Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ան­ցեալ շա­բա­թուան ա­մե­նէն յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը կա­րե­լի է հա­մա­րել «Ե­րե­ւան էքս­փօ» ցու­ցաս­րա­հին մէջ բա­ցուած «Նոր հե­ռան­կար­ներ սու­րիա­հա­յե­րու հա­մա­ր» ցու­ցա­հան­դէ­սն ու ա­նոր կից՝ ֆո­րու­մը: Տնտե­սա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու շա­բա­թը Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­մախմ­բեց բո­լոր սու­րիա­կան գոր­ծօն կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, միու­թիւն­նե­րը, ան­հատ­նե­րը, ձեռ­նե­րէց­նե­րը եւ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին հաս­տա­տուե­լով Հա­յաս­տան, ձեռն­ա­ծալ չմնա­ցին, այլ աշ­խա­տանք­նե­րու ձեռ­նար­կե­ցին՝ ի­րենց նախ­կին մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րուն, ար­հեստ­նե­րուն, զբա­ղում­նե­րուն հա­մե­մատ, կամ ալ նոր հե­տաքրք­րու­թիւն­ներ ձեռք բե­րին եւ նոր գոր­ծեր հիմ­նե­ցին: Սու­րիա­հա­յե­րու ա­ւե­լի քա­ն եօ­թա­նա­սուն ձեռ­նար­կու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց ար­տադ­րանքն ու ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը, իսկ պե­տա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ջար­կե­ցին ի­րենց ա­ջակ­ցու­թեան ծրագ­րե­րը: Ցու­ցա­հան­դէ­սի ժա­մա­նակ սու­րիա­հա­յե­րու հետ կնքուե­ցան ա­ռեւտ­րա­յին, մա­տա­կա­րար­ման եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պայ­մա­նագ­րեր:

Ա­սի­կա սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մէն ետք Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուած սու­րիա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րու, մաս­նա­գէտ­նե­րու, ձեռ­նե­րէց­նե­րու ա­մե­նէն մեծ հա­մախմ­բումն էր, որ վա­յե­լեց Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը: Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էր Սերժ Սարգ­սեա­ն, իր կող­քին ու­նե­նա­լով Սփիւռ­քի նա­խա­րա­ր Հ­րա­նոյշ Յա­կո­բեա­նն եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­ր: Նա­խա­գա­հ Սերժ Սարգ­սեան մէկ-մէկ ծա­նօ­թա­ցաւ սու­րիա­հա­յե­րու բե­րած նո­րու­թիւն­նե­րուն, համ­տե­սեց ա­նոնց պատ­րաս­տած տուրմն ու խմո­րե­ղէ­նը եւ բարձր գնա­հա­տեց սու­րիա­հա­յե­րու կո­րո­վը, կամ­քը՝ հա­կա­ռակ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ բան մը ստեղ­ծե­լու եւ օ­րուան հա­ցը վաստ­կե­լու ա­նոնց ճի­գը:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ նոյն­պէս այ­ցե­լեց «Ե­րե­ւան Էքս­փօ», հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ցու­ցա­հան­դէ­սին մաս­նա­կից սու­րիա­հա­յե­րուն հետ, ծա­նօ­թա­ցաւ ա­նոնց ճա­կա­տագ­րե­րուն, որ տար­բեր էին, բայց նման էին նաեւ ի­րա­րու:

ՍՈՒ­ՐԻԱ­ՅԷՆ ԼԻ­ԲԱ­ՆԱՆ, Ա­ՊԱ՝ Ե­ՐԵ­ՒԱՆ

Ցու­ցաս­րա­հի մէկ մա­սի յա­տա­կը պա­տուած էր սու­րիա­հայ գոր­գա­վա­ճառ Նա­զա­րէթ Ա­րո­յեա­նի վա­ճառ­քի հա­նուած գոր­գե­րով: Շքեղ, մե­տաք­սա­հիւս կամ բրդեայ գոր­գե­րը ան­մի­ջա­պէս կը գրա­ւէին բո­լոր այ­ցե­լու­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը: Ա­նոնք պարզ գոր­գեր չէին՝ կա­յին օս­մա­նեան շրջա­նի, պարս­կա­կան, հայ­կա­կան, ա­րա­բա­կան հնա­գոյն գոր­գեր, ո­րոնք իր հետ Սու­րիա­յէն նախ Լի­բա­նան տա­րած, ա­պա Հա­յաս­տան բե­րած է Հա­լէ­պի մէջ նշա­նա­ւոր գոր­գա­վա­ճա­ռը: Նա­զա­րէթ Ա­րո­յեանն ալ կը դառ­նայ մեր ա­ռա­ջին զրու­ցա­կի­ցը «Ե­րե­ւան էքս­փօ»ին մէջ:

Ան կը պատ­մէ իր կեան­քին պատ­մու­թիւ­նը եւ յըն­թացս կը պա­տաս­խա­նէ այ­ցե­լու­նե­րու հար­ցում­նե­րուն՝ «այս մէ­կը մա­քուր մե­տաքս է, մօտ հա­րիւր տա­րուան գորգ է», «այս մէ­կը հայ­կա­կան հին գորգ է...»։

Սու­րիա­հայ Նա­զա­րէթ Ա­րո­յեա­նը հնաոճ գոր­գե­րը գե­րած են տա­կա­ւին պզտիկ տա­րի­քէն: Պզտիկ ե­ղած է, երբ հայ­րը մա­հա­ցած է: Ըն­տա­նի­քի հոգ­ը թե­թեւց­նե­լու հա­մար տաս­նե­րեք տա­րե­կա­նին, դպրոց եր­թա­լու զու­գա­հեռ, սկսած է աշ­խա­տիլ իր հօ­րեղ­բօր մօտ, որ այն ժա­մա­նակ Հա­լէ­պի մէջ ծա­նօթ գոր­գա­վա­ճառ ե­ղած է: Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին Նա­զա­րէթ Ա­րո­յեան նոյն­պէս հմտա­ցած է գոր­գա­վա­ճա­ռու­թեան գոր­ծին մէջ։ Շուրջ ե­րե­սուն տա­րիէ ի վեր գոր­գե­րու վա­ճառ­քով կը զբա­ղի: Իր բախ­տա­կից սու­րիա­հա­յե­րու պէս լքե­լով հա­րա­զատ Հա­լէ­պը, տե­ղա­փո­խուած է Լի­բա­նան, յե­տոյ ո­րո­շած է հանգ­րուան գտնել Հա­յաս­տա­նի մէջ:

«Իմ ճա­կա­տա­գիրս ալ այս­պէս դա­սա­ւո­րուե­ցաւ՝ գոր­գե­րու հետ երկ­րէ եր­կիր, բայց փառք Աստ­ու­ծոյ դժգոհ չե­մ», կ՚ը­սէ Նա­զա­րէթ Ա­րո­յեան, ցոյց տա­լով նաեւ Հա­լէ­պի նշա­նա­ւոր Sheraton պան­դո­կի գրքոյ­կը, ո­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցուած են իր գոր­գե­րը: Գոր­գա­վա­ճա­ռը խա­նութ ու­նե­ցած է նշեալ պան­դո­կին մէջ, ինչ­պէս նաեւ իր գոր­գե­րը վա­ճա­ռած է Հա­լէ­պի Սրբոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մօտ գտնուած իր խա­նու­թը: Հա­լէ­պեան փա­ռա­ւոր օ­րե­րը այ­լեւս հե­ռու են… Նա­զա­րէթ Ա­րո­յեա­ն կը յի­շէ ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րոն նկա­տուած Հա­լէ­պի լա­ւա­գոյն օ­րե­րը, երբ զբօ­սաշըր-ջիկ­ներ մաս­նա­ւոր կը հե­տաքր­քուէին ա­րե­ւե­լեան գոր­գե­րով եւ չէին խնա­յեր ո­րե­ւէ գու­մար՝ ձեռք բե­րե­լու հա­մար ար­ժէ­քա­ւոր գորգ մը: Կա­րօ­տը՝ կա­րօտ, բայց հայ վա­ճա­ռա­կա­նը չ՚ու­զեր կեան­քը վտան­գի տակ դնե­լով ետ վե­րա­դառ­նալ Հա­լէպ: Կ՚ը­սէ, որ հայ­րե­նի­քը կը նկա­տէ ա­մե­նէն ա­պա­հով հանգ­րուա­նը:

Քիչ չեն այն սու­րիա­հա­յե­րը, ո­րոնք նախ Լի­բա­նա­նի մէջ փոր­ձած են հաս­տա­տուիլ, սա­կայն հոն ալ, ինչ-ինչ դժուա­րու­թիւն­ներ գտնե­լով՝ փո­խադ­րուած են Հա­յաս­տան, եւ կը փոր­ձեն ի­րենց տնտե­սա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ի գոր­ծ դ­նել հայ­րե­նի­քի մէջ, հա­կա­ռակ որ հոս ալ դժուա­րու­թիւն­նե­րու կը հան­դի­պին:

Հա­լէ­պեան ու­տե­լիք­նե­րու եւ ա­րե­ւե­լեան հա­մեմ­նե­րու հո­տը տա­րա­ծուած է «Ե­րե­ւան էքս­փօ»ի մէջ. ու­տե­լիք­նե­րու տա­ղա­ւար­ներն ի­րենց գե­ղե­ցիկ ձե­ւա­ւո­րուած պնակ­նե­րով եւ ժպտա­դէմ ե­րի­տա­սարդ հա­յու­հի­նե­րով կը կան­չեն այ­ցե­լու­նե­րը: Ու­րա­խա­լի է տես­նել, որ հա­կա­ռակ սու­րիա­հայ կի­նե­րու ապ­րած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն՝ ա­նոնք պա­հած են ի­րենց կո­կիկ տես­քը, բա­րե­համ­բոյր վար­ուե­լա­կերպն ու ժպի­տը:

Սու­րիա­հայ կի­ներ առ­հա­սա­րակ նշա­նա­ւոր են խո­հա­նո­ցա­յին ա­ւան­դոյթ­նե­րու հան­դէպ ու­նե­ցած ի­րենց ձիր­քով, զոր ի գործ դրած էին «Ե­րե­ւան էքս­փօ»ի տա­ղա­ւար­նե­րուն մէջ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով ի­րենց ձեռ­քով պատ­րաս­տած հա­լէ­պեան ա­նու­շէ­ղէն­նե­րը, խմո­րե­ղէն­նե­րը, ճա­շե­րը, հա­մա­դամ­ներն ու ա­րե­ւե­լեան ու ա­րեւ-մ­ըտեան խո­հա­նո­ցը ներ­կա­յաց­նող ու­տե­լիք­նե­րը: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ե­րե­ւա­նեան շու­կա­յին մէջ ար­դէն ընդ­հան­րա­ցած են հա­լէ­պեան ու­տե­լիք­նե­րը, բայց հա­յաս­տան­ցի­նե­րէն շատ քի­չե­րու ծա­նօթ են: Սու­րիա­հայ կի­ներ թէ՛ կը ներ­կա­յաց­նէին ի­րենց պատ­րաս­տած­նե­րու բա­ղադ­րու­թիւ­նը, թէ՛ կը հրամց­նէին, թէ՛ ալ կը վա­ճա­ռէին:

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բա­ւա­կան լայն տա­րա­ծում ու­նին նաեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցուած սու­րիա­հա­յե­րու ար­հես­տա­նոց­նե­րը, ո­րոնք ինք­նա­շար­ժներ կը նո­րո­գեն, կամ ալ ինք­նա­շար­ժնե­րու կամ այլ սար­քա­ւո­րում­նե­րու բա­ղադ­րիչ­ներ կը պատ­րաս­տեն: Սու­րիա­հայ վար­պետ­նե­րը ցու­ցադ­րած էին այդ ո­լոր­տին ա­ռըն­չուող ի­րենց ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը, ար­տադ­րան­քը, եւ այ­ցե­լուն կրնար ան­մի­ջա­պէս կապ հաս­տա­տել ա­նոնց հետ:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յու­թիւն ու­նէին նաեւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մէն ետք հիմնուած են Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ սու­րիա­ցի­նե­րու զա­նա­զան հար­ցե­րով զբա­ղե­լու, ա­նոնց ի­րա­ւունք­նե­րու, աշ­խա­տան­քի, կրթու­թեան, մշա­կու­թա­յին եւ այլ զբա­ղուա­ծու­թեան հար­ցեր լու­ծե­լու հա­մար:

Հա­գուստ, կօ­շիկ, օ­ճառ, մա­զե­րու եւ մարմ­նի խնամ­քի օ­ծա­նե­լիք­ներ եւ այլ ձե­ռա­գործ ի­րեր պատ­րաս­տող սու­րիա­հա­յե­րու ըն­կե­րու­թիւն­ներ նոյն­պէս ցու­ցադ­րած էին ի­րենց ար­տադ­րան­քը: Ա­նոնք բո­լո­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն կը յա­ռա­ջաց­նեն հայ եւ օ­տար այ­ցե­լու­նե­րու առ­ջեւ, նկա­տի առ­նե­լով, որ ցու­ցա­հան­դէ­սի չորս օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղա-­կայուած դես­պա­նա­տու­նե­րու աշ­խա­տա­կից­ներ, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ նոյն­պէս այ­ցե­լե­ցին ցու­ցաս­րահ եւ քա­ջա­լե­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուած սու­րիա­հա­յե­րը:

