ԲԱՐԵՐԱՐԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) շէնքին առաջին յարկի նախասրահը, անցնող օրերուն, սգոյ մթնոլորտ ստաձած էր… Դռնէն ներս մտնողը կը լսէր դասական երաժշտութիւն, սեղանին վրայ վառող մոմերը եւ ծաղիկները կը խորհրդանշէին փետրուարի 18-ին կեանքէն հեռացած Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի անմեռ յիշատակը. ՀԲԸՄ-ը սգոյ մատեան մը բացած էր ու այս ձեւով վերջին հրաժեշտը տուաւ Բարեգործականի երկարամեայ նախագահներէն մէկուն, որուն մահը՝ 86 տարեկանին, վիշտ պատճառեց հարազատներուն եւ հայութեան:
Սեղանին եւ պատին վրայ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի՝ երիտասարդութեան լուսանկարները կային. թերեւս այդպէս ալ ան կը յիշուի՝ ժպիտը դէմքին, օգնելու եւ ծառայելու պատրաստ:
Սգոյ մատեանին մէջ հրաժեշտի խօսքեր գրած են ՀԲԸՄ-ի պաշտօնեաներ, արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, լրագրողներ…
Նշանաւոր երգչուհի Յասմիկ Պապեան այսպիսի գրառում մը կատարած է մատեանին մէջ. «Մեծ եւ անդառնալի է հայ ժողովուրդին մեծագոյն դստեր՝ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի կորուստը: Երջանկութիւնն ու պատիւն ունեցած եմ զայն անձամբ ճանչնալու եւ մօտէն հաղորդակցելու: Չափազանց համեստ, հոգատար, զուսպ անձնաւորութիւն մըն էր, իսկ ամենակարեւորը՝ արուեստասէր եւ արուեստն ու երաժշտութիւնը միշտ հովանաւորող եւ իր ուշադրութեան կեդրոնին պահող: Իր ազնիւ յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մարդկային զարգացման հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Տեպորա Կրիսըր ԱՄՆ դեսպանութեան անունով ցաւակցական հետեւեալ գրառումը կատարած է. «Դժուար պահերուն ան օգնութեան ձեռք մեկնած է Հայաստանին, իսկ կրթական հնարաւորութիւններուն մասին իր մօտեցումներով յոյս պարգեւած է ապագայ սերունդներուն: Սգալով անոր մահը՝ մենք կը յիշենք իր անցած ճանապարհն ու ձեռքբերումները, որոնք տակաւին շատ երկար ատեն մեզի հետ պիտի ըլլան»:
Վերջին շրջանին հեռատեսիլը, մամուլը լայնօրէն անդրադարձան Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի մահուան, բազմիցս յիշելով այն հսկայական աշխատանքը, որ ան կատարած է ի նպաստ հայութեան, մասնաւորապէս՝ Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներուն եւ ղարաբաղեան պատերազմի փախստականներուն աջակցելու եւ անկախ Հայաստանի վերածնունդի գործին մէջ: Ազգին ծառայելու, հայրենանուէր առաքելութիւնը Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն ժառանգած է իր հօրմէն՝ ազգային բարերար Ալեք Մանուկեանէն, որուն անունը կրկին յիշեցուցաւ անոր սիրելի դստեր մահուան առթիւ:
Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն ամբողջ կեանքը ապրած է իր հօրը սկզբունքներով: Իսկ հայրը՝ Ալեք Մանուկեան կ՚ըսէր. «Եթէ մարդ կը զգայ, որ կարող է օգնել իր ազգին, ժողովուրդին, պէտք է ընէ այդ մէկը: Մեր այսքան տարիներու գոյատեւումը պատահական չէ: Ասիկա հրաշք է: Ահա թէ ինչո՛ւ ես կը սիրեմ մեր ազգը: Եթէ ինծի հարցնէիք՝ թէ ե՞րբ նորէն ծնէի, ո՞ր ազգը կ՚ընտրէի, ես կրկին կ՚ուզէի հայ ծնիլ»:
Հայաստանի Ազգային հերոս Ալեք Մանուկեան մահացած է 1996 թուականին՝ Տիթրոյիթ, եւ մահէն տարիներ ետք՝ 2007 թուականի յուլիսի 17-ին իր եւ կնոջ՝ Մարի Մանուկեանի աճիւնները փոխադրուած են Հայաստան եւ վերայուղարկաւորուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Այդ արարողութեան ներկայ էր նաեւ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն եւ արարողութեան օրը ըսաւ. «Իմ ծնողքս երբեք չէին երազեր, որ այս օրը կու գայ եւ մնայուն հանգիստ կը գտնեն հայոց հողին վրայ»:
Իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն Ալեք Մանուկեան կառչած է հայու ինքնութեան, եւ ինչպէս իր դուստրը՝ Լուիզ, որ իրմէ ժառանգած էր հայութեան նուիրեալ ըլլալու անխախտ պարտքը, ան ալ այդ մէկը ժառանգած էր իր հօրմէն՝ Թագւոր Մանուկեանէն:
Զմիւռնիոյ Քասապա գիւղաքաղաքին մէջ, ուր ծնած է Ալեք Մանուկեան, իր հայրը հայ համայնքի առաջնորդն էր՝ յարգուած ու ձեռներէց մարդ մը, որ ընտանիքը կը պահէր հացահատիկի առեւտուրով: Ալեք Մանուկեան սկզբնական շրջանին, համատեղելով ուսումն ու աշխատանքը, օգնած է հօր: Ան դպոցական տարիքէն աչքի կ՚իյնար հայագիտութեան հանդէպ հետաքրքրութեամբ, հայութեան հարցերը մասնաւորապէս կը յուզէին Ալեք Մանուկեանը: Անոր մանկութեան տարիները կը համընկնին հայ ժողովուրդի ողբերգական շրջանին, բայց իր հօր ունեցած հեղինակութեան շնորհիւ, ընտանիքը կը շարունակէ մնալ քաղաքին մէջ: Դէպքերէն տարիներ ետք անոնք կը լքեն իրենց տունը. առաջինը 19-ամեայ Ալեքը, 1920 թուականին, ընդամէնը 50 տոլար ունենալով գրպանը՝ ոտք կը դնէ Միացեալ Նահանգներ, իսկ յետագային անոր կը միանան նաեւ ընտանիքին միւս անդամները:
Ալեք Մանուկեան ամերիկեան կեանքի սկզբնական տարիներուն որպէս բանուոր կ՚աշխատի գործարանի մը մէջ, միաժամանակ գումար կը վաստակի երեկոյեան ժամերուն մեծահասակներու համար հայոց լեզուի դասեր կազմակերպելով: Սակայն ատիկա չի բաւարարեր ապագայ գործարարը եւ քաղաքէ քաղաք տեղափոխուելով՝ 1924-ին ան ընտանիքին հետ, վերջնականապէս կը հաստատուի Տիթրոյիթ՝ աշխատանքի անցնելով մեքենաշինական ընկերութեան մը մէջ: Ան, միշտ ձգտած է սեփական գործը հիմնելու եւ ընտանիքին համար բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու: Նոր երկրին, նոր միջավայրին ու նոր բարքերուն Մանուկեան կ՚ընտելանայ նախանձելի արագութեամբ եւ իր իմաստութեան ու աշխատասիրութեան շնորհիւ՝ 1929 թուականին, երբ ողջ Ամերիկան հազարաւոր փորձառու եւ յաջողակ ընկերութիւններու կործանման պատճառ դարձած մեծ ճգնաժամի մէջ էր, կը հիմնէ ինքնաշարժներու մասեր արտադրող սեփական «Մասքօ» ընկերութիւնը, որ կը բարգաւաճի եւ շուտով գործարանատիրոջ շահ կ՚ապահովէ: Անոր անունին հետ կապուած է նաեւ ջուրի ծորակի գիւտը. 1954 թուականին Ալեք Մանուկեան արտօնագրած է միաբռնակ ծորակի գիւտը, յօրինած է ծորակ, որմէ կարող է թէ՛ տաք եւ թէ պաղ ջուր հոսիլ: Այս մէկը յեղափոխութիւն էր ջրամատակարարման համակարգին մէջ:
