ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Իւրաքանչիւրս կը ջանանք մեր երեխաներու համար ընել առաւելագոյնը: Երեխաներո՞ւն... թէ՞ մենք մեզի համար... Այստեղ կ՚ուզէ յստակեցում: Կատարելութեան ճանապարհին բազմիցս կը սայթաքինք: Յաճախ աննշան չարաճճիութեան մը կը պատասխանենք պոռթկումով, զայրոյթով:

Մայրերը կը զգան իրենց սխալները: Իրենց զաւակները ցաւցնելէ վերջ, մշտապէս կը տեսնեն իրենց մեղքը: Մայրերը կոյր չեն: Զաւակներն ալ ներողամիտ են: Մշտապէս կը ներեն իրենց մայրերուն՝ բազմապատկելով սէրը ծնողի հանդէպ:

Մայրութեան ուղին խրթին է ու պատասխանատու: Մօր խօսքը ունի յատուկ ուժ մը: Մասնաւորապէս զօրաւոր են մայրական օրհնութիւններն ու աղօթքը: Սակայն նոյնքան բացասական ազդեցութիւն ունին մօր անզգոյշ դատապարտող խօսքն ու չարանենգ անէծքը:

Տէրը մշտապէս կը լսէ մօր խնդրանքները: Կարծես այդ խնդրանքները ըլլան «արտահերթ»: Այդ իսկ պատճառաւ անհրաժեշտ է հետեւիլ, որպէսզի մեր բերանէն ելած խօսքերը ըլլան առողջ: Իսկ եթէ տեղի կու տան ձեր յոյզերը եւ կ՚ուզէք պոռալ ու սպառնալ ձեր զաւակին, այդ վայրկեանին աւելի լաւ է գոցել բերանը ու լուռ դիմել Տիրոջ: Կրնաք պոռալ. «Զգո՛յշ, պիտի այրիս». զոր օրինակ՝ երբ ան իր ձեռքը կը մեկնէ տաք վառարանին: Իսկ պոռալ, որ ան անպայման պիտի դառնայ անտուն մարդ, եթէ անմիջապէս չկատարէ թուաբանութեան առաջադրանքը՝ չ՚արժեր:

Դուք կրնաք հանգիստ ձայնով խօսիլ այդ մասին: Չենթարկուող երեխային պոռալով ու սպառնալիքներով դիմելը, լաւագոյն պարագային՝ անօգուտ է: Իսկ շատ յաճախ՝ վտանգաւոր, քանզի անհաւասարակշիռ ու բացասական յոյզերով ըսուած խօսքը յաճախ իր հետ կը բերէ անէծք ու բաժանում:

Իսկ սիրով ու յարգալից, հաւասարակշռուած խօսքը մշտապէս անհամեմատ աւելի արդիւնաւէտ է ու օրհնաբեր: Եւ մայրերու համար խրթին ու անլուծելի խնդիրները, մասնաւորապէս տղոց վարքի վերաբերեալ, ներկայացնել Աստուծոյ, եւ Անկէ օգնութիւն աղերսելը դիւրին է եւ իրականանալի Աստուծմով:

Այս ամէնը գիտակցելով, յաճախ կը սխալինք: Անհրաժեշտւթեան պարագային անկարող կը գտնուինք կառավարելու մեր յոյզերը: Անզգուշութեամբ կը կոտրենք մեր զաւակներու փխրուն սիրտերը։ Որպէս մայր, աւա՜ղ, ես նոյնպէս բացառութիւն մը չեմ: Յաճախ իմ զայրոյթը կը պոռթկայ պոռալու միջոցաւ: Երեխան կը խաղաղի, իմ հոգին կ՚ալեկոծի: Գիտակցելով իմ սեփական սխալը, ինքզինքս կը դատապարտեմ: Երկար ժամանակ կը մնամ խռով ես ինծի հետ:

Կ՚ուզեմ սորվիլ ինքզինքիս տիրապետելու արուեստը: Տակաւին այս հարցին մէջ յաջողութեան չեմ հասած: Մարդուս յիշողութիւնը կարճ է: Լաւն ու վատը կը մոռնանք: Կը մոռնանք մենք մեզ: Մեր մանկութիւնը: Մանուկ եղած ատեն մեր վարքագիծը, նախասիրութիւնները: Մոռացութիւնն ալ առիթ կը հանդիսանայ բախումի՝ սերունդներու բախումի: Անհասկացողութեան, թիւրըմբռնումի պատճառաւ ծնողքի ու զաւակներու միջեւ կը յառաջանայ անջրպետ մը:

Միւս կողմէ, մեր երեխաները մեր ուսուցիչներն են: Անոնց բան մը սորվեցուցած ատեն, մենք ալ կը սորվինք: Զոր օրինակ՝ ինչպէ՞ս սորվեցնել: Երեխաներու հետ մեր յարաբերութիւնները անհրաժեշտ է հիւսել սիրով ու համբերատարութեամբ՝ ապաւինելով Տիրոջ: Ահաւասիկ, սէրն ու համբերատարութիւնն է առողջ յարաբերութիւններու գլխաւոր յենասիւնը:

Սէրը մեր կեանքի աղն է: Ինչպէս կերակուրը առանց աղի պիտի ըլլայ անհամ ու անդուր, նոյնն ալ մեր կեանքը առանց սիրոյ: Իւրաքանչիւր խնդիր, մտահոգութիւն շաղախէ՛ սիրով, եւ պիտի քաղես արդիւնքները: Գիտեմ, բառերով դիւրին է: Սակայն մեծ ցանկութեան պարագային, Աստուծոյ ողորմածութեամբ, կրնանք մեր բառերը վերածել գործի: Չէ՞ որ ցանկութիւնը գործի կէսն է: Ես նոյնպէս կը հանդիպիմ մեծ դժուարութիւններու՝ իմ մտքերու իրականացումի ճանապարհին: Սակայն երբեք չեմ յանձնուիր: Ամէն անգամ սայթաքելէ վերջ կ՚ելլեմ ու կը շարունակեմ դէպի ճշմարտութիւն տանող իմ ուղին, որքան ալ այն ըլլայ խրթին: Այլեւս կը սիրեմ դժուարութիւնները, պայքարը: Իմ իւրաքանչիւր վայրկեանը պայքար մըն է: Հանգիստ կեանք չեմ սիրեր: Բնաւորութեամբ անհանգիստ եմ:

Ինծի համար յոյժ կարեւոր է իմ ու զաւակներուս առողջ յարաբերութիւնները: Այստեղ բացթողումները շատ են, սակայն ուղղելի: Ամէն Աստուծոյ օր պէտք է աշխատիլ այս ուղղութեամբ, հակառակ պարագային պիտի պարտուիմ: Իսկ պարտութիւնը ինծի համար չէ: Աստուծոյ ապաւինելով պիտի յաջողինք:

Մայր ըլլալը դիւրին չէ՛, սակայն բերկրանք մըն է, որ պէտք է վայելել իր բացթողումներով հանդերձ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023