ՀԱՅԵԼԻՆ

Ձեռքին բռնած խոշոր տոպրակը, մէջը կտորներն ու փշուրները անոր, դուրս ելաւ բնակարանէն։ Իջաւ աստիճանները հապճեպ քայլերով, հրեց դարպասը ուսով, յայտնուեցաւ բակին մէջ. ահա, այնտեղ, յիսուն մեթր անդին կը գտնուէր աղբամանը խոշոր։ Ծանրութենէն յոգնած, վայրկեանի մը համար գետին իջեցուց պարկը, որ խճաքարերուն հպելով թեթեւ շխկաց, հաւանաբար քիչ մը եւս փշրելով մէջի ապակին։ Թեւը երկարեց, ծալեց, բռունցքը բացաւ-փակեց-բացաւ, եւ մտածեց, յուսալով՝ վերջին անգամուայ մը համար, որ իրապէս ալ կը ծերանար։ Նեղուած ինքն իր մտքէն ու համոզուած անգամ մը եւս, որ ճի՛շդ էր ըրածը, վերստին վերցուց տոպրակը, որ տակէն ծակած էր արդէն, եւ փոքր ու արագ-արագ քայլերով հասաւ մինչեւ աղբաման ու շրըխկ

երկրորդ անգամ։

Առաջինը մօտ կէս ժամ առաջ էր, մուրճով։ Հօրմէն ժառանգած գործիքն այդ ամենայն ուժգնութեամբ զարկեր էր միջանցքին դրուած հայելիին, փշուր-փշուր ըրեր զայն։ Ամենավերջին ակնթարթին, երբ կռանը սլացքն առեր էր արդէն, վերջին անգամուան մը համար այնտեղ, ապակիէն ներս կամ ետեւ անկէ, տեսեր էր դերասանը ծերացող։ Շրըխկ։

Դուրս եկաւ բակէն, քալեց դէպի անկիւնի գրախանութ։ Առաւ տետր մը նոր, քիչ մը սուղնոց. եւ գրիչ մը՝ նմանապէս։ Բռնեց ճամբան վերադարձի։

Հօր մահէն ետք ընտանիքի բեռն ամբողջ մնացեր էր ուսերուն. երկու տարուայ մէջ ինկեր, կքեր էր ֆիզիքապէս, կորսնցուցեր երիտասարդի մարմինն ու դէմքը երբեմնի, որ դերասանական յաջողութեան գրաւական էր այստեղ. քաղաքին մէջ այս, ուր բոլորովին շուկայական էր թատրոնը։ «Տարիքէդ մեծ կ՚երեւիս», ըսեր էր տնօրէնը, եւ երկրորդ կարգի դերերու մղեր էր զինք։ Այդ երեկոյ գացեր, երկար նայեր էր հայելիին։ Հայելին դարձեր էր սովորութիւն։ Փորձեր էր մարզուիլ, խնամել ինքզինք, ուղղել մէջքը, պայծառութիւն մը տալ դէմքին. ու հայելին դարձեր էր մոլութիւն, հիւանդութիւն արդէն։ Հոն էր օրը մի քանի անգամ, երկար, թերութիւնները փնտռելու, անուղղելին ուղղել փորձելու յոյսով։ Ամառն անցեր էր այդպէս, պատրաստուելով տարեմուտին, որ եկեր էր այսօր։

Գացեր էր առաւօտուն թատրոն. մաքուր, ժպտադէմ, մէջքը պիրկ։

Բայց դուրս էր եկեր վիզը կախ, դէմքը մռայլ, ուսերը թոյլ։ Թափառեր էր քաղաքով մէկ երկար, շատ երկար, ու որոշում առեր. վազելով հասեր էր տուն, վերցուցեր էր մուրճը հօր, ու շրըխկ։

Հիմա մտաւ բակ արդէն, անցաւ աղբամանի քովէն, առանց իսկ նայելու այդ ուղղութեամբ. տետրն ու գրիչը ուժեղ սեղմած էր ափին։

Ելաւ տուն, սեղանը մօտեցուց պատուհանին, աթոռը բերաւ, նստաւ, նոր ընկերը դրաւ բագինին։ Հանեց գրիչը։

Գրող պիտի դառնար։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021