«ԵՍ ԱԹԷԻՍՏ ԵՄ...»
Արտայայտութիւն, որ յաճախ մարդոցմէ կ՚արտաբերուի, բայց շատ յաճախ նոյնիսկ արտաբերողները չեն գիտեր ու չեն հասկնար իրենց արտաբերածին իմաստը, աւելին՝ չեն գիտակցիր իրենց ըսածին:
«Ես աթէիստ եմ», այսինքն՝ ես անաստուած եմ, Աստուծոյ գոյութիւնը չեմ ընդունիր, զԱստուած չեն ընդունիր որպէս ամէն ինչի Տէր ու Արարիչ: Հետաքրքրական է իմանալ սակայն, թէ նման արտայայտութեան «հերոս»ները, ի՞նչ համարձակութեամբ նման արտայայտութեամբ հանդէս կու գան: Եթէ փորձենք պատասխան մը գտնել այս հարցումին, ապա հետեւեալ մի քանի միտքերը կ՚ունենանք:
ա) Այս արտայայտութիւնը ունեցողներուն զգալի մէկ տոկոսը, պարզապէս մթնոլորտ ստեղծելու, շրջապատին ուշադրութիւնը իր կողմ հրաւիրելու, բան մը ըսեմի հոգեբանութեամբ է, որ նման կերպ կ՚արտայայտուի, աւելին, այս խումբին պատկանողները շատ յաճախ հակառակելու տրամաբանութեամբ է, որ այս թեզը յառաջ կը տանին, խորապէս համոզուած չըլլալով իրենց ըսածով: Երբ փորձենք հարցնել անոնց, ինչո՞ւ այդպիսին էք, անպատասխան կը մնանք: Պատասխաններ բնականաբար շատ կ՚ըլլան, սակայն համոզիչ եւ տրամաբանական պատասխան՝ երբեք:
բ) Ուրիշ զգալի մէկ տոկոսը կեանքի մէջ իրենց ունեցած ձախողութիւններուն եւ դժուարութիւններուն պատճառով նման կերպ կ՚արտայայտուին, իրենց ձախողութիւններն ու դժուարութիւնները վերագրելով Աստուծոյ չգոյութեան: Այդպիսիները յաճախ հետեւեալ կերպ իրենք զիրենք կ՚արդարացնեն, եթէ Աստուած ըլլար՝ այսպէս չէր ըլլար, եթէ Աստուած գոյ ըլլար՝ այսքան դժուարութիւններու չէի հանդիպեր, Աստուածաշունչին մէջ արձանգրուած է, թէ Աստուած մարդոց փրկութիւնը կ՚ուզէ, եթէ այդպէս է, ինչո՛ւ այսքան դժուարութիւն, ինչո՛ւ այսքան ձախողութիւն, եւ այլն, եւ այլն: Տակաւին, մարդկային կեանքի ընթացքին պատահած իւրաքանչիւր դժբախտութեան ետին կը փորձեն Աստուծոյ չգոյութեան հանգամանքը առաջ տանիլ, առանց դոյզն ինչ մտածելու ցանկացած դժբախտութեան իրական պատճառին կամ պատճառներուն մասին: Այս առումով ամենէն շատ հանդիպած դժգոհութիւնները Աստուծոյ չգոյութեան պարագային այն հանգամանքէն յառաջ կու գան, երբ երիտասարդ մը, կամ երեխայ մը կը մահանայ՝ երբեմն անսպասելի կերպով, իսկ երբեմն ալ արկածի մը հետեւանքով, եւ ահա այս խումբին պատկանողները կը բանան իրենց բերանները ամպագոռգոռ յայտարարութիւններով, թէ՝ «հիմա համոզուեցա՞ք, որ Աստուած չկայ, եթէ ըլլար՝ ապա այս երիտասարդը /կամ երեխան/ չէր մահանար», կամ «ի՞նչ էր մեղքը այդ խեղճին, որ կեանքէն բան չտեսած ու չհասկցած մահացաւ, այ եթէ Աստուած իրապէս գոյութիւն ունեցած ըլլար, թոյլ չէր տար, որպէսզի այսպիսի բան մը պատահի», եւ նման տասնեակ յայտարարութիւններ: Բնականաբար երիտասարդի մը կամ երեխայի մը մահը ծանր ու դժբախտ իրողութիւն է, սակայն եւ այնպէս կարելի չէ այդ մահուան պատճառը զԱստուած համարել, կամ այդ մահը վերագրել Աստուծոյ չգոյութեան:
գ) Ոմանք գիտութեան մէջ խորանալով եւ անզգայացնելով իրենց տրամաբանելու առողջ ունակութիւնը, կը նիւթականանան, եւ առ այդ, կը փորձեն ամէն ինչ նիւթականացած կերպով տեսնել, այսինքն՝ շօշափելի, եւ որովհետեւ Աստուած աներեւոյթ եւ անշօշափելի է, հետեւաբար Ան գոյութիւն չունի ըստ անոնց: Իսկ եթէ փորձէք անոնց բացատրել, որ Աստուած 2000 տարի առաջ մարդացաւ, մարդոց մէջ շրջեցաւ, եւ այլն, եւ այլն, դարձեալ գիտութեան «կը դիմեն», եւ իրենք իրենց համար իրենց ակնոցով չափած պատասխաններ ու արդարացումներ կու տան:
դ) Իսկ աթէիստներու ամենէն վտանգաւոր տեսակը անոնք են, որոնք Աստուծոյ հաւատալու դերին մէջ են, Աստուծոյ անունով կը խօսին, Աստուծոյ մասին կը քարոզեն, բայց իրականութեան մէջ, այսինքն՝ իրենք իրենց հետ երբ ըլլան, բարձրաձայն կ՚աղաղակեն՝ «ես աթէիստ եմ»: Այս տեսակը ամենէն ողբերգականն է, որովհետեւ եթէ բանի մը չես հաւատար, սակայն կը փորձես ուրիշներուն հաւատացնել տալ, նախ եւ առաջ խեղկատակութեան նման բան կ՚ըլլայ եւ երկրորդ ահաւոր ողբերգութիւն, որովհետեւ ինչպէ՞ս կարելի է կոյրը կոյրին առաջնորդէ: Այս խումբին մէջ եղողները հիմնականին մէջ սատանայի ազդեցութեան տակ կ՚ըլլան, որովհետեւ սատանան այդպիսիները կ՚օգտագործէ՝ մարդիկը մոլորութեան առաջնորդելով եւ ինչքան հնարաւոր ըլլայ մեծ թիւով մարդիկ Աստուծմէ հեռացնելով եւ զանոնք դէպի դժոխք առաջնորդելով:
Անշուշտ, տակաւին ուրիշ տեսակներ ալ կան: Ինչ տեսակներ ալ ըլլան սակայն եւ քանի խումբերու ալ բաժնուած ըլլան անոնք, միեւնոյնն է, աթէիստ չկայ, որովհետեւ անոնք որոնք յոխոռտալով կը յայտարարեն, թէ իրենք աթէիստներ են, անպայմանօրէն իրենք իրենց համար աստուածներ հնարած են, որովհետեւ մարդ արարածը իր բնութեամբ, անկարելի է, որ ապրի առանց գերագոյն բանի մը, որու նկատամամբ հաւատք չունենայ: Այսպէս, անոնք որոնք «ես աթէիստ եմ» կ՚ըսեն, կամ դրամը իրենց համար աստուածացուցած են, կամ կեանքին մէջ գտած իրենց յաջողութիւնը, կամ միտքի պայծառութիւնը, կամ պաշտօնը՝ որ կը վարեն, կամ ունեցուածքը, եւ կամ ալ՝ որ ամենէն վտանգաւորն է՝ իրենց իսկ եսը: Աթէիստ չկայ, դատարկախօսութիւն է: Աւելի՛ն, անոնք որոնք «ես աթէիստ եմ», կ՚ըսեն, իրենց տկարութիւնն է՝ որ կը հրապարակեն համայն մարդկութեան: Աւելի՛ն, այդպիսիները իրենց ստրկամտութիւնն է, որ կը յայտնեն, որովհետեւ գերին դառնալով որեւէ մէկ երեւոյթի, կը վախնան դուրս գալ իրենց պատեանէն, կարծելով որ այդ պատեանէն դուրս իրենց մա՛հ կը սպասէ: Իսկ իրենց արտայայտութիւնը, որ Աստուծոյ ուղղուած է, իրենց ձեւով մը փրկութեան միջոցն է, որովհետեւ իրենց խիղճին ձայնը լռեցուցած ըլլալով, չեն լսեր Աստուծոյ ձայնը, եւ բնականաբար իրենց բոլոր ձախողութիւններն ու դժուարութիւնները կը վերագրեն Աստուծոյ, որովհետեւ վստահ են ներքնապէս, որ այդպէս ըսելով զիրենք յանդիմանող պիտի չըլլայ, եւ իրենք զիրենք ապահով կը զգան: Սա՛ ալ վախի հետեւանք է: Աւելի՛ն, անոնք որոնք կ՚ըսեն «մենք աթէիստ ենք» կամ «մենք չենք հաւատար Աստուծոյ գոյութեան», իրենք զիրենք է, որ կը պախարակեն, որովհետեւ աշխարհի վրայ դժուար թէ գտնուի գէթ մէկը, որ չեղած բանի մը դէմ պայքարի, մարտնչի, իսկ աթէիստները իրենց այդ արտայայտութեամբ նախ եւ առաջ կը վկայեն Աստուծոյ գոյութեան մասին, որովհետեւ ինչպէս ըսի, մարդ չեղած բանի մը դէմ չի՛ պայքարիր կամ մարտնչիր:
Այնպէս որ յարգելիներ, աթէիստ ըսուած բան չկայ, գոյութիւն չունի, ամէն մէկը ինչ որ բանի կը հաւատայ: Իսկ աթէիստութիւնը տկարամիտներու եւ ստրկամիտներու վարդապետութիւնն ու ուսմունքն է: Արիները, առողջ խիղճ ունեցողները, ճշմարտութիւնը փնտռողները, երբեք այդ տկարութեան՝ «ես աթէիստ եմ»ի մէջ չեն իյնար: Քրիստոսով ապրող քրիստոնեաներն ու առանց Քրիստոսի ապրող քրիստոնեաները վստահաբար կարդացած են եւ գիտեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի պատուէրը, որ կ՚ըսէ՝ «եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ» (Ղկ 9.23): Հետեւաբար, մարդուն համար դիւրին կեանք չկայ առանց Աստուծոյ ներկայութեան: Իսկ երբ Աստուած ներկայ է, դժուարութիւնը ներկայ ըլլալով հանդերձ՝ բացակայ է, որովհետեւ անիմաստ է եւ անպտուղ իր ներկայութիւնը Աստուծոյ զօրութեան դիմաց:
Գրիչ մը ըսած է. «Աստուծոյ մի՛ պատմեր թէ ինչքան դժուարութիւններ ունիս, այլ՝ դժուարութիւններուդ պատմէ թէ ինչքա՛ն մեծ է քու Աստուածդ»: Ինչքա՜ն ուսանելի է այս արտայտութիւնը: Բոլոր անոնք որոնք «ես աթէիստ եմ» կ՚ըսեն, պահ մը թող կարդան վերեւի նախադասութիւնը եւ աշխատին համարձակութիւն ձեռք ձգել, կարենալ իրենց տկարութեան ըսելու, թէ՝ «ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԱՅ, ԱՍՏՈՒԱԾ ԳՈՅ Է»:
Ի վերջոյ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ հետեւեալ ուսանելի պատմուածքը՝ «Աղքատ կինն ու աթէիստը» վերնագիրով.
«Աղքատ կին մը ռատիօկայանի մը կազմակերպած հաղորդումի մը ընթացքին կը զանգահարէ՝ Աստուծմէ օգնութիւն խնդրելով:
Աթէիստ մը այդ հաղորդումը կը լսէր, եւ որոշեց այդ կնոջ վրայ խնդալ: Ապահովելէ ետք այդ կնոջ տան հասցէն, իր քարտուղարուհին կը կանչէ ու կը հրամայէ անոր մեծ քանակութեամբ սննդեղէն գնել ու տանիլ այդ կնոջ: Սակայն, իր քարտուղարուհին կ՚ուղարկէ հետեւեալ թելադրութեամբ. կ՚ըսէ, երբ այդ կինը հարցնէ, թէ ո՞վ ղրկեց այս ուտելիքները, ըսէ անոր, թէ սատանան ղրկեց:
Քարտուղարուհին երբ այդ կնոջ տուն կը հասնի, կինը շատ կ՚ուրախանայ եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ իր ստացած օգնութեան համար, եւ կը սկսի իր ստացած ուտելիքները իր փոքր տան մէջ դասաւորել:
Քարտուղարուհին ստիպուած կը հարցնէ անոր, չե՞ս ուզեր գիտնալ, թէ ո՞վ ղրկեց այս ուտելիքները:
Կինը կը պատասխանէ, հոգս չէ այդ մէկը, որովհետեւ երբ Աստուած բան մը կը նախախնամէ, անգամ սատանաները կը հնազանդին Անոր» (Արաբերէնէ թարգմանուած):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