ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիս Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ յարակից տարածքին վրայ կառուցուած անապահով եւ հաշմանդամ երեխաներու ուսումնական եւ վերականգնման ժամանակակից կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
«Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեան» մանկական վերականգնման կեդրոնի նախագծման եւ կառուցման աշխատանքները իրականացուած են «Երեւան, իմ սէր» հիմնադրամին կողմէ։ Մանկական կեդրոնը կառուցուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատկանող մօտ 800 քառակուսի մեթր հողատարածքի վրայ։ Հիմնադրամի եւ Հայասանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ կնքուած պայմանագրին համաձայն՝ կառուցուելէ յետոյ շէնքը պիտի պատկանի եկեղեցւոյ եւ պիտի օգտագործուի բացառապէս «Երեւան, իմ սէր» հիմնադրամի նախագծերուն համար։ Նորաստեղծ կեդրոնը պիտի գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Հայորդեաց տուն» համակարգին մէջ։
Երէկուան բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան եւ միւս պաշտօնական հիւրերը շրջայց մը կատարեցին նորահաստատ կեդրոնէն ներս, ծանօթացան իրականացուած աշխատանքներուն եւ կեդրոնի առաքելութեան իրականացման նպատակով նախատեսուող ծրագրերուն։ Նորաստեղծ կեդրոնի հիմնական առաքելութիւնն է՝ աջակցիլ ընկերային առումով անապահով ընտանիքներու եւ հաշմանդամ երեխաներու։ Այստեղ պիտի գործէ նաեւ ընտանեկան աջակցութեան կեդրոն մը։ Պատասխանատուներու հաւաստիացմամբ, ընդարձակ եւ միջազգային չափանիշներու համապատասխան մանկական կեդրոնէն ներս հաշմանդամ երեխաներու համար պիտի իրականացուին շարք մը վերականգնման եւ կրթական ծրագրեր։
Ընտանեկան աջակցութեան կեդրոնի ծառայութիւնները առաջին հերթին նախատեսուած են հաշմանդամ երեխաներու համար, սակայն չեն սահմանափակուիր այդքանով։ Կեդրոնի դռները բաց պիտի ըլլան նաեւ փախստական ու տեղահանուած երեխաներու, պատշաճ խնամքէ զուրկ եւ այլ՝ ընկերապէս անապահով խաւերու մանուկներու համար։ Տարուան մը ընթացքին շուրջ 150 ծնող պիտի մասնակցի յատուկ դասընթացքներու, որոնց ընթացքին անոնք ձեռք պիտի բերեն հաշմանդամ երեխաներու առաւել լաւ խնամք տրամադրելու հմտութիւններ։ Կեդրոնը նախատեսուած է տարեկան թիւով շուրջ 100 երեխայի սպասարկման համար։ «Երեւան, իմ սէր» հիմնադրամի այս նախագծի խոշորագոյն նուիրատուները կը հանդիսանան Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեանները։
Կեդրոնի բացման ժամանակ «Երեւան, իմ սէր» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Վեհափառ Հայրապետին՝ նախագծի իրականացման ամբողջ ընթացքին անոնց կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։
Բացման հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ Օրհնութեան կարգ։ Նորին Սրբութեան կողքին էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տնտեսական բաժնի վարիչ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Օրհնութեան կարգէն վերջ Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց նաեւ իր օրհնութիւններն ու գնահատանքը բարերար Թիթիզեան ընտանիքին։
Նորահաստատ կառոյցի բացման ընթացքին խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը միասնաբար հատեցին Վեհափառ Հայրապետը, Հայկ Թիթիզեան եւ Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան, որ «Երեւան, իմ սէր» հիմանդրամի ղեկավարն է։ Բոլոր ներկաները ծափահարութեամբ ողջունեցին խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնի հատուիլը։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան պատուոյ հիւրերու շարքին կը գտնուէին Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, սփիւռքահայ յայտնի բարերար Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլը, Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ այլ յայտնի դէմքեր։