ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՄԱՅՐՑԱՄԱՔԸ

Մարդը՝ մաս կազմելով բնական էքօհամակարգին, կ՚օգտագործէ բնութեան պաշարները. օդէն, ջուրէն, հողէն, կենդանական ու բուսական աշխարհէն եւ իր կեանքի ու գործունէութեան ընթացքին կը ներգործէ այդ էքօհամակարգի վրայ իր թափօններով, մթնոլորտ արտանետումներով ու կեղտաջուրերու արտահոսքերով: Բնականաբար, այդ ընթացքին մարդ բնութիւնը կ՚ընկալէ՝ որպէս զինք շրջապատող միջավայր, որմէ ան կ՚օգտուի ու որու վրայ կը ներգործէ: Եթէ օգտուիլն ու ներգործելը չեն գերազանցեր որոշ սահման մը, էքօհամակարգը իր ներքին բնական կարողութիւններու շնորհիւ կը վերականգնէ իր բնական հաւասարակշռութիւնը եւ նիւթերու այդ շրջապտոյտը կը շարունակուի։

Խաղաղական ովկիանոսի մեծ աղբի կոյտը, որ առաջին անգամ 1997 թուականին յայտնաբերուեցաւ նաւապետի մը կողմէ, ցաւալի վկայութիւն է այն բանի, թէ որքա՛ն ապականած ենք մեր մոլորակը։ Խաղաղական ովկիանոսի խոշոր աղբավայրը, որ կերպընկալէ թափօններու կուտակման կէտը դարձած է, կը համարուի եօթներորդ մայրցամաք. դառն իրողութիւն է, թէ այս աղբավայրը հասած է մայրցամաքի մը չափին։

Նախ՝ հարկ է կեդրոնանալ թեքնիկ հարցի մը վրայ։ Քանի՞ մայրցամաք կայ աշխարհի վրայ։

Ներկայիս մայրցամաքներու ընդհանուր թիւը արդէն կ՚ընդունուի՝ եօթ. Ասիա, Եւրոպա, Ափրիկէ, Աւստրալիա, Հիւսիսային Ամերիկա, Հարաւային Ամերիկա եւ Անթարքթիքա։ Յաճախ հարց կը յառաջանայ այն մասին, թէ ինչո՛ւ Ամերիկան կը համարուի երկու մայրցամաք, վիճելի է, թէ ինչո՛ւ Եւրոպան եւ Ասիան կը համարուին առանձին ցամաքներ։ Գիտնականներու մեծամասնութիւնը, որ կը պնդէ, թէ աշխարհի վրայ վեց մայրցամաք կը գտնուի, Եւրոպան եւ Ասիան կ՚ընդունի որպէս մէկ ցամաք՝ Եւրոասիա։

Այս աղբէ կղզիի գոյութիւնը առաջին անգամ նկատուեցաւ նաւապետ Չարլզ Մուրի կողմէ։ Սա յայտնաբերում չի սեպուիր, քանի որ յայտնաբերման համար անհրաժեշտ է գտնել բան մը, որ միշտ եղած է այնտեղ։ Այնուամենայնիւ, մենք՝ ամբողջ մարդկութիւնը, երկար տարիներով նպաստեցինք այս ցամաքի ստեղծման։

Մուր կը վերադառնար իր նաւով մասնակցած՝ Հաւաիի մէջ տեղի ունեցած մրցումէ մը։ Երբ ան իր անձնակազմով նաւարկած է դէպի Գալիֆորնիա, Խաղաղական ովկիանոսի վրայ հանդիպած է նոր «մայրցամաքի» մը, որ ոչ ոք տեղեակ էր անոր գոյութենէն։ Մուրի անձնակազմէն Քէօրթիս Էպպէսմէյէր այս կղզիին տուած է «Խաղաղական ովկիանոսի մեծ աղբավայրը» անուանումը։

Պատկերացուցէք, որ 1997 թուականին աշխարհի բնակչութիւնը կը կազմէր 5.8 միլիառ մարդ, իսկ ներկայիս՝ մօտաւորապէս 8 միլիառ։ Տարեկան գետերէն ովկիանոս կը թափուի 1.5-2.41 միլիոն թոն կերպընկալէ թափօն։ Այս թափօններու կէսէն աւելին կը մնան ջուրի մակերեսը։ Մի գուցէ յոյս կայ այս «լողացող» թափօններու ովկիանոսէ հեռացման համար, սակայն մտահոգիչ փաստ կը շարունակէ մնալ միքրոկերպընկալները։ Անոնք հաւաքելու միջոց գրեթէ գոյութիւն չունի եւ անոնք խճճուած են բոլոր համակարգերու մէջ։ Անոնք ո՛չ միայն գոյութիւն ունին ովկիանոսներու մէջ, այլ՝ ամէնուր։

Կերպընկալէ թափօններու հաւաքման գործընթացը սկսած է շատ պարզ համակարգով մը՝ «Ocean cleanup» նախագծով։ Այս ծրագրով թափօնները կը հաւաքուին լողացող մեքենայով մը։ Այս համակարգը կը ժողվէ ովկիանոսներու մէջ գտնուող կերպընկալները՝ միեւնոյն ժամանակ հաւաքելով աւելի փոքր աղբեր ծովու յատակէն։ Այս համակարգը կ՚աշխատի ովկիանոսի երեք ուժերու՝ հովի, ալիքներու եւ հոսանքներու հետ։ Մեքենան կը շարժի հոսանքով եւ յառաջանալով իր ցանցին մէջ կը մէկտեղէ թափօնները։ Մեքենան ուղղութիւնը կրնայ փոխել հովու ազդեցութեամբ, նաեւ կրնայ յայտնաբերել թափօններու կոյտի որեւէ վայր։ Այդ սարքը կը պարունակէ արեւու ճառագայթներով աշխատող լոյսեր, բախումներէ խուսափելու համակարգեր, տեսա-խըցիկներ… Բայց եւ այնպէս, այս համակարգը բաւարար չէ։ Ցաւօք, ներկայիս, աներեւակայելի չափով կերպընկալէ թափօն կը պարունակեն ովկիանոսները։ Թափօններու հաւաքուելով հանդերձ ովկիանոսներու մէջ թափուածներուն թիւը չի նուազիր։ Ուստի, ամենամեծ պատասխանատուութիւնը կը վիճակի մեզի։ Այո, կան մարդիկ, որոնք կը փորձեն փոխել այս վիճակը, սակայն այս բնապահպանական թնճուկը դժուար թէ լուծուի կազմակերպութեան մը կամ ընկերութեան մը կողմէ։ Հետեւաբար, մենք հնարաւորինս պէտք է խուսափինք կերպընկալէ արտադրանքներու օգտագործումէն։

Անգամ մը եւս մտածենք կապոյտ լողափներու մօտ արձակուրդ կազմակերպելու մասին։ Այն ծովերը, որոնց մէջ կը լողանք, իրականութեան մէջ ամբողջովին շրջապատուած են կերպընկալով։ Եթէ չկարենանք նուազեցնել կերպընկալէ թափօններու մակարդակը այս ափերուն, ապա հաւանական է ապագային յաճախ հանդիպիլ Խաղաղական ովկիանոսի աղբավայրի նման ծովածաւալ կոյտերու։ Ի հարկէ, բնապահպանական խնդիրները միայն ովկիանոսներու ապականմամբ չեն սահմանափակուիր, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ ովկիանոսներու ապականումը կը խանգարէ նաեւ սնունդի շղթան եւ կը խառնուի մեր մարմնին։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021