ՀԱՅ ՈԳԻԻ ՆԿԱՐԻՉԸ
2015 թուականը յոբելենական է հայ ականաւոր նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի համար. լրացաւ Վարպետի ծննդեան 135-ամեակը: Սարեանի արուեստը բռնած է յաւերժութեան ճամբան, անոր ստեղծած գործերը անմեռ են, իսկ Մարտիրոս Սարեան անունը արդէն իր տեղը գտած է հայ ժողովուրդի մտաւոր ու հոգեւոր հաւաքական յիշողութեան մէջ, նաեւ այդ յիշողութիւնը ամուր պահող անուններէն մէկը: Շատ մը օտարերկրացիներ երբ Հայաստանին անունը լսեն, անմիջապէս կը յիշեն Մարտիրոս Սարեանի պատկերած Հայաստանը եւ սարեանական տաք ու վառ գոյներն ու պատկերները, որոնք իւրայատուկ են իր արուեստին, եւ որոնք բնորոշուեցան իբրեւ հայկական ոգիին հարազատ գոյները: Հայ գեղանկարչութեան նորագոյն շրջանի ազգային դպրոցի հիմնադիր Մարտիրոս Սարեանի աւանդը անուրանալի է նաեւ համաշխարհային արուեստի մէջ։ Անոր գործերը այսօր տեղ կը գրաւեն նշանաւոր պատկերասրահներու, աճուրդներու, հաւաքածոներու մէջ: Սարեան մէկն է այն եզակի հայ նկարիչներէն, որու ստեղծագործութեան գիները կը բարձրանան աշխարհահռչակ միջազգային աճուրդներու մէջ: Այդ մէկը այսօր նկարիչի մը համաշխարհային ճանաչումը գնահատելու առաջին ու հիմնական պայմանն է:
Մարտիրոս Սարեանի յոբելենական այս տարեդարձը չի նշուիր այնպէս, ինչպէս նշուած են Վարպետի միւս յոբելեանները. այն պատճառով, որ Սարեանի տուն-թանգարանը նորոգութեան մէջ է, եւ հոն եղած ամբողջ նկարները ժամանակաւոր պահ տրուած են Մատենադարանին, այս առումով որեւէ ցուցադրութեան կամ միջոցառման դժուարութիւն կայ: Յառաջիկայ տարի, երբ տեղի պիտի ունենայ թանգարանի հանդիսաւոր վերաբացումը, ընդհանուր միջոցառումներու մէջ կը յիշուի նաեւ Սարեանի 135-ամեակը եւ կրկին կ՚արժեւորուի Վարպետի ստեղծագործական ուղին, անոր ապրած դժուարին, բայց յագեցած կեանքը:
ԺԱՄԱՆԱԿ հայ ականաւոր նկարիչի ծննդեան 135-ամեակի առթիւ հանդիպում ունեցաւ Մարտիրոս Սարեանի թոռնուհիին, Վարպետի տուն-թանգարանի երկարամեայ աշխատակցուհի Սոֆի Սարեանի հետ: Սոֆի Սարեան ծնած է հայ երկու նշանաւոր արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ: Անոր հայրը հայ երաժշտահան, մեծ մանկավարժ, Հայաստանի Պետական երաժշտանոցի երկարամեայ ղեկավար Ղազարոս Սարեանն է (մահացած է 1998 թուականին), իսկ մայրը՝ վաստակաշատ երաժշտագէտ, Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Պետական երաժշտանոցի նուիրեալներէն Արաքսի Սարեան, որ երկու տարի առաջ նոյնպէս շիջեցաւ:
Սոֆի Սարեանի հետ մեր հարցազրոյցը յատկանշական է այն առումով, որ ան ծնած եւ մեծցած է այն տան մէջ, ուր ապրած է Մարտիրոս Սարեան ու պզտիկ տարիքէն հաղորդակից եղած է այն ոգիին, որ իշխած է Վարպետի տունէն ներս եւ ստանալով լեզուագէտի եւ արուեստաբանի մասնագիտութիւններ, արդէն քսաներկու տարիէ ի վեր՝ կ՚աշխատի մեծհօրը տուն-թանգարանին մէջ:
Ան հազարաւոր այցելուներու առջեւ կը բանայ հայ մեծ նկարիչի հարուստ աշխարհը: Սոֆի Սարեան նաեւ կը կանոնակարգէ Վարպետին ժառանգութիւնը՝ լուսանկարներ, նամակներ, ձեռագրեր եւ այլ փաստաթուղթեր ու տպագրութեան կը պատրաստէ Մարտիրոս Սարեանի գործերու լիակատար հրատարակութիւնը:
-Սոֆի, Դուք ծնած եւ մեծցած էք Վարպետի տան մէջ: Ի՞նչ ոգի փոխանցուած է Ձեզի, ինչպիսի՞ վայր մըն էր Վարպետի տունը:
-Այդ տան մէջ սրբօրէն կը պահպանուէին Վարպետի ոգին ու յիշատակը, շնորհիւ իմ ծնողքին, որ հաւատարիմ էին սարեանական տան աւանդներուն: Այդ մէկը առաջին կարգին, անշուշտ, հիւրընկալութիւնն էր։ Մեր տան մէջ միշտ շատ էին հիւրերը։ Սարեան ինք շատ բաց մէկն էր, միշտ շփուող էր, կ՚ուզէր, որ մօտենային իրեն, մարդիկ իր տունը գային իրենց հարցերով ու դիմէին իրեն: Շատ-շատերու համար Սարեանի տունը սիրելի տուն եղած է: Միշտ ունեցած է իր իւրայատուկ ոգին այդ բնակարանը, ուր մտնելով մարդիկ կ՚ըսէին՝ կարծես տաճար կը մտնենք: Այդ լոյսը, որ սարեանական ոգիի լոյսն էր, փոխանցուեցաւ հօրս, որ նոյնպէս շատ շփուող էր զանազան մասնագիտութիւններու տէր մարդոց հետ, բայց երաժիշտ ըլլալով, հիմնականը երաժիշտներ կային իր շուրջը: Մոսկուայէն ու այլ վայրերէ երբ երաժիշտներ Հայաստան կու գային, ինք, երաժշտանոցի ղեկավարը ըլլալով, կ՚ընդունէր, կը կանոնակարգէր օտար երաժիշտներու շփումները Հայաստանի հետ: Այդ տան մէջ ուսանողներու հետ կ՚ըլլային զանազան հանդիպումներ, հայրս միշտ կը բերէր ուսանողները՝ լսելու համար ժամանակակից երաժշտութիւն, կ՚ուզէր, որ անոնք հաղորդակից ըլլան, թէ ինչ կը կատարուի աշխարհի մէջ: Իսկ երբ տակաւին չէր կառուցուած թանգարանը եւ հոն Սարեանի արուեստանոցն էր, ան երիտասարդ նկարիչներու հաւաքատեղին էր: Շատ մը անուանի նկարիչներ իրենց յետնորդը կը նկատեն Սարեանը, հակառակ, որ ան չէ դասաւանդած, այլ ան բացած է գոյներուն այն աշխարհը, որ հնարաւորութիւն կու տայ տարբեր կերպ տեսնելու աշխարհը: Սարեան կ՚ըսէր՝ նայիլը բաւարար չէ, պէտք է նայիլ աչքերով եւ տեսնել սիրտով:
-Այդ միջավայրը ազդա՞ծ է այն մասնագիտութիւններու վրայ, զորս Դուք ընտրած էք:
