ՀԱՅ ԳԻՒՏԱՐԱՐՆԵՐ
ԱՍԱՏՈՒՐ ՍԱՐԱՖԵԱՆ
Անցեալ տարի լրացաւ 120-ամեակը անզուգական մարդու մը, որուն անունը Արտօնագրուած գիւտերու համաշխարհային մատեանին մէջ ամրագրուած է իբրեւ տասնմէկ գիւտի հեղինակ: Իսկ այդ գիւտերը այնպիսի գիւտեր են, որոնք 20-րդ դարէն սկսեալ փոխած են մարդոց կեանքը:
Ասատուր Սարաֆեան է գիւտարարին անունը, որ սակայն համաշխարհային իր գիւտերը արտօնագրած է Օսքար Պենքեր անունով: Այդ անունին քով, անշուշտ, բոլոր համայնագիտարաններուն եւ գիտական նիւթերուն մէջ կը նշուի նաեւ անոր հայկական անունն ու հայկական ծագումը:
Ասատուր Սարաֆեան ծնած է 1895 թուականին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա: Սարաֆեանի ընտանիքը խոյս կու տայ այդ տարիներու դէպքերէն, բայց ինք կը մեծնայ առանց մօր խնամքին, քանի որ իր մայրը հոգեկան խանգարում ունեցած էր, երբ փախուստի ժամանակ զաւակը ծննդաբերած էր քարանձաւի մը մէջ եւ անկարող էր խնամել զայն: Մանկահասակ Ասատուր յանկարծակիօրէն կը հիւանդանայ եւ զինք կը խնամէ իր հայրը, որ կը դիմէ ժողովրդական բժշկութեան միջոցներու՝ այծի կաթ եւ խաղողի հիւթ խմցնելով հիւանդ երախային: Ասատուր լիովին կ՚ապաքինի:
Իր կենսագրութեան մէջ առկայ տուեալները ցոյց կու տան, որ Ասատուր Սարաֆեան պատանի տարիքին՝ 1914 թուականին, կը հեռանայ Օսմանեան կայսրութենէն եւ կը տեղափոխուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ու կը հաստատուի ամերիկեան արդիւնաբերութեան կեդրոն նկատուող՝ Շիքակոյի մէջ: Ան կը յայտնուի 20-րդ դարու առաջին կէսի ամենէն մեծ թիւով ներգաղթեալներ ունեցող վայրին՝ Էլլիս կղզիին մէջ, եւ հաւանաբար մեծ աշխարհին մաս կազմելու համար կը փոխէ իր անունը՝ Օսքար Պենքեր, եւ կը փորձէ աշխատանքի անցնիլ գործիքներու խանութի մը մէջ: Նոյն այդ ժամանակ ալ խելամիտ ու պրպտուն հայորդին կը յղանայ իր առաջին յայտնագործումը՝ ան կը ստեղծէ սղոցներու սայրերու սրման ու յղկման գործիքը: Այսօր, մեծ յայտնագործումներու եւ բարձր սարքաշինութեան այս դարուն, կը թուի թէ այդ մէկը աննշան յայտնագործում մըն է, բայց անցեալ դարուն սկիզբը ընդունուեցաւ բաւական մեծ գնահատանքով, երբ սարքաշինութիւնը նոր թափ կ՚առնէր եւ լայն կիրառութիւն կը ստանար: 1931 թուականին 1.795.464 թիւին տակ ան կ՚արտօնագրէ իր այս գիւտը: Այդպէս, իր առաջին յայտնագործումի լայն գնահատանքէն ետք Պենքեր ինքզինք կը նուիրաբերէ գիւտարարութեան: Տարիներու քրտնաջան աշխատանքով սարքաշէն գործընկերներու հետ ան կը լծուի գործի մը, որ համաշխարհային հռչակ կը բերէ իրեն: Ութ տարի նախագծելէ ետք, Ասատուր Սարաֆեան կը յայտնագործէ ինքնաշարժներու ինքնազօր (automatic) փոխանցման տուփը: Ինչպէս ինքնաշարժի յայտնագործումը փոխած է մարդկութեան կեանքը, այնպէս ալ ինքնազօր փոխանցման տուփը փոխած է ինքնաշարժներու արտադրութեան որակը: Ան այս մէկը 1940 թուականին կը տեղադրէ General Motors-ի նշանաւոր Oldsmobile Hydramatik փոխանցման տուփի հիմքին մէջ: Մինչ այդ General Motors-ը ստեղծած էր կիսաինքնազօր փոխանցման տուփ, սակայն այդ մէկը թերութիւններ ունէր եւ վտանգաւոր էր: Ինքնաշարժներու արտադրման հսկաները կը յայտարարեն, որ նոր փոխանցման տուփերը աւելի անվը-տանգ եւ դիմացկուն են: Այսօր ինքնաշարժներու արտադրութիւնը կարելի չէ պատկերացնել առանց ինքնազօր փոխանցման տուփերու, սակայն քիչեր կ՚անդ-րադառնան, որ այդ ներդրման հեղինակը հայ է:
Պենքեր-Սարաֆեանին կը պատկանի նաեւ քարիւղի մղիչի գիւտը, որ ան արտօնագրած է 1961 թուականին, իսկ ինքնաշարժներու իւղի չափման գործիքը աւելորդ է ըսել, թէ որքան դիւրութիւն բերած է ինքնաշարժներու սարքաշինութեան մէջ: Այս մէկը ան արտօնագրած է 1957 թուականին:
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը նոյնպէս կառավարական մակարդակով արժեւորած է Ասատուր Սարաֆեանի յայտնագործումները, եւ Սարաֆեան-Պենքերի ամենէն արժէքաւոր յայտնագործումները նկատուած են ուղղաթիռի փոխանցման տուփին գիւտը, որ ծանօթ է Սիկորսքիի շարժիչի փոխանցման տուփ անունով: Հայազգի մեծ գիւտարարը այս մէկը արտօնագրած է 1949 թուականին:
Հետաքրքրական է, որ այսօր լայն կիրառութիւն ունեցող բազմագոյն տպելիք գործիքի յայտնագործման հեղինակը նոյնպէս Ասատուր Սարաֆեանն է: Գիւտերու համաշխարհային մատեանին մէջ այս մէկը մեր հայրենակիցին անունով արտօ-նագրուած է 1932 թուականին:
Ասատուր Սարաֆեան մեծ սէր ունէր օդափոխադրման ասպարէզին հանդէպ եւ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր այդ ոլորտի մեքենաներուն եւ միջոցներուն վրայ: Ան կ՚աշխատէր առաջին փորձարարական ուղղաթիռին վրայ, որ ծանօթ էր Սիկորսքիի ուղղաթիռ անունով, եւ որ օդ բարձրացաւ 1939 թուականին: Սիկորսքիի եւ Օսքար Պենքերի համատեղ յայտնագործումները յանգեցուցին Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ուղղաթիռներու արտադրութեան:
Մեծ եղած է նաեւ հայազգի գիւտարարին ներդրումը բժշկութեան ոլորտին մէջ, իրեն կը պատկանի նաեւ առաջին ճնշուած օդով բանող (Air gun), առանց ասեղի ներարկիչը (ատրճանակ-ներարկիչը), որ այժմ պատուաստումներ կատարելու նպատակով կը գործածուի ամբողջ աշխարհին մէջ: 1968 թուականին ստեղծուած այդ սարքը մէկ ժամուան մէջ երկու հազար ներարկում կը կատարէ եւ բժշկութեան ոլորտին մէջ այսօր ամրակայուած սարք մըն է: Պատմութենէն ծանօթ է այսպիսի մանրամասնութիւն մը. երբ Քարաիպեան ծովու հարաւ-արեւելքը գտնուող Կրանատա կղզիին մէջ համաճարակ կը տարածուի, Պենքերի ներարկիչներու արտադրող Med-E-Jet ընկերութիւնը կղզիին կը նուիրաբերէ ներարկիչներ, որոնց շնորհիւ համաճարակը կը կասեցուի: Այդ է պատճառը, որ աւելի ուշ՝ 1979 թուականին կը թողարկուին հայազգի գիւտարարին՝ Պենքերին նուիրուած փոստային դրոշմաթուղթեր՝ ի պատիւ գիւտարարին, որուն ստեղծած ներարկիչներով մահէ փրկուած են բազմաթիւ մարդկային կեանքեր:
Ինք՝ Սարաֆեան գրած է յուշեր, որոնք նուիրուած են իր կեանքին եւ մանաւանդ՝ իր երազանքներուն:
1983 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակուած են Օսքար Պենքերի յուշերը «Ամերիկեան գիւտարարի երազանքներն ու պատերազմները. Ներգաղթեալի մը վիպերգութիւնը» խորագրով, ուր Սարաֆեան-Պենքեր կը խոստովանի, որ Միացեալ Նահանգներ մեծ թեւեր տուած է իրեն եւ կը շարունակէ հաւատալ, որ Ամերիկան կը մնայ մեծ հնարաւորութիւններու եւ չբացայայտուած իրագործումներու երկիր:
Ի վերջոյ, Օսքար Պենքեր հռչակաւոր դարձաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, երբ անոր անունը կապուեցաւ ամերիկեան նշանաւոր գործիչներէն մէկուն՝ Ռալֆ Նայտերի անուան հետ: Նայտեր հռչակաւոր դարձաւ ինքնաշարժ արտադրող ընկերութիւններու դէմ բացուած դատական գործընթացներուն ժամանակ, եւ իր «Վտանգաւոր է որեւէ արագութեամբ» գիրքն ալ ամերիկեան ինքնաշարժի արտադրութեան անվտանգութեան խնդրին վերաբերող առաջին մանրամասն հետաքննութիւնն էր՝ հասանելի հանրութեան լայն զանգուածներուն: Այդպէսով Նայտեր իր հետաքննութեան մէջ կը յիշատակէ Պենքերը, նշելով այդ ոլորտին մէջ անոր կատարած մեծ գործը…
Տասնեակ գիւտերու կարգին Սարաֆեան Պենքերի անուան կը պատկանի նաեւ ծովու ջուրէն խմելու ջուր թորելու համար նախատեսուած մեքենան, գիրք կազմելու սարքը, ծառ յօտելու գործիքը եւ այլ իրեր, որոնք փոխած են մարդկութեան կեանքը:
Հայազգի Ասատուր Սարաֆեան-Օսքար Պենքեր մահացած է 1979 թուականին, 83 տարեկանին Քլիվլընտ:
ԼՈՒՏԵՐ ՃՈՐՃ ՍԻՄՃԵԱՆ
Հայազգի այլ գիւտարարի մը՝ գիտնական Լուտեր Ճորճ Սիմճեանի մասին ամերիկեան «Թայմ» պարբերականը 1934 թուականին գրած է, երբ անդրադարձած է գունաւոր բժշկական նկարող սարքի մշակման նիւթին: Շատերը զինք կը կոչէին՝ «երկրորդ Թոմաս Էտիսոն», որ ամերիկեան նշանաւոր գիւտարար էր եւ արժէքաւոր գիւտերու հեղինակ, ինչպէս ելեկտրական լամբը, ձայնագրիչը եւ այլ գործիքներ ստեղծողները: Ինչ կը վերաբերի հայազգի Ճորճ Սիմճեանին, ան աւելի քան երկու հարիւր արտօնագրերու եւ բազմաթիւ սարքերու հեղինակ է, որոնցմէ այսօր ամենատարածուածը՝ դրամաբաշխիչ մեքենան է (Automated Teller Machine-ATM) եւ հեռայուշարարը, որ կը գործածուի յատկապէս հեռատեսիլի խօսնակներու եւ այլ մարդոց հեռատեսիլային ելոյթներուն ընթացքին:
1905 թուականին Օսմանեան կայսրութեան Այնթապ քաղաքին մէջ ծնած՝ Ճորճը տարիներ ետք կ՚որբանայ, եւ դժուարութեամբ կը յաջողի երկրէն դուրս ելլել։ Նախ կ՚երթայ Պէյրութ, ապա՝ Մարսէյլ, իսկ հետագային՝ Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն կը հաստատէ Քոնեքթիքըթ նահանգին մէջ։ Ճորճ Սիմճեան տասնհինգ տարեկանին կ՚աշխատի որպէս լուսանկարիչ։ Եէյլի բժշկական դպրոցի (Yale School of Medicine) տարրալուծարանին մէջ, որպէս տարրալուծարանի լուսանկարիչ աշխատած տարիներուն կը նուիրուի բժշկութեան ուսումնասիրման։ Ապա, 1928 թուա-կանին, կը դառնայ լուսանկարչական բաժինի տնօրէն եւ կը ստեղծէ քանի մը գործիքներ, ինչպէս՝ նկարներու մանրադիտակի լուսարձակը։ 1934 թուականին ան կը տեղափոխուի Նիւ Եորք: Աւարտելով Եէյլի համալսարանը՝ ան կը սկսի գիւտարարի իր գործունէութեան եւ առանց դադարի կը շարունակէ մինչեւ իր կեանքին վերջը։
Աշխարհահռչակ Ճորճ Սիմճեանի սարքերը նոյնպէս մեծ կիրառութիւն եւ նշանակութիւն ունեցած են անցեալ դարու մարդկութեան պատմութեան մէջ եւ մինչեւ այսօր յաջողութեամբ կը կիրառուին: Չսահմանափակուելով միայն արտադրական մէկ ասպարէզով, ան կը ստեղծագործէ կեանքի զանազան ասպարէզներուն մէջ, օրինակ՝ կը ստեղծէ ռազմական ոլորտին մէջ կիրառուող գործիքներ ու ապրանքատեսակներ: Ճորճ Սիմճեանին կը պատկանին նաեւ տունի պայմաններուն մէջ կոլֆ խաղալու յարմարութիւններու ու հեծանիւ-մարզական գործիքի ստեղծումը։
Ինչ կը վերաբերի անոր ամենէն նշանաւոր գիւտին, որ նաեւ հռչակ բերած է գիւտարարին, ապա կանխիկ դրամաբաշխիչ մեքենան տառացիօրէն իր ժամանակէն ու կիրառութենէն առաջ ծնած էր։ Հակառակ ներկայիս այդ մեքենայի առօրեայ բնոյթին ու տարածուածութեան, երբ Սիմճեան զայն առաջին անգամ 1960 թուականին ներկայացուց City Bank-ին, վեց ամիս փորձարկելէ ետք հասկցան, որ շատ չեն օգտուիր անկէ եւ կասեցուցին մեքենային հետագայ ներդրման ծրագիրները։ Երկար տարիներ ետք կանխիկ դրամաբաշխիչ մեքենան վերածուեցաւ դրամատնային ոլորտի անփոխարինելի գործիքի մը։ Յատկա-նըշական է, որ Սիմճեանը առանձին արտօնագրած է ինչպէս թղթադրամի, նոյնպէս ալ՝ 1965 թուականին՝ մետաղադրամի համար նախատեսուած կանխիկ մեքենաներու գիւտերը։
Սիմճեանի հեռատեսութեան մասին կը վկայէ նաեւ իր գիւտերէն գործիք մը, որ կրնայ օրուան որեւէ ժամուն ստուգել դրամատնային հաշուեկշիռն ու կանխիկ դրամ ընդունիլը։ Նմանատիպ գործիք մըն ալ հայազգի գիւտարարը ստեղծած է թղթատարական ասպարէզի համար, որ պարզապէս թղթատարութեան սակագիներու հաշուիչ մըն է:
Խօսելով Սիմճեանի մասին, մամուլը կը նշէ, որ ան առեւտրային յաջողութիւն ունեցած է Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ յայտնագործած է ռազմական թռիչքներու ձեւացուցիչը (simulator), որ կը գործածուէր Միացեալ Նահանգներու ռազմական օդաչուներու մարզումներուն ընթացքին՝ գնահատելու համար օդային սարքերու արագութիւնն ու միջտարածութիւնը։ Ան կը բաղկանար հայելիէ, լոյսի աղբիւրէ եւ փոքր սաւառնակներէ։
Թէ՛ ամերիկեան մամուլը, թէ՛ այլ երկիրներու գիտական հանդէսներն ու հեռատեսիլային ծրագիրները մէկ անգամ չէ, որ անդրադարձած են հայազգի գիւտարարներու ներդրումներուն՝ ժամանակակից կեանքի զարգացման առումով:
Ասատուր Սարաֆեանի եւ Ճորճ Սիմճեանի ծառայութիւնները նոյնպէս անգը-նահատելի են մարդկութեան զարգացման ու քաղաքակրթութեան յառաջադիմութեան առումով:
Անոնց մասին նկարահանուած են ժապաւէններ, գրուած են գիրքեր, իբրեւ հայեր, որոնք կեանքի դժուար ճանապարհներ անցնելով, հասած են բարձրագոյնին:
Տակաւին կ՚անդրադառնանք ուրիշ այլ հայ գիւտարարներու, որոնց փայլուն մտքի եւ վարպետ ձեռքի, ինչպէս նաեւ՝ յամառութեան, նպատակասլացութեան եւ հեռատեսութեան շնորհիւ բարեփոխուած է մարդկութեան կեանքի այս կամ այն ոլորտը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