ՍՎԱ­ՍԷՆ, ՄԱ­ՐԱ­ՇԷՆ ԵՒ ՈՒՐ­ՖԱ­ՅԷՆ՝ «Ե­ՐԵ­ՒԱՆ ԷՔՍ­ՓՕ»

Ցու­ցա­հան­դէ­սի մաս­նա­կից­նե­րու մէջ ծա­նօ­թա­ցանք հա­լէ­պա­հայ ոս­կե­ձե­ռիկ վար­պե­տու­հի Սիլ­վա Գա­զե­զեան-Ա­տու­րեա­նին հետ, որ գե­րած էր «Ե­րե­ւան էքս­փօ»ի այ­ցե­լու­նե­րը՝ հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան լա­ւա­գոյն դպրոց­նե­րու՝ Սվա­սի, Մա­րա­շի, Ուր­ֆա­յի եւ այլ վայ­րե­րու գոր­ծե­րու՝ իր ձեռ­քե­րով պատ­րաս­տած նմոյշ­նե­րով: Հե­տաքրք­րա­կանն այն էր, որ Տի­կին Սիլ­վան իր մեծ մայ­րե­րէն սո­րված ըլ­լա­լով հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւն, Հա­լէ­պի տա­րի­նե­րուն եր­բեք չէ զբա­ղած այդ ար­հես­տով: Միայն պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուե­լով է, որ մտա­ծած է իր շնոր­հը ի ցոյց դնել, ինչ ո­ր թէ՛ զբա­ղում դար­ձած է, թէ՛ ե­կամ­ու­տի աղ­բիւր: Այ­սօր Տի­կին Սիլ­վա­յի ձե­ռա­գործ սփռոց­նե­րը, ե­կե­ղե­ցա­կան գլխա­շո­րե­րը, թաշ­կի­նակ­նե­րը, մա­տու­ցա­րան­նե­րու ներ­դիր­նե­րը մեծ հա­մա­րում ու­նին հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը գնա­հա­տող­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ: Սիլ­վա Գա­զե­զեան-Ա­տու­րեան նաեւ պա­տին կա­խե­լու հա­մար ձե­ռա­գործ­ներ կը պատ­րաս­տէ, ինչ­պէս նաեւ՝ վզնոց­ներ, ո­րոնց վրայ Մա­րա­շի, Ուր­ֆա­յի, Սվա­սի, Վա­նի կամ այլ վայ­րե­րու ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան նմոյշ­ներ կան: Տի­կին Սիլ­վան կը ներ­կա­յաց­նէ, որ հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը մշա­կուած է հա­զա­րա­մեակ­նե­րէ ի վեր եւ պատ­մու­թիւն­ներ կը յի­շէ, որ Հա­լէպ հաս­տա­տուած իր մեծ մայ­րե­րը պատ­մած են ի­րեն ու զար­միկ­նե­րուն: Մեծ մայ­րե­րէն պատ­մու­թիւն­ներ փո­խան­ցուած են այն մա­սին, թէ Հա­յաս­տա­նի բո­լոր գա­ւառ­նե­րուն, քա­ղաք­նե­րուն եւ գիւ­ղե­րուն մէջ կի­ներ ա­սեղ­նա­գոր­ծած եւ յար­դա­րած են ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րը: Մայ­րեր ու ազ­գա­կան­ներ աղ­ջիկ զա­ւակ­նե­րու օ­ժիտ­նե­րը կը պատ­րաս­տէին ա­նոնց ման­կու­թե­նէն սկսեալ՝ ա­սեղ­նա­գոր­ծե­լով ձեռ­քի տակ ե­ղած օ­րի­նակ­նե­րը, եր­բեմն ալ յա­ւե­լում­ներ կա­տա­րե­լով:

Այս­պէս, դա­րե­րու ըն­թաց­քին ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը նոր մղում ստա­ցած է: Իւ­րա­քան­չիւր հայ­կա­կան աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րածք կամ նա­հանգ ու­նե­ցած է այդ շրջա­նին ա­նու­նը կրող իւ­րօ­րի­նակ ա­սեղ­նա­կար կամ հիւ­սուածք: Տի­կին Սիլ­վա­յի տա­ղա­ւա­րին մէջ կա­րե­լի է տես­նել Այն­թա­պի, Մա­րա­շի, Ուր­ֆա­յի գոր­ծեր, ա­սեղ­նա­գործ կամ հայ­կա­կան ժա­նեակ, Սվա­սի (Սե­բաս­տիա), Վա­նի, Վաս­պու­րա­կա­նի, Քի­լի­սի, Մա­լա­թիոյ, Կե­սա­րիոյ, Տրա­պի­զո­նի, Տիգ­րա­նա­կեր­տի գործ: Ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր պատ­մու­թիւ­նը, ի­րեն բնո­րոշ նախ­շերն ու կա­րե­րը, ո­րոնք հա­լէ­պա­հա­յու­հիի ձեռ­քի տակ վե­րա­ծուած են հրաշք գոր­ծե­րու:

 Զուտ հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան նմոյշ է Սվա­սի գոր­ծը, ո­րու նմոյշ­նե­րը հա­լէ­պա­հայ կի­ներ բե­րած են Հա­լէպ եւ Սու­րիոյ այլ շրջան­ներ, իսկ նոր սե­րունդն ալ ջա­նա­սի­րա­բար ըն­դօ­րի­նա­կած է զայն: Այս ձե­ռա­գոր­ծը կ՚աշ­խա­տին այն­պի­սի կեր­պա­սի մը վրայ, ուր կա­րե­լի ըլ­լայ ծակ­տիկ­նե­րը համ­րել, ո­րով­հե­տեւ գոր­ծը յե­նուած է համ­րան­քի վրայ: Կեր­պա­սը կ՚ընտ­րեն ընդ­հան­րա­պէս կա՛մ ճեր­մակ եւ կա՛մ բնա­կան գոյ­նի ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րով։

Սվա­սի կա­րը ա­մե­նա­հե­տաքրք­րա­կանն է. խա­չա­սեղ-լիցք եւ հար­թա­կար: Ոչ միայն կտո­րին ե­րե­սը, այլ նաեւ հա­կա­ռակ կողմն ալ նոյն նախ­շը պէտք է ըլ­լայ: Շա­րու­նակ պէտք է հե­տե­ւիլ կտո­րի թե­լե­րու հա­շի­ւին: Այս կա­րին շուր­ջը սրճա­գոյն թե­լով կ՚ե­զե­րեն ցցուն տեսք տա­լու հա­մար: Սվա­սի գոր­ծը ամ­բող­ջա­ցած գոր­գի տեսք ու­նի: Հպար­տու­թեամբ կա­րե­լի է տես­նել ոս­կեր­չի նրբու­թեամբ պատ­րաս­տուած Տի­կին Սիլ­վա­յի Ս­­վա­սի կա­տա­րած գոր­ծե­րը: Ա­նոնց կող­քին ցու­ցադ­րուած է նաեւ Մա­րա­շի կա­րը, որ ըստ Տի­կին Սիլ­վա­յի՝ ե­րեք տե­սակ ա­նուն ու­նի. ա­ռա­ջին՝ հար­թա­կար, որ Մա­րա­շի ա­մե­նա­հին կարն է, կոթ­ա­սեղ, որ կը կո­չուի նաեւ Զէյ­թու­նի կար: Այս եր­կու տե­սա­կի կա­րե­րով կ՚ա­սեղ­նա­գոր­ծեն ծա­ռեր, ծա­ղիկ­ներ, տե­րեւ­ներ եւ թռչնա­զար­դեր: Կ՚աշ­խատ­ցուին ա­ւե­լի հաստ ո­լոր­քով, փա­փուկ բամ­պա­կէ թե­լե­րով, հե­տը կը գոր­ծա­ծեն նաեւ բուրդ, մե­տաքս, նոյ­նիսկ՝ ոս­կե­թե­լեր: Այս եր­կու կա­րե­րը, պարզ ըլ­լալ­նուն հա­մար, շատ տա­րա­ծուած էին հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րու մէջ: Իսկ հիւ­սուած կա­րը եր­րորդ տե­սակն է, որ կը կո­չուի նաեւ գաղտ­նա­կար. այս մէ­կը իր ձե­ւի ե­զա­կիու­թեամբ եւ կա­րի բար­դու­թեան պատ­ճա­ռով շատ չէ տա­րա­ծուած: Կա­րը ամ­բող­ջա­ցած՝ ձու­կի ող­նա­յա­րի կը նմա­նի, օ­րի­նակ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս ե­ռան­կիւն­ներ, խա­չեր, շրջա­նակ­ներ եւ քա­ռա­կու­սի­ներ են եւ ա­ւե­լի՝ երկ­րա­չա­փա­կան օ­րի­նակ­ներ:

Այս կա­րը կ՚աշ­խատ­ցուի լի­նոն, բուրդ, բամ­պակ, թա­ւիշ, մե­տաքս եւ սա­թէն կտոր­նե­րու վրայ:

Հար­թա­կա­րի եւ հիւ­սուած կա­րի ձե­ռա­գործ­նե­րը կը յի­շեց­նեն հին հայ­կա­կան քան­դակ­նե­րը, խաչ­քա­րե­րը, կով­կա­սեան կամ պարս­կա­կան գոր­գե­րը:

Մա­րա­շի գոր­ծը այն­քան փնտռուած չէ, պարզ այն պատ­ճա­ռով, որ գոր­ծա­ծուած թե­լե­րու գոյ­նե­րը ե­ղած են շատ զօ­րա­ւոր ու գոյ­նե­րու ընտ­րու­թիւ­նը՝ աչ­քա­ռու:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Ուր­ֆա­յի գոր­ծին, ա­պա ան նկար­չու­թեան կը նմա­նի: Աշ­խա­տան­քը լիցք կը կո­չուի, եւ իւ­րա­քան­չիւր օ­րի­նակ՝ ծա­ղիկ, տե­րեւ, ճիւղ լե­ցուե­լէ ետք կը շրջա­նա­կուի ոս­կե­գոյն թե­լով կամ բա­նուած գոյ­նին ա­ւե­լի մութ ե­րան­գով, որ­պէս­զի օ­րի­նա­կը ա­ւե­լի ցցուն դառ­նայ: Ուր­ֆա­յի գոր­ծը ներ­կա­յիս մե­տաքս կտո­րի վրայ մե­տաքս թե­լով կ՚աշ­խա­տին: Ան­ցեա­լին Ուր­ֆա­յի ձե­ռա­գոր­ծի կտո­րը տու­նը կը պատ­րաս­տէին վու­շի թե­լե­րով: Գա­ւառ­նե­րու մէջ բա­նած են կոշտ կտոր­նե­րու կամ քե­թեն­նե­րու վրայ, շատ բաց կամ մա­րած գոյ­նե­րով:

Ուր­ֆա­յի գոր­ծը եւս, Մա­րա­շի­նին պէս, են­թար­կուած է ե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րու այն ի­մաս­տով, որ հետզ­հե­տէ ան բա­նուած է նուրբ կտո­րի վրայ, ա­ռա­ւե­լա­բար՝ մե­տաք­սի վրայ, իսկ գոյ­նե­րը դար­ձած են քիչ մը ա­ւե­լի վառ, բայց ան­պայ­մա­նօ­րէն՝ ներ­դաշ­նակ:

Ուր­ֆա­յի գոր­ծը, ամ­բող­ջա­ցած, կը նմա­նի գե­ղան­կար­չու­թեան եւ օ­րի­նակ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս ծա­ղիկ­ներ, տե­րեւ­ներ եւ թռչնագ­րեր են:

Տի­կին Սիլ­վան կը ներ­կա­յաց­նէ նաեւ ժա­նեակ, Մա­լա­թիոյ եւ Կե­սա­րիոյ գոր­ծեր եւ այլ տե­ղանք­նե­րու ա­նուա­նու­մով ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւն­ներ...

Դժուա­րու­թեամբ կը բաժ­նուինք Տի­կին Սիլ­վա­յի տա­ղա­ւա­րէն, ո­րու վրայ դրուած գոր­ծե­րը կը ներ­կա­յա­նան իբ­րեւ ա­րուես­տի գլուխ­գոր­ծոց­ներ: Կը բաժ­նուինք, յոյ­սով, որ ի վեր­ջոյ հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը, հայ­կա­կան ա­րուեստ­ներն ու ար­հեստ­նե­րը լայն տա­րա­ծում կը ստա­նայ մեր կեան­քի ու կեն­ցա­ղի մէջ, եւ նոր սե­րուն­դը եւս կը հա­ղոր­դակ­ցի դա­րե­րէ ե­կած ձե­ռա­գործ ա­րուեստ­նե­րուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2016