-Հայրս կտրականապէս որոշած է, որպէսզի ես արուեստի հետեւիմ ու սորվիմ օտար լեզուներ։ Ես ալ երաժշտութեամբ կը զբաղէի, ինչպէս քոյրս, որ դաշնակահար էր, բայց դժբախտաբար երիտասարդ տարիքին մահացաւ: Հայրս հմուտ երաժիշտ ըլլալով, ինծի ըսաւ, որ կը կարծէ, թէ երաժշտութեան մէջ մեծ յաջողութիւն պիտի չունենամ եւ կը փափաքէր, որ համալսարանական կրթութիւն ստանամ, լեզուներ գիտնամ եւ մեծհօրս գործերով զբաղիմ: Եւ իսկապէս, ան իրաւունք ունէր, որովհետեւ 1990-ականներու սկիզբը, երբ սկսայ աշխատիլ տուն-թանգարանէն ներս, շատ կարեւոր էր օտար լեզուի իմացութիւնը, կար անոր պակասը: Հայաստան կու գային օտարներ, որոնց առջեւ կարծես նոր բացուած էր Հայաստանը, կ՚այցելէին թանգարաններ, մշակոյթի հետ կը ծանօթանային, եւ երբ ես անգլերէնով կը ներկայացնէի Սարեանի թանգարանի երեք յարկերու ողջ ցուցադրութիւնը, շատ կ՚ուրախանային, անոնք կարծես Հայաստանը իրենց համար կը բացայայտէին Սարեանի արուեստի միջոցաւ: Այդ օտարները միմեանց կը փոխանցէին, որ հոն անգլերէնով արուեստի մասին պատմող մէկը կայ, եւ կապ կը պահուէր ձեւով մը թանգարանին հետ: Այս ձեւով, ես սկիզբը աշխատած եմ իբրեւ ուղեկցող-պատմող, այցելուներուն համար չորս լեզուով կը պատմէի տեղեկութիւնները: Այսօր արդէն կը զբաղիմ արխիւային ու ֆոնտային գործով, տուն-թանգարանի գլխաւոր ֆոնտապահն եմ:
-Ո՞ր երկիրներէ այցելուները կը հետաքրքրուէին Սարեանի արուեստով:
-Աւելի շատ Միացեալ Նահանգներէն կու գային, շատ մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէին անոր գործերուն նկատմամբ: Նաեւ՝ ֆրանսացիները, գերմանացիները իւրայատուկ հետաքրքրութեամբ կը դիտէին եւ մանաւանդ կը հասկնային Սարեանի նկարչութիւնը, մինչդեռ զայն կարծես հայաստանցի մարդուն տակաւին ընկալելի չէ, այնպէս, ինչպէս որ է: Տեղացիները պարզունակութիւն կը տեսնեն Սարեանի գործերուն մէջ, նմանութիւն կը փնտռեն, չեն գտներ եւ երբեմն ալ մեծութիւնը հարցականի տակ կը դնեն…
-Իսկ Ձեր մօրը՝ Արաքսի Սարեանի ազդեցութիւնը ինչպիսի՞ն եղած է Ձեր վրայ:
-Մայրս զիս կրթած է մանաւանդ հայերէն լեզուի պարագային, քանի որ ես ռուսական կրթութիւն ստացած եմ, բայց ինք ինծի հետ աշխատեցաւ, եւ ես հայերէնի տիրապետեցի շնորհիւ իմ մօրս, որ զիս կը գերէր հայերէնի հնչողութեամբ։ Ան կ՚ըսէր, որ հայերէնը իւրայատուկ երաժշտականութիւն ունի, եւ այդ մէկը պէտք է զգալ, որպէսզի գրականութիւն ըլլայ՝ թէ՛ գրաւոր եւ թէ բանաւոր խօսքը: Մօրս ազդեցութիւնը մեծ եղած է, եւ այսօր ալ, իր մահէն երկու տարի ետք ես ամէն վայրկեան կը յիշեմ զինք, կը յուզուիմ…
Ան մինչեւ իր մահը կը բնակէր Սարեանի տուն-թանգարանի բնակելի հատուածէն ներս, եւ երբ անսպասելի կորսնցուցինք զինքը, նորոգութեան ժամանակ որոշուեցաւ, որ թանգարանի պիտի վերածուի նաեւ բնակելի այդ հատուածը: Թանգարանի բացումը իւրովի պիտի ներկայացնէ ամէն յիշատակները:
-Սարեան, դուրսէն գալով Հայաստան, նոր շունչ եւ թարմութիւն բերաւ հայ արուեստի միջավայրին: Այսօր Դուք կը զգա՞ք նման թարմութեան մը կարիքը, ինչպէ՞ս է միջավայրը այսօր:
-Այսօր ալ Հայաստանի մէջ թարմութեան, նորութեան անհրաժեշտութիւն կայ, իսկ այդ նորութիւնը պէտք է ստեղծուի համաշխարհային տարբեր ստեղծագործական միտքերու հետ շփումի մէջ: Այսօր, երբ կը դիտեմ մեր նկարիչներուն գործերը, յանկարծ կը զգամ, որ չեն կրնար ձերբազատիլ Սարեանի ազդեցութենէն, չեն կրնար գտնել նորը, իրենցը, որպէսզի իւրայատուկ եւ ինքնատիպ ըլլայ: Տակաւին կայ այդ մեծ ազդեցութիւնը: Կը կարծեմ, որ տակաւին կը ծնին հսկայ ու մեծ անուններ, այդ գործընթացն է, որ տակաւին մշակման փուլի մէջ է:
-Սարեան ինք սերունդներու վրայ ունեցաւ իր ազդեցութիւնը, իսկ ինք՝ ո՞ր ազդեցութեան տակ մնաց իբրեւ նկարիչ:
-Սարեանը, տակաւին իր ստեղծագործական ուղիի սկիզբը Մոսկուայի մէջ հաղորդակից եղաւ համաշխարհային ստեղծագործական որոնումներուն, որոնք Մոսկուայի մէջ շատ աշխոյժ տեղի կ՚ունենային: Ինք անով երջանիկ էր, որովհետեւ կրցաւ շատ արագ բացուիլ: Իր ուսուցիչները, որ նշանաւոր մանկավարժներ էին, իր մէջ տեսան այդ տաղանդը եւ օգնեցին իրեն ծաղկիլ այդ միջավայրին մէջ: Միջավայրը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի արուեստագէտին համար:
Սարեան Մոսկուայի մէջ «Ոսկէ գեղմ» ցուցահանդէսին երբ տեսաւ ֆրանսացիները, հասկցաւ, որ ինք առանձին չէ նորի ստեղծման իր ճանապարհին: Անոնք նկարիչներու խումբ մըն էին, որ կ՚արտայայտուէին պարզ, մաքուր ձեւերով եւ գոյներով: Մինչ այդ, 19-րդ դարու վերջը այլ մօտեցում կար՝ խառնել գոյները: Ու յանկարծ սկսան գործածել գոյներ՝ մաքրութեան մէջ, ինչ որ յանգեցուց անսպասելի լուծումներու, օրինակ, կնոջ մազերը կրնային կանաչ ըլլալ, կամ ի յայտ կու գային միայն կապոյտով աչքեր եւայլն: Գոյնը հնչեց իր մաքրութեան մէջ, բայց շատ կարեւոր էր նաեւ վարպետութիւնը, ներքին զգացողութիւնը: Նկարիչը պէտք է հասկնար, թէ ամէն գոյն ինչ կ՚արտայայտէ: Սարեան կ՚ըսէր, որ նկարիչի մը տրուած է գոյնը փոխելու իրաւունքը: Եթէ ան այդ մէկը կարմիր կը տեսնէ, ուրեմն կրնայ կարմիր նկարել, բայց կարեւոր է, որ գոյները իրարու քով դրուելէ ետք իրարու հետ հնչեն, իբրեւ երգչախումբ: Եւ անոր այդ մօտեցումը պատահական չէր, որովհետեւ դարասկիզբին Մոսկուայի մէջ ցուցահանդէսներուն կը հնչէր նաեւ երաժշտութիւնը:
-Սարեան ստեղծագործական տարբեր շրջաններ ունեցած է: Իբրեւ Սարեանի արուեստը ուսումնասիրող մէկը եւ իբրեւ նաեւ իր թոռնուհին, նկարիչի ստեղծագործական ո՞ր շրջանը հոգեհարազատ է Ձեզի:
-Ես շատ կը սիրեմ իր «Հէքեաթներ եւ երազներ»ու շրջանը: Այդ երիտասարդական հայեացքի շունչն էր, զոր ինք պահպանեց իր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ան կրցաւ ամէն անգամ զարմանալ, երբ կը դիտէր իր շրջապատի աշխարհը: Այս վարկածով կապուած կար պատմութիւն մը, զոր մայրս կը պատմէր: Դիլիջանի Նկարիչներու տան մէջ, ուր ան ամէն առտու կը բանար պատշգամի դուռը, ամէն անգամ հիացմունքով կը նայէր դուրս ու կ՚ըսէր՝ «Ասիկա հրաշք է»: Իսկ տան աշխատողը կ՚ըսէր՝ «Ափսո՜ս Վարպետը ծերացած է, ամէն օր նոյն բանը կ՚ըսէ»։ Բայց ինք ամէն անգամ սրտանց զարմանք կ՚ապրէր: Այդ զարմանքն էր, զոր կը բերէր գեղեցիկի ընկալման, բացայայտման եւ ստեղծագործական արուեստին:
-Սարեանի արուեստը պատշաճօրէն քննուա՞ծ է, ի՞նչ վիճակի մէջ է սարեանագիտութիւնը:
-Սարեանագիտութիւնը կարծեմ տակաւին ընելիք ունի, տակաւին հետեւողական աշխատանքի, Վարպետի ստեղծածը ի մի բերելու կարիք կայ: Իր արուեստի շուրջ կան շատ հարցեր, որոնք լիովին լուսաբանուած չեն: Հայկական իրականութեան մէջ վերջին վերլուծութիւնը Արարատ Աղասեանի վերլուծութիւնն էր, ժամանակին նաեւ Վիլհէմ Մատթէոսեան գրած է, իմաստասիրական մօտեցմամբ մը քննելով Սարեանի արուեստը: Ռուս արուեստաբանները շատ շահագրգռուած են անոր արուեստով ու գրած են անոր մասին: Հիմնականը այդ ամէնը գրուած են Սարեանի կենդանութեան օրօք, իսկ այսօր կարիք կայ բոլորը ի մի բերելու եւ 21-րդ դարու հայեացքով նայելու անոր արուեստին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հարցեր դարձեալ վերլուծելու:
-Վարպետի յուշերը ժամանակին տպուեցան, արդեօք կա՞ն տակաւին անտիպ յուշեր:
-Կան իր տետրերը, որոնք պէտք է վերանայուին: Ժամանակին որոշ բաներ տպուեցան եւ անբարենպաստ ժամանակը նկատի առնելով՝ խմբագրուեցան, բայց այսօր հակառակը, անոնք անհրաժեշտ են: Թանգարանին մէջ տետրերու ուսումնասիրման աշխատանքը կը շարունակուի եւ հաւանաբար մօտ ապագային կը տպուին:
-Դուք ալ Սարեանի արուեստի շուրջ Ձեր ուսումնասիրութիւնները ըրած էք, այսօր ի՞նչ նիւթի վրայ կ՚աշխատիք:
-Յաճախ տարբեր գիտաժողովներու ժամանակ կը ներկայացնեմ Սարեանի արուեստը։ Մօտ ապագային ատենախօսութիւն մը պիտի կարդամ Ակադեմիոյ մէջ՝ Սարեանի դիմանկարներու նիւթով: Կը մշակեմ նաեւ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի համացանցային էջը: Կանոնակարգած եմ իր արխիւը, փաստաթուղթերը, կան տակաւին լուսանկարներ, որոնք ծանօթ չեն եւ ի հարկէ, որ տպագրուին: Սարեանի արուեստի հետ կապուած ամէն ինչ շերտաւորուած է իմ մէջ, ու ես իր արուեստին վերաբերած եմ ոչ թէ որպէս հարազատ, այլ՝ վերաբերած եմ գիտական տեսանկիւնէ: Երբեմն կը զգամ, թէ որքան բան գիտեմ Սարեանի մասին եւ ինքզինքիս հարց կու տամ, թէ իմ մէջ ուրկէ՞ ամբարած եմ այդքան տեղեկատուութիւնն ու վերլուծումները, ետքը կը հասկնամ, որ իմ հօրմէս կու գայ: Երբ այցելութեան կու գային, ան զանոնք կ՚ուղղորդէր թանգարանային մասը, արուեստանոցը, կը պատմէր, կը վերլուծէր, եւ ես մտիկ կ՚ընէի: Իմ հայրս շատ նկարներու ծնունդին ներկայ եղած է, ու իբրեւ որդի եւ իբրեւ արուեստագէտ շատ ինքնատիպ ու խորը վերլուծումներ կ՚ընէր Սարեանի արուեստին շուրջ: Եւ այնպէս, ինչպէս իմ հայրը կը պատմէր ու կը ներկայացնէր, այլեւս ոչ մէկէն կրնաս լսել:
-Ծանօթ է, որ պատերազմէն ետք Սարեան սկսած է ծաղիկներ նկարել: Այսօր, տարիներ վերջ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այդ մօտեցումը Վարպետին, որ արհաւիրքի ժամանակ նկարեց անթիւ ծաղիկներ:
-Ծանր ապրումները ստիպած են այդ ձեւով յաղթահարել վիշտը, ելք մը գտնել այդ վիճակէն: Ամէն ծաղիկը, որ ան կը նկարէր պատերազմէն ետք, նուիրուած էր ամէն մէկ զոհուած զինուորի, բայց ան զանոնք կը նկարէր ծաղկեփունջերով, իբրեւ ձօն յաղթանակին: Ան չէր կրնար ողբալի տեսարաններ նկարել, այդ մէկը կը ճնշէր մարդոց տրամադրութեան վրայ, կը հաւատար, որ լոյս պէտք է ցոյց տալ: Իր մէջ կար այդ ներդաշնակութիւնը: Ան դրական ցանկութիւններով կեանքը տեսնելու միտում ունէր եւ զանոնք իրականացուց իր արուեստով:
-Սոֆի, ծանօթ է, որ Սարեանի գործերը ցրուած են աշխարհի մէջ։ Թանգարանը կը տիրապետէ՞ այն ողջ տեղեկատուութեան, որ կայ անոր նկարներուն մասին եւ ինչպէ՞ս կրնաք նկատի առնել խարդախութիւնները, որոնք անխուսափելի են այս ասպարէզէն ներս:
-Անշուշտ, ինչ տեղեկութիւններ որ կու գան մեզի, կ՚արձանագրուին: Մինչ օրս ալ տակաւին կը յայտնաբերուին։ Ես անձամբ կը զբաղիմ այդ հաւաքչական աշխատանքով: Այդ մէկը շատ դժուար աշխատանք մըն է, որովհետեւ ամէն ինչ չէ, որ ժամանակին արձանագրուած է: Ժամանակին Սարեանի կողմէ շատ բաներ արձանագրուած են: Այն, ինչ որ արձանագրուած է՝ ուրախալի է, բայց երբ արձանագրուած չէ, պէտք է իրականացուի հետազօտական լուրջ աշխատանք՝ պարզելու համար հեղինակութիւնը, թոյլ չտալու համար սխալմունքներ, կորուստներ: Մասնագէտներ կան, բայց չկայ ընդհանուր նպատակ, ցանկութիւն՝ որ խարդախութիւններու տեղի չտան: Ես կը փափաքէի, որ ստեղծուէր անկախ յանձնախումբ մը, ինչպէս Ռուսաստանի մէջ ստեղծուած է նման հարցեր կանոնակարգելու համար: Խումբով աշխատելու պարագային աւելի դիւրին կ՚ըլլար, նոյնիսկ շատ լաւ կ՚ըլլար, որ մեր յանձնախումբը աշխատէր Ռուսաստանի յանձնախումբին հետ, որովհետեւ Սարեան ռուսական դպրոցի ներկայացուցիչ ալ կը նկատուի, հոն ալ իր մասին մեծ տեղեկատուութիւն կուտակուած է:
-Սարեանի արուեստին մէջ կայ Պոլսոյ շրջանը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ շրջանը, ինչո՞ւ ան Պոլիս գացած է եւ ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք այն ստեղծագործական աշխատանքը, զոր ան կատարեց Պոլսոյ մէջ՝ ծնունդ տալով նշանաւոր նկարներու:
-Սարեան իր արուեստին մէջ շատ գեղեցիկ պատկերած է Պոլիսը, ուր գտնուած է 1910 թուականին: Ան Պոլիս գացած էր՝ իբրեւ ստեղծագործող, իր որոնումներու ճանապարհին կանգ առնելով հոն: Պոլսոյ մէջ ան կը փնտռէր կապը հին բիւզանդական արուեստին հետ: Ան անշուշտ կարողացաւ տեսնել արեւելեան իւրայատուկ ոգիով տոգորուած այդ քաղաքը։ Հոն իրեն համար բացուեցաւ արեւի, լոյսի ու շատ մը հակասական ստուերներու յարաբերութիւնը, որ իր արուեստը դարձուց շատ իւրայատուկ: Սարեան Պոլսոյ մէջ սենեակ մը վարձած էր եւ հնարաւորութիւն ունէր երթալ եւ տեղւոյն վրայ նկարել: Ան կենդանի պատկերած է Պոլսոյ կեանքը, ծանօթ են շուներու խումբերը, որոնք կարծես այդ փառահեղ անցեալ ունեցող քաղաքի հինէն նոր անցումը ցոյց կու տային եւ այդ շուները Սարեանի նկարներուն մէջ արեւի լոյսի ներքոյ շատ հետաքրքրական ձեւեր ու անսպասելի գոյներ կ՚ընդունէին, կը կռուէին իրարու հետ եւ կը թուէր, թէ այդ մէկը այն օտար ուժն է, որ եկաւ եւ ներխուժեց Պոլիս: Պոլսոյ տեսարաններէն շատեր գնուեցան Մոսկուայի Թրեթեաքով պետական պատկերասրահին կողմէ: Կան շատ մը մատիտանկարներ, որոնք մեր քովն են: Պոլիս կարենալ երթալու համար իրեն օգնեց իր Յովհաննէս եղբայրը։ Եւ երբ իր նկարները վաճառուեցան, ան առաջինը իր եղբօր հետ կիսուեցաւ, ուրախանալով, որ տեղ մը հասած է:
-Սարեանի միջազգային ճանաչումը բաւարա՞ր կը նկատէք:
-Կը կարծեմ, որ տակաւին մեծ բան կայ ընելու: Այդ գործընթացը ժամանակին՝ իր կենդանութեան օրօք տեղի չունեցաւ, քանի որ ինք կը գտնուէր փակ տարածքի մէջ: 1928 թուականին՝ երբ ան վերադաձաւ Փարիզէն, Հայաստանը իրեն կը քաշէր։ Ան ստեղծագործեց հոս, բայց ան կ՚ուզէր վերադառնալ, ցոյց տալ իր աշխատանքները, առընչուիլ։ Ան այդպիսի ցանկութիւն ունէր, չէր ուզեր մնալ հոս, բայց չէր պատկերացներ, որ կ՚արգիլեն դուրս երթալ: Ահա այդպէս իր աշխատանքները իր կենդանութեան օրօք տեղ չառին համաշխարհային աճուրդներու մէջ, գիներ չբարձրացան, բայց իր կենդանութեան օրօք Ռուսաստանի եւ Խորհրդային Միութեան երկիրներու բոլոր