ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Այս շաբաթավերջին հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած է համազգային նշանակութեամբ մեծ յոբելեանի մը վրայ։ Այսպէս, հայ երաժշտութեան արդի շրջանի առասպելական վարպետներէն Տիգրան Մանսուրեան վաղը կը դառնայ ութսուն տարեկան։ Տիգրան Մանսուրեանի յոբելեանին առթիւ յառաջիկայ շաբաթ, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ մասնաւոր համերգ մը։ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի երդիքին տակ նախատեսուած է այս շքեղ համերգը, որու ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան «Խաչատուրեան» եռեակը (դաշնակահարուհի Արմինէ Գրիգորեան, ջութակահար Կարէն Շահկալտեան, թաւջութակահար Կարէն Քոչարեան), մեցցոսոփրանօ Աննա Մայիլեան, ալթահար Մաքսիմ Նովիքով եւ Արթուր Եղիազարեան (սաքսաֆոն)։

Տիգրան Մանսուրեան ութսունամեակին առթիւ հարցազրոյց մը տուաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան։ Խմբագիր Յովհաննէս Այվազեանի հետ զրուցելու ընթացքին ան յայտնեց, որ երաժշտութիւնը կեանքի հայելին է եւ մարդաբանութեան դասագիրք։ «Երաժշտութեան հետ ապրելու այս երկար տարիներու ընթացքին ես անկէ այնքան բան սորված եմ։ Սորված եմ ինքզինքս յայտնաբերել։ Սորված եմ ես զիս յայտնաբերել շերտ շերտ, հնարաւոր յստակութեամբ ճանչնալ դէպի հնչիւններու արուեստ եկող մարդկային որակները, անոնց ներսի կայունը, ամուրը, փխրունը, զուսպը, պարկեշտը եւ այս կարգի բաներ։ Անոնք գործի սկիզբին մարմին կ՚առնեն բուռ մը հնչիւններու յարաբերութենէն։ Այս արժէքներու մարդկային խորհուրդը ինծի համար առաւել ճանաչելի դարձած է, երբ ձգտած եմ հասնիլ իրենց ձեւակերպման երաժշտութեան մէջ», ըսաւ Մանսուրեան։

Իր յոբելեանին առթիւ Տիգրան Մանսուրեան երէկ Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց «Արմէնփրէս»ի սրահի երդիքին տակ։ Ան նշեց, որ չի կարողանար հաշտուիլ յոգնելու գաղափարին հետ։ Հաւաքոյթի ընթացքին ան խօսեցաւ նաեւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան մասին։ «Ես հոգեւոր երաժշտութեան ոլորտ մի քանի անգամ մտած եմ, քանի մը գործ ունիմ։ Այստեղ ընելու լուրջ գործ կայ, իմ պարտքն է յաջորդ սերունդին այդպիսի աշխատանքային ծրագիր մը փոխանցել։ Երբ կը բանաս մեր շարականները, այնքան հարուստ նիւթ կայ։ Մեղեդին պէտք է կարողանալ գոյացնել, ինքնուրոյն երգահանութեան աշխատանք ընել», ըսաւ Մանսուրեան։

Միւս կողմէ, ամերիկահայ մամուլը կը հաղորդէ, որ Տիգրան Մանսուրեանի ութսունամեակին առթիւ յոբելենական համերգ մըն ալ նախատեսուած է Լոս Անճելըսի մէջ։

Շաբաթ, Յունուար 26, 2019