«ՊԱՐՈՆ ԱԶՆԱՒՈՒՐ». ԿԸ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒԻ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱԻՈՒՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԸ
2024 թուականին՝ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին առթիւ, համաշխարհային շարժանկարային պաստառներու վրայ կը յայտնուի Ազնաւուրի մասին առաջին գեղարուեստական շարժանկարը՝ «Պարոն Ազնաւուր»: Արուեստասէր հասարակութիւնը անհամբեր կը սպասէ այս ժապաւէնի նկարահանման աւարտին, կը սպասուի նաեւ, որ շարժանկարը իրադարձութիւն դառնայ շարժապատկերի արուեստին մէջ, քանի որ անոր նկարահանումներուն կը մասնակցին զանազան երկիրներէ դերասաններ, որոնց մէջ համաշխարհային շարժապատկերի աստղեր կան:
Գլխաւոր դերը վստահուած է ալճերական ծագումով ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան Թահար Ռահիմին, որ կը մարմնաւորէ Շարլ Ազնաւուրը: Թահար Ռահիմ «Սեզար» մրցանակի կրկնակի դափնեկիր է, արժանացած է նաեւ Բրիտանական Ակադեմիայի շարժանկարի մրցանակին եւ «Ոսկեայ կլոպուս»ի։ Ան հանրութեան ճանաչելի դարձած է 2009 թուականին, երբ անոր մասնակցութեամբ «Մարգարէն» ֆիլմը Քաննի շարժանկարի փառատօնին արժանացաւ գլխաւոր մրցանակին եւ առաջադրուեցաւ «Օսքար»ի:
Իսկ հայ հանդիսատեսը Թահար Ռահիմին ծանօթ է մասնաւորապէս Ֆաթիհ Աքընի «Սպի» շարժանկարէն, որուն մէջ Ռահիմ խաղացած է մարտինցի Նազարէթ Մանուկեանին դերը:
«Պարոն Ազնաւուր»ը ֆրանսական նախագիծ մըն է, եւ ժապաւէնին նկարահանումները այս ամառ արդէն սկսած են: Նկարահանումները Ֆրանսայի մէջ աւարտելէ յետոյ նախատեսուած է զանոնք սեպտեմբերին շարունակել Սոֆիա:
Շարժապատկերին բեմագրութիւնը արդէն գրեթէ ծանօթ է. այն կենսագրական պատում մըն է, որ կը ներկայացնէ 1950-ականներուն Շարլ Ազնաւուրի հանրայայտ դառնալու ճանապարհը, անոր բարեկամութիւնը բազմաթիւ արուեստագէտներու, երգիչներու հետ, որոնց մէջ՝ ֆրանսացի երգչուհի Էտիթ Փիաֆը, որ Շարլ Ազնաւուրը առաջին անգամ հիւրախաղերու տանողը եղած է: Յայտնի է, որ Փիաֆ, իր տաղանդի եւ կապերու շնորհիւ մեծ դեր ունէր ֆրանսական երգարուեստին մէջ, եւ ըստ էութեան, Ազնաւուրի համար առաջին ճամբայ հարթողներէն եղած է: Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Շարլը իր հետ համերգներու տանելով՝ ան ճակատագրական դեր ունեցած է ապագայ երգիչի կեանքին մէջ: Ան տեսած է ֆրանսացի ապագայ երգիչ մը եւ ամէն կերպով քաջալերած: Ատոր մասին նաեւ ինք՝ Շարլ Ազնաւուր գրած է իր յուշերուն մէջ:
ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՄՕՐ ԴԵՐԸ