նշանաւոր թանգարանները ունեցան իր աշխատանքներէն, եւ իր արուեստը նշանակութիւն ձեռք բերաւ տակաւին այդ շրջանին: Ճիշդ է՝ իր կենդանութեան օրօք իր գործերը աճուրդներու մէջ տեղ չգրաւեցին, բայց Սարեան բախտաւոր էր այն առումով, որ կեանքի աւատին տեսաւ իր աշխարհահռչակ դառնալը, հակառակ որ բաւական ծանր շրջաններ ապրեցաւ: 1948 թուականին զինք մեղադրեցին հակաժողովրդականութեան գծով, զինք կը նկատէին իբրեւ ձեւապաշտ ու ծիսական նկարիչ: Իր նկարչութեան մէջ տեսնելով եւրոպական նկարչութեան ազդեցութիւնները, կը զգային, որ ան իր ոճով շատ մօտ է ժամանակակից ուղղութիւններուն, ինչ որ հակախորհրդային էր: Բայց ան, կրցաւ դիմակայել, մնալ երկրին մէջ: Եւ կայ այնպիսի կարծիք, թէ տեղ մը Սարեան կոտրուեցաւ եւ չգործածեց զայն, ինչ որ իրեն բնորոշ էր՝ վառ գոյները: Սարեան լուռ էր, իր ներսն էին իր բոլոր ապրումները: Կան այնպիսի նկարներ, որոնց մէջ ան կարծես կ՚ընթանայ հասկնալի ըլլալու ուղղութեամբ, պարզ, նոյնիսկ՝ պարզունակ ճամբով: Բայց Սարեան ժամանակի շատ մը նկարիչներու նման երբեք չպատկերեց առաջնորդներու դիմանկարներ։ Ան չնկարեց ո՛չ Սթալինը, ո՛չ Լենինը, չնկարեց նկարներ՝ կապուած յեղափոխութան կամ ժամանակի քաղաքական նիւթերուն հետ: Աւելի՛ն, ան 1956 թուականին նկարեց Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցին՝ դուռը բաց: Ան ըսել ուզեց, որ մեր եկեղեցւոյ դուռը միշտ բաց է մարդոց համար, եւ հնարաւոր չէ անոնց մէջէն հանել հաւատը, որ հայէն դարերով անբաժան եղած է: Աւելի կանուխ՝ 1942 թուականին ան նկարեց իր եռակի դիմանկարը, մէկ նկարի մէջ պատկերելով ինքզինք երեք տարիքի մէջ՝ երիտասարդ, միջին եւ ծեր: Ան համադրեց ժամանակները, ինչ որ նոյնպէս խորհրդային մտածելակերպին յարիր չէր։ Խորհդային Միութեան արուեստի առաջին պահանջը տեղի եւ ժամանակի միասնութիւնն էր, բայց ան շրջանցեց, եւ այդ մէկը ըրաւ շատ բնական, հանգիստ եւ իրեն ձեռք չտուին: Սարեան իրականութիւնը եւ ցանկալին համադրեց իր կնոջ՝ Լուսիկ Սարեանի դիմանկարի մէջ՝ 1941 թուականին, երբ անոնց որդին՝ այսինքն իմ հայրը, պատերազմի գնաց, եւ իրենք վեց ամիս շարունակ լուր չունէին իրենց որդիէն: Նկարի մէջ կինն է, հայելիի առջեւ նստած, հայելիի մէջ ձեռքին նամակ կ՚երեւի, մինչդեռ հայելիի միւս կողմը, իրականութեան մէջ պտուղ մըն կայ անոր ձեռքին: Ան այդ նկարով ցոյց տուաւ սպասումը, որ իրական ապրում մըն էր այդ ժամանակ:
Ապրելով այդքան դժուար ժամանակի մէջ, Սարեան մնաց իր դիրքին վրայ եւ այդ մէկը եղաւ շնորհիւ իր մեծութեան եւ տաղանդին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