«Մասքօ» ընկերութեան յաջողութիւններու առաջին տարիներուն երիտասարդ Մանուկեան կ՚ամուսնանայ Մարիին հետ՝ ամբողջ կեանքին ընթացքին իր կողքին ունենալով հաւատարիմ ու նուիրեալ, խելացի եւ բարեսիրտ կեանքի ուղեկից մը: Սակայն միայն գործերուն յաջող ընթացքը, անձնական երջանկութիւնը եւ ընտանիքին բարօրութիւնը չէին բաւարարեր անոր հոգեւոր պահանջները: Ան սրտցաւօրէն կը նկատէր, որ իր հայրենակիցները, օտար երկրի մէջ, կեցած են ձուլման եզրին: Հայապահպանման գործին ծառայելու եւ աշխարհով մէկ սփռուած հայերուն բաժին ինկած փորձութիւնները թեթեւցնելու փափաքով, 1930 թուականին կ՚անդամագրուի ՀԲԸՄ-ին՝ մեծ առաքելութիւն դնելով իր ուսերուն եւ ողջ պատասխանատուութեամբ ու հետեւողականութեամբ լծուելով այդ գործին, ինչպէս նաեւ չմոռնալով իր անձնական գործը: Յետագային, վերյիշելով այդ տարիները, Ալեք Մանուկեան ըսած է. «Որոշ ժամանակ անց փափաքեցայ ընդարձակել գործս եւ մէկ միջոց ունէի՝ գործիս բաժնեթուղթերը ծախել հանրութեան, եւ ես ԱՄՆ-ի մէջ առաջին հայ արդիւնաբերողն եմ, որ սակարանին մէջ ծախեց մեծ քանակութեամբ արժեթուղթեր: Մանչս ծնաւ եւ ես այնքան զբաղած էի գործով, որ զայն վեց օր վերջ տեսայ: Ահա այդպիսի դաժան մրցակցութիւն մը կար շուրջս»:
«Մասքօ»ի շահոյթը սկսաւ կտրականապէս աճիլ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն, երբ արտադրանքի վաճառքին ծաւալները առաջին անգամ գերազանցեցին 1 միլիոն տոլարը:
Փաստօրէն, «Մասքօ»ն հայուն հիմնած առաջին արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնն է, որ համաշխարհային ճանաչում ստացած է: Այսօր Մանուկեանի հիմնած ընկերութիւնը ընդգրկուած է ԱՄՆ-ի ամենամեծ ձեռնարկութիւններու ցուցակին մէջ տեղ կ՚առնէ:
Անժխտելի է, որ ընկերութեան յաջողութիւններն ու շահոյթները հնարաւորութիւն տուած են Ալեք Մանուկանին իրականացնելու բազմաթիւ հայանպաստ ծրագրեր. միայն այդ պարագային ան ինքզինք լիարժէք կը զգար, կը հասկնար, որ զուր չէ ապրած։ «Ինծի համար որեւէ անձնական յաջողութիւն կամ բարօրութիւն թունաւոր բան մը կ՚ունենայ իր մէջ, երբ ազգը անկէ իր բաժինը չստանայ», կ՚ըսէ ան:
Երբ 1953 թուականին Ալեք Մանուկեան կ՚ընտրուի ՀԲԸՄ-ի նախագահ՝ աւելի կ՚ընդլայնէ իր բարեգործութիւններուն սահմանները, զորս իրագործելու համար ան նոյնիսկ շրջանառութեան մէջ կը դնէ սեփական գործէն ստացուած շահոյթները: Միութեան նախագահ ընտրուելուն առթիւ իր ունեցած ելոյթը, ըստ էութեան, կը կանխորոշէ յետագայ գործունէութեան ընթացքը. «Իմ երազս է Միութեան նիւթական միջոցները բազմացնել. որպէսզի կարգ մը կենսական պէտքեր, որոնց մանրամասնութեան մէջ չեմ մտներ, բայց որոնց գլուխը կը գտնուի մեր մշակոյթը, հայ գիրն ու գրականութիւնը, չանտեսուին այլեւս»:
Յետադարձ հայեացքով այսօր բացառիկ կը թուի Ալեք Մանուկեանի դերը ՀԲԸՄ-ի պատմութեան մէջ: Ան այդ կազմակերպութիւնը ղեկավարած է 36 տարի, եւ այդ ընթացքին Միութիւնը կը նկատուէր Միացեալ Նահանգներու ամենամեծ եւ արդիւնաւէտ բարեսիրական կազմակերպութիւններէն մին: 1952 թուականին, երբ Մանուկեան տակաւին Միութեան նախագահ չէր ընտրուած, հիմնադրամները 95, գումարը՝ 7 միլիոն 4 հարիւր կը կազմէին: 1989 թուականին, երբ ան հեռացաւ պաշտօնէն, հիմնադրամներուն թիւը 465 էր, իսկ գումարը՝ 98 միլիոն 5 հարիւր հազար տոլար: 1970 թուականին, 17 տարիներու ղեկավարումէն ետք, որուն ընթացքին ՀԲԸՄ-ի ներդրումները 8 միլիոնէն կը հասնէին մինչեւ 50 միլիոնի, Մանուկեան կ՚ընտրուի ընկերութեան ցկեանս նախագահ:
Յատկանշական է, որ Ալեք Մանուկեանի բարերարութիւնները միայն հայկական գաղթօճախներով չէին սահմանափակուեր: Իր յարգանքի տուրքը մատուցելով հիւրընկալներուն՝ ան օգնութիւն յատկացուցած է նաեւ օտարերկրեայ կարգ մը հիւանդանոցներու, գրադարաններու, համալսարաններու եւ դպրոցներու: Իր այդ մարդասիրական գործունէութեան համար ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, շքանշաններու եւ կոչումներու:
1989 թուականի օգոստոսին ՀԲԸՄ-ի հինգերորդ նախագահ Ալեք Մանուկեան Կեդրոնական վարչութեան կը յղէ նամակ մը, ուր կը հրաժարի Միութեան նախագահութենէն՝ պատճառաբանելով, թէ «տարիքի բերումով իր ուժերը չեն արտօներ 21-րդ դարու պարտաւորութիւնները դիմա-գըրաւելու խոստումը կատարելու»: Հօրը հրաժարականէն ետք, ինչպէս ծանօթ է, Միութեան նախագահութիւնը կը ստանձնէ դուստրը՝ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը: 1989 թուականին, ընտրուելով ՀԲԸՄ-ի նախագահ՝ ան կրթական, եկեղեցական, սկաուտական եւ այլ բազմաթիւ հայանպաստ գործունէութիւններ ղեկավարած է աշխարհի 31 երկիրներու եւ 74 քաղաքներու մէջ: Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն գրասենեակ մը բացած է նաեւ Երեւանի մէջ եւ երբ Հայաստանը անկախութիւն ձեռք բերաւ, ան ՀԲԸՄ-ի եւ իր անձնական միջոցներով ջանք չխնայեց նպաստելու նորանկախ երկրին վերաշինութեան: Ամուսնացած ըլլալով Արման Սիմոնի հետ, ունենալով զաւակներ, Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն, այնուամենայնիւ, իր օրուան մեծ մասը կը յատկացնէր բարեսիրական միութեան գործունէութեան: Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն ունի մէկ դուստր՝ Քրիստինէն, եւ երկու որդի՝ Դաւիթն ու Մարքը, ինչպէս նաեւ՝ թոռներ:
1962 թուականին իր ծնողքը հիմնադրած են «Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն» հիմնադրամը, որ յետագային վերակոչուած է «Մանուկեան Սիմոն» հիմնադրամ:
1979 թուականին Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն ծառայութեան անցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտեան թեմէն ներս, եղած է առաջին կին ծառայողը:
2000 թուականին Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն եւ անոր եղբայրը՝ Ռիչըրտ Մանուկեան 2 միլիոն տոլար նուիրաբերած են Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շինարարութեան:
2012 թուականի նոյեմբերի 26-ին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրամանագրով՝ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն պարգեւատրուած է «Սուրբ Էջմիածնի Ասպետ» շքանշանով: Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատած է անոր աւանդը ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս: Անոր ակնառու նախաձեռնութիւններուն կարգին կը պատկանի Հայաստանի մէջ ստեղծումը Ամերիկեան համալսարանին, որ այսօր յաջողակ գործունէութիւն ծաւալող համալսարան մըն է: Համալսարանական միջոցառումներու համաժողովներու անցկացման համար նախատեսուած սրահն ալ կը կոչուի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» սրահ:
ՀԲԸՄ-ի նախագահ եղած տարիներուն սկիզբ առած են եւ առ այսօր կը շարունակուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի համատեղ կրթական եւ ընկերային ձեռնարկները Հայաստանի մէջ՝ Հայորդեաց տուներու եւ բարեսիրական ճաշարաններու ծրագիրները, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին փոխանցուած է «Ս. Ներսէս Մեծ» բժշկական կեդրոնը:
Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի ջանքերով նաեւ հաստատուած է Մայր Աթոռի Միածնաէջ Սուրբ Տաճարի պահպանութեան հիմնադրամը, նորոգուած է Մայր Տաճարը, բարեզարդուած է Մայր Աթոռին տարածքը, կառուցուած են միաբանական եւ վարչատնտեսական շէնքերը: Բացի Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցիէն, Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի նուիրատուութեամբ կառուցուած են նաեւ Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, Արաբկիրի եկեղեցին, ներդրումներ կատարուած են լքուած եկեղեցիներու նորոգման գործին:
Մանուկեան ընտանիքին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ունեցած ներդրումներէն յիշատակելի է մանաւանդ «Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններ» գանձատուն-թանգարանին հիմնումը, որ ժամանակակից հայ ճարտարապետութեան մէջ գանձատուն-թանգարանի վառ օրինակ մըն է, որ կը պարունակէ հայ դասական ճարտարապետութեան նոր եւ իւրայատուկ գիծեր: Երկյարկանի այս կառոյցին մէջ կը գտնուին ոչ միայն Հայ Եկեղեցւոյ թանգարանային նմոյշները, այլեւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի գրադարանը:
Գանձատան մէջ ցուցադրուող նմոյշները, ժամանակի ընթացքին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին բերուած են հայկական զանազան համայնքներէ եւ կ՚ընդգրկեն լայն աշխարհագրական տարածք:
Ինչպէս իր հայրը, Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնն ալ մեծապէս կը կարեւորէր նաեւ աջակցութիւնը ամերիկեան հաստատութիւններուն, որոնց կարգին էր օժանդակութիւնը Միշիկընի համալսարանին, Ուէյնի պետական համալսարանին եւ Տիթրոյիթի Արուեստներու հիմնարկին: Ան արժանացած է մրցանակներու եւ յուշամետայլներու, որոնց կարգին էին Էլիս Այլընտի պատուոյ մետայլը:
1990-ականներուն Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի միջնորդութեամբ ՀԲԸՄ-ը բազմիցս նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանին. վերանորոգուած եւ ԵՊՀ-ի բարերարներուն անուններով անուանակոչուած են սրահները, տրամադրուած են վճարումներ եւ իրականացուած են համալսարանին համար կարեւոր բազմաթիւ ծրագրեր: Յատկանշական է, որ Երեւանի Պետական համալսարանը կը գտնուի Ալեք Մանուկեանի անունը կրող փողոցին վրայ եւ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն Հայաստան այցերուն ընթացքին կ՚այցելէր նաեւ գիտական այդ մեծ կաճառը:
Անցնող օրերուն Լուիզ Սիմոնեան-Մանուկի բարերարի անունը յիշուցաւ նաեւ համալսարանի պատերէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Կիւմրի, ուր արուեստի զարգացման կեդրոններ հիմնած է, յիշատակի ձեռնարկները կը շարունակուին հայաշխարհի այլ վայրերու մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