ԱՐԱՄ Խա­չատուր­եա­նի Ջու­թա­կի քոնչերթոն ՉԱՐԼԻ Չափլի­նի ա­մե­նա­սի­րած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մէկը եղած է

Արամ Խաչատուրեան բազմիցս հանդիպումներ ունեցած է համաշխարհային հռչակ վայելող անձնաւորութիւններու հետ: «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս անգամ առանձնացուցած է նշանաւոր կատակերգու, համաշխարհային շարժանկարի ամենայայտնի դէմքերէն մէկուն՝ Չարլի Չափլինի հետ կայացած հանդիպումը:

Արուեստագէտի հետ հանդիպումը կայացած է Խաչատուրեանի՝ Զուիցերիա այցելութեան ժամանակ՝ 1965 թուականին, երբ ան հրաւիրուած է այդ երկիրը՝ որպէս միջազգային մրցոյթի դատակազմի անդամ: Արդէն պատկառելի տարիք ունեցող Չարլի Չափլին այդ ժամանակ ապրած է քիչ մը մեկուսացած, Ժընեւէ դուրս գտնուող իր առանձնատան մէջ եւ շատ հազուադէպ ընդունած է հիւրերու: Մաէսթրօ Արամ Խաչատուրեան ինք փափաք յայտնած էր տեսնել արուեստագէտը: Եւ Չափլին մաէսթրոն իր կնոջ եւ որդիին՝ Կարէնի հետ սիրով հիւրընկալած է իր առանձնատան մէջ:

Անոնք մի քանի ժամ տեւողութեամբ զրոյց ունեցած են: Չափլին Արամ Խաչատուրեանը հրաւիրած է իր առանձնասենեակը, բացած պահարաններէն մէկը, ուր դրուած է Խաչատուրեանի Ջութակի քոնչերթոյի ձայնապնակը եւ ըսած է, որ ան իր ամենասիրելի ստեղծագործութիւններէն մէկն է, զոր յաճախ կ՚ունկնդրէ աշխատելու ատեն: Ինչպէս յայտնի է՝ Չափլինի ֆիլմերուն մէջ ալ յաճախ հնչած են իր ստեղծած մեղեդիները: Մեծ կատակերգակը փորձած է մօտենալ դաշնամուրին եւ ներկայացնել իր ստեղծագործութիւններէն փոքր հատուած մը: Այնուամենայնիւ, վերջին պահուն չէ համարձակած՝ ըսելով, որ յուզուած է եւ չի կրնար մեծ մաէսթրոյի մօտ հնչեցնել իր երաժշտութիւնը:

Շրջագայութեան աւարտին Արամ Խաչատուրեանը առողջական խնդիրներու պատճառով տեղափոխած են հիւանդանոց: Չափլին, լսելով այդ մասին, փոքրիկ երկտող մը ուղարկած է՝ մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում եւ նաեւ վարդերու գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը: Կարեւորելով մեծ կատակերգուն եւ հետեւապէս անոր նուէրը՝ Խաչատուրեան այդ ծաղկեփունջը բերած է Մոսկուայի իր տունը եւ դրած ռոյալի վրաւ՝ իր աչքի առջեւ: Եւ մինչեւ կեանքին վերջը չորցած այդ ծաղկեփունջը մնացած է ռոյալի վրայ: Մինչեւ այսօր այդ ծաղկեփունջը Խաչատուրեանի որդին կը պահէ իր բնակարանին մէջ որպէս հանդիպման յուշ:

Խաչատուրեան-Չափլին նշանաւոր հանդիպման մասին կը վկայեն հետաքրքրական լուսանկարները, որոնք կը պահպանուին մեծ մաէսթրոյի տուն-թանգարանի պահոցին մէջ, իսկ որոշներն ալ ներկայացուած են ցուցասրահներու ընթացքին:

ԱՆՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018