ՑԱՒԻ ԵՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Արդիւնաւէտութիւնը եւ համագործակցութիւնը կարեւոր ցուցանիշներ են ժամանակակից մարդուն համար։ Մարդիկ կը հետեւին զանազան աւանդութիւններու հետքերուն՝ աւելի երջանիկ երեւալու, աւելի յաջող ըլլալու, աւելի շատ վաստակելու եւ աւելի լաւ կեանք ապրելու համար: Ուսանող մը կ՚ուզէ աւելի յաջող ըլլալ քննութեան ժամանակ, պետական ծառայող մը կ՚ուզէ աւելի շատ վաստակիլ, դասախօս մը անընդհատ կ՚աշխատի բարձր դիրքի մը հասնելու, իսկ ազդեցիկ մարդիկ կը փորձեն տպաւորել աւելի լայն լսարաններ…
Աւելի երջանիկ կեանքի համար թափուած ջանքերը մարդիկ օրէ օր աւելի կը մօտեցնեն «դրական» հասարակութեան: Այս «դրական» հասարակութիւնը կը նախատեսէ կեանքի գործընթաց ձեւաւորել առանց «ցաւ» հասկացութեան։ Իւրաքանչիւր մարդ իր ներաշխարհի ցաւի, վիշտի զգացումը վերածած է անցանկալի յոյզի մը, որ պէտք է թաքցնել։ Սիրելն ու համակրելը դարձած են բացասական/յոգնեցուցիչ կեանքի ցաւազերծիչը։
Մարդիկ քայլեր կը ձեռնարկեն՝ ցաւալի իրավիճակէ մը խուսափելու համար։ Սա կ՚արտայայտուի բացասական զգացումներէն ու միտքերէն հեռու մնալով եւ ցաւոտ վէճի մէջ չիյնալով։ Այսօրուան հասարակութեան մէջ ցաւը կը համարուի՝ որպէս թուլութեան նշան. այսինքն՝ բան մը, որ պէտք է թաքցնել: Ուստի յաջողութիւնը եւ երջանկութիւնը անհամատեղելի են աշխարհի հետ։ Բայց իսկական երջանկութիւնը հնարաւոր է միայն ցաւի միջոցով: Ցաւն է, որ կը փրկէ երջանկութիւնը փոխակերպումէն: Երջանկութիւնն ու ցաւը ամբողջութեան մը անբաժան մասն են ու զանազան պարագաներու իրար կը համալրեն։
Ներկայիս մարդիկ ամէն ինչ կը սեղմեն նման հասկացութեան մէջ: Ընկերային հարթակներու գնահատանքի մշակոյթը այժմ վերածուած է ժահրային ձեւի՝ վարակելով կեանքի իւրաքանչիւր ոլորտը։ Կեանքը՝ հակառակ դժուարութիւններու, նեղութիւններու, պատերազմներու, բնական աղէտներու, դարձած է դրականութեան, փափկութեան եւ պարզութեան երեւոյթ, կարծես բոլորը կ՚ապրին «Instagram»ի աշխարհի մը մէջ: Բայց կը մոռցուի, որ կեանքը առանց ցաւի կը նշանակէ հեռանալ իրականութենէն։
Նման «դրականութեան» մշակոյթի ձեւաւորման պատճառները շատ են։ Առաջին հերթին սա հիմնուած է մշակոյթի շուկայականացման եւ սպառման առարկայ դառնալուն վրայ։ Հետեւաբար, աշխարհի մը մէջ, ուր ամէն ինչ սպառուելիք առարկայ մըն է, ցաւի զգացումը անցանկալի է: Քանի որ ոչ ոք կ՚ուզէ ցաւը սպառել, ցաւի հետ կապուած որեւէ բանի հետ չ՚ուզեր յարաբերութիւն ունենալ։
Ցաւէն խուսափելու հասարակութեան փափաքին պատճառով՝ այդ մէկը այժմ անիմաստ է, որու դէմ կարելի է պայքարիլ միայն թմրանիւթերով: Յամենայնդէպս, առանց ցաւի մենք կը կտրուինք կեանքէն՝ յատկապէս իրականութենէն։ Ցաւը կեանքի համակարգը կազմող գործօններէն միայն մէկն է։ Հետեւաբար, երբ ցաւ գոյութիւն չունենայ, մենք կոյր կը դառնանք եւ չենք կրնար հասնիլ իրականութեան ու գիտելիքի։ Չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել, թէ մենք մեր գոյութեան ու գոյատեւման փափաքը պարտական ենք ցաւին: Երբ ցաւը կ՚անհետանայ, իրականութիւնը կը խեղաթիւրուի եւ կ՚իմաստազրկուի։ Ցաւը մարդկային յարաբերութիւններու գոյութիւնն ու շարունակականութիւնը ապահովելու գործիք մըն է։ Մարսել Փրուստի խօսքով՝ «մենք պէտք է դարձեալ տանջուինք, որպէսզի դարձեալ սիրենք»:
Կեանքի առօրեայ իրադարձութիւններուն, կեանքի տարբեր երեսակներու մասին մնայուն կերպով մտածիլը, խորհիլը, իրազեկ դառնալը ցաւալի իրողութիւն է, սակայն եւ այնպէս մենք կը շարունակենք ձգտիլ միշտ աւելի բան գիտնալու, չափազանց շատ բաներու մասին իրազեկ դառնալու: Արդարեւ, ինչպէս որ բարիքին արժէքը…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