ՄԱՄՈՒԼՆ ՈՒ ԴԵՐԸ (Ա)
Հասարակութեան մը ժողովրդավարացման ամենակարեւոր տարրերէն մին է անհատներու իրենց հիմնարար իրաւունքներէն ազատօրէն օգտուիլը։ Ժողովրդավարական պետութեան մը պարտականութիւնն է հասարակութեան հիմնարար ազատութիւններն ու իրաւունքները պաշտպանելն ու զարգացնելը։ Հիմնական իրաւունքներու շարքին կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ միտքի, կարծիքի եւ յատկապէս՝ արտայայտուելու ազատութիւնը։ Այս ազատութիւնը, որ երաշխաւորուած է Եւրոպայի Մարդու իրաւանց պայմանագրի 10-րդ յօդուածով, եղած է նաեւ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի բազմաթիւ վճիռներու առարկայ։
Արտայայտուելու ազատութիւնը կը ներառէ ո՛չ միայն պետութեան կամ հասարակութեան որդեգրած տեսակէտները, այլեւ այն միտքերը, որոնք հասարակութեան տարօրինակ կամ նոյնիսկ մտահոգիչ կը թուին։ Ներկայ աշխարհը իր հասած կէտը կը պարտի ժամանակի ընթացքին ի յայտ եկած տարբեր տեսակէտներու քննարկման, հասարակութիւններու ազդեցութեան եւ արդիւնքին ձեռք բերուած քոնսենսիւսին, համաձայնութեան։
Խօսքի եւ կարծիքի ազատութեան ամենատարածուած ձեւերէն մին է մամուլը։ Որոշ իրադարձութեան, նիւթի կամ իրավիճակի մասին մտածումներն ու կարծիքները սովորաբար կ՚արտայայտուին հրապարակուած աշխատութիւններու միջոցաւ. օրինակ՝ թերթերու, ամսագրերու, գիրքերու կամ ազդերու։
Ժողովրդավարական հասարակութիւններու մօտ ճշմարտութիւնը, որ կը լուսաւորէ մարդն ու հասարակութիւնը եւ զանոնք կը տանի աւելի երջանիկ կեանքի մակարդակի, երեւան կու գայ միայն տարբեր համոզումներու ազատ քննարկմամբ, երբ ամէն ինչ կը լուսաբանուի, կը բացայայտուի։ Մէկ խօսքով՝ բոլոր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու եւ մամուլի դերը կարելի չէ անտեսել կամ մերժել հասարակութեան մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային զարգացման, կրթութեան, միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտներէն ներս։ Մարդու իրաւունքներու վրայ հիմնուած ազատական եւ ժողովրդավարական պետութիւններու պետական կառավարման ժողովուրդին մասնակցութեան ապահովումը հնարաւոր է ազատ մամուլի միջոցաւ։
Նոյնիսկ ամենալաւ վարչակարգերու տակ, անվերահսկուած իշխանութիւնը կրնայ մեծ վնասներ յառաջացնել հասարակութեան տեսակէտէ։ Նման շեղումները կարելի է կանխել արդիւնաւէտ վերահսկողութեան ու քննութեան միջոցաւ։ Ժողովրդավար երկիրներու մէջ այդ վերահսկողութիւնը կ՚իրականանայ անկախ կառոյցներու կողմէ։ Օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները իրարմէ անկախ են եւ այդ իշխանութիւնները հաւասարակշռելով կը փորձեն կանխել անվերահսկելի իշխանութիւնը։
Այնուամենայնիւ, այս ուժերու վրայ քաղաքական կուսակցութիւններու ազդեցութեան տարբեր աստիճանը կրնայ խանգարել վերահսկման յիշեալ համակարգի պատշաճ գործունէութիւնը։ Ժամանակակից իրաւական պետութիւններու մէջ ամենակարեւոր եւ արդիւնաւէտ վերահսկողութիւնը կը կատարուի ազատ եւ անկախ մամուլին կողմէ։ Այդ իսկ պատճառով կ՚ըսուի, թէ մամուլը չորրորդ ուժն է։
Ժողովրդավարական հասարակութիւններու մէջ մամուլի կարեւորագոյն նպատակն է հանրութեան տեղեկացնել եւ զայն իրազեկել հանրային հետաքրքրութիւն ներկայացնող իրադարձութիւններու եւ խնդիրներու մասին, յայտարարութիւններ ընել, լուսաբանել եւ հասարակական կարծիք ձեւաւորել՝ ներկայացնելով քննադատութիւն եւ արժեհամակարգ: Ըստ Զուիցերիոյ Դաշնակցային դատարանին՝ մամուլի պարտականութիւնն է տեղեկացնել հասարակութիւնը յուզող իրադարձութիւններու մասին, ուղղորդել զայն բոլոր տեսակի քաղաքական, տնտեսական, գիտական, գրական կամ գեղարուեստական իրադարձութիւններու կապակցութեամբ, նախաձեռնել միտքերու փոխանակում, փորձել լուծումներ գտնել հանրային հետաքրքրութեան առարկայ խնդիրներուն, գտնել ամէն տեսակ չարաշահում եւ բացայայտել զանոնք։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շարունակելի