ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ…

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը, բոլոր գնահատումներով, կոչուած է պատմական իրադարձութիւն: Այդպէս արձագանգած է թէ՛ դուրսի աշխարհը, թէ՛ ամբողջ Հայաստանը՝ նորընտիր վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին, որ տեղի ունեցաւ տասնմէկ օր տեւած խաղաղ անհնազանդութեան շարժումէն ետք: Շարժում մը, որ ոտքի հանեց գրեթէ ամբողջ հայութիւնը եւ Երեւանի ու Հայաստանի այլ բնակավայրերուն ու փողոցներուն մէջ վերածուեցաւ համազգային հուժկու ալիքի: Հակառակ անոր որ շատեր այս շարժումը նմանցուցին 1988 թուականի համազգային զարթօնքին, սակայն եղան նաեւ մարդիկ, որոնք չէին հաւատար, թէ Հայաստանի մէջ կրնայ յեղափոխութիւն տեղի ունենալ, մանաւանդ՝ անցնցում: Իսկ որոշ վերլուծաբաններ չշտապեցին տեղի ունեցածը յեղափոխութիւն կոչելու, այլ բնորոշեցին զայն իբրեւ փոփոխութիւններու սկիզբ: Դատելով միջազգային մամուլի, օտար գործիչներու արձագանգներէն՝ տողատակերուն մէջ նկատելի էր նաեւ, որ որոշ խօսքերու մէջ քիչ մըն ալ նախանձ կար, որ Հայաստանը նոր կարգերու անցած է թաւշեայ յեղափոխութեան ալիքով, մինչդեռ վերջին տարիներուն, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ արիւնոտ յեղափոխութիւններ տեղի ունեցան եւ տակաւին կը շարունակուին: Այդ առումով Հայաստանը գնահատուած է իբրեւ քաղաքակրթական հնագոյն արժէքներ կրող եւ քաղաքական հասունութեամբ, ժողովրդավարական գործընթացներով նոր ժամանակներուն ինքզինք դրսեւորող քրիստոնեայ երկիր մը, որուն ժողովուրդը, ամենէն օրհասական պահերուն, ի վիճակի է համախմբուելու:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջին վրայ գրած է.

«Այն ժողովուրդը, որ իր պատմութեան նոյնիսկ ամենէն բարդ պահերուն, հակառակ սուր հակասութիւններու՝ իր մէջ չպառակտուելու եւ իրարու հանդէպ յարգանքը պահպանելու ուժը կը գտնէ, մեծ ժողովուրդ է: Հայաստա՛ն, Ռուսաստանը միշտ քեզի հետ է»:

Արձագանգ հասած է նաեւ Քրեմլինէն. Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ բանբեր Տիմիթրի Փեսքով ըսած է. «Ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ, մեր հայ բարեկամներուն, դաշնակիցներուն ներքին գործն է: Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանի մէջ կը պահպանուին կարգն ու կանոնը, կայունութիւնը, եւ կարճ ժամանակի ընթացքին ի յայտ կու գան հայ ժողովուրդը ներկայացնող ուժերուն փոխհամաձայնութեամբ որոշուած քաղաքական կերպարանքի ուրուագիծերը»:

«Քարնեկի Եւրոպա» հիմնադրամի աւագ գիտաշխատող Թովմաս տէ Վաալ մեկնաբանած է Հայաստանի վարչապետին հրաժարականը՝ ըսելով, թէ Սերժ Սարգսեանի քայլը յարգանքի արժանի է։

«Նախ եւ առաջ, պէտք է ընդունիմ, որ սխալ կարծիք ունէի հայերուն մասին եւ լաւ չէի պատկերացներ բողոքելու եւ փոփոխութիւն պահանջելու անոնց պատրաստակամութիւնը։ Երբ մէկ ամիս առաջ Հայաստան էի, տպաւորութիւն ունէի, որ փոփոխութիւնները հնարաւոր են միայն «վերէն»։ Բայց ես կը սխալէի։ Ինչ որ կատարուեցաւ, կարելի է «կատարեալ փոթորիկ» անուանել… Հայաստանը հասարակութեան դասական օրինակն է, որ այնքան անազատ է, մարդիկ բարկացած են, բայց բաւարար չափով ազատ են նաեւ, որ բողոքելու հնարաւորութիւն ունենան: Ասիկա Ռուսաստանը չէ», ըսած է Թովմաս տէ Վաաը։

