ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ ԸԼԼԱԼ

Աշխարհի վրայ կան դժուար գործեր, որոնք պարզ կը թուին... Ամենադժուարն է յառաջ քշել միտք մը, որու մասին նախապէս ոչ ոք մտածած է:

Այո՛, ստեղծագործ ըլլալը դժուար բան է եւ բոլոր մարդիկ չեն կրնար ստեղծագործ ըլլալ: Սա արդէն ակնյայտ է. բայց խօսքը ոչ թէ ստեղծագործելու դժուարութեան, այլ մարդոց ստեղծագործ ըլլալու մասին է:

Մարդիկ յաճախ չեն գիտակցիր, թէ որքան մեծ են թուանշանները՝ միլիոնները, յատկապէս միլիառները: Այս թիւերը մեզի համար երբեմն խորհրդանշաններ կամ վիճակագրական տուեալներ են պարզապէս։ Օրինակ՝ մենք կը կարծենք, թէ որքան մեծ է միլիոնը, քանի որ այդ գումարով կարելի է ինքնաշարժ մը կամ այլ թանկարժէք իր մը գնել։ Իրականութեան մէջ, միլիոնը կը տեսնենք որպէս խորհրդանիշ՝ դրամատնային հաշիւի մը եւ այդ թուանշանին մեծ թուալու պատճառն է, որ մենք դժուարութեամբ կը վաստակենք այդ գումարը: Ենթադրենք, թէ մենք ֆիզիքապէս մէկ միլիոն լիրա կը պահենք, այդ մէկ միլիոն լիրան կը տեսնենք 100 կամ առաւելագոյնը 200 լիրայի թղթադրամներով։ Չեմ կարծեր, թէ մեզմէ ոեւէ մէկը երբեք տեսած ըլլայ մէկ լիրանոց մետաղադրամներով մէկ միլիոն լիրա:

Բաց աստի, մարդիկ յաճախ չեն գիտակցիր, թէ որքան մեծ տարբերութիւն կայ միլիոնի եւ միլիառի միջեւ: Շատերու համար «8 միլիառ մարդ» արտայայտութիւնը պարզապէս վիճակագրութիւն մըն է։ Մարդոց մեծ մասը չի գիտակցիր այդ նախադասութեան ծանրութիւնը։ Ես չեմ փորձեր ըսել, որ միլիառը միլիոնի տասնապատիկն է: Պարզապէս կը փորձեմ ըսել, որ քիչ են այն մարդիկ, որոնք կը մտածեն այդ թիւերու հսկայական տարբերութեան մասին։

Նստինք եւ անդադար հաշուենք մինչեւ միլիոնը. այնուհետեւ մինչեւ մէկ միլիոն հաշուելը կը պահանջէ ընդհանուր առմամբ 12 օր: Բայց եթէ ուզէինք նոյնը ընել մէկ միլիառի պարագային, ապա, ընդհանուր առմամբ, սա կը պահանջէ 31 տարի 8 ամիս:

Աշխարհի վրայ 8 միլիառ մարդ կայ։ Եթէ մենք ամէն վայրկեան հանդիպինք մարդու մը, ապա աշխարհի բոլոր մարդոց հանդիպիլը ընդհանուր առմամբ կը պահանջէ 253 տարի 4 ամիս:

Միւս կողմէ, 8 միլիառ մարդ այս պահուն աշխարհի վրայ ապրող մարդոց թիւն է: 1900 թուականին կ՚ապրէր 1 միլիառ 600 միլիոն մարդ եւ այս մարդոցմէ ոչ մէկը այսօր ողջ է, քանի որ այսօր ապրող ամենատարեց անձը ծնած է 1907 թուականին։ 1800 թուականին ոչ ոք, բացի հաւանաբար մի քանի հոգիէն, չէ տեսած 1900 թուականը:

Մարդկային ընկալումէն դուրս է նոյնիսկ փորձել պատկերացնել, թէ այս միլիառաւոր մարդոց իւրաքանչիւրը ամբողջ կեանք մը ունի մտածելու եւ անոնց ուղեղին մէջ կը պտտին միլիոնաւոր գաղափարներ: Այդ միլիոնաւոր միտքերը, քանակական առումով, մեր պատկերացումներէն դուրս է։

Ես կը պնդեմ, որ եթէ մենք փորձենք եւ այդ փորձի ժամանակ մարդոցմէ պահանջենք առանձնայատուկ ձեւով հանդէս գալ առանց որեւէ սահմանափակումներու, ապա հազարաւոր մարդոց արտայայտածները պիտի ըլլան գրեթէ նոյնը։

Անշուշտ, կ՚ըլլայ պահ մը, երբ մեր ընկերոջ ըսենք՝ լաւ կ՚ըլլար, որ դիտէինք ժապաւէն մը, ուր այսինչ իրադարձութիւնը տեղի ունենար։ Եւ պատասխանը կը ստանանք՝ կայ նման ժապաւէն մը, որու անունը սա է:

Այս օրինակը որոշակիօրէն սահմանափակ կրնայ թուիլ, բայց շատ դժուար է հանդէս գալ գաղափարով մը, որու մասին նախապէս ոչ ոք մտածած է։ Հետեւաբար պէտք չէ տխրիլ, որ մեր գաղափարը արդէն ուրիշ մէկունը եղած է նախապէս…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 26, 2023