ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (50)

Յաջորդ առաւօտ կանուխ կայարան փութաց Զանան։ Գտաւ Վանաձոր մեկնող փոքր հանրակառքը, վճարեց հազար դրամ, նստաւ վարորդի կողքին։ Երբ վստահ էր արդէն, վերցուց հեռախօսը եւ գրեց. «Երկու օրից Պամ. Պէտք է տեսնեմ քեզ. Հիմա՝ դէպի Վանաձոր»։

Նորան աչքերը հեռախօսի զնգոցով բացաւ. կարդաց, այլայլեցաւ։ Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս տեսներ Զանան. երկու օր նոյնիսկ չէր անցած Վանաձոր վերադառնալէն ի վեր, եւ բոլորին աչքը իր վրայ էր բնականաբար։ Յետոյ մէկ անգամէն ընկերուհիին՝ Անիին մօրաքրոջ տունը յիշեց, լքուած ու անտառի ափին, ուր մի քանի անգամ գացած էին երկուքով։ Դէմքը լուաց, բաժակ մը ջուր խմեց, եւ քանի ամէն մարդ քնացած էր՝ կամացուկ դուրս ելաւ բակ, նստաւ կոճղին, հեռաձայնեց Անիին։

Ժամ մը արդէն սահեր էր Զանայի պատգամէն, ճամբու կէսը կտրեր էր, եւ դեռ լուռ էր հեռախօսը. կամաց-կամաց համբերութիւնը կը կորսնցնէր արդէն։ Անիմա՞ստ ճանապարհորդութիւն էր միթէ։ Զի՛նկ... ա՛ն էր. «վերջին կանգառ որ հասնես գնա՛ պատի տակ սպասի. երկար մազերով մի աղջիկ կը մօտենայ, պիտի որ «Պամ» գաղտնաբառը ասի. ուրիշ ոչ մէկին չհետեւես»։

Նորան անմիջապէս ջնջեց պատգամները հեռախօսէն ու անցաւ ներս. հաստ կօշիկները հագաւ, մազերը սանտրեց, թեթեւ շպար մը դրաւ աչքերուն։ Ձայն մը խոհանոցէն. տատիկն էր՝ դիւրին պիտի ըլլար, գոնէ «փախած» չէր ըլլար։ «Տա՛տ, ես գնում եմ Անիի մօտ, կէսօրն անց կը վերադառնամ»։ Տատիկը թերահաւատ ու դժկամ նայուածք մը նետեց Նորային վրայ, կարծես «մի՛ ըներ», ըսէր. բայց բարի էր սիրտը. «մի ուշացի... ես կասեմ, որ հարցրել ես ինձ...»։ Գրկեց Նորան զայն ուժեղ, շնորհակալութիւն յայտնեց, եւ վազեց դուրս. պէտք է իջներ բլուրն իրենց, բարձրանար դիմացինը, դառնար հասնէր մէջքին անոր, ուր կար տնակը։

Դեղին հանրաշարժը ցնցումով կանգ առաւ։ Իջան բոլորը. վերջին կանգառն էր ուրեմն։ Իջաւ նաեւ Զանան։ Մէկ պատ կար, գնաց տակը կեցաւ, սրտատրոփ սպասեց։ Յանկարծ դեղնաւուն ու երկար մազերով աղջիկ մը եկաւ, իրմէ քանի մը մեթր աջին դրուած քաղաքային հեռախօսին դիմեց` խօսափողը տանելով ականջին։ Իրե՞ն կը սպասէր... շուարեցաւ Զանան։ Անհամբեր, կամացուկ սկսաւ մօտենալ անոր, եւ երբ հասաւ, ու «կը ներէք» մը ըսաւ, աղջիկը սարսափած թռիչք մը ըրաւ դէպի միւս կողմ ու խստագոյն նայուածքով մը շանթահարեց զինք։ «Զանա՞», ձայն մը հնչեց ետեւէն։ Դարձաւ։ Ուրիշ մըն էր, երկար բայց սեւ մազերով այս անգամ։ «Ներեցէ՞ք», հարցուց Զանան, լսածը չլսելու տալով։ «Պա՞մ...» հարցական նայեցաւ աղջիկը։ «Շա՛տ կը ներէք», միւս օրիորդին ըսաւ Զանան, ու ետ դառնալով՝ «Պա՛մ» հաստատեց ու ջղաձիգ ժպիտ մը գծեց դէմքին։ «Արի իմ հետ...». եւ սկսան քալել դէպի բլուր։

Անիի մօրաքրոջ պատուհանէն Նորան տեսաւ բարձունքն ի վեր բարձրացող, մնացած տուներէն անջատուող եւ իրեն մօտեցող Անին, եւ անոր ետեւէն եկող ամենագեղեցիկ տղան աշխարհի։ Թերեւս երբեք այսքան հմայիչ եւ ազդեցիկ չէր եղած իր աչքին Զանան։ Հիմա, որ քարքարոտ արահետը մագլցելով կու գար հրաժեշտ տալու իրեն, հաստատօրէն ա՛յն մարդն էր, որուն ետեւէն պատրաստ էր երթալու ինք։

Եւ ինչքան մօտեցաւ այնքան աւելի յստակ սկսաւ Նորայի դէմքը տեսնել Զանան, լուսամուտի քառանկիւնի մէջէն իր վրայ նայող։ Արեւը կը զարնէր ուղղակի դէմքին, մազերուն, ուսին ու թեւին Նորայի, այնպէս ինչպէս առաջին անգամ՝ փակ շուկայի մէջ։ Եւ կրակն այդ նոյն ջերմութիւնը ունէր, եւ անմար էր ու պիտի մնար։

Բռնեցին զոյգ աչքերը զիրար, եւ խոստումը անքակտելիօրէն կապուեցաւ ե՛ւս մէկ անգամ։ Մնացածը, բերանացի ըսուելիքը պահ մը յետոյ, ընդամէնը լեզուալսողական մարմնաւորումն էր այդ հրեղէն սիրոյ խոստումին, որ բաժանման պահի մօտենալուն զուգահեռ աւելի ու աւելի կ՚ամրանար երկու երիտասարդ հոգիներուն միջեւ։

-Գալու եմ որ տանեմ քեզ այնտեղ

-Գիտեմ Զանա, գիտեմ...

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020