ՀԱՐՈՒՍՏ ԿՈՅՐԵՐՍ

Յիրաւի, մենք ունինք ապահով ու գեղեցիկ կեանք, սակայն կոյր ենք զայն գնահատելու համար:

Յիրաւի, մենք կ՚ապրինք շքեղ կեանքով մը: Այո՛, մենք, ոչ թէ մեր դրացին:

Մենք ունինք ելեկտրական հոսանք, որ օրուան ընթացքին 6 ժամով կը գոցեն Արցախի մէջ: Անհրաժեշտ է խնայել հոսանքը, հնարաւորինս երկար ունենալու համար զայն:

Մենք ունինք կազ, որ ատրպէյճանցիները կամայական սկզբունքով կը ձգեն, որպէսզի հասնի արցախցիներուն:

Մենք ունինք պտուղ, բանջարեղէն: Խանութներու մէջ առատ են պտուղն ու բանջարեղէնը, նոյնիսկ այնքան շատ են, որ մարդիկ չեն հասցներ սպառել: Կը փճանայ: Մնացորդները կամ կը յայտնուին աղբամանի մէջ, կամ անասուններու համար կը դառնան կեր: Իւրաքանչիւրիս տունին մէջ պտուղն ու բանջարեղէնը անպակաս է: Իսկ արցախցիները աւելի քան քառասուն օրէ ի վեր կարօտ են պտուղի, բանջարեղէնի:

Կաթնամթերքը հերթով չէ: Խանութներուն ցուցափեղկերը լի են: Երբ ուզենք կը գնենք: Մեր նախաճաշի սեղանները արքայական են. քանի մը տեսակ պանիր, մեղր, հաւկիթ, վարունգ, լոլիկ, պղպեղ... Մինչդեռ արցախցին կարօտ մնացած է պանիրի համին: Նախաճաշը կ՚ընեն խնայողութեամբ, որպէսզի ունեցած ուտելիքի պաշարը հնարաւորինս երկար բաւէ:

Դդմաճը, ձաւարեղէնը կտրօնով չէ: Որչափ ուզենք կը գնենք: Աւելին՝ ունինք ընտրութեան իրաւունք: Իսկ Արցախի մէջ մէկ հոգի տասնհինգ օրը մէկ իրաւունք ունի կտրօնով գնելու կէս քիլօ ձաւարեղէն, մէկ լիթր ձիթաիւղ եւ այլն:

Կարագի տեսականին փռած են խանութներու ցուցափեղկերուն, արցախցին կարօտ մնացած է կարագին:

Մենք կը տեղաշարժուինք մեր անձնական ինքնաշարժներով կամ թաքսի կը պատուիրենք: Երթուղայինները կ՚աշխատին կանոնաւոր: Արցախի մէջ կեցած են բոլոր պենզինով ինքնաշարժները՝ պենզին չկայ: Կազով ինքնաշարժները կ՚աշխատին: Մարդիկ կը փորձեն հնարաւորինս քիչ գործածել վառելանիթը, միմիայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային, չէ՞ որ կազն ալ կ՚աշխատի խափանումներով, իսկ վաղուան օրը խիստ անորոշ է: Յոյսն ու հողի նկատմամբ անսահման սէրն է, որ ուժ կու տայ արցախցիին: Օրէ օր ամբարուող հաւատքը կը ստիպէ համբերատար դիմակայել իւրաքանչիւր փորձութեան:

Մենք լուացուելու համար յատուկ ժամի կարիք չունինք: Երբ ուզենք կը մտնենք լոգասենեակ: Կը բանանք ծորակը: Տաք ջուրի տակ հանգիստ կը լուացուինք: Արցախցին պարտաւոր է հաշուի նստիլ «Արցախէներկօ»ի, «Արցախկազ»ի հետ, լուցուելու, լուացք ընելու համար ընտրելով յարմար ժամ:

Մենք ճաշ կը պատրաստենք այն ժամուն, երբ մեզի յարմար է:

Կը պատրաստենք մեր սիրելի ուտելիքները: Մեզի թոյլ կու տանք սնուելու բազմազան եւ հարուստ: Արցախցին այսօր զրկուած է այդ իրաւունքէն: Օրուան ճաշը կը պատրաստէ պաշարներու մնացորդներէն՝ անտրտունջ, համբերատար: Այս անորոշ օրերուն Արցախի մեջ շատցած է ջերմութիւնը՝ հոգիի ջերմութիւնը: Տուները պաղ են՝ հոգիները ջերմ: Լոյս չկայ, անկեղծ ժպիտներով կը լուսաւորեն զիրար: Կատակներով կը թօթափեն օրուան ծանր բեռը: Արցախէն դուրս բնակող սրտացաւ հայերը իրենք՝ արցախցիները կը քաջալերեն, կը գօտեպնդեն, յոյս կու տան անոնց:

Կ՚երթանք աշխատանքի, մեր զաւակները կը ղրկենք մանկապարտէզ կամ դպրոց: Այսօր Արցախը զրկուած է կրթութեան հնարաւորութենէ: Դպրոցները չեն ջեռուցուիր: Մանկապարտէզները նոյնպէս, բաց աստի, մանուկները կերակրելու համար չկայ բաւականաչափ սնունդ, այդ իսկ պատճառաւ շաբաթներ առաջ փակուեցան կրթական օճախները:

24 ժամ մենք ունինք հոսանք: Եւ մենք կ՚որոշենք, թէ ո՛ր ժամին ի՛նչ գործողութիւն ընենք. ե՞րբ արթննանք, ե՞րբ մտնենք անկողին, ե՞րբ տունը մաքրենք... Այլեւս արցախցիներու քնանալու ժամը կ՚որոշէ «Արցախէներկօ»ն:

Այս բոլոր փորձութիւններու մէջէն մենք կ՚անցնինք սահմռկեցուցիչ պատերազմէն վերջ: Ինչպէս միշտ, ամենէն բարձր գինը կը շարունակէ վճարել Արցախն ու արցախցին: Այն ինչ կը կատարուի Երեւանէն 360 քիլօմեթր անդին, շուտով պիտի հասնի նաեւ հայոց մայրաքաղաքը, եթէ շարունակենք մնալ անտարբեր: Արցախը կը մարի, իսկ մենք բոլորս քովէն կը դիտենք տամուկ աչքերով: Առհասարակ, մենք մեր կեանքը սխալ կ՚ապրինք: Մշտապէս կը տրտնջանք: Չենք գնահատեր այն, ինչ որ ունինք: Ինչ որ անգին է, դժուար հայթայթելի: Մեր մէջ կը պակսի սէրը, ողորմածութիւնը, բարութիւնը, ունեցածը գնահատելու կարողութիւնը: Մեր հոգիներու մէջ բնակած չարը չի ձգեր մեզ տեսնելու կեանքի գեղեցկութիւնը, վայելելու եւ արժեւորելու զայն: Մեզմէ իւրաքանչիւրի նպատակը պէտք է ըլլայ ձերբազատուիլ մեր ներքին չարէն, սկսելով այն Հանրապետութեան հրապարակէն: Պէտք է ինքնամաքրուինք, այնուհետեւ ազատագրենք մեր աստուածատուր երկիրը ազգադաւ իշխանաւորներէն:

Աստուած պահապան եւ օգնական հայոց երկու հանրապետութիւններուն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023