաւոնը զինք բանտէն հանել կու տայ եւ Եգիպտոսի կառավարիչ կը կարգէ։

Զ) ՅՈՎՍԷՓԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԵԳԻՊՏՈՍ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ եօթ տարուան առատութենէն ետք սովի եօթ տարիները կու գան, ամբողջ իսրայէլացի ժողովուրդը կը սկսի Եգիպտոս գալ՝ պաշար գնելու համար։ Եգիպտոս կու գան նաեւ Յովսէփի եղբայրները։ Յովսէփ իր նպատակին հասնելու համար, որ էր տեսնել իր եղբայրը՝ Բենիամինը, եւ իր հայրը՝ Յակոբը, իր եղբայրները որոշ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը դնէ, եւ երբ իր եղբայրները կ՚ընդդիմանան Բենիամինը իր քով ձգել, Յովսէփ այլեւս չկարենալով ինքզինք զսպել, անոնց կը յայտնէ իր ո՛վ ըլլալը, եւ անոնք ուրախութեամբ կ՚երթան եւ դէպքը կը պատմեն իրենց հօրը։ Յակոբ այս լսելով՝ շատ կ՚ուրախանայ եւ ամբողջ ընտանիքով կը պատրաստուի երթալու Եգիպտոս։ Այդպէս ալ կ՚ընէ։ Անոնք կու գան եւ Գեսեմի երկիրը կը բնակին։

Է) ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԲԱԶՄԱՑՈՒՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ԵՒ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆՈՐ ՓԱՐԱՒՈՆԻՆ ԱՆԳԹՈՒԹԻՒՆԸ

Եգիպտոսի նոր փարաւոնը, երբ կը տեսնէ, որ Իսրայէլի ժողովուրդը տակաւ առ տակաւ կը սկսի շատնալ Եգիպտոսի մէջ, զանոնք կը չարչարէ ծանր գործերով։ Փարաւոնը զանոնք կը չարչարէր այն մտավախութեամբ, որ օր մը, արտաքին նոր արշաւանքի մը պահուն, անոնք կրնային օգնել թշնամիին, որովհետեւ անոնք երբեք չէին ձուլուած եգիպտացիներուն մէջ, այլ հետզհետէ կը շատնային ու կը զօրանային։ Առ այդ, փարաւոնը աւելի կ՚աշխատցնէր ու կը չարչարէր զիրենք։

Իսրայէլացիք կը շինեն փարաւոնին շտեմարանին համար քաղաքներ՝ Փիթօմը ու Ռամսէսը (Հմմտ. Ել 1.11)։ Եգիպտոսի փարաւոնը եբրայեցի մանկաբարձներուն կը հրամայէ, որ նորածին բոլոր արու զաւակները մեռցնեն։ Սակայն մանկաբարձները կ՚անտեսեն թագաւորին հրամանը, եւ այդ իսկ պատճառով փարաւոնը կը հրամայէ բոլոր նորածին տղաքը գետը նետել։

Ը) ՄՈՎՍԷՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ

Ճիշդ այդ ժամանակներուն կը ծնի Հին կտակարանի մեծ դէմքերէն մէկը՝ Մովսէսը։ Փարաւոնին ծանօթ հրամանին պատճառով, Մովսէսի մայրը զայն տապանակի մը մէջ դնելով՝ գետին եզերքը կը ձգէ։

Տղուն քոյրը հեռուն կը կենայ, որպէսզի տեսնէ, թէ ի՛նչ պիտի պատահի։ Երբ փարաւոնին աղջիկը լուացուելու համար գետ կ՚իջնէ, զայն կը տեսնէ, եւ կը խղճայ տապանակի մէջի տղուն։ Այս տեսնելով՝ Մովսէսի քոյրը անմիջապէս կը մօտենայ փարաւոնին աղջկան եւ կ՚ըսէ. «Քեզի եբրայեցիներէն կին մը բերե՞մ, որ տղան սնուցանէ քեզի համար» (Ել 2.7)։ Փարաւոնին աղջիկը կը համաձայնի։ Աղջիկը կ՚երթայ եւ իր մայրը կը կանչէ։ Երբ տղան քիչ մը կը մեծնայ, փարաւոնին աղջիկը զայն Մովսէս կը կոչէ, այսինքն՝ «ջուրէն հանուած»։

Թ) ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ՄՈՎՍԷՍԸ

Մովսէս կ՚աճէր Աստուծոյ հոգիով ու շունչով։ Մովսէսի հաւատարմութիւնը տեսնելով՝ Աստուած իրեն հետ կը խօսի անկէզ մորենիին մէջէն, ըսելով, թէ Ինք տեսաւ Իսրայէլի ժողովուրդին չարչարանքն ու տառապանքը Եգիպտոսի մէջ եւ լսեց անոնց աղաղակն ու կանչը, ուստի ողբաց եւ ըսաւ. «Եկո՛ւր, քեզ փարաւոնին ղրկեմ, որ Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանես» (Ել 3.10)։ Մովսէս սակայն Աստուծոյ ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ, որ փարաւոնին երթամ ու Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հանեմ» (Ել 3.11)։ Սակայն Աստուած խոստացաւ անոր հետ ըլլալ։ Եւ երբ Մովսէս հարցուց Աստուծոյ, թէ երբ ժողովուրդը հարցնէ՝ «ի՞նչ է անոր անունը, ի՞նչ ըսեմ անոնց», Աստուած պատասխանեց. «Ես եմ Որ Էն» (Ել 3.14)։ Աստուած Իր այս խօսքով ուզեց ցոյց տալ, թէ Ինք Ան է, այն Աստուածն է, որ էր, որ է՛, եւ որ պիտի՛ ըլլայ, այսինքն՝ ինքնագոյ է. այլ խօսքով՝ Իր անփոփոխութիւնը ցոյց տուաւ անսկիզբէն մինչեւ յաւիտեան։

Ժ) ՄՈՎՍԷՍԻ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ, ԵՒ ԵԳԻՊՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԻՐ ՃՇԴԱԾ ԵՐԿՆԱՅԻՆ ՊԱՏՈՒՀԱՍՆԵՐԸ

Ի վերջոյ, Մովսէս հնազանդեցաւ Աստուծոյ եւ յանձն առաւ Ահարոնին հետ մտնել փարաւոնին քով եւ ներկայացնել իրենց առաջարկը, ըսելով, թէ՝ «Իսրայէլի Եհովա Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. Իմ ժողովուրդիս թոյլատրէ, որպէսզի անապատին մէջ ինծի տօնախմբութիւն ընեն» (Ել 5.1)։ Սակայն փարաւոնը արհամարհելով ու անարգելով զանոնք, ինչպէս նաեւ անոնց Աստուածը, չընդառաջեց անոնց խնդրանքին։ Փարաւոնը յօժար չէր, որովհետեւ իսրայէլացիները շինարարական մեծ աշխատանքներ կը կատարէին Եգիպտոսի մէջ։ Եւ եթէ յանկարծ անոնք երկիրը ձգէին ու գաղթէին, մեծ բաց մը պիտի գոյանար Եգիպտոսի տնտեսական հաւասարակշռութեան մէջ։ Եւ երբ փարաւոնը «հո՛ս պաշտեցէք ձեր Աստուածը» ըսաւ, Իսրայէլի ժողովուրդը պնդեց, թէ անպայման կ՚ուզէ երեք օրուան ճամբայ երթալ՝ իրենց Եհովան պաշտելու համար։ Իսրայէլացիք այս մէկը կ՚ուզէին, որովհետեւ ամէն աստուածութիւն իր աշխարհագրական իշխանութեան սահմանով ճանչցուած էր։ Փաստօրէն բոլոր հին կրօններուն մէջ կը տեսնենք, որ աստուածները որոշ երկրամասերու աստուածներ են, ինչպէս թագաւորները։ Միւս կողմէ, կար նաեւ երկրորդ նպատակ մը, որ քաղաքական նպատակն էր, որովհետեւ Աստուած կ՚ուզէր Իրեն համար ազգ մը կազմել եւ որպէս ժառանգութիւն երկիր մը տալ անոնց, որպէսզի Աստուծոյ օգնութեամբ աճին, բազմանան եւ դառնան Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը։ Եւ ճիշդ այս երկու հիմնական նպատակներուն համար էր, որ անոնք կ՚ուզէին այս ելքը։

Փարաւոնին այս կեցուածքը տեսնելով՝ Աստուած կը խստացնէ անոր սիրտը, եւ երբ ան տակաւին հաստատ կը մնայ իր որոշման մէջ, Աստուած Եգիպտոսի վրայ կը ղրկէ տասը հարուածներ, որոնցմէ զերծ կը մնան իսրայէլացիները, Աստուծոյ նախախնամութեամբ։

Այդ տասը հարուածներն էին.-

1. Արիւն, 2. գորտեր, 3. մուն, 4. շանաճանճ, 5. անասուններու մահը, 6. ուռեցքներ, 7. կարկուտ, 8. մարախներ, 9. շօշափելի խաւար, 10. անդրանիկներու մահը։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 25, 2018