Գերմանացի փորձագէտ, քաղաքագէտ Ուվէ Հալպախ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած կտրուկ փոփոխութեան մասին ըսած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի պատմութեան ընթացքին երկրորդ քաղաքական պատմական որոշումը կայացուցած պետական գործիչը դարձած է, առաջինը Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն էր, երկրորդը՝ Սերժ Սարգսեանը:

«Բնականաբար, ան այս որոշումը կայացուց բացառապէս ներքին ճնշումին պատճառաւ՝ հասկնալով, որ իր ղեկավարած խումբը իշխանութիւնը ամբողջութեամբ կորսնցնելու վրայ է, հասկնալով, որ իրավիճակը կարող է ունենալ արտաքին քաղաքական հետեւանքներ, քանի որ իրավիճակին զարգացումը դէպի ուժի բախում՝ խնդիրներ պիտի ստեղծէր Հայաստանի համար Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւներուն մէջ, երբ Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկար բանակցուած համաձայնագիրը ճակատագրական փուլի մէջ է, եւ որեւէ ուժ կարող էր ճակատագրական աւարտ դառնալ այս համաձայնագիրն համար, իսկ ուժին լուծումը, պահ մը, դարձաւ անխուսափելի՝ նկատի առնելով բանակցային գործընթացին տապալումը վարչապետին եւ ընդդիմութեան առաջնորդին միջեւ: Սարգսեան հաւատարիմ մնաց ժողովրդավարական գործընթացին», այսպիսի տեսակէտ մը յայտնած է գերմանացի վերլուծաբան Հալպախ:

Ուրիշ վերլուծաբան մը, ռուս քաղաքագէտ Սթանիսլաւ Թարասով նախկին վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին մասին ըսած է. «Սարգսեան բարձր ժողովրդավարական նշաձող մը սահմանեց: Կարեւորը այն է, որ Սարգսեան չգնաց ուժի լուծումին, ան հասկցաւ, որ Ղարաբաղի մէջ հայու արիւն կը թափի, չփափաքեցաւ, որ Հայաստանի մէջ ալ հայու արիւն թափի: Կ՚ենթադրեմ, որ կ՚ըլլան արտահերթ ընտրութիւններ, կամ այլ լուծում կ՚առաջադրուի: Մենք վստահ ենք, որ ոեւէ անձ, որ կ՚ըլլայ վարչապետին պաշտօնին վրայ, կ՚ըլլայ հայրենասէր», ըսած է Թարասով:

Բազում են ռուս քաղաքական վերլուծաբաններուն արձագանգները՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող թաւշեայ յեղափոխութեան առաջին ալիքին։

«Վարչապետին հրաժարականը տակաւին Հայաստանի մէջ ողջ իշխանութեան հրաժարականը չէ», ըսած է ռուս քաղաքական վերլուծաբան Կրիկորի Թրոֆիմչուք:

Կատարուածին անդրադարձած է նաեւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես: Ան ողջունած է ընթացիկ իրադարձութիւններուն խաղաղ բնոյթը եւ բոլոր կողմերուն յորդորած է զսպուածութիւն դրսեւորել եւ երկխօսութեան առաջնահերթութիւն տալ։ Հայաստանի համար այս կարեւոր ժամանակաշրջանին ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կոչ ըրած է շարունակական յարգանք դրսեւորել օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի մէջ։

Ամերիկահայ գործարար, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի հիմնադիր Կարօ Արմէն, ի թիւս այլ սփիւռքահայերու, արձագանգած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութեան. «Այն աշխարհը, ուր կը բնակինք, կը յառաջդիմէ անհաւանականօրէն արագ եւ կը մղուի արհեստագիտական յառաջընթացով ու անտեսանելի կապերով: Այսպիսի իրականութեան մը պայմաններուն մէջ մենք բոլորս պարտաւոր ենք ականջալուր ըլլալ երիտասարդութեան ձայնին եւ այդ մէկը՝ նախ այն պատճառով, որ մեր հայրենիքին ապագայ առաջնորդները նոյն այդ շարքերէն պիտի ըլլան: Այս երիտասարդները շարժիչ ուժն են այն նոր եւ գեղեցիկ Հայաստանին, որով մենք բոլորս պիտի հպարտանանք: Անտեսել երիտասարդ ու նաեւ ոչ շատ երիտասարդ հայերուն այս փայլուն սերունդին կողմէ առաջ քաշուող խնդիրներն ու իրականութիւնը՝ մեծապէս անպատասխանատու վարքագիծ մըն է: Փոփոխութիւնները անխուսափելի են՝ քանի որ անոնց միջոցով է միայն, որ յառաջընթացը կարելի կը դառնայ»:

«Աւրորա» մրցանակի համահիմնադիրները, իրենց տեսակէտը յայտնելով հայաստանեան իրադարձութիւններուն մասին՝ նոյնպէս ողջունած են տեղի ունեցածը: Անոնցմէ Ռուբէն Վարդանեան իր տեսակէտը յայտնելով ըսած է. «Ես ուրախ եմ, որ պէտք է կառուցենք նոր Հայաստան: Լուսաւոր աշխատանք մը տեղի կ՚ունենայ, եթէ հասկնանք, որ պէտք է միասին տանինք այս ծանր աշխատանքը»:

Հանդարտութեան եւ ողջախոհութեան կոչ ընելով՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նուպար Աֆէեան ըսած է. «Այս մէկը մանաւանդ կարեւոր է 24 Ապրիլի նախօրէին:

«24 Ապրիլը սուրբ է մեզի համար: 100 տարիէն աւելի մենք պահած ենք այս խորհուրդը Հայաստանի, Սփիւռքի եւ ողջ աշխարհի մէջ, եւ որեւէ կերպ պէտք չէ անարգենք զայն այսօր»:

«Աւրորա»ի համահիմնադիրներէն Վարդան Գրիգորեանն ալ ըսած է.

«Այս տարի նաեւ կը նշուի Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձը: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ հակառակորդներուն՝ շահարկել մեր ներքին անհամաձայնութիւնները»:

Անուանի հայերէն՝ աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեան հեռուէն յայտարարած է, որ իր ազգին կողքին է: Նմանատիպ արձագանգներ ստացուած են նաեւ երգիչ Սերժ Թանկեանէն, ամերիկահայ աստղ Քիմ Քարտաշեանէն, համացանցային նշանաւոր գործարար Ալեքսիս Օհանեանէն եւ այլ անուանի հայերէ:

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սվիփալսկի ըսած է, որ Եւրոմիութիւնը յետայսու Հայաստանի հետ կ՚աշխատի աւելի ջանասիրաբար, քան՝ առաջ:

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան անդրադարձած են նաեւ հայաստանեան վերլուծաբաններ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Նաւասարդեանի համար 23 Ապրիլը պատմական օր էր։ «Ասիկա թաւշեայ յեղափոխութիւն է, առաջին փուլը աւարտած է», ըսած է քաղաքագէտ դեսպանը, նշելով, որ տեղի ունեցածը իւրայատուկ էր, ամէն ինչ աւարտեցաւ անարիւն։ «Յեղափոխութեան առաջին ալիքը չափէն աւելի բարձր տրամադրութիւնն է, որ շատ դժուարութեամբ կը հարթուի», ըսած է Նաւասարդեան, անդրադառնալով նաեւ արտաքին ուժերու արձագանգին: Ան նկատած է․ «Ռուսաստանը բաւական զգոյշ է իր քայլերուն մէջ, Ռուսաստանը շատ լաւ դիրքորոշում գրաւած է Հայաստանի հարցին մէջ եւ որ ամենէն կարեւորն է՝ այս շարժումը դուրսի ուժերուն վրայ չէ ծանրացած»:

Անշուշտ, եղած են նաեւ ընդդիմադիր գործիչ՝ Նիկոլ Փաշինեանի գործունէութիւնը քննադատողներ: Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ժիրայր Տատասեան մասնաւորապէս ըսած է. «Ես խստօրէն կը դատապարտեմ ինչ որ կը կատարուի Նիկոլ Փաշինեանի կողմէն:

«Արդէն քանիերորդ անգամն է, որ իրեն շատ բնորոշ հնարքներով իր քաղաքական նպատակներուն հասնելու համար, ընկերային խնդիրներ բարձրացնելով, իրեն իսկ համար միաւորներ կը հաւաքէ: Անշուշտ, կայ ժողովուրդի շատ մեծ զանգուած, որ դժգոհութիւններ ունի, ու Նիկոլ Փաշինեանը, այդ առիթը օգտագործելով, կ՚օգտուի: Բայց, ինծի կը թուի, որ այս մէկուն մէջ չի յաջողիր, քանի որ պատռեց իր դիմակը՝ ըսելով, թէ պատրաստ է իր վրայ պատասխանատուութիւն վերցնելու ու դառնալու Հայաստանի վարչապետ»:

Արձագանգները, գնահատականները, վերլուծութիւնները, ոգեւորութիւնն ու գնահատականները կը շարունակուին տակաւին:

ՄԱՄՈՒԼԸ

Անցնող օրերուն արձանագրուեցաւ նաեւ կարեւոր այլ հանգամանք մը. այն, որ տեղի ունեցող դէպքերուն զուգահեռ աննախադէպ լարուածութեամբ եւ արհեստավարժութեամբ աշխատեցան զանգուածային լրատուութեան միջոցները:

Ուղիղ եթերներու, տեսալուսանկարահանումներու, հարցազրոյցներու այն ահռելի քանակը, որ սփռուեցաւ, աննախադէպ էր եւ հանրութիւնը իրազեկելու իր նպատակին գերծառայեց:

Մամուլը աւելի քան անկախ էր անցնող օրերուն՝ փողոցներէն սփռելով շարժումի իրական պատկերը՝ ցուցադրելով մարդոց ընդվզումը, ըմբոստացումը եւ Հայաստանի մէջ իրենց մասնակցութեամբ բան մը փոխելու կամքը: Շարժումը ունէր իր գըլ-խաւոր դերակատարները, բայց պակաս անկարեւոր չէր նաեւ լրագրողներու գըլ-խաւոր դերակատարումը:

Միջադէպերու, ուժային կառոյցներու կողմէ հաւաքները ցրելու փորձերու ժամանակ վնասուածքներ ստացան նաեւ լրագրողները, վնասուեցան անոնց սարքերը, սակայն նոյն հետեւողականութեամբ լրագրողները շարունակեցին եւ տակաւին կը շարունակեն դէպքերու լուսաբանումը եւ սփռումը: Լրատուամիջոցները այս շար-ժումը լուսաբանեցին տակաւին 31 Մարտէն, երբ Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր գործակիցները Կիւմրիի մէջ սկսան «Իմ քայլը» տասնչորսօրեայ արշաւին եւ քալելով հասան Սպիտակ, Վանաձոր, Դիլիջան, Սեւան, Հրազդան, Աբովեան քաղաքներ՝ ըստ էութեան մարզերէն սկսելով անհնազանդութեան արշաւին:

Լրագրողներու հանդէպ բռնութիւնները, անոնց աշխատանքը խոչընդոտելու փորձերը արձանագրուեցան լրագրողական կազմակերպութիւններու եւ անոնց շահերը պաշտպանող միութիւններու կողմէ եւ խստագոյնս դատապարտուեցան:

Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած շարժումը, թաւշեայ յեղափոխութիւն որակելէ զատ, որակուցաւ նաեւ թուային յեղափոխութիւն, մէկ այլ բնորոշմամբ՝ ցանցային յեղափոխութիւն, նկատի ունենալով, որ բոլոր քայլերու մասին մասնակիցները նախօրօք կը տեղեկանային թուային լրատուամիջոցներու եւ ցանցային մետիայի միջոցաւ: Համացանցը անփոխարինելի դեր ունեցաւ այս օրերուն: Ընկերային ցանցերու վրայ հնչող կոչերը աներեւակայելի արագութեամբ կը տարածուէին, կը բազմացուէին եւ մարդիկ, ունենալով համացանց, գերարագ վայրկեաններու ընթացքին, կը տեղեկանային բոլոր նորութիւններուն, սպասուելիք քայլերուն:

Նիկոլ Փաշինեան ֆէյսպուքեան իր էջի միջոցաւ յաճախ կը գործածէր ուղիղ եթերի դրութիւնը եւ որեւէ վայրէ ու որեւէ պահու կը դիմէր ժողովուրդին:

Անկէ զատ, որ լրագրողներ կը նկարահանէին եւ կը տարածէին իրենց լրատուամիջոցներու, Եութուպի կամ Ֆէյսպուքի միջոցաւ, ոչ լրագրողներ նոյնպէս մասնակից էին այս գործընթացին: Ամէն մարդ իր ձեռքի հեռաձայնով կը նկարահանէր իր շուրջը տեղի ունեցող ամէն բան եւ անմիջապէս կը տարածէր՝ այդպէսով դառնալով իրազեկման ակամայ մասնակից: Այդ առումով շրջանառութեան դրուեցաւ «քաղաքացիական լրագրող» եզրը, որ կը վերաբերէր այն տասնեակ հազարաւորներուն, որոնք լրագրողական վկայական չունէին, բայց ստանձնած էին լրատուութիւն եւ նորութիւններ հաղորդելու դերը:

Ոչ միայն տեղեկատուութիւն ստանալու սահմանադրական իրաւունքը, այլ՝ տեղեկատուութիւն տարածելու իրաւունքը այս օրերուն դարձաւ կարեւոր հարց մը:

Գտնուելով դէպքի վայրը՝ մասնակիցները չէին մնար իբրեւ վկաներ ու ականատեսներ, այլ՝ հանդէս կու գային իբրեւ արձանագրողներ: Քաղաքացիական լրագրողները կը նկարահանէին ամէն վայրէ՝ իրենց պատշգամներէն, ինքնաշարժներէն, հիմնարկներու պատուհաններէն, փողոցներէն, բոլոր այն վայրերէն, ուր հասանելի էր համացանցը եւ նոյն պահուն հնարաւոր էր ուղիղ հեռարձակում ընել: Քաղաքը հեռարձակումի, նկարահանումի մեծ շարժումի մը մէջ էր եւ այս մէկը երթալով աւելի մեծ թափ կը հաւաքէ, քանի որ մարդիկ կը տեսնեն իրենց հեռարձակած նիւթերու արձագանգները եւ նոյն հաճոյքով կը շարունակեն տեսարաններ որսալ: Այդ մէկը թէ՛ հաճոյք է, թէ՛ պարտականութիւն եւ թէ պահը ճշգրտօրէն որսալու գիտակցութիւն: Խելախօսները այսօր ամէն մարդու ձեռքն են, եւ համացանցը, բարեբախտաբար, ներկայ է ամէն վայրի մէջ: Այն, ինչ այսօր կ՚ընէ թուային աշխարհը, անհը-նար է ընել ուրիշ այլ միջոցներով: Հայաստանի մէջ, ի տարբերութիւն յեղափոխութիւններ որդեգրած շատ երկիրներու, չխոչընդոտուեցաւ համացանցի աշխատանքը, որեւէ մէկ պահու համացանցի արագութիւնը չդանդաղեցաւ կամ ալ համացանցը չընդհատուեցաւ: Շատեր կը սպասէին, որ արագ կապի այդ ալիքը պահ մը կ՚ընդհատ-ւի, սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ: Նմանապէս համացանցի միջոցաւ Հայաստանի հետ ուղիղ կապի մէջ էր նաեւ դուրսի աշխարհը: Սփիւռքի հայերը կամ Հայաստանէն հեռացածները ամէն վայրկեան կը հետեւէին եւ կ՚արձագանգէին տեղի ունեցող դէպքերուն՝ ոգեւորելով մայրաքաղաքի մէջ գտնուողները եւ իրենց ափսոսանքը յայտնելով, որ անոնց կողքին չեն:

*

Այսօրուայ դրութեամբ Հայաստանի մէջ տակաւին կը շարունակուին երթերն ու հանրահաւաքները: Վերջնական համաձայնութիւն մը չէ կնքուած գործող իշխանութեան եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ: Իրավիճակը ամէն պահ փոփոխութեան ենթակայ է եւ լրագրողներ տակաւին մեծ գործ ունին ընելիք: Անքուն գիշերներու, փողոցը «ապրելու» անոնց կեանքը նոր ընթացքի մէջ է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 26, 2018