«Պարոն Ազնաւուր» շարժապատկերին մէջ երգիչին մօր դերը կը խաղայ Երեւանի Սօս Սարգսեանի անուան համազգային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, դերասանուհի եւ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեան: Հայրենի դերասանուհին մրցոյթի եւ ունկնդրումներու արդիւնքին զատուած է այս դերին համար:
Հայաստանեան թատրոնի մէջ իր ակնառու եւ ինքնատիպ խաղով Նարինէ Գրիգորեան հանրածանօթ է հայ հանդիսատեսին, հիւրախաղեր ունեցած է նաեւ սփիւռքի մէջ: Ան հայազգի լաւագոյն դերասանուհիներէն է, որ նաեւ նկարահանուած է հայկական կարգ մը շարժանկարներու մէջ: Ինչպէս նաեւ ինք բեմադրութիւններ կը կատարէ իր ղեկավարած թատրոնին մէջ, իսկ վերջերս ալ պալէ բեմադրած է Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» թատրերգութեան հիման վրայ:
Նարինէ Գրիգորեան դերասանուհին գնահատող եւ անոր խաղը սիրող արուեստասէրները անհամբեր են տեսնելու դերասանուհիին խաղը «Պարոն Ազնաւուր» շարժանկարին մէջ: Երիտասարդ արցախցի դերասանուհին բաւական լաւ հիմքեր ունի խաղալու կնոջ մը դերը, որ նոյնպէս արուեստի հետ կապ ունեցած է: Ծանօթ է, որ Շարլի ծնողքը՝ Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեանները թատրոնի, երաժշտութեան հանդէպ անսահման սէր ունէին: Քնարը դերասանուհի էր, Միշան՝ երգիչ: Անոնք հանդիպած են Պոլսոյ մէջ, ուր Ախալցխա ծնած Միշա Ազնաւուրեանը ելոյթներ կ՚ունենար, իսկ իզմիթցի Քնար Պաղտասարեան յօդուածներ կը գրէր հայկական թերթին համար։ 1922 թուականին անոնք կը գաղթեն Յունաստան, ուր կը ծնի ընտանիքի աւագը՝ Այտան, այնուհետեւ Ազնաւուրեանները կը տեղափոխուին Փարիզ, ուր մէկ տարի անց կը ծնի Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեանը՝ ապագայ մեծ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը:
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒՄ
«Պարոն Ազնաւուր» շարժանկարը կը նկարահանեն Մեհտի Իտիրը եւ Ֆապիէն Մարսոն, համարտադրիչն է Ազնաւուրի կրտսեր դստեր՝ Քաթիա Ազնաւուրին ամուսինը՝ Ժան-Ռաշիտ Քալուշը: Վերջինս ֆրանսաբնակ ալճերիացի է, կարգ մը շարժանկարներու արտադրիչ է, բեմադրիչ եւ նկարիչ: Քաթիա Ազնաւուրի ամուսնութիւնը մահմետական տղամարդու հետ 2006-ին մեծ աղմուկ հանած էր, սակայն յետոյ հանդարտած են խօսակցութիւնները եւ անոնք այսօր ունին դուստր մը: Շարլ Ազնաւուր օրին ըսած է, որ ինք չէր ուզեր երբեք, որ իր թոռնիկը ծաղրեն այն բանի համար, որ ան ալճերիացի է: Մեծ երգիչը միաժամանակ ըսած է, թէ խտրական այդ հարցը, որ այսօր գոյութիւն ունի Ֆրանսայի մէջ, խումբ մը մարդոց կողմէ արհեստականօրէն ստեղծուած բան մըն է: Ան լաւ յարաբերութիւններ ունէր իր փեսային հետ, եւ տակաւին շատ վաղուց անոր արտօնած է իր մասին շարժանկար նկարելու:
Ժան-Ռաշիտ Քալուշ «Պարոն Ազնաւուր» շարժանկարին առիթով ըսած է, որ Շարլ Ազնաւուրին գաղափարը եղած է, որ շարժանկարը կեդրոնանայ իր յաջողութեան առաջին տարիներէն մինչեւ փառք: Ինչ կը վերաբերի Ազնաւուրի դերակատարին, ապա անոր մասին Քալուշ նկատած է, թէ Ռահիմը կատարեալ դերասանն է՝ Ազնաւուրին դերը խաղալու համար, քանի որ անոնք ունին շատ նմանութիւններ. «Անոնք ունին նոյն զգայնութիւնը, մղումը եւ կիրքը իրենց աշխատանքին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ անհանդարտ գործելակերպը»: Ծանօթանալով Թահար Ռահիմի կենսագրութեան, կը տեսնենք, որ ան նոյնպէս, Շարլ Ազնաւուրին պէս, յաղթահարած է շատ դժուարութիւններ՝ յաջողութեան հասնելու համար: Ռահիմն ալ Ֆրանսայի մէջ ծնած է՝ ներգաղթեալ ծնողքէ, մեծցած է Հիւսիսային Ֆրանսա՝ մեծ ընտանիքի մը մէջ: Անոր ծնողքը Ֆրանսա գաղթած են Ալճերիայի Օրան քաղաքէն: Պատանեկան տարիքէն Ռահիմ ամէն օր քանի մը շարժանկար կը դիտէր եւ հետաքրքրուած էր մարզանքով, ապա՝ ծրագրաւորմամբ։ Քանի մը ասպարէզի մէջ ինքզինք փորձելէ ետք, վերջնականապէս ինքզինք նուիրած է շարժանկարային արուեստին:
Մոնփէլիէի Փոլ Վալերի համալսարանին մէջ ուսանելու տարիներուն Թահար Ռահիմ դարձած է «Թահար՝ ուսանող» փաստավաւերագրական շարժանկարի գլխաւոր դերակատարը, շարժանկար մը, որ կը ցուցադրուէր «Ֆրանս-5» հեռուստակայնէն:
2005 թուականին Թահար տեղափոխուած է Փարիզ եւ որոշ ժամանակ սկսած է ուսումնասիրել թատերական արուեստ, զուգահեռ կ՚աշխատէր գործարանի մը մէջ եւ գումար կը վաստկէր նաեւ գիշերային ակումբի մէջ, որպէսզի կարենար հոգալ առօրեայ պէտքերը:
2006 թուականին Թահար Ռահիմ գործարք կը կնքէ եւ շուտով կը հրաւիրուի նկարահանուելու «Համայնք» նշանաւոր հեռատեսիլային շարքի մէջ. անոր կը տրուի անկիրթ արաբ պատանիի մը դերը, որ աղքատ ընտանիքէ էր, ու հանգամանքներու բերումով կը բանտարկուի եւ կը սորվի գոյատեւել բանտային օրէնքներով: Այսօր Ֆրանսայի մէջ նշանաւոր դերասանը ընդգրկուած է նաեւ օտար նախագիծերու մէջ, որոնք կը կրկնապատկեն անոր համաշխարհային ճանաչումը:
ԷՏԻԹ ՓԻԱՖ ԵՒ ՄԻՒՍՆԵՐԸ
Ինչպէս նշեցինք, շարժանկարին մէջ դեր վերապահուած է ֆրանսական երգի աստղ, դերասանուհի, երգահան եւ «գինետուներու թագուհի» Էտիթ Փիաֆին, որ բուռն գիշերային կեանքով ապրած երգչուհի մըն էր եւ այդ երեկոներէն մէկուն ժամանակ ալ հանդիպած է Շարլ Ազնաւուրին, ընկերացած, ձայնագրած անոր առաջին երգերը եւ շատ կարեւոր դեր ունեցած Ազնաւուրի կեանքին մէջ: Էտիթ Փիաֆ այն առաջին մարդոցմէ եղած է, որ փոքրամարմին երիտասարդ Ազնաւուրի մէջ նկատած է տաղանդը եւ երգելու անսահման սէրը: Ազնաւուրը մօտաւորապէս ութ տարի վայելած է Փիաֆի հովանաւորութիւնը: Իր յուշերուն մէջ Ազնաւուր կը պատմէ, որ ժամանակին բարդոյթ ապրած է իր նիհար մարմինին եւ մեծ քիթին պատճառով եւ Փիաֆն է, որ ազատած է այդ բարդոյթներէն: Նախ՝ առաջարկած է վիրահատել քիթը, ինչ որ Ազնաւուր անմիջապէս ըրած է, եւ յետոյ՝ անոր մասնակից դարձուցած է գիշերային կեանքին, ազատ ու առանց սահմաններու ելոյթներու մղած է, եւ Ազնաւուր այդպէս մտած է երգարուեստ:
1951 թուականին Փիաֆ Շարլ Ազնաւուրին հետ ինքնաշարժի արկած մը կ՚ունենայ, ծանր վնասուածքներ կը ստանայ, կը կոտրուին անոր ձեռքն ու երկու կողերը: Այնուհետեւ երգչուհիին քով սուր բարդութիւններ կը յառաջանան թմրանիւթի եւ խմիչքի կախուածութենէն: Ան երկար ժամանակ կ՚անցընէ վերականգնողական կեդրոններու մէջ, բայց՝ ապարդիւն, անոր վիճակուած չէր հասնիլ յիսուն տարեկանին: Ազնաւուր նոյնպէս օգնած է Փիաֆին՝ վերջ դնելու հարբեցողութեան ու այլ վնասակար սովորութիւններու, բայց քիչ յաջողութիւն ունեցած է այդ հարցին մէջ: Հակառակ Փիաֆի աղմկարար կերպար ըլլալուն, Ազնաւուր բարձր կը գնահատէր անոր ուժը, դերը եւ կապերը:
«Կը կարծեմ, որ ան էր, որ զիս ֆրանսացի դարձուց», իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսած է Շարլ Ազնաւուր, շարունակելով Փիաֆի մասին հետեւալը. «Մեր յարաբերութիւնները աւելին էին, քան ընկերութիւնը, բայց պակաս էին, քան՝ սէրը»:
Անոնց ծանօթութիւնը սկսած է 1946-ին՝ երբ անոնք երեկոյի մը ընթացքին պարած են միասին եւ պարելու ընթացքին Էտիթ Փիաֆ հարցուցած է.
-Հրեա՞յ ես:
-Ոչ, հայ, պատասխանած է Շարլը:
-Հա՞յ, այդ ո՞րն է:
-Երկար պատմութիւն է:
-Լաւ, եթէ երկար է, պէտք չէ պատմել, ըսած է Փիաֆ, իրենց յետագայ յարաբերութիւններու ընթացքին անշուշտ, տեղեկանալով, թէ ովքե՞ր են հայերը, ինչպէ՞ս Շարլի ընտանիքը հասած է Ֆրանսա, ինչո՞ւ Ֆրանսայի մէջ շատ հայեր կ՚ապրին եւ այլն: Ազնաւուր իրենց ընկերութեան ընթացքին բազմաթիւ երգեր գրած է Փիաֆի համար, նոյնիսկ որոշ շրջան մը ապրած է անոր տունը, եղած է անոր օգնականը, վարորդը, Փիաֆի բազում սիրեկաններու հետ վէճերու, ամուսնութիւններու, բաժանումներու վկան եւ օր մըն ալ բաժնուած են նաեւ անոնց ճանապարհները՝ երկու տաղանդաւոր մարդիկ որոշած են իրենց ուղիները զատ շարունակել: Երկուքն ալ ֆրանսական չափանիշներով գեղեցիկ չէին, նկատելի հասակ չունէին, բայց ինքնավստահ էին, աշխատասէր եւ տաղանդաւոր:
Իսկ թէ ի՛նչ կերպարի մէջ պիտի ներկայացուի երգչուհին՝ Ազնաւուրի մասին շարժանկարին մէջ, առայժմ յայտնի չէ: Փիաֆին դերը վերապահուած է ֆրանսացի երիտասարդ դերասանունի Մարի Ժոլի Պոյին:
Շարժանկարին մէջ բեմագրութիւն նախատեսուած է նաեւ Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման հայ հերոսներէն Միսաք Մանուշեանի կերպարին համար: Ազնաւուրի ընտանիքը եւ Մանուշեանը կապեր ունեցած են, նոյնիսկ Մանուշեանները որոշ ժամանակ մը թաքնուած են Ազնաւուրներու տան մէջ: Միսաք Մանուշեանի մասին Շարլ Ազնաւուր իր «Անցած օրեր» գիրքին մէջ այսպէս գրած է.
«Նախքան դիմադրութեան հերոս դառնալը՝ Միսաք Մանուշեան հայկական համայնքէն ներս յատկապէս ճանչցուած էր իր բանաստեղծութիւններով: 1944-ին Մանուշեանն ու իր խումբը ձերբակալուեցան ֆաշական Գերմանիոյ պետական գաղտնի ոստիկանութեան կողմէ: Միսաքին կինը՝ Մելինէն, խուճապահար թաքնուեցաւ մեր տան մէջ: Մենք մտահոգ կը սպասէինք լուրերու, որոնք վերջնականօրէն վատ լուրեր եղան, քանի որ այդ դիմադրականները, զորս գերմանացիները կ՚անուանէին «ահաբեկիչներ», գնդակահարուեցան»:
Միսաք Մանուշեանին դերը «Պարոն Ազնաւուր» շարժանկարին մէջ պիտի խաղայ սփիւռքահայ երիտասարդ դերասան Տիգրան Մխիթարեան:
Շարժանկարին մէջ իբրեւ կերպարներ պիտի երեւան նաեւ ամերիկացի երգիչ, երաժիշտ, դերասան եւ երգահան Ֆրանք Սինաթրան, որուն դերը պիտի խաղայ անգլիացի դերասան մը: Ազնաւուր եւ Սինաթրա միասին երգ երգած են, ինչպէս նաեւ զանազան նախագիծերու մէջ հանդէս եկած են: Ազնաւուրին հետ մտերմութիւն ունեցած մէկ ուրիշ աստղ՝ ֆրանսացի երգիչ, երգահան, դաշնակահար, դերասան Ժիլպէր Պեքօ նոյնպէս պիտի երեւայ շարժանկարին մէջ: Անոր դերը վերապահուած է երիտասարդ դերասան Լիոնէլ Սեսիլոյին:
Այսպէս, զանազան երկիրներու դերասաններու մասնակցութեամբ մէկ տարիէն արդէն պաստառներու վրայ կը տեսնենք Ֆրանսայի նկարահանած այս ժապաւէնը, որ յաւակնութիւն ունի մասնակցելու զանազան մրցոյթներու եւ փառատօներու: Բայց ամենակարեւորը՝ ան կ՚ոգեկոչէ 20-րդ դարու մեծագոյն արուեստագէտներէն մէկը, որուն աստղը նոյնիսկ իր մահէն ետք կը փայլի:
ԸՆԴԱՄԷՆԸ 19 ՏԱՐԵԿԱՆ ԷԻ…
«Ես կը յիշեմ այդ ամսաթիւը, որովհետեւ այդ օրը ստեղծուեցաւ իմ առաջին երգս՝ «Ես գինովցած եմ»: Մինչեւ հիմա կը յիշեմ թանաքին, թուղթին բոյրը, գարնանային արեւուն ջերմութիւնը եւ իմ առաջին, իսկական աշխատանքային օրուան անդորրը: Յետոյ, երբ արդէն կը վաճառէի այդ երաժշտութիւնը, ինծի համար շատ ծանր եղաւ իմ առաջին ձեռագրէն բաժնուիլը: Ատոր համար վերջին պահուն, էջին անկիւնը գրեցի՝ 1944 թուականի ապրիլի 12 ու ստորագրեցի: Ես այդպիսի ամսաթիւեր եւ ստորագրութիւններ տեսած էի հաստ վէպերու աւարտին: Այդ ժամանակ ընդամէնը 19 տարեկան էի: 19 տարեկանին չէի կարծեր, որ իմ ամբողջ կեանքս պիտի նուիրեմ այս գործին: Ես չէի գիտեր, որ ընդմիշտ կերտելու եմ իմ կերպարս: Անյայտ մարդու մը կերպար, անյայտներու մէջ. ոչ շատ գեղեցիկ մարդու մը կերպար, շատ գեղեցիկներու մէջ:
«Ես չէի գիտեր, չէի մտածած: Միայն ես չէի ուզեր աւելի ուշ վերածուիլ խեղճուկ մարդուկի մը, որ տեղ չի գտներ այս ընդարձակ աշխարհին մէջ, խեղճուկ մարդուկ մը, որ գլուխը կը մտցնէ յոյսի բոլոր ճեղքերէն ներս, որոնելով երջանկութիւն եւ սէր, որ այլեւս երբեք չի գար…»:
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան