Ա­մէն Տեղ Հայ Կայ

Բոլորս գիտենք, որ յատկապէս Պէյրութ, Հալէպ, Մոնրէալ, Կլենտէյլ հայահոծ գաղութներ են: Այս քաղաքներուն մէջ ամէն քայլափոխի հայերէն լսելու կամ ոչ ծանօթ հայերու հանդիպիլը բնական երեւոյթ է:

Յաճախ այս հայահոծ քաղաքներուն մէջ, երբ ճամբան, շուկաները, նպարավաճառներուն քով անծանօթ հայերու հանդիպինք, ո՛չ կը ժպտինք, ո՛չ կը խանդավառուինք, ո՛չ ալ այցետոմս կը փոխանակենք, այլ զուսպ ու անտարբեր, մեր գործը աւարտելով, առանց մասնաւոր բարձրաձայն հայերէն խօսելու, կը հեռանանք մեր առօրեան շարունակելու:

Մինչդեռ ճիշդ հակառակ պատկերը կը ներկայանայ Եւրոպայի կամ Ամերիկաներու ոչ հայահոծ քաղաքներուն մէջ:

Հայը իր շրջանակէն դուրս կարծես յանկարծ հոգեկան վերիվայրումներ կ՚ունենայ, կը սկսի հայու կարօտէն տառապիլ օտարութեան մէջ. հեռաձայնի անուանացանկերու մէջ հայկական մականուններ կը փնտռէ, խանութի մը վրայ բացառաբար երբ հայու անուն նշմարէ, կը նկարէ, որպէսզի յիշէ: Անհուն գոհունակութիւն կը ստանայ, երբ այդ օտար ափերուն յաջողի հայկական հետքեր յայտնաբերել, իսկ անսահման կ՚ըլլայ անոր հրճուանքը, երբ հայու մը հանդիպի:

Հայ անհատը չ՚անգիտանար, որ միայն վեր-ջին տասնամեակներուն, կամքէ անկախ, անկազմակերպ նոր համայնքներ ստեղծուած են քիչ մը ամէն տեղ: Ժողովրդագրական այնպիսի փոփոխութիւններ կատարուեցան, որ հայերը թէ՛ Միջին Արեւելքէն, թէ՛ Հայաստանէն ռումբի բեկորներու նման ցրուեցան աշխարհի ամենէն անհաւանական երկիրները, ուր կարելի չէր երեւակայել: Այս գլխակորոյս փախէ-փախին պատճառով անոր բաժանուած զաւակները անընդհատ կը ճամբորդեն դէպի աշխարհի չորս ծագերը՝ իրենց սիրելիները տեսնելու: Հայերու թափառումը դարձած է իրենց կեանքին մէկ մասնիկը այս հսկայ, միաժամանակ շատ փոքր երկրագունդին վրայ: Մինչ եւրոպացին կամ ամերիկացին կ՚երազէ իր երկրէն գէթ անգամ մը դուրս ելլել, հայը կամաւորապէս դարձած է շրջուն, յաճախ նոյնիսկ՝ հարկադիր ճամբորդ:

Հաւանաբար տնտեսական եւ կրթական պատճառներով ալ անոր թափառումը ընդհանրացած է :

Ուստի օդին ու ծովուն մէջ կը տիրէ եռուզեռ մը, հայո՛ւ եռուզեռ, եւ այդ պատճառով հայը հայուն հանդիպելու հաւանականութիւնը այնքան ալ հազուադէպ չէ այլեւս, մանաւանդ որ պանդոկներու, ընկերութիւններու ծանուցումներն ու տեղեկատուական դիւրութիւնները իրենց կարգին կ՚օգնեն, որ տարբեր ճամբորդներ այցելեն նոյն պատմական ու տեսարժան վայրերը եւ հանրածանօթ ճաշարանները:

Պատահած է, որ աշխարհի ամենէն անսպասելի մէկ անկիւնը, նոյն ճաշարանը, ցուցափեղկի մը առջեւ կամ վերելակի մը մէջ բարեկամի մը, ծանօթ դէմքի մը հանդիպինք: Ինչպէ՞ս բացատրել հայերու հանդիպման այս մագնիսական զուգադիպութիւնը, եթէ ոչ՝ ամէն տեղ հայերէնի բարձրաձա՜յն կիրարկութիւնը: Նախախնամութիւնն ալ իր թաքուն դերը ունի, որ այնքան հոծ բազմութեան եւ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու մէջ դէմ յանդիման կը հանէ ծանօթ ու անծանօթ հայեր: «Աշխարհը պզտիկ է» ասոյթը անշեղօրէն ինքզինք կ՚արդարացնէ մեր պարագային:

Երբ Եւրոպայի կամ Ամերիկաներու խորերը անսպասելի ժամու կամ վայրի մը մէջ յանկարծ անծանօթ հայու մը խօսակցութիւնը լսենք, մեծ զարմանքով եւ ներքին հրճը-ւանքով կը նայինք այդ ուղղութեամբ, մեր դէմքին վրայ անմիջապէս ժպիտ մը կը գծագրուի, նոյնիսկ կ՚ընդհատենք մեր ճամբան՝ յայտնելով, որ մե՛նք ալ հայ ենք, եւ բարեւ մը տալէ ետք առնուազն քանի մը խօսք կը փոխանակենք՝ ցտեսութիւն չըսած:

Մինչ տարբեր պատկեր կը գծագրուի ճաշարանին մէջ, երբ երկու սեղաններու հայ յաճախորդներ զիրար կը յայտնաբերեն: Նախ սեղաններէն մին հետաքրքրութեամբ կը հետեւի մօտի սեղանի խօսակցութեան, սեղանակիցներուն ժպտերես դիմագիծն ալ հաւանաբար կ՚օգնէ, աւելի ճիշդը՝ կը մատնէ, որ անկասկած դրացիները հայեր են, եւ ահա մէկ դիտումնաւոր բարձրաձայն խօսք, անուանակոչում կը փարատէ կասկածը երկուստեք:

Մին չդիմանալով՝ կը հարցնէ.

-Դո՞ւք ալ հայ էք:

Հազիւ դրական պատասխանը ստացած՝ ճաշարանային պատշաճութիւնները կը վերանան, եւ չ՚ուշանար ընտանեկան մթնոլորտը:

Ակնթարթի մը մէջ ընթացիկ կարգ ու սարքը կը խախտի, աթոռները կը տեղափոխ-ւին, դէմքերուն վրայ կ՚ուրուագծուին անկեղծ ժպիտներ, եւ հարազատներ գտածի զգացումով ու զիրար ընդմիջելով՝ կը փորձեն քակել հայու կծիկը:

-Ո՞ւր կը բնակիք, ձեր զաւակնե՞րն են, հայերէն կը խօսի՞ն, ձեր ծնողքը ուրտեղացի՞ են,- եւ նման հարցումներու տարափին տակ կը ստեղծուի այնպիսի մտերմութիւն մը, որ անխուսափելիօրէն կը յանգի ծանօթութիւններու, ազգականական կապերու յայտնաբերումին:

Կայ նաեւ մետայլին միւս երեսը, միջադէպեր, որոնք կրնան նեղ կացութեան մատնել մէկն ու մէկը, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, հայը այլեւս աշխարհաքաղաքացի է եւ վերածուած է աշխարհաշրջիկի:

Ան հայերէնը կը համարէ այնքա՜ն իրեն յատուկ ու այնքա՜ն ապահով, որ, ըստ իր բարի սովորութեան, ամենայն ինքնավստահութեամբ կրնայ անցորդի մը հասցէին սանձարձակ, բարձրաձայն, ոչ նպաստաւոր դատողութիւններ արտայայտել… (չըսելու համար՝ աւելին):

Ահաւասիկ իսկական դէպք մը, որ անզգոյշ վարմունքի մը պատճառով բաւական նեղ կացութեան մատնած է խնդրոյ առարկայ անձերը:

Հայ ընկերուհի մը, որ ընտանեօք Մոսկուայէն փոխադրուած է Մոնաքօ, իրեն հետ բերած է նաեւ իր որդեգրած մոխրագոյն, տխեղծ ու սուր քիթով շնիկը, զոր գտած են Մոկուայի փողոցներէն: Հակառակ ամէն արդ ու զարդի ու խնամքի շռայլումին՝ շունը մնացած է, սակայն, նոյն տգեղ շունը՝ դառնալով ընտանիքի անդամներուն պաշտամունքի առարկան:

Ըստ սովորութեան, անոր բնական պէտքերը գոհացնելու համար տիրուհին ամէն գիշեր շունը դուրս կը հանէ: Օրերէն մին, երբ փողոց կ’ելլեն, հրավառութիւն կը սկսի ու պայթումները կը սարսափեցնեն շունը:

Կինը իր թեւերուն մէջ կ՛առնէ ու կը փորձէ շոյելով հանգստացնել ահաբեկ արարածը:

Այն վայրկեանին, երբ շունն ու տէրը կը գտնուին նեղ մայթի մը վրայ, ճիշդ դիմացէն հագուած, շքուած ու շպարուած երեք մանկամարդուհիներ կը յառաջանան դէպի իրենց, ու մայթը նեղ ըլլալուն պատճառով զիրար կը խաչաձեւեն ու ստիպուած կը դանդաղին: Այս օրիորդները մերթ կը նային շան, մերթ տիրոջ ու կը սկսին քրքջալ: Աւելի շփանալով ու չբաւականանալով իրենց անվայել ու բռնազբօսիկ խնդուքով՝ անոնցմէ մէկը կը կարծէ յարմար առիթը գտած ըլլալ ու առաւել սրամտութիւն մը սահեցնել եւ բարձրաձայն կ՛աւելցնէ հայերէն.

– Տեսէ՛ք, այս առնէտի կերպարանքով շունը սկսած է ճիշդ իր տիրոջ նմանիլ…

Ընկերուհիս ինքզինք չի կորսնցներ եւ պաղարիւնութեամբ կը դառնայ ու իր կարգին հայերէնով կը պատասխանէ երիտասարդուհիներուն.

-Հա՞, աղջիկնե՛ր, կը կարծէք, թէ ես իմ քոսոտ շա՞ն կը նմանիմ:

ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2017