COP-21-ԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԲՆԱՊԱՀԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԻ ՀԱՐՑԵՐ

Նո­յեմ­բեր 30-էն մին­չեւ Դեկ­տեմ­բեր 11, Փա­րի­զի մօ­տա­կայ Լը Պուր­ժէի (93 Le Bourget) մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ կլի­մա­յա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու յատ­կա­ցուած 21-րդ ժո­ղո­վը՝ COP-21, որ կը վա­յե­լէ ՄԱԿ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը:

Այս 21-րդ ժո­ղո­վը յատ­կա­ցուած է ներ­կա­յի շատ կա­րե­ւոր բնա­պա­հպանա­կան խնդիր­նե­րու։ Անդ­րա­նիկ ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցած էր Ժը­նեւ, 1979-ին. 1992-ին Ռիօ տը Ժա­նէյ­րո­յի եւ 1997-ին Քիո­թո­յի ժո­ղով­նե­րուն կա­րե­ւոր քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում­ներ առ­նուե­ցան բայց զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով, քա­ղա­քա­կան թէ տնտե­սա­կան, դժբախ­տա­բար չգոր­ծադ­րուե­ցան կա­րե­ւոր քա­նի մը եր­կիր­նե­րու կող­մէ եւ այս­պէս կլի­մա­յա­կան խնդիր­նե­րը բար­դա­ցան եւ ընդ­հա­նուր վտան­գը աւել­ցաւ։

Կլի­մա­յա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը եւ մաս­նա­ւո­րա­բար երկ­րա­գուն­տի ընդ­հա­նուր ջեր­մու­թեան բարձ­րա­ցու­մը կրնան շատ ծանր հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ մաս­նա­ւո­րա­բար մար­դոց վրայ, ինչպէս նաեւ յա­ռա­ջաց­նել փո­փո­խու­թիւն­ներ կեն­դա­նա­կան եւ բու­սա­կան աշ­խարհ­նե­րուն մէջ, պատ­ճա­ռել ե­րաշտ՝ ո­րոշ շրջան­նե­րու մէջ, ձիւ­նե­րու եւ սառ­նա­կոյ­տե­րու հալք՝ պատ­ճառ դառ­նա­լով ով­կէա­նոս­նե­րու եւ ծո­վե­րու մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման, ո­րուն ուղ­ղա­կի հե­տե­ւան­քը կ՚ըլ­լայ ծո­վա­յին գօ­տի­նե­րու ջու­րով ծած­կուի­լը, քան­դե­լով բազ­մա­թիւ նա­ւա­հան­գիստ­ներ եւ ծո­վա­մերձ գիւ­ղեր եւ քա­ղաք­ներ։ Ըստ մաս­նա­գէտ­նե­րու, ե­թէ ծո­վե­րուն մա­կար­դա­կը 3 մեթր բարձ­րա­նայ, հարկ կ՚ըլ­լայ շուրջ 500-600 մի­լիոն բնա­կիչ տե­ղա­հան ը­նել ի­րենց ապ­րած վայ­րե­րէն, ա­սոր հա­մար կը բա­ւէ որ կեն­սո­լոր­տին ջեր­մու­թիւ­նը միայն 2 աս­տի­ճան բարձ­րա­նայ։

Երկ­րա­գուն­տը, իր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ ու­նե­ցած է ջեր­մու­թեան բարձ­րա­ցում եւ նուա­զում, բայց ա­նոնք ե­ղած են բնա­կան ձե­ւով, մինչ ներ­կա­յիս, ջեր­մու­թեան բարձ­րաց­ման իս­կա­կան պատ­ճա­ռը ինք՝ մարդ ա­րա­րածն է, որ իր կեան­քի պայ­ման­նե­րը բա­րելա­ւե­լու հա­մար ան­փու­թօ­րէն կը վատ­նէ եւ կ՚ա­պա­կա­նէ թէ՛ իր շնչած օ­դը, թէ՛ իր խմած ջու­րը, թէ ալ այն հո­ղը որ կ՚ա­պա­հո­վէ իր ա­ռօ­րեայ սնուն­դը։

Դա­րուս ա­մե­նէն հրա­տապ խնդիր­նե­րէն մէ­կը մեզ շրջա­պա­տող մի­ջա­վայ­րին ա­պա­կա­նու­թիւնն է, ո­րուն հե­տե­ւանք­նե­րէն մէ­կը երկ­րա­գուն­տին ջեր­մու­թեան բարձ­րա­ցումն է։ Ուս­տի ա­մէն բան պէտք է ը­նել մաս­նա­ւո­րա­բար կեն­սո­լոր­տին ա­պա­կա­նու­թիւ­նը կրճա­տե­լու եւ նոյ­նիսկ ան­հե­տաց­նե­լու հա­մար։ Կա­րե­լի՛ է լու­ծել այս հար­ցը, բայց բա­ւա­կան բարդ եւ դժուա­րին խնդիր է, մաս­նա­ւո­րա­բար տնտե­սա­կան պատ­ճառ­նե­րով: Գիտա­կան եւ թեքնիկ մի­ջոց­նե­րը քաջ ծա­նօթ են, բայց ա­նոնց գոր­ծադ­րու­մը մի­ջազ­գա­յին կնճռոտ կա­ցու­թիւն­ներ կրնայ ստեղ­ծել եւ շատ ա­ւե­լի սու­ղի նստիլ։

Ա­պա­կա­նու­թիւն ը­սե­լով՝ մենք կը հասկ­նանք մեր մի­ջա­վայ­րին աղ­տո­տի­լը, մաս­նա­ւո­րա­բար ա­րուես­տա­կան քի­միա­կան բա­ղադ­րու­թիւն­նե­րով եւ զա­նա­զան տար­բեր ար­տադ­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց դէմ բնու­թիւ­նը դժուար կրնայ պայ­քա­րիլ, չը­սե­լու հա­մար՝ ան­կա­րող է. չի կրնար զա­նոնք ան­հե­տաց­նել, փո­խե­լով ա­նոնց բնու­թիւ­նը, ինչ­պէս որ պա­րա­գան է բնա­կան բա­ղադ­րու­թիւն­նե­րուն։ Երբ ա­պա­կա­նու­թիւ­նը հաս­նի բարձր մա­կար­դա­կի եւ քի­միա­կան ա­պա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւել­նայ, շրջա­կայ բնու­թիւ­նը ան­կա­րող կ՚ըլ­լայ զա­նոնք ան­հե­տաց­նե­լու եւ կը թու­նա­ւո­րուի, բոյ­սե­րը կը ցամ­քին, փոքր ա­նա­սուն­նե­րը եւ մի­ջատ­նե­րը կը մեռ­նին եւ կա­մաց-կա­մաց կեան­քը կ՚ան­հե­տա­նայ։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ բո­լոր բոյ­սե­րը եւ կեն­դա­նի­նե­րը օդ կը շնչեն ապ­րե­լու հա­մար, կեն­սո­լոր­տի ա­պա­կա­նու­թիւ­նը ա­մե­նէն վտան­գա­ւորն է, մաս­նա­ւո­րա­բար մար­դոց հա­մար։ Մարդ­կա­յին բո­լոր զբա­ղում­նե­րը եւ նա­մա­նա­ւանդ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան եւ ճար­տա­րա­րուես­տա­կան ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը մեծ քա­նա­կու­թեամբ թու­նա­ւոր բա­ղադ­րու­թիւն­ներ կ՚ար­ձա­կեն օ­դին մէջ, հսկա­յա­կան ա­պա­կա­նու­թիւն մը ստեղ­ծե­լով, ո­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը կ՚ըլ­լան մարդ­կա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը եւ կլի­մա­յի փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։

Վտան­գա­ւոր կա­զա­յին գլխա­ւոր բա­ղադ­րու­թիւն­նե­րը ո­րոնք կ՚ա­պա­կա­նեն մթնո­լոր­տը հե­տե­ւեալ­ներն են. բնած­խա­յին կա­զը (gaz carbonique, CO2), մէ­թա­նը (méthane, բնա­կան կազ), բո­րա­կա­ծի­նի թթու (oxyde d’azote) եւ այլ՝ ֆլի­ւօր պա­րու­նա­կող բա­ղադ­րու­թիւն­ներ (dérivés fluorés)։

Կեն­սո­լոր­տին կա­րե­ւո­րա­գոյն աղ­տո­տու­թիւ­նը բնած­խա­յին կազն է, որ շատ մեծ քա­նա­կով կը թա­փան­ցէ օ­դին մէջ եւ զայն կ՚ա­պա­կա­նէ։ Հա­կա­ռակ թու­նա­ւոր չըլ­լա­լուն, ան կը կլա­նէ ա­րե­ւի ճա­ռա­գայթ­նե­րը եւ կեն­սո­լոր­տը ա­ւե­լի կը տաք­նայ (effet de serre)։ Մ­նա­ցեալ աղ­տոտ կա­զերն ալ, միեւ­նոյն ձե­ւով կը պատ­ճա­ռեն ջեր­մու­թեան բարձ­րա­ցում, միա­ժա­մա­նակ ազ­դե­լով մար­դոց ա­ռող­ջու­թեան վրայ։

Ա­մէն ան­գամ որ ա­ծուխ պա­րու­նա­կող բա­ղադ­րու­թիւն մը այ­րի, ան­պայ­ման եւ  բնա­կա­նա­բար, ըստ քի­միա­կան օ­րէնք­նե­րուն, բնած­խա­յին կազ կ՚ար­տադ­րէ։ Ա­տի­կա պա­րա­գան է հան­քա­ծու­խէ, քա­րիւ­ղէ, փայ­տէ պատ­րաս­տուած բո­լոր նիւ­թե­րուն, ո­րոնք կը գոր­ծա­ծուին հսկա­յա­կան քա­նա­կով, աշ­խար­հի չորս կող­մը։ Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն ար­տադ­րող բո­լոր ջեր­մա­կեդ­րոն­նե­րը (centrales thermoélectriques) ո­րոնք կը գոր­ծա­ծեն հան­քա­ծուխ, քա­րիւղ կամ բնա­կան կազ, բո­լոր ինք­նա­շարժ­նե­րը ո­րոնք քա­րիւղ կամ կազ կը սպա­ռեն, բո­լոր բնա­կա­տե­ղի­նե­րու ոչ-ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեամբ ջե­ռու­ցու­մը եւ տար­բեր բազ­մա­թիւ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ մեծ քա­նա­կով բնած­խա­յին կազ կ՚ար­տադ­րեն եւ կ՚ար­ձա­կեն մեր շնչած օ­դին մէջ։ Բնած­խա­յին կազ ար­տադ­րող եւ մթնո­լոր­տը ա­պա­կա­նող կա­րե­ւո­րա­գոյն հաս­տա­տու­թիւն­ներն են ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն ար­տադ­րող ջեր­մա­կա­յան­նե­րը, ինք­նա­շարժ­նե­րը եւ միւս ոչ-ե­լեկտ­րա­կան փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րը, քի­միա­կան, քա­րիւ­ղա­քի­միա­կան եւ մե­տա­ղա­շի­նա­կան հսկայ գոր­ծա­տու­նե­րը։ Երկ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ միւս ար­տադ­րա­կան կեդ­րոն­նե­րը նուազ քա­նա­կով թու­նա­ւոր կա­զեր կ՚ար­ձա­կեն օ­դին մէջ։

Հա­կա­ռակ բարդ գործ մը ըլ­լա­լուն, կա­րե­լի է յա­ջո­ղու­թեամբ պայ­քա­րիլ ա­պա­կա­նու­թեան դէմ եւ նոյ­նիսկ զայն ան­հե­տաց­նել։ Մի­ջոց­նե­րը բազ­մա­թիւ են եւ քաջ ծա­նօթ՝ մաս­նա­գէտ­նե­րուն:

Օ­րի­նակ՝

-Պակ­սեց­նել քա­րիւ­ղի գոր­ծա­ծու­թեան քա­նա­կը, գոր­ծա­ծե­լով տար­բեր՝ ոչ-ած­խա­յին վա­ռե­լա­նիւ­թեր, ինչ­պէս ջրա­ծի­նը (hydrogène) կամ տար­բեր բա­ղադ­րու­թիւն­ներ:

-Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն ար­տադ­րել տար­բեր մի­ջոց­նե­րով, ա­ռանց գոր­ծա­ծե­լու քա­րիւղ, բնա­կան կազ կամ հան­քա­ծուխ, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ ա­րե­ւա­յին ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն եւ նոյ­նիսկ հիւ­լէա­կան, հա­կա­ռակ ա­նոր ներ­կա­յա­ցու­ցած վտանգ­նե­րուն:

-Մաք­րել բո­լոր աղ­տոտ կա­զե­րը՝ նախ­քան զա­նոնք կեն­սո­լորտ ար­ձա­կե­լը, օ­րի­նակ նուազ վտան­գա­ւոր բա­ղադ­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­ծե­լով եւ կամ այդ կա­զե­րը կլա­նե­լով:

-Ծա­ւա­լել ան­տառ­նե­րու մա­կե­րե­սը՝ նոր ծա­ռեր տնկե­լով եւ նուազ թի­ւով ծա­ռեր կտրե­լով, նկա­տի առ­նե­լով որ բու­սա­կան ամ­բողջ աշ­խար­հը կը ծծէ օ­դին մէջ գտնուող բնած­խա­յին կա­զը:

-Այդ կա­զե­րը օգ­տա­գոր­ծել ու­րիշ շա­հա­բեր բա­ղադ­րու­թիւն­ներ պատ­րաս­տե­լու հա­մար, քի­միա­կան փո­փո­խա­մի­ջոց­նե­րով (transformations chimiques):

Այս ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը յա­ճախ կը գոր­ծա­ծուի, բայց դեռ ան­բա­ւա­րար չա­փով՝ ա­ռայժմ ծախ­սա­լից ըլ­լա­լով։

Ա­մէն պա­րա­գա­յի, անհ­րա­ժեշտ է լու­ծում մը գտնել շու­տով եւ պէտք ե­ղա­ծը ը­նել՝ ե­թէ չենք ու­զեր մօտ ա­պա­գա­յին, այ­սինքն 10-20 տա­րի յե­տոյ, դէմ յան­դի­ման գտնուիլ չա­փա­զանց բարդ կա­ցու­թիւն­նե­րու, հսկա­յա­կան վնաս­նե­րու եւ վտանգ­նե­րու, մեր ապ­րած մի­ջա­վայ­րին եւ հա­մայն մարդ­կու­թեան հա­մար:

Հա­կիրճ ակ­նարկ մը նաեւ Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գա­յին՝ այս խնդիր­նե­րու լոյ­սին տակ: Հոն, ա­պա­կա­նու­թեան մա­կար­դա­կը ե­թէ ոչ գո­հա­ցու­ցիչ, գո­նէ ըն­դու­նե­լի եւ նուազ վտան­գա­ւոր է քան Եւ­րո­պա­յի պա­րա­գա­յին, բա­ցի Ե­րե­ւա­նէն, ուր ինք­նա­շարժ­նե­րու եր­թե­ւե­կը եւ հսկայ քա­նի մը գոր­ծա­տու­նե­րը (Նա­յի­րիտ, ջեր­մա-ե­լեկտ­րա­կա­յան) օ­դի բա­ւա­կան ա­պա­կա­նու­թիւն կը ստեղ­ծեն, երբ ա­նոնք բա­նին ան­շուշտ։ Ե­րե­ւա­նէն դուրս, կա­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի գո­հա­ցու­ցիչ է, նկա­տի առ­նե­լով որ խո­շոր կոմ­պի­նատ գոր­ծա­տու­նե­րը փակուած են կամ մաս­նա­կի կը բա­նին: Ա­պա­կա­նու­թիւ­նը քիչ մը ա­ւե­լի է մե­տա­ղա­յին հան­քա­գոր­ծատ­նա­յին շրջան­նե­րու մէջ, ինչ­պէս՝ Ա­լա­վեր­դիի ձո­րին, Ախ­դա­լա­յի, Կա­պա­նի եւ Քա­ջա­րա­նի կող­մե­րը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով որ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը ու­նի մեծ մա­սամբ հիւ­լէա­կան եւ ջրա­յին ծա­գում, բնած­խա­յին կա­զի ա­պա­կա­նու­թիւ­նը գրե­թէ անն­շան է եւ անվ­տանգ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ կեն­սո­լոր­տի ջեր­մու­թեան յա­ւե­լու­մը կրնայ ա­պա­գա­յին ո­րոշ ե­րաշտ եւ ջու­րի պա­կաս պատ­ճա­ռել, հե­տե­ւա­բար պէտք է շու­տով հո­ղե­րու ո­ռոգ­ման ցան­ցը բա­րե­լա­ւել եւ ընդ­լայ­նել ա­մէ­նու­րեք։

Քա­նի մը օր յե­տոյ գու­մա­րուե­լիք մի­ջազ­գա­յին այս ժո­ղո­վին, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին ա­ւե­լի քան հա­րիւր եր­կիր­նե­րու մե­ծե­րը, պէտք է կա­յա­ցուին ա­պա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի կա­րե­ւոր ո­րո­շում­ներ, եւ մա­նա­ւանդ՝ ա­նոնք պէ՛տք է գոր­ծադ­րուին երկ­րա­գուն­տի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն կող­մէ։

Ու­րեմն, սպա­սենք միշտ յու­սա­լով, որ մեր մե­ծե­րը քա­ջու­թիւ­նը ու­նե­նան կա­րե­ւոր դժուա­րին ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նե­լու եւ զա­նոնք գոր­ծադ­րե­լու, ի խնդիր՝ մարդ­կու­թեան ա­պա­գա­յին։

(*) Նշան Մար­կո­սեան, այ­սօր հանգս­տեան կո­չուած, 75 տա­րե­կան քի­միա­գէտ-ճար­տա­րա­գէտ է։ 40 եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տած է որ­պէս ճար­տա­րա­գէտ-խորհր­դա­կան՝ աշ­խա­տան­քա­յին ա­պա­հո­վու­թեան եւ ճար­տա­րա­րուես­տա­կան ա­պա­կա­նու­թեան բնագա­ւառ­նե­րուն մէջ որ­պէս մաս­նա­գէտ։ Հե­ղի­նակ է ճար­տարա­րուես­տա­կան վտանգ­նե­րու եւ շրջա­պա­տի ա­պա­կա­նու­թեան նուի­րուած գի­տա­կան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան բազ­մա­թիւ յօ­դուած­նե­րու եւ հա­տոր­նե­րու։

ՆՇԱՆ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

«Նոր Յառաջ»
Փարիզ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015